ԱՆԲՆԱԿԱՆ ՎԱԽԵՐ
Թէ մարդիկ մինչեւ իսկ քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ՝ ո՛րքան ենթակայ են անիրական երեւոյթներէ եւ անիմաստ ու անբանաւոր վախերէ ազդուելու եւ տարուելու, ասոր մէկ ապացոյցը տրուեցաւ նոյեմբեր 1938-ին, երբ ձայնարձակի միջոցով Նիւ Եորքի Մըրքըրի թատրոնը բեմադրած էր «Աշխարհներու պատերազմը» անունով թատերախաղ մը՝ որուն մէջ ճարպիկ դերասան՝ Օրսըն Ուէլս՝ կենդանի կերպով կը պատկերացնէր, թէ ի՛նչպէս Հրատ մոլորակի «բնակիչներ»ը վար իջած են մեր երկիրը՝ մարդոց հետ պատերազմելու համար։
Թատերախաղը դեռ չսկսած՝ ծանուցողը որոշակի՛ կը յայտնէր, թէ լոկ «խա՛ղ մըն է որ պիտի ներկայացուի», սակայն անոնք որ թատերախաղին մէջտեղերը սկսած էին ունկնդրել, լսած չըլլալով խաղի մասին տրուած բացատրականը՝ դերասանին այնքան իրական եւ բնական կերպով կատարած ներկայացումէն այնպէս ըմբռնեցին, թէ իրա՛ւ, իրա՛ւ վերէն՝ Հրատէն, հրէշանման արարածներ վա՛ր են իջեր մարդոց դէմ պատերազմ մղելու եւ մարդոց հետ պատերազմելու եւ զանոնք ջարդ ու փշուր ընելու՝ ոչնչացնելո՛ւ…։
Շատ հետաքրքրական էր պարզուած երեւոյթը՝ այնպէս որ երկրին բոլոր կողմերէն կիներ, մանուկներ, երիտասարդներ, ծերունիներ սարսափահար եղած փողոցները նետուեցան՝ եւ ոստիկաններու ձայնարձակի կայանին, եւ կառավարութեան պաշտօնէից հեռաձայնները ափ առած՝ ստոյգ տեղեկութիւն կ՚ուզէին այս «պատերազմ»ին մասին, եւ անմիջական օգնութիւն կը խնդրէին «երկնային հրէշներ»ու դէմ պաշտպանուելու համար։
Եւ ամբողջ պատահածը ուրիշ բան չէր, բայց միա՛յն թատերական ներկայացում մը անիրական եւ մտացածին պատերազմի մը՝ որ Անգլիացի մեծանուն վիպագիր՝ Ն. Ճ. Ուէլսի երեւակայութենէն եւ ճարտար գրիչէն դուրս եկած էր, եւ Օրսըն Ուէլս անունով նո՛յնքան ճարտար դերասան մըն ալ իրատեսօրէն յաջող կերպով կը ներկայացնէր Մըրքըրի թատրոնին մէջ։
Սարսափահարութեան եւ խուճապի այս անբնական եւ անսովոր երեւոյթը առիթ տուաւ, որ շատ մը թերթեր անդրադառնային մարդոց մէջ երեւցած «թեթեւամտութեան», «կոյր հետեւողութեան» եւ անիրական, անբնական եւ անիմաստ վախերուն վրայ։
Զարմանալի՜ երեւոյթ մըն է իսկապէս որ չափահասութեան մէջ իսկ, հասուն տարիքի, մտքի բաւարար դաստիարակութիւն ստանալէ եւ պէսպէս փորձառութիւններու մէջէն անցնելէ ետքն ալ, մարդիկ տակաւին «մանկամիտ» կը մնան, եւ փոխանակ խելք ու դատողութիւն գործածելու, բանականութիւն առանց գործածելով տեսնելու, թէ ո՛րքան անհեթեթ է խորհիլ, որ Հրատի «բնակիչներ»ը կրնան գալ մեր երկրին վրայ «պատերազմ» մղելու, վառվռուն ցուցադրութենէ մը խելակորոյս՝ անբանաւոր եւ անհիմն վախէ բռնուած՝ անճարակ փողոցները կը թափին՝ եւ երեւակայական-մտացածին թշնամիներու դէմ պաշտպանութիւն կը փնտռեն…։
Արդարեւ, կանխակալութեան պարզ օրինակ մըն էր այս երեւոյթը. առանց մտածելու, առանց բանականութիւնը գործածելու, առանց դատելու «հաւատալ»ու միամտութեան օրինա՛կ մը։ Մարդիկ, երեւոյթները առանց դատելու ընդունիլը եւ հաւատալը շատ աւելի դիւրին կը համարեն, քան թէ՝ մտածել, դատել եւ յետոյ որոշել՝ հաւատա՞լ թէ ո՛չ։ Ասիկա դժուար կը թուի մարդոց եւ ընդհանրապէս կը նախընտրեն դիւրինը… մարդկային տկարութիւն մը, թերութիւն մըն է ասիկա, որ մարդուս «անկատար» ըլլալը, կարգ մը հարցեր լուծելու մասին իր անբաւարարութիւնը ցոյց կու տայ։ Մարդ, ուրեմն, այս իմաստով ինքնաբաւ չէ՛…։
Յետոյ, այս դէպքը կը յայտարարէ նաեւ սա իրողութիւնն ալ, թէ «ամբոխային հոգեբանութիւն» ըսուածը ո՜րքան տիրակա՛ն է մարդոց մէջ, որ փոխանակ անհատական խելք, բանականութիւն եւ դատողութիւն գործածելով երեւոյթները վերլուծելու, «կոյր հետեւողութեամբ» ամբոխին ետեւէն կը վազեն։
Եւ շատ անգամ ընկերային եւ ազգային կեանքի մէջ երեւցած խառնաշփոթութիւններուն, անորոշութիւններուն եւ իրարանցումներուն արմատը «ամբոխային հոգեբանութեան» մէջ պէտք է փնտռել։
Օրինակ մըն էր նոյեմբեր 1938-ին պատահած այս դէպքը։
Եւ այսօր ալ չէ փոխուած մարդկային ընդհանուր հոգեբանութիւնը. ա՛յսօր ալ շատեր կ՚ազդուին, կը տպաւորուին երեւակայական եւ մտացածին երեւոյթներու վրայ հիմնուած ներկայացումներէ՝ հեռուստացոյցի վրայ, շարժանկարի սրահներու մէջ ցուցադրուած ժապաւէններէ, անոնք անմիջապէս կ՚իւրացնեն, կը ներմուծեն իրենց կեանքին, իրենց ապրելակերպին, գրեթէ անոնք կ՚ապրին իրենց ամբողջ կեանքով։
Ամէն զգացում, անշուշտ որ բնական է, քանի որ մարդ հոգեղէն արարած մըն է նաեւ, ինչպէս՝ մարմնաւոր ե՛ւ մտաւոր։ Բայց զգացումները բանականութեան մաղէն անցընել՝ դարձեալ մարդուն յատուկ առաւելութիւն մըն է։ Զգացումները բանականութեամբ հակակշռել եւ ներդաշնակել մարդուն տրուած յատկութիւն մըն է…։
Ուստի, ամէն մարդ, որպէս բանաւոր արարած, պէտք է անդրադառնայ եւ սորվի իր մտային կարողութիւնները գործածել, անոնց տարուելէ առաջ տրամաբանօրէն վերլուծել արտակարգ երեւոյթները, անբանաւոր եւ անհիմն վախերէ եւ ամբոխային գրգռումներէ ազատ մնալու համար։
Արդարեւ, վախի զգացումը «ազդանշա՛ն» մըն է հաւանական վտանգներու նկատմամբ եւ ո՛չ թէ տանջանք մը՝ որ ի վերջոյ անտանելի՛ կ՚ընէ կեանքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 23, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024