ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

​«Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, քանի որ ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Չկա՛յ մէկը, որ իր կեանքի ընթացքին՝ որեւէ շրջանին կամ տեւական նեղութիւններ չունենայ, չտառապի, ցաւ եւ վիշտ չզգայ։

Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունեցած է նեղութեան, դժուարութեան պահեր, մինչեւ իսկ անտանելի՛ ապրումներ, բայց նաեւ ունեցած է յաղթանակներ՝ որոնք հաւատով եւ յոյսով են լեցուցած մեր հոգին։ Բայց բոլոր ասոնք բնական կը տեսնէ հաւատացեալը, մանաւանդ երբ կը կարդայ Յիսուսի վերոյիշեալ խօսքերը Աւետարանի վկայութեամբ։

Յիսուս Ի՛նքն ալ նեղութիւն է կրած՝ չարչարուած, տառապած թէ՛ մարմնապէս եւ թէ՛ հոգեպէս, մանաւանդ իր չարչարանքներուն մէջ լքուած է իր հաւատարիմ աշակերտներէն։ Եւ կարելի է ենթադրել, որ ամենամեծ տառապանքն է հոգեւոր տառապանքը։ Լքուիլ, անտեսուիլ, չճանչցուիլ, օտար համարուիլ, ապերախտութեան արտայայտութիւններ են՝ որոնք կը գերազանցեն ամէն մարմնական տառապանք, ֆիզիքական չարչարանք։ Եւ ահաւասիկ, Քրիստոսի յաղթանակին խորհուրդը այստեղ կը յայտնուի, հո՛ս է անոր իսկական իմաստը, թէ՝ երբ լքուեցաւ, ապերախտութեան վատ զգացումներով վիրաւորուեցաւ, հոգեպէս տառապեցաւ, բայց ի վերջոյ կանգնեցաւ՝ չպարտուեցաւ նեղութիւններու, չարչարանքներու, եւ ամէն անոնք որ լքած էին զԻնք, անդրադարձան իրենց սխալին եւ դարձեալ միացան Անոր, հաւատքով եւ հաւատարմութեամբ շրջապատեցին զԱյն։

Այս կէտին կարելի է նշմարել մարդկային տկարութիւն մը՝ ապերախտութեան եւ շահասիրութեան զգացումը մարդուս մէջ, թէ երբ մէկէ մը ակնկալութիւն ունենայ մարդ, անոր կը փարի, անոր կը յարի, իսկ եթէ ակնկալութիւնը, յոյսերը ի դերեւ ելլան, ապարդիւն մնան, անմիջապէս կը թողու իր նախապէս ապաւինածը, վստահածը եւ կը հեռանայ…։ Յիսուսի ալ պատահեցաւ նոյնը՝ այն ի՛նչ որ կը պատահի եւ կարելի է, որ պատահի ամէն մէկուս։

Սակայն կարեւորը «քա՛ջ» ըլլալն է, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս՝ չվհատիլ, չյուսալքուիլ եւ կանգնի՛լ…։

Ուստի Յիսուսի Յարութիւնը Իր յաղթանա՛կն է, բայց նաեւ յաղթանակը այն ամէն մարդու՝ որ Քրիստոսի օրինակով գիտէ վեր կանգնիլ անկումէ մը վերջ։ Պարտութիւն է այն՝ երբ մարդ վեր չի կրնար կանգնիլ անկումէ մը վերջ եւ կը մնայ միշտ «անկեալ» վիճակի մէջ։ Ուստի Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը տիպա՛ր մըն է մարդուն՝ քա՛ջ ըլլալու եւ կանգնելու զօրութիւնը ունենալու ամէն անկումէ վերջ՝ որոնք անխուսափելի են կեանքի մէջ։ Չէ՞ որ կեանքը պայքա՛ր մըն է անվերջ եւ թէ աշխարհը երբեք վարդաստան մը, խաղաղ վայր մը չէ՛ խոստացուած Աստուծոյ կողմէ։ Այս ուղղութեամբ՝ Յիսուսի Յարութիւնը ուղեցոյց մըն է լոյսի եւ յոյսի, որոնք յաղթանակի կը վերածեն պարտութիւնը։ Ուստի Յարութիւնը ապացոյց մըն է լոյսին եւ յոյսին տիրապետութեան, ամէն անոնց համար, որ հաւատով եւ հաւատարմութեամբ կը հետեւին անոնց։

Ամէն խաւար ի վերջոյ լոյսով կ՚անհետանայ, կը փարատի, կը չքանայ. մութը երբեք չի կրնար յաղթանակել հոն՝ ո՛ւր կայ լոյսին յոյսը՝ լոյսին հաւատքը եւ լուսաւորութեան հաւատարիմ ակնկալութինը։ Այս իմաստով, Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը «յաղթանա՛կ» մըն է։ Ճշմարիտ յաղթանակ մը՝ լոյսի եւ յոյսի հաւատարմութեան։

Արդարեւ, ամէն յաղթանակ երկու երեսակ ունի. ան յաղթանակ տանողին հրճուանք, ուրախութիւն կը պատճառէ անշուշտ, բայց պարտուողին՝ ցաւ եւ վի՛շտ։ Ուստի երկրային ամէն յաղթանակի մէջ իւրաքանչիւրը իր փառքը կը փնտռէ։ Պատմութիւնը կը վկայէ զանազան յաղթանակներու՝ որոնք կը վերագրուին անձի մը՝ որ երբեք այդ մեծ փառքը չի բաժներ, չի կիսեր ուրիշներու հետ, եւ միակ յաղթականը զինք ցոյց կու տայ։

Յիսուսի յաղթանակը բայց բոլոր մարդկութեան յաղթանա՛կն է։ Յարութեան արժէքը եւ փառքը կը պատկանի նաե՛ւ մարդուն, քանի որ Քրիստոս խաչուեցաւ եւ զոհուեցաւ մարդուն փրկութեանը համար, եւ ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով, Յարութեան յաղթանակը ո՛չ թէ «ինքնասիրութեան», այլ «մարդասիրութեա՛ն» յաղթանակն է։ Քրիստոսի յաղթանակը մարդո՛ւն համար է՝ մարդո՛ւն յաղթանակը՝ փրկութի՛ւնը։

Ահաւասիկ, մարդկային տկարութիւններէն մին՝ մարդ, ընդհանրապէս կ՚ուզէ սեփականացնել յաջողութիւն մը, յաղթանակ մը, եւ չ՚ուզեր բաժնել զայն ուրիշներու հետ, չ՚ուզեր մասնակից ընել ուրիշները իր յաջողութեան։

Սակայն Յիսուս Իր մեծ եւ աննախընթաց յաղթանակին մասնակից ըրաւ ամբողջ մարդկութիւնը՝ փոխանցելով անոր Յարութեան լոյսը եւ յոյսը։

Քրիստոսի յաղթանակը կեա՛նք կը շնորհէ բոլորին՝ առանց զրկելու ոեւէ մէկը այդ կեանքէն, որ կը հաւատայ «Կեանք»ին։ Արդարեւ, Յիսուս չի՛ զրկեր ոեւէ մէկը կեանքէն՝ որ հաւատարիմ է անոր լոյսին եւ յոյսին։

Քրիստոսի յաղթանակը մարդս ազատեց մահէն եւ մեղքէն։ Մահ եւ մեղք, որոնք մարդուս ազատութիւնը կը խափանեն, եւ թէ մեղքին հետեւանքն է՝ մահը, եւ այս պատճառով մարդ եթէ ազատի մեղքէն, կը փրկուի նաեւ եւ բնականաբար մահէն։ Մեղքը՝ մարդս կը հեռացնէ Աստուծմէ, կ՚օտարացնէ իր իսկ էութեան։

Արդարեւ, ամէն ինչ ստեղծուած է՝ ծառայելու Աստուծոյ արարած մարդուն, որ ստեղծած է Իր իսկ նմանութեամբ եւ պատկերով։ Բայց մարդ, դժբախտաբար, ծառայ եղաւ իր ծառային, ստրկացաւ նիւթին, ծառայեց միջոցին՝ փոխանակ ծառայելու նպատակին եւ հաւատարիմ մնալու իր կոչումին։ Նիւթապաշտութիւնը տիրական դարձաւ մարդուս կեանքին վրայ։

Բայց Յիսուս բոլորովին անմեղ կեանք մը ապրեցաւ, Իր Ծննունդէն մինչեւ Խաչելութիւնը, ամէն պահ յաղթեց մեղքին տիրապետութեան, անմեղ եւ կատարեալ կեանքով արդէն յաղթանակ տարաւ մեղքին՝ չարին եւ իր չարչարանքներուն եւ խաչելութեան փոխարէն եւ ի վերջոյ Յարութեամբ կեա՛նք պարգեւեց մարդուն՝ հաւատարիմ եւ հաստատ մնալով իր առաքելութեան նը-պատակին։

Եթէ մեղքը հոգիին ախտն է՝ հիւանդութիւնը, Յիսուս եղաւ կատարեալ եւ անթերի բժիշկը ախտաւոր հոգիներու։ Ուստի երբ մարդ կը մեղանչէ, պահանջքը կը զգայ Յիսուս-բժիշկին միջամտութեան, դիմելու՝ անոր «հրաշագործ բժշկութեա՛ն»։

Այս իմաստով, Յիսուս իր Յարութեամբ ազատեց մարդը իր մեղքերէն, համայն մարդկութիւնը առանց խտրութեան, առանց որեւէ տարբերութիւն, զանազանութիւն ենթադրելու, անոնք որ կը հաւաքուին մէկ Եկեղեցիի եւ մէկ հովանաւորութեան ներքեւ։ Ուստի մարդ պէտք ունի քալելու դէպի Քրիստոս՝ հրաշափառ լոյսը, եւ միայն այն ատեն կարելի կ՚ըլլայ ազատուիլ մեղքի կապանքէն եւ մահուան տիրապետութենէն եւ միայն այն ժամանակ Քրիստոսի յաղթանակը կը դառնայ մարդուն յաղթանակը։ Մարդուն կը մնայ յայտնել իր հաւատքը եւ երախտիքը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 20, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 26, 2018