ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Որեւէ ծառայութեան, աշխատութեան եւ գործի մէջ եթէ կը պակսի նուիրումի եւ կոչումի գիտակցութեան եւ պարտաճանաչութեան տարրը, այդ գործը որքան ալ լաւ արդիւնք ունենայ, չի՛ կրնար հասարակ, պարզ եւ սովորական գործէ մը տարբեր նկատուիլ։ Մանաւանդ հանրային ծառայութիւնը կը պահանջէ նուիրում եւ կոչո՛ւմ։ Եւ այն ծառայութիւնը կամ աշխատանքը եթէ լոկ նիւթական ակնկալութեամբ եւ նկատումով, եւ միայն ի գին ամէն բանի՝ շահելու հոգով ի գործ կը դրուի, հոն կարելի չէ երբեք սպասել նուիրումի եւ կոչումի։ Եւ այն նուիրական ծառայութիւնները՝ որոնք հիմ-նըւած են նուիրումի եւ կոչումի վրայ, եթէ լոկ նիւթական ակնկալութեամբ կը կատարուին, կը կորսնցնեն իրենց վեհ նշանակութիւնը։

Արդարեւ, լաւ եւ օգտակար արարքներ, գործունէութիւններ անպայման բարձրագոյն գաղափարականի մը, զոհողութեան եւ նուիրումի արդիւնքը չեն. անձնական շարժառիթներ, անարգ նկատումներ կրնան տուն տալ օգտակար գործունէութիւններու եւ շողշողուն բարեգործութիւններու։ Բայց արդիւնքը՝ միջոցը չ՚արդարացներ։

Մարդկային ամենէն վատ, աղտոտ, ստորին եւ մեղապարտ կեանքերու քով կը գտնուին նաեւ ամենէն ազնիւ, մաքուր, բարի, եւ վեհ կեանքեր։ Մարդկային արարքներու, արտայայտութիւններու այս հակապատկերներու մէջ կարելի է նկատել երկու կէտ, որոնք ցոյց կու տան, թէ յոռի արարք մը կամ գործ մը միշտ ընտրութեամբ կատարուած չարութեան մը հետեւանքը չէ, եւ ամենէն օգտակար եւ ազնիւ արարքն ալ անպայմա՛ն բարձր շարժառիթներու արդիւնք չէ. թէ՝ ազդակներ կան որոնք կ՚եղանակաւորեն այս կարգի արարքներ, ուստի արդար ըլլալու համար, հարկ կ՚ըլլայ երբեմն մէկուն դատապարտութենէն եւ միւսին արժանիքէն բաւական բան զեղչել։ Ուստի այս կէտին կարեւոր է զանազանել եւ ըստ այնմ շարժիլ՝ միջոցը եւ նպատակը։ Ո՞րն է կարեւորը. միջո՞ցը թէ նպատակը։ Ահաւասիկ ա՛յս է հարցը։

Քաղաքական օրէնքը, ընդհանրապէս նկատի կ՚առնէ գործուած արարքը եւ այդ արարքին համեմատ կը դատէ եւ ենթական կամ կը դատապարտէ եւ կամ անպարտ կ՚արձակէ։ Ուստի այստեղ, մեծ մասամբ կարեւորը արդիւնքն է։ Բայց նպատակը եւ միջո՞ցը…։ Եւ այս ուղղութեամբ, զոր օրինակ, գողութիւնը կը դատապարտուի, առնելով արարքը՝ որուն շարժառիթը, այսինքն միջոցը, նպատակը նկատի չ՚առնուիր։ Ուրիշ խօսքով՝ գողութեան արարքը մի՛շտ «գողութի՛ւն» է։

Անշուշտ իրաւական տեսակէտով տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ «սեփականութեան իրաւունք»ը պաշտպանելու, գողութեան հակամիտութիւն ունեցողը զգուշացնելու եւ յանցապարտը ուղղութեան բերելու համար։

Ահաւասիկ, այս կէտին, արարքին պատճառը, միջոցը եւ նպատակը նկատի չ՚առնուիր՝ պաշտպանելու համար սեփականութեան իրաւունքը եւ սեփականատէր ըլլալու անհատական ազատութիւնը։ Օրէնքը կը պաշտպանէ ամէն օրինաւոր արարք եւ կը դատապարտէ այն բոլոր արարքները, որոնք ապօրինի են։ Արդարեւ, դատարանը եւս ուրիշ ընթացք չի կրնար ունենալ, բայց միայն տուեալ օրէնքը գործադրել եւ ըստ այնմ շարժիլ եւ որոշում տալ։

Եւ սակայն քաղաքական օրէնքէն եւ խիղճէն զատ կայ նաեւ «բարոյական օրէնք» եւ «խիղճ», որոնք արարքի մը արդիւնքէն աւելի՝ անոր շարժառիթին, այսինքն պատճառին, միջոցին եւ նպատակին կարեւորութիւն կ՚ընծայեն։ Այս իմաստով, քաղաքական օրէնքը կը վարուի «առարկայական» իսկ բարոյական օրէնքը՝ «ենթակայական»։ Ուստի բարոյական օրէնքը արարքին մանաւա՛նդ խորհուրդի եւ զգացումի այն զսպանակը նկատի կ՚առնեն, որ շարժման մէջ կը դնէ ենթակային կամքը եւ անոր գործադրել կու տայ զայն։

Անշուշտ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ բարոյական օրէնքներուն ստուգանիշներով եւ կշիռով չափուած եւ որոշուած դատապարտութիւնը եւ կամ վարձատրութիւնը արդա՛ր դրոշմ կը կրեն իրենց չափանիշներով եւ տեսակէտով։ Ուստի մարդկային լայն մտածողութիւն մը եւ նրբազննին խիղճ մը կրնան արդարացնել արարք մը՝ եւ կամ դատապարտել՝ անպարտ արձակուած մը։ Այս իմաստով կրնայ անպարտ արձակուիլ մէկուն դատապարտածը եւ փոխադարձաբար՝ դատապարտել՝ միւսին անմեղ նկատածը։

Բայց այս տարբերութիւնը պէտք չէ՛ նկատուի որպէս հակադրութիւն իրարու նկատմամբ, այլ՝ հետեւանք մը տարբեր չափանիշներու, տարբեր տեսակէտներու եւ տարբեր ըմբռնումներու։ Ուստի քաղաքական օրէնքը աւելի գործադրական է, իսկ բարոյական օրէնքը՝ տեսլակա՛ն։

Հոս պէտք է նաեւ նկատի առնել սա իրողութիւնը՝ թէ «չար» եւ «բարի» անուանուած արարքներու մասին է երբ խօսքը՝ կարելի չէ անտեսել նաեւ կարգ մը ազդակներ, զորս հարկ է նկատի ունենալ եղանակաւորելու համար դատաստանը անոնց հեղինակներու մասին, այսինքն չարագործներու կամ բարեգործներու մասին։

Միջավայր, ժառանգականութիւն, եւ ասոնց նման բոլորովին արտաքին ուժեր ազդակներ են, որոնք յաճախ կ՚իշխեն եւ կ՚ազդեն մարդոց վրայ եւ մեծ մասամբ կը ձեւակերպեն անոնց ընթացքը, եւ ասոնք երբեմն այնքան տիրական են, որ ենթական անոնց ձեռքը կարծես «խաղալիկ» մը կը դառնայ հակառակ իր փափաքին եւ կամքին։ Մանաւանդ ծինային ազդակներ շատ ազդու են նկարագրի կազմութեան վրայ։ Ուստի, ինչպէս բարի արարք մը վարձատրելու ատեն, շարժառիթը նկատի առնելով աւելի՛ արդար դատաստան մը ընել կարելի կ՚ըլլայ, մարդկային յոռի արարքներն ալ դատապարտելու ատեն պէտք է նկատի առնել ժառանգականութեան-ծինային, միջավայրի եւ կրթութեան-դաստիարակութեան նման հզօր եւ տիրական ազդակները։

Եւ երբ այս ազդակները նկատի առնուին, ենթակաները դատելու ժամանակ աւելի՛ արդար որոշում մը կարելի կ՚ըլլայ տալ. քանի որ մարդ որքան ալ ապրի աննպաստ ազդակներու ներքեւ, իր արարքներուն եւ ընդհանուր ընթացքին պատասխանատո՛ւ է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 28, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 26, 2019