ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Աշխատասիրութիւն» իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ ջանասիրութիւն՝ ուժը գործածել արդիւնք մը ձեռք ձգելու համար։ Աշխատասիրութիւնը, այս իմաստով կ՚ենթադրէ յարատեւութիւն, անվհատ գործելու եւ շարժելու պատրաստակամութիւն։
«Աշխատասիրութիւն» բառը ունի նաեւ երկ, յօրինում, հեղինակութիւն իմաստները։ Մեր խորհրդածութեան առարկան պիտի ըլլայ «աշխատասիրութեան» առաջին իմաստը, այսինքն՝ ջանասիրութիւնը՝ արդիւնք մը ձեռք ձգելու համար անվհատ գործելը եւ մանաւանդ այդ գործը հաճոյքով եւ սիրով կատարելը։
Մարդուն պատուիրուած է յօժարութեամբ եւ սիրով աշխատիլ, այսինքն՝ աշխատասէր ըլլալ։ Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Ով որ գողութեամբ կ՚ապրեր՝ թող այլեւս չգողնայ, այլ՝ վարժուի արդար վաստակով ո՛չ միայն իր հացը շահելու, այլ նաեւ բարիք գործելու, օգնելով անոնց՝ որոնք կարօտ են» (ԵՓԵՍ. Դ 28)։ Եւ դարձեալ Թեսաղոնիկեցիներուն գրած առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ջանաք հանդարտ կեանք մը վարել, միայն ձեր գործին նայիլ, եւ ձեր աշխատանքի վաստակով ապրիլ, ինչպէս որ պատուիրեցինք ձեզի» (Ա ԹԵՍ. Դ 11)։ Արդարեւ մարդուս առաջին անմեղ վիճակին մէջ ալ պատուիրուած էր աշխատիլ. «Եւ չորրորդ գետին անունը Եփրատ է։ Եւ Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէսզի զանիկա մշակէ ու պահէ» (ԾՆՆԴ. Բ 15)։ Ուրեմն կը տեսնուի որ աշխատիլը՝ աշխատասիրութիւնը աստ-ւածային, սկզբնական պատուէր մըն է։
Արդարեւ, աշխատասիրութիւնը նաեւ ընկերային պարտականութիւն մըն է, քանի որ մարդ ինքնաբաւ չէ եւ իր կեանքը գոյապահպանելու եւ գոյատեւելու համար ուրիշներու օգնութեան կը կարօտի, ինչ որ կը նշանակէ մարդ իրերօգնութեան կոչուած է, ապա ուրեմն պէտք է իր կարողութեան եւ կարելիութեան եւ տարողութեան չափով աշխատի։ Մարդ քանի որ ընկերային կեանք ապրելու կոչուած էակ մըն է, ուրեմն ունի պարտաւորութիւններ, պարտականութիւններ այդ ընկերութեան մէջ, ինչ որ կ՚իրականանայ աշխատութեամբ, գործելով եւ արտադրելով։ Ուստի մարդ իմովսանն կատարելու է իր պարտականութիւնը որպէս անդամ ընկերութեան։ Այս առթիւ յիշել կ՚արժէ Ժ. Ժ. Ռուսոյի այն խօսքը՝ որ կ՚ըսէ, թէ անաշխատ, ծոյլ մարդը՝ մակաբոյծի պէս ապրող անհատը «ընկերային գող» մըն է, քանի որ կը գողնայ ուրիշին աշխատութեան արդիւնքը։ Ուստի ամէն անհատ պէտք է աշխատի, աշխատասէր ըլլայ եւ իր մասնակցութիւնը բերէ ընկերութեան մէջ. արտադրութեան մէջ արդար բաժին մը ունենալու համար։
Մէկ խօսքով՝ աշխատութիւնը որքան աստուածային պատուէր, նո՛յնքան ալ ընկերային անխուսափելի պարտաւորութի՛ւն մըն է մարդուս համար։
Արդարեւ մարդ իր նախնական մեղքին պատճառով երբ վտարուեցաւ դրախտէն՝ իր աշխատելու եւ գործելու պարտաւորութիւնը չդադրեցաւ, ընդհակառակը աւելի յայտնի կերպով շարունակեց. «Ուստի Տէր Աստուած Եդեմի պարտէզէն դուրս ըրաւ զանիկա, որպէսզի երկիրը մշակէ, ուրկէ առնուեցաւ» (ԾՆՆԴ. Գ 23)։ Ուրեմն, աշխատութիւնը «պատիժ» մը չէ, այլ պարտականութիւն մը՝ մարդ ըլլալու հանգամանքին բնական մէկ արդիւնքը։ Աշխատիլ, գործել մարդ ըլլալու չափանիշներէն՝ մարդուն անխուսափելի պարտաւորութիւններէն է։ Ուստի մարդ, աշխատելով, գործելով, մշակելով եւ արտադրութեան մասնակցելով մա՛րդ հանգամանքը կը ստանայ։ Մարդ իր տարողութեան եւ կարողութեան չափով պէտք է աշխատի եւ մասնակցութիւնը բերէ հասարակաց բարիքին, ընդհանուրին օգտին ծառայելով։
Այս իմաստով ալ, աշխատութիւնը ո՛չ միայն անձնական օգտին, անձնական-անհատական շահ ապահովելու համար, այլ մանաւանդ ընկերային եւ հասարակաց շահուն, օգտին համար ըլլալու է։ Մարդ անշուշտ իր շահուն համար կ՚աշխատի, բայց պէտք է այդ «շահ»էն բաժին հանէ ընկերութեան, հասարակութեան՝ որուն անդամն է, որուն շնորհիւ է որ իր գոյութիւնը, իր կեանքը կ՚ապահովէ, կը պահպանէ եւ կը տեւականացնէ…։
Աշխատասիրութիւնը նաեւ՝ բարեպաշտ կիներու բնաւորութիւնը եւ նկարագիրն է ըստ Առակախօսին. «Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել… բուրդ ու քթան կը փնտռէ եւ ուզածը ձեռքովը կը գործէ» (ԱՌԱԿ. ԼԱ 13)։ Աշխատասիրութիւնը կարօտութիւնները լրացնելու, կարօտեալներուն օգնելու համար ալ անհրաժե՛շտ է. ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. «… ո՛չ միայն իր հացը շահելու, այլ նաեւ բարիք գործելու, օգնելով անոնց՝ որոնք կարօտ են» (ԵՓԵՍ. Դ 28)։ Արդարեւ, աւելի երջանկաւոր է տա՛լը, քան առնելը (ԳՈՐԾ. Ի 35)։
Առակախօսին համաձայն, հասարակութեան գովաբանութեան արժանանալու համար պէտք է տա՛լ. «Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէն եւ անոր գործերը դռներու մէջ պիտի գովեն զանիկա» (ԱՌԱԿ. ԼԱ 31)։
Աշխատասիրութիւնը, ուրեմն պա՛րտք մըն է մարդուն՝ ապրելու համար կեանքը եւ վայելելու՝ հասարակաց բարիքները անհատական ե՛ւ հաւաքական կեանքին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 11, 2019, Իսթանպուլ