ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ԱԹՈՌՆԵՐ
Գէորգ Դ Քերեստէճեան (1866-1882) Հայոց Կաթողիկոսը փորձեց Սսի եւ Աղթամարի կաթողիկոսական խնդիրները լուծել։ Այս հարցին լուծման վրայ մերձաւոր հսկողութիւն ունենալ կ՚ուզէր Հայրապետը։
1864 եւ 1865 թուականներուն հայոց երեք կաթողիկոսական Աթոռները զրկուած էին իրենց գահակալներէն։
Աղթամարի Աթոռը Խաչատուր Եպիսկոպոս ձեռք անցուցած էր. իսկ Սիսինը՝ Նիկողայոս Եպիսկոպոսը։
24 Դեկտեմբեր 1865 թուականին Պոլսոյ Ազգային Ժողովը, Յանձնաժողով մը կազմեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան արդի վիճակը քննարկելու եւ Աղթամարի ու Սսի Աթոռներու Մայր Աթոռի հետ ունենալիք յարաբերութիւնները ճշդելու եւ կանոնաւորելու համար։
Այս ժամանակներու ընթացքին Պոլսոյ ազգայինները եւ եկեղեցականները կը յայտնէին իրենց գաղափարները։ Ոմանց մէջ այն գաղափարը կ՚արծարծուէր, թէ՝ քանի որ Ռուսաց տէրութիւնը 1836 թուականին, «պոլոժէնիայ»ով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր իրաւասութեան ենթարկած է, ապա պէտք չէ՞, որ Հայոց Կաթողիկոսն ալ իր հոգեւոր իշխանութիւնը տարածէ եւս Օսմանեան Տէրութեան սահմաններուն մէջ բնակող հայերուն վրայ. ուստի «Սիս շրջանի կաթողիկոսութեան նախամեծարութիւնը պէտք է ընդունիլ»։
Այս գաղափարն ալ դարձեալ երկու զօրեղ տէրութիւններու՝ Ֆրանսայի եւ Ռուսաց մրցման հետեւանքն էր։ Ֆրանսացիներ, իբրեւ կաթոլիկ կրօնի պաշտպան ազդեցութիւն ունէին. նոյնպիսի դեր խաղալ կ՚ուզէին Ռուսերը՝ պաշտպան ըլլալով օրթոտոքս դաւանութեան։ Բայց այս կացութիւնը եւ հանգամանքը ո՛չ Անգլիային եւ ոչ ալ Ֆրանսային ձեռնտու էր՝ մրցակից տէրութիւններու ներքին մաքառման հետեւանք Խրիմի 1853 թուականի պատերազմը պատահեցաւ, որ Ռուսերու ազդեցութիւնը բաւական տկարացուց. այդ քաղաքականութեամբ Օսմանեան Կառավարութիւնն ալ աշխատեցաւ նաեւ իր հպատակ հայերը հեռու պահել ռուսահայոց եւ Ռուսիոյ ազդեցութիւններէն։ Բայց պէտք է ըսել, որ անջատողական ձգտումը ընդհանրապէս աշխարհականներուն յատուկ էր։
Վերոյիշեալ 24 Դեկտեմբեր 1865 թուականին կազմուած «Յանձնաժողով»ը նախնաբար զբաղուեցաւ Մայր Աթոռի վիճակի քննարկութեամբ եւ «Պոլոժէնիայ»ի (Պոլոժէնիա=բարձրագոյն կարգադրութիւն եւ կանոնադրութիւն Լուսաւորչական Հայոց Եկեղեցիի Ռուսաստանի կառաւորութեան գործերուն համար) հայ եկեղեցիի ոգիին հակառակ կողմերը մատնանշելով՝ քննարկութեան առաւ Սսի եւ Աղթամարի խնդիրը եւ այն եզրակացութեան յանգեցաւ, թէ այդ երկու Աթոռները պէ՛տք է պահպանել եւ բարեկարգել։ Իսկ անոնց գահակալներուն ընտրութիւնը Ազգային Ժողովի ձեռքով կատարել՝ անոնց միաբանութիւններուն ներկայացուցած ցուցակներուն համաձայն։
Սակայն երեք կաթողիկոսական Աթոռներու յարաբերութիւնը աւելի ճշդելու համար Յանձնաժողովը փափաք կը յայտնէր, որ Սսի եւ Աղթամարի կաթողիկոսներու ընտրութիւնը եւ օծումը Ամենայն Հայոց ընտրեալ Կաթողիկոսի ներկայութեամբ կատարուի, որ Բրուսայէն շուտով Պոլիս պէտք է ժամանէր։ (Բրուսա=Պուրսա)։
Նորընտիր Գէորգ Դ Կաթողիկոսը, Պօղոս Պատրիարքը եւ այլ եկեղեցականներ բնականաբար անջատողութեան հակառակ էին, որ Ռուսերու քաղաքականութեան եւս ձեռնատու չէր. ուստի Յանձնաժողովի զեկուցման հիման վրայ Պօղոս Պատրիարք, Գէորգ Դ Կաթողիկոսի հաճութեամբ յարաբերութիւնները, հարցին ստեղծած խնդիրը կարգադրելու համար 1867 թուականին՝ Փետրուար 6-ին նոր Յանձնաժողով մը կազմեց։
Պօղոս Պատրիարքի (Պօղոս Բ Պրուսացի. 1863-1869) կազմած այս նոր Յանձնաժողովը քննարկութեան առնելով պատմական անցեալը եւ ներկայ ժամանակի հանգամանքները՝ Աթոռներու յարաբերութիւններուն համար հետեւեալ վեց կէտերը որոշեց։
ա) Սսի ու Աղթամարի կաթողիկոսները իրենց վիճակայիններէն պէտք է ընտրուին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հաստատութեան առաջարկուին։
բ) Յիշեալ Աթոռներու գահակալները Սուրբ Էջմիածնի մէջ պէտք է օծուին։
գ) Անոնք կարող են եպիսկոպոսներ ձեռնադրել՝ նախապէս առնելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հաւանութիւնը։
դ) Ս. Պատարագի ժամանակ անոնք պէտք է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անունը յիշել. իսկ անոնց միաբանները՝ նախ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անունը եւ ապա իրենց գահակալինը։
ե) Անոնք կարող չեն ստորագրել՝ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց։
զ) Կրօնական դժուարին խնդիրներու լուծում պէտք է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն ստանան։
Գէորգ Դ Կաթողիկոսը այս որոշումները Պատրիարքին յանձնեց գործադրութեան դրուելու համար, բայց Ազգային Ժողովը նոյնը չընդունեց, եւ նոր կանոնագրութիւն մը խմբագրեց 20 Հոկտեմբեր 1867 թուականին՝ յարաբերութեան խնդրին նկատմամբ։ Գէորգ Դ Կաթողիկոսը մանրամասն քննելով այս նոր կանոնագրութիւնը եւ անոր մէջ Սսի Աթոռը Մայր Աթոռին «համապատիւ» ճանչնալու ձգտումը նկատելով նոյնը մերժեց՝ եւ այս առթիւ Պօղոս Պատրիարքին, որ Յանձնաժողովին եզրակացութեան նոյնպէս հակառա՛կ էր, կոնդակ մը գրեց Ապրիլ 1868 թուակիր, յայտնելով իր զարմանքը՝ որ Ազգային Ժողովը հակաթոռ եկեղեցական իշխանութիւնները վերցնելու եւ միութեան նպաստելու փոխարէն՝ անոնց օրինաւոր ճանաչում տրուած է եւ անոնց իրաւունքները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի իրաւունքներուն «հաւասար» նկատուած։
Խնդիրը այս դրութեան մէջ էր, երբ անջատուելու ձգտման հակառակորդ Պօղոս Պատրիարք գահընկէց եղաւ եւ Մկրտիչ Եպիսկոպոս Խրիմեան պատրիարք դարձաւ՝ 4 Սեպտեմբեր 1869 թուականին։ Ուստի եւ Գէորգ Դ շնորհաւորելով Խրիմեանի նոր պաշտօնը՝ Յունուար 2, 1870 թուականին, միանգամայն կը պատուիրէր, որ ան Մայր Աթոռի իրաւունքներուն նախանձախնդիր դառնայ եւ թոյլ չտա՛յ, որ Սսի եւ Աղթամարի եպիսկոպոսները Սուրբ Էջմիածնի թեմի մէջ պաշտօն վարեն, ինչպէս որ անոնց կը սահմանափակուէր Սսի եւ Աղթամարի կաթողիկոսներու ընտրութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 21, 2016, Իսթանպուլ