ԵՂԻԱՆ՝ ԲՈՑԱՇՈՒՆՉ ՄԱՐԳԱՐԷՆ

Ըստ Եկեղեցական Օրացոյցի, Եղիա մարգարէի յիշատակի տօնը, այս տարի կը հանդիպի 27  Մայիս Կիրակի օրուան, որ է Հոգեգալուստէ ետք առաջին Կիրակին։ Սուրբ Եղիա Մարգարէ աստուածաշնչական մարգարէներու մէջ առանձնայատուկ տեղ մը կը գրաւէ իր անապատական եւ հրաշքներով լեցուն կեանքով, ինչպէս նաեւ կրակոտ նախանձախնդրութեամբ եւ իր անսովոր վախճանով։

Սուրբ Եղիա մարգարէ այն երկու մարգարէներէն մի՛ն է, որոնց մասին Աստուածաշունչ Մատեանի մէջ գրուած է, թէ երկինք են փոխադրուած առանց մահանալու։ Միւս մարգարէն էր Ենովքը։

«Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց եւ չէ՛ր գտնուեր, քանզի Աստուած առաւ զանիկա», (ԾՆՆԴ. Ե 24)։

Սուրբ Եղիա մարգարէի պատմութիւնը գրուած է Աստուածաշունչ Մատեանի Թագաւորութիւններու Գիրքին 3-րդ եւ 4-րդ գիրքերուն մէջ։

Միջանկեալ յիշենք, որ «Եղիա» կը նշանակէ՝ «Եահվէն է իմ Աստուածս». իսկ «Ենովք» կը նշանակէ՝ «նուիրեալ»։

Ըստ աստուածաշնչական վկայութեանց, Եղիա մարգարէ Թեզբացի է՝ Գաղաադի Թեզբէ անուն բնակավայրէն։ Ան ապրած է Քրիստոսի ծնունդէն առաջ 9-րդ դարու առաջին կէսին՝ Աքաաբ արքայի թագաւորութեան օրով։

Եղիա մարգարէ Աստուծոյ «արդար զայրոյթ»ի մարմնացո՛ւմն է երկրի վրայ։ Արդարեւ, ան կ՚ապրի «քաղաքակրթութեան» այլասերիչ ազդեցութիւններէն հեռո՜ւ՝ բնութեան ծոցին մէջ։

Ան, Աստուծոյ կողմէ կը ղրկուի արքայի մօտ, որ Սողոմոն թագաւորի յաջորդներէն էր, մինչ այդ օրը եկած թագաւորներէն ամենապի՛ղծն էր, որուն կինը՝ Փիւնիկեցի Յեզաբէլ, կռապաշտ էր եւ իր հետ իր երկրէն բերած էր նաեւ կուռքեր եւ մօտաւորապէս հազար քուրմ՝ Իսրայէլի մէջ ալ կռապաշտութիւնը տարածելու համար։

Յեզաբէլ կոտորել էր տուած նաեւ Աստուծոյ բազմաթիւ մարգարէները։ Երկիրը, ուրեմն այդ միջոցներուն բոլորովին մխրճուած էր կռապաշտութեան մէջ եւ իսրայէլացիներ մոռցած էին իրենց ճշմարիտ Աստուածը՝ որուն հաւատարիմ եւ նախանձախնդիր ծառան էր Եղիան։

Բոցաշունչ Եղիա մարգարէն՝ հալածուածներու եւ ընչազուրկներու պաշտպանը՝ ներկայանալով Աքաաբ արքայի, առանց վարանելու եւ տարակուսանքի կը հարուածէ եւ կը կշտամբէ՝ յանդիմանելով յանցանքը երեսին կը զարնէ Աքաաբ թագաւորին եւ կ՚ըսէ, թէ Իսրայէլի երկիրը քանի մը տարի անձրեւ եւ նոյնիսկ ցօղ, շիթ պիտի չունենայ որպէս պատի՛ժ։

Թագաւորին հաւատարմութիւնը Աստուծոյ աղբիւր կը հանդիսանայ ազգի բարգաւաճման. մինչդեռ կռապաշտութիւնը եւ անհնազանդութիւնը եւ անհաւատարմութիւնը Աստուծոյ՝ անխուսափելիօրէն կ՚առաջնորդեն աղէ՛տի։

Ուստի Եղիա մարգարէ, թագաւորին կը յիշեցնէ Աստուծոյ պահանջները։

Ան կը փորձէ եւ կ՚աշխատի ետ պահել իր ժողովուրդը կուռքերու հետեւելու սխալէն՝ ցոյց տալով անոնց, թէ ինչպէ՛ս է միակ ճշմարիտ Աստուածը։ Իսրայէլը կը համոզէ, որ չերկրպագեն Բահաղին, այլ իրենց ամբողջ յոյսը եւ հաւատքը դնեն միակ ճշմարիտ Աստուծոյ վրայ։

Աքաաբը եւ Յեզաբէլը կը հալածեն Եղիան այն պատճառով, թէ ան կը ջանայ զղջում ստեղծել մարդոց սրտերուն մէջ։ Քանի որ Իսրայէլ հեռացեր էր Տիրոջ ճամբէն եւ կռապաշտ էր դարձեր, Իսրայէլի մէջ երաշտ սկսած էր եւ երեքուկէս տարի անձրեւ չէ՛ր տեղացած։

Աստուծոյ հրամանով, Եղիա կը հեռանայ դէպի Քերիթ՝ Աստուծոյ լեռը, այնտեղ անդունդէն խմեց իր ջուրը. իսկ ագռաւները ամէն օր երկու անգամ հաց եւ միս կը բերէին անոր ուտելու համար։

Անձրեւի չգոյութեան պատճառով հեղեղատը, այսինքն այն անդունդը կը ցամքի եւ դարձեալ Աստուծոյ հրամանով Եղիան կ՚երթայ երկրին հիւսիսային կողմը՝ Սերեփթա քաղաքը, ուր այրի կին մը զինք կը հիւրընկալէ եւ օթեւան կու տայ իրեն։ Եղիան կ՚օրհնէ այս այրի կնոջ իւղը եւ ալիւրը եւ ամանները, որպէսզի անոնք երբեք պարապ չմնան, նաեւ յարութիւն կու տայ անոր մեռած որդւոյն։

Երաշտի երրորդ տարին Եղիա մարգարէ դարձեալ կ՚երթայ Աքաաբի մօտ եւ կ՚ըսէ, թէ Կարմեղոս լերան վրայ հաւաքէ իր հազար քուրմերը եւ կանչէ Իսրայէլի ժողովուրդը եւ ըսէ. «Մինչեւ ե՞րբ պիտի կաղաք երկու ոտքի վրայ։ Եթէ Տէրը Աստուած է, ապա հետեւեցէ՛ք Անոր, իսկ եթէ Բահաղն է աստուածը, ապա ուրեմն Բահաղին հետեւեցէք…։

«Տուէք երկու եզեր. մէկը ձեզի, մէկը ինծի։ Իւրաքանչիւրը իր զոհը թող դնէ սեղանին վրայ, բայց կրակ չվառէ։ Անկէ յետոյ դուք կանչեցէք ձեր աստուածը, եւ ես կանչեմ ի՛մ Տէր Աստուածը։

«Այն Աստուածը, որ կրակի միջոցով կը պատասխանէ, Ա՛ն է ճշմարիտ Աստուածը»։

Այդպէս ալ կը պատահի եւ Եղիան աստուածային հրաշքով ցոյց կու տայ Իսրայէլի ճշմարիտ Աստուծոյ զօրութիւնը, եւ այդ զօրութեան դիմաց քուրմերու անզօր ըլլալը եւ խաբէութիւնը։

Ժողովուրդը այս իրողութիւնը տեսնելով, Եղիայի հրամանով կը բռնէ քուրմերը եւ կը սպաննէ զանոնք։

Եղիա մարգարէ կ՚աղօթէ եւ դարձեալ անձրեւ կը տեղայ։

Յեզաբէլ թագուհին, կատղելով իր քուրմերու սպանութեան պատճառով, կը սպառնայ յաջորդ օրն իսկ սպաննել տալ Եղիա մարգարէն։

Եղիա մարգարէ հակառակ իր խիզախութեան եւ հրաշագործ կարողութեան, «Եղիա մեզի նման կիրքերու ենթակայ մարդ էր», ինչպէս կ՚ըսէ Յակոբոս առաքեալ. (ՅԱԿՈԲ. Ե 17)։ Ուստի Յեզաբէլի սպառնալիքներէն վախնալով, այս անգամ կ՚երթայ երկրի հարաւային կողմը, մինչեւ Սինա լեռը եւ այնտեղ քարայրի մը մէջ կը սպասէ Աստուծոյ նոր պատգամին։

Եւ Աստուած զեփիւռի տեսքով յայտնուելով, անոր կը պատգամէ վերադառնալ եւ Ասորիքի թագաւոր օծել Ազայէլը, Իսրայէլի թագաւոր՝ Նամեսսիի որդին Յէուն, իսկ Աբէլմաուլայէ եղող Սափատին որդին Եղիսէն իր տեղը մարգարէ օծե՛լ. (Գ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ ԺԹ 13-16)։

Աստուած, երկրի վրայ Եղիա մարգարէն բազմաթիւ հրաշագործութիւններով փառաւորելէ յետոյ հրեղէն կառքով եւ մրրիկով կը տանի երկինք։

Եղիա մարգարէ, Եղիսէի աչքին առջեւ կը բարձրանայ երկինք՝ առանց մարդկային բնական մահով մեռնելու։ Այս բոլորէն առաջ, Եղիսէ, Եղիայէն կը խնդրէ ստանալ անոր կրկնակի հոգին, այսինքն՝ անոր տրուած զօրութեան կրկնակին, այն ինչ որ իրապէս կրկնապատիկ կերպով տեղի է ունեցած։

Երբ հրեղէն կառքով կը բարձրանայ երկինք, Եղիան, իր թիկնոցը (=բաճկոնի վրայէն հագնելու սահմանուած եւ մինչեւ ծունկերը հասնող՝ բարակ վերարկու) վերէն վար կը թողու եւ Եղիսէն զայն կ՚առնէ իրեն՝ օգտագործելու համար։ Ուստի թէեւ Եղիայի կեանքը լեցուն է հրաշագործութիւններով, սակայն Եղիսէն կը գերազանցէ զայն՝ ունենալով Եղիայի հոգիին կրկնակին։

Եղիա մարգարէ, ըստ Մաղաքիա մարգարէի, աշխարհի վախճանին դարձեալ պիտի գայ երկիր, իբրեւ նախակարապետը Յիսուս Քրիստոսի Երկրորդ Գալստեան, այնպէս ինչպէս որ Յովհաննէս Մկրտիչ Կարապետ դարձաւ Տիրոջ Առաջին Գալուստին. (ՄԱՂԱՔ. Դ 5-6)։ Եւ ա՛յս է պատճառը, որ Յովհաննէս Մկրտիչ, Աւետարանի մէջ կը նմանցուի Եղիա մարգարէի եւ կ՚ըսուի, թէ ան եկած էր Եղիայի հոգիով։ Եւ լերան վրայ, Տէր Յիսուսի Պայծառակերպութեան ժամանակ, Անոր յայտնուած եւ Անոր հետ խօսած երկու սուրբերէն մէկը՝ Եղիա մարգարէն էր։ Հաւանաբար Եղիայի մահ ճաշակած չըլլալը եւ Տիրոջ Երկրորդ Գալստեան նախակարապետը դառնալու եզակի պատիւն է պատճառը՝ որ Հայ Եկեղեցին անոր յիշատակը կը տօնէ Հոգեգալստեան տօնին յաջորդող Կիրակի օրը, այն դէպքին մէջ՝ որ սուրբերը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի օրը չե՛ն յիշատակուիր։

Վերջացնելէ առաջ, նկատի ունենալով, թէ Եղիա մարգարէ ճանչցուած է մանաւանդ իր «արդար զայրոյթ»ովը, յիշենք հին յունական իմաստասիրութեան ռահվիրաներէն Արիստոտէլը (Ն. Ք. 384-322), որ «զայրոյթ»ի մասին կ՚ըսէ, թէ՝ զայրոյթը բնական զգացում մըն է, ամէն մարդ կրնայ զայրանալ, ասիկա դիւրին է. իսկ շիտակ անձի, չափաւոր եւ համապատասխան կերպով, պատեհ ժամանակի, իրաւացի պատճառով, պատշաճ նպատակով եւ յարմարագոյն ձեւով զայրանալ՝ ահաւասիկ ասիկա դժուա՛ր է։ Մեծ իմաստասէրը, իր այս խօսքերով ցոյց կու տայ «արդար զայրոյթ»ին չափանիշը։

Ուստի արդար զայրոյթի մասին բծախըն-դիր եւ նախանձախնդիր ըլլալու են մարդիկ՝ արդարութիւնը չխափանելու համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 18, 2018, Իսթանպուլ 

Շաբաթ, Մայիս 26, 2018