ԱՆՆԿԱՐԱԳՐԵԼԻՆ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ…
Անտեսանելին տեսնել, անլսելին լսել, աննկարագրելին փորձել նկարագրել… այս բոլորը դժուար են, բայց ո՛չ անկարելի։
Մայիս ամիսը է՛ ինչ որ չէ եւ ո՛չ մէկ ուրիշ ամիս, եւ չի կրնար ըլլալ։ Ամիսներու նուիրապետութեան մէջ Մայիսի դիրքը եզակա՛ն է։ Մայիսը՝ «նորին վեհափառութիւն»ը թագուհին է տասներկու ամիսներուն մէջ, իր գեղեցկութեան անվիճելի գերազանցութեամբ։ Տարբեր է Մայիս ամիսը։ Մայիսին է որ բնութիւնը նոյն ատեն կը հարստանայ եւ կը թագադրուի։
Ձմրան վարագոյրը կը քաշուի այս ամսուն, եւ բեմին վրայ կը պարզուի ակնախտիղ պատկերը գարնան։ Բնութիւնը իր բեմադրութեան ամենէն դիւթիչ տեսարանները, ապրումները վերապահած է Մայիսին։ Հրա՜շք մըն է Մայիսը։
Շռայլ է ան իր յարդարանքովը։ Իր մերկութենէն դուրս կ՚ելլէ ան, մոգականօրէն եւ յեղակարծօրէն, հագուած, սգուած եւ «հարսի մը նման՝ իր փեսին համար պատրաստուած»։ Ուրիշ աշխարհ մըն է կարծես Մայիսը։
Դրախտը կարելի չէ՛ սահմանել աշխարագրականօրէն, հապա՝ ժամանակագրականօրէն։ Այս իմաստով՝ Մայիսը ո՛ւր որ է, հո՛ն է դրախտը՝ իր անօրինակելի, անիմանալի եւ անթուելի զանազանութեամբը՝ գոյներու, ձեւերու, լոյսի, բոյրերու եւ թարմութեան։ Մայիսը նոր է եւ նորոգութի՛ւն։ Ամբողջ երկրակամարին կապոյտին դէմ կանաչութիւնը կը պսպղայ որպէս յատակ գունազան նկարներու՝ որոնք նկարուած են մայիսեան ծաղիկներով։
Մարդ՝ որպէս բանաւոր էակ, խորհող եւ դատող միակ արարած՝ իր յարաբերութիւնը բնութեան հետ թէ՛ գիտական եւ թէ զգացական գետնի վրայ է։
Բայց մարդ «իրաւ տգէտ» մըն է բնութեան գաղտնիքներուն բայց զգայուն՝ անոր փառքին յայտնութիւններուն։ Դժուար է, նոյնիսկ անկարելի է թէ ի՛նչպէս կը յղացուի ու կը ծնի գարունը՝ բնութեան արգանդին մէջ, սակայն կարելի է վայելել գարնան հրաշագործ յայտնութիւնը Մայիսի մէջ։ Արդարեւ «տեսնուած»ը հասկնալու անհրաժեշտութիւնը չկա՛յ երբ կարելի է վայելել ի՛նչ որ կը տեսնուի։ Ուրեմն, փիլիսոփայ, իմաստասէր կամ իմաստուն ըլլալու հարկ չկայ, կեանքը լիօրէն ապրելու, բնութեան հրաշալիքներէն օգտուելու եւ վայելելու համար զանոնք։ Մտածել եւ ապրի՛լ կը բաւէ։
Աստուած ամէն մարդ փիլիսոփայական մտքով չէ օժտած, բայց ամէն մարդու տուած է զոյգ մը ականջ եւ աչք՝ բնութեան հետ զգայարանական հաղորդակցութիւն հաստատելու, եւ իր կեանքը ճոխացնելու բնութեան համերգովը եւ համայնապատկերովը։
Ուստի մարդ էակին ձրի շնորհքն է «վայելել»ու կարողութիւնը։ Գիտնալու համար պէ՛տք է սորվիլ, իսկ սորվելու համար՝ պէտք է անդրադառնալ չգիտցածին։ Ուրիշ խօսքով՝ «չգիտցածը գիտնա՛լ» պէտք է։
Սորվիլ, գիտնալ, բայց մանաւա՛նդ «խորհիլ», «խորհրդածել» եւ «զգալ»՝ բնատուր կարողութիւններ են ամէն մարդու։ Անտարբեր եւ անգիտակից մէկն ալ, աստուածատուր ձրի առանձնաշնորհում մը ունի բնութիւնը վայելելու՝ իր մայիսեան վեհափառութիւնովը։ Մարդ հազար փառք տալու է Աստուծոյ այս անգին ու ձրի վայելքի շնորհքին համար։
Բնութիւնը վայելել՝ իրապէ՛ս առանձնաշնորհում մըն է։ Բնութիւնը վայելել գիտակցաբար մարդ էակին ընծայուած ամենամեծ շնորհներէն մին է։
Բայց այսքան ուրախառիթ Մայիսը նաեւ կը տխրեցնէ մարդս։ Սակայն Մայիսի տխրութեան եւ տրտմութեան մէջ ի՞նչ արդարացում կայ։ Քանի որ ամէն ամիս Մայիս չէ, եւ Մայիսն ալ ժամանակաւոր է, ի վերջոյ պիտի աւարտի, եւ Մայիսէն շատ հեռո՜ւ չէ՛ Սեպտեմբերը, հեռո՜ւ չէ՛ Դեկտեմբերը…։ Եւ Մայիսը մնայուն չէ, Մայիսը՝ այնքան գեղեցի՜կ, կեանքի մնայուն հանգրուանը չէ՛։
Եւ Մայի՛սն ալ անցաւոր է՝ ժամանակաւո՛ր։
Իսկ այն ամէն ինչ, որ ժամանակաւոր է, տխրութեան, տրտմութեան պատճառ կ՚ըլլայ։ Քանի որ ամէն կորուստ ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ։
Ուրեմն ամէն ուրախութեան մէջ ծածկուած, քօղարկուած տխրութիւն մը, տրտմութիւն մը կայ՝ այդ ուրախ վիճակը կորսնցնելու վախը պատճառ կ՚ըլլայ այդ տրտմութեան։ Լաւ է՝ չխորհիլ աննպաստը երբ մարդ ուրախ է, ապրիլ ներկայ վիճակը եւ «վաղուան հոգը թողուլ վաղուան…»։
Ներկան լիուլի ապրելու, վայելելու համար, կարծեմ լաւագոյն լուծում մըն է այս։ Ուստի Յիսուս այս մասին կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուիք վաղուան մասին։ Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէ՛ք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է» (ՄԱՏԹ. Զ 34)։ Ուրեմն հոգը օրուան է եւ վաղուանը՝ վաղուան։ Այս իմաստով կարեւորը ներկա՛ն է. անցեալը արդէն անցած է, իսկ ապագան՝ անյայտ ու անստոյգ։ Ուրեմն «անցած»ի մը համար ինչո՞ւ մտահոգուի մարդ, ինչպէս ինչո՞ւ մտահոգութիւն ունենայ մարդ անյայտ եւ անստոյգ բանի մը համար։ Եւ դարձեալ այսօրուան ուրախութիւնը եթէ գիտնայ մարդ լա՛ւ տնտեսել, լա՛ւ օգտագործել, ան կարելի է փոխանցել նաեւ վաղուան։ Չէ, որ ապագան մեծ մասամբ կախում ունի ներկայէն…։
Եթէ մարդ լաւ տրամադրութիւն ունի եւ գիտէ այդ վիճակը պահել, ապա ուրեմն կրնայ միշտ լաւ տրամադրութիւն ունենալ՝ այսօր եւ վաղը, մի՛շտ։
Այո՛, Մայիսը կեանքի մնայուն վիճակը չէ, բայց մայիսեան ուրախութիւնը կրնայ մարդ փոխանցել միւս ամիսներուն։ Եւ դարձեալ, իրա՛ւ է որ ժամանակի սրարշաւ կառքը երկար չի մնար մայիսեան «դրախտ»ին մէջ, այլ՝ կը յառաջանայ դէպի կեանքին աշունն ու ձմեռը։ Բայց մարդ կրնայ այդ «դրախտ»էն բաժիններ փոխադրել աշնանային ու ձմեռուան ամիսներուն՝ Սեպտեմբերի եւ Դեկտեմբերի։
Երանի՜ անոնց՝ որոնք երբ ժամանակի սրընթաց կառքը հեծած կը ճամբորդեն՝ շատ անգամներ մայիսեան գեղեցկութիւնները, բարիքը վայելելու բանաւոր ակնկալութիւնը ունին։ Ունին նաեւ մայիսեան գեղեցկութիւններու անդրադառնալու կարողութիւնը եւ զանոնք վայելելու գիտակցութիւնը։
Ուրեմն հարցը «անդրադառնալ»ու եւ «գիտակցել»ու հարց մըն է։ Կան՝ որ երկար տարիներ ապրած են առանց անդրադառնալու եւ հետեւաբար առանց գիտակցելու բնութեան բազմազան բարիքներուն, եւ դարձեալ կան՝ որ հակառակ իրենց ապրած սակաւաթիւ տարիներուն՝ անդրադարձած եւ վայելած են բնութեան բարիքները…։
Եւ այս տրուպ գրիչը արդէն տեսեր է, ապրեր է, վայելեր է եօթանասուներեք անգամներ այս բարիքները եւ գեղեցկութիւնները բնութեան, անդրադարձեր ու գիտակցեր է մայիսեան հրաշալիքներուն… ասկէ յետոյ քանի՞ անգամներ դեռ տեսնելու, ապրելու եւ վայելելու առիթ ու պատեհութիւն կը տրուի իրեն… միայն Աստուած գիտէ։
Բայց պէտք է խոստովանիմ. երբ Մայիսը կը վայելեմ այսօր՝ Սեպտեմբերի մղձաւանջը կը վրդովէ վիրաւորուած հոգիս, գիտակցելով որ ամէն Մայիսի կը յաջորդէ Սեպտեմբեր մը…։ Սակայն նորէն հազա՜ր փառք ա՛յսօրուան վայելածներուս համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 14, 2016, Իսթանպուլ