Կ՚ՈՒԶԵՆՔ ՀՆՁԵԼ՝ ԱՌԱՆՑ ՑԱՆԵԼՈՒ

Աշխարհի վրայ պետութիւններ մարդոց նման բախտի բերմամբ եւ կամ պատահմամբ չէ՛ որ կը հարստանան կամ կը զօրանան. այդ մէկը կը պահանջէ դիւանագիտութիւն, նուիրում, ներդրում եւ աշխատանք: Այնպէս ինչպէս անհատէ մը մնացած ժառանգութիւնը չշահարկելու պարագային կը նուազի այդ հարստութիւնը, նոյնն է նաեւ պետութիւններու պարագային, որոնք պարտին առանց անցեալի «ուժ»երուն վստահելու շարունակ զօրանալ ու բարգաւաճիլ:

Արցախեան այս վերջին պատերազմին պարտութեան որպէս պատճառ հայ ժողովուրդը յաճախ մատնանշեց առկայութիւնը անօդաչու սարքերու, որոնք կարգ մը «վերլուծաբան»ներու խօսքերով՝ «անհաւասար» պատերազմական պատճառ մը ստեղծեցին երկու պետութիւններուն միջեւ:

Այս արտայայտութիւններուն դիմաց ուզեցի ուսումնասիրութիւն մը կատարել Թուրքիոյ անօդաչու սարքերու կազմակերպութեան ու անոր հիմնադիրներուն շուրջ ու որպէս եզրակացութիւն լուրջ պատասխանով մը կու գամ «անհաւասարութեան» մունետիկներուն:

Համացանցի վրայ տեղադրուած գտայ տեսերիզ մը՝ նկարահանուած 2005 թուականին, ուր երիտասարդ թուրք մը՝ 26 տարեկան Սելչուք Պայրաքթար իր դիմաց ունենալով անօդաչու թռչող սարքի մը փոքր օրինակ՝ ո՛չ աւելի քան կէս մեթր, կ՚ըսէ. «Եթէ այս ծրագիրը նիւթական աջակցութիւն ստանայ, յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին Թուրքիա անօդաչու թռչող սարքերու շինութեան մէջ առաջին դիրքին կը հասնի եւ այդ մէկը մենք կրնանք կատարել շա՜տ դիւրութեամբ: Պէտք է նիւթապէս օժանդակել, որովհետեւ մենք կ՚ընենք այն՝ ինչ որ ուրիշներ պիտի ընեն տասն տարիներ ետք»:

Հիմա հարց. մէկ նմուշով հրապարակ դուրս եկած այս երիտասարդը ինչպէ՞ս եղաւ, որ յաջողեցաւ իր գիւտը հասցնել այնտեղ՝ որ 15 տարիներ ետք իր անօդաչուն պատճառ դարձաւ հայ ժողովուրդի յաղթուելուն: Եւ ճի՛շդ հոս երեւան կու գայ այն ճշմարտութիւնը. Պետութիւններ բախտով չէ, որ հզօրներ կը դառնան:

Եթէ Թուրք պետութիւնը, իր տարբեր աղբիւրներով չհովանաւորէր թուրք երիտասարդի այս ծրագիրը, վստահաբար անոնք անօդաչու սարքերու մարզէն ներս շա՜տ աւելի տկար դիրքի մը վրայ պիտի գտնուէին:

Թուրք պետութիւնը ներդրում ըրաւ, քաջալերեց, վստահեցաւ եւ այդ բոլորին դիմաց ստացաւ իր արգասիքը: Այս բոլորին դիմաց մենք՝ հայ ժողովուրդս ի՞նչ ըրինք. 2005-էն, նոյնիսկ 1993-էն մինչեւ օրս ո՞ր մարզն է, որ զարգացաւ մեր մէջ: Հայը, որ աշխարհի կողմէ ճանչցուած է խելացի ու աշխատասէր ժողովուրդ, ինչպէ՞ս եղաւ որ նման բարգաւաճում ձեռք չբերաւ:

Կ՚ուզեմ յստակ ըլլայ, որ մեր պարտութեան պատճառը ո՛չ թէ անօդաչու սարքերու առատութիւնն էր, այլ տարիներու ընթացքին մեր ճահճացումը, ինչպէս նաեւ վերին խաւերուն անտարբերութիւնը:

Մենք ո՞ր գիւտարարին կամ գիտնականին կրցած ենք լիովին վարձատրել ու օժանդակել՝ անոր գիտութեամբ հզօրանալու համար: Ականջիս հեգնական կը հնչէ, երբ կը լսեմ պատերազմական «Միկ» օդանաւի հիմնադիրը հայազգի Միկոյեանն է. այսօր այդ գիւտին դիմաց քանի՞ պատերազմական օդանաւեր արտադրող ընկերութիւններ ունինք: Մարդիկ հպարտութեամբ կ՚ըսեն առաջին գունաւոր հեռուստացոյցը գտաւ Յովհաննէս Ադամեանը... այսօր մենք գունաւոր հեռուստացոյցը դուրսէն կը ներմուծենք:

Թուրք պետութիւնը եթէ նիւթապէս չհովանաւորէր Սելչուք Պայրաքթարի աշխատանքը, վստահաբար ուրիշ պետութիւններ մեծամեծ գումարներ ներդնելով պիտի ներգրաւէին այդ երիտասարդը՝ զարգացնելու համար իրենց արուեստագիտութեան ոլորտը՝ ինչ որ մեծաւ մասամբ պատահած է մեզի՝ հայերուս հետ:

Պիտի ըլլա՞յ այնպիսի օր, որ խնամի-ծանօթ-բարեկամէն բացի պետական հարստութիւններէն օգտուիլ կարենան ա՛յն հայ երիտասարդներն ու գիտնականները՝ որոնք իրենց գործերով ու գիտութեամբ կրնան զարգացնել մեր պետութիւնը: Տակաւին կ՚անգիտանանք, որ պետութիւնը հզօր պահողը ո՛չ նախագահի եւ ո՛չ ալ վարչապետի տիպարն է. պետութիւն մը կը հզօրանայ իր երիտասարդութեամբ՝ մանաւանդ երբ ունի գիտակից ու կրթուած երիտասարդութիւն մը:

Այս բոլորին դիմաց կ՚ուզեմ յստակ ըլլայ. մեր պարտութեան պատճառը մեր անտարբերութիւնն է. գողցուած ու մսխուած նիւթական միջոցներուն մէկ առ հարիւրը եթէ տրամադրուէր մեր արուեստագիտութեան սիրահար երիտասարդութեան, մենք եւս տարբեր դիրքերու վրայ կը գտնուէինք այսօր արուեստագիտութեան ոլորտէն ներս:

Թուրքերը վճարեցին ու իրենց վճարումին դիմաց ստացան շա՜տ աւելին. մենք վարժուած ենք ակնկալել՝ առանց հովանաւորելու:

Կը սկսինք յաղթել այն ատեն, երբ մեր մեծերը հասկնան, թէ պետութեան հզօրացումն ու յառաջդիմութիւնը ճանապարհաշինութենէն տարբեր բան մըն է:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱԶԱՏ ՎՇՏՈՒՆԻ

(1894-1954)

Մեր թուականէն 68 տարիներ առաջ՝ 26 մարտ 1954-ին Երեւանի մէջ մահացած է բանաստեղծ, գրող, հասարակական գործիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ Ազատ Վշտունի (բուն անունով՝ Կարապետ Մամիկոնեան):

Ազատ Վշտունի ծնած է 17 յուլիս 1894-ին, Վանի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Երեմեան դպրոցէն ներս. ապա մեկնած է Պոլիս, իր ուսումը շարունակելու Կենդրոնական վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք մեկնած է Փարիզ՝ բարձրագոյն ուսումը ստանալու Սորպոնի համալսարանի գրական-փիլիսոփայական կաճառէն ներս: Ազատ Վշտունի իր ուսումը աւարտելէ ետք մեկնած է Թիֆլիզ եւ որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած՝ Հին Ներսիսեան որբանոցէն ներս: Թիֆլիզի մէջ Վշտունի հիմնած է «Փարոս» տպագիր հանդէսը: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք, մանաւանդ՝ 1920-1921 թուականներուն զբաղած է հայրենադարձութեան գործով եւ մեկնած Իրաք եւ Իրան:

Վշտունի Երեւանի մէջ 1922-1923 թուականներուն խմբագրած է «Մուրճ» թերթը, ապա ստանձնած է Թիֆլիզի մէջ հրատարակուող «Դիրքերում» երկշաբաթաթերթի խմբագրութիւնը: Խմբագրած է նաեւ «Մուրճ-մանգաղ», «Գեղարուեստի Ֆրոնտում», «Խորհրդային Հայաստան» եւ «Խորհրդային Արուեստ» պարբերականները:

Վշտունի եղած է Սովետական Հայաստան գրական կազմակերպութեան առաջին նախագահն ու Մոսկուայի ներկայացուցիչը: Վշտունի, Եղիշէ Չարենցի եւ Գէորգ Աբովի հետ միասին եղած է «Երեքի խմբակ»ի անդամ:

Վշտունիի գործերէն շատեր առանձին հրատարակութիւններով լոյս տեսած են. անոնցմէ առաջինն է 1915 թուականին Պաքուի մէջ տպագրուած «Սրտիս լարերէն»ը, որուն յաջորդած են «Կամաւորի յուշերից», «Արեւելքը հուր է հիմա», «Նոր սերունդը», «Սէր եւ ատելութիւն» եւ այլ աշխատութիւններ:

Բանաստեղծը իր գրական անունը ընտրած է հայութեան յատկանշական երկու բառեր օգտագործելով՝ ազատութիւն եւ վիշտ եւ կազմած՝ Ազատ Վշտունի անունը. բացի այս անունէն ան իր գրութիւնները յաճախ ստորագրած է նաեւ Կարապ, Կարապետ Թաշճեան, Ազատ, Սէյիթ Էլ Նուր գրչանուններով: Վշտունի 1934 թուականին դարձած է Գրողներու միութեան անդամ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 26, 2022