ՄԱՆՈՒԿԻ ՄԸ ՊԷՍ ԸԼԼԱԼ…

Խաղաղութեան եւ անկեղծ սիրոյ պատկե՛ր մըն է մանուկը։ Մանուկը, կարծես ներշնչող քարոզ մը, շնչող Աւետարան մըն է։ Մանուկը, Աստուծոյ սիրոյն թագաւորութեան պաշտպանեալն է։ Ան կ՚ապրի երկրաւոր կեանքը այն վստահութեամբ, որով պիտի ապրի, օր մը, ինչպէս եւ ամէն մարդկային էակ, յաւիտենապէս՝ յաւիտենականութեան մէջ։ Աստուծոյ սիրոյն վրայ բացարձակ վստահութիւն՝ մանուկին կեանքը ցոյց կու տայ. միշտ լուսափայլ ինչպէս են բեւեռային հորիզոններ…

Մանուկ մը, իր այս անմեղութեան մէջ, այս պարզութեան մէջ երբ որեւէ բանի կարիքը զգայ, որո՞ւ պիտի դիմէ։ Շատ բնական է, իր հօրը, որ իր գոյութեան պատճառն է եւ ինք անոր էութեան արդիւնքն է։ Հետեւաբար, ան որ զաւակը կը մերժէ, ինքզինք կը մերժէ եւ ինքնիրեն կը դաւաճանէ։ Ո՞ր հայրը կրնայ դիմանալ իր զաւկին աղիողորմ աղերսանքին առջեւ, երբ տեսնէ, թէ այդ փոքրիկին ճիչն եւ տառապանքը անոր անօթութեան արդիւնքն է։ Այսպիսի պարագայի մը առջեւ ո՞ր անգութ եւ անաստուած հայրը պիտի յանդգնի իր զաւկին «հա՜ց» աղաղակը փոխարինել քարով։ Եւ կամ ձուկը՝ օձով, կամ հաւկիթը՝ կարիճով։ Կարելի քան չէ՛…

Եթէ անունները դիտենք, անոնք իսկ նոյն արարքի մէջ կը գտնուին։ Ուստի, երբ մարդ էակը իր զգացումներով եւ բանականութեամբ շիտակը կը գործէ իր զաւկին հանդէպ գուրգուրալով անոր վրայ, հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ Աստուծոյ դիրքը։

Յիսուս շեշտակի կերպով կ՚ըսէ. «Եթէ դուք, որ չար էք եւ գիտէք բարի պարգեւեր տալ ձեր որդիներուն, ո՛րչափ աւելի ձեր երկնաւոր Հայրը՝ Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց, որ կը խնդրեն իրմէ». (ՂՈՒԿ. ԺԱ 13)։

Յիսուս, արդարեւ, մարդը բաղդատելով Աստուծոյ հետ, «չար» կը կոչէ, այն պատճառաւ, որ մեղաւոր է եւ աշխարհային գձուձ հաշիւներ կը հետապնդէ։ Մինչդեռ Աստուած ամենասուրբ ըլլալով՝ բարութեան եւ սիրոյ աղբիւր է եւ Սուրբ Հոգին բաշխիչն է այդ բարութեան եւ անսահման սիրոյ։

Ուրեմն, մարդ Աստուծոյ առջեւ մանուկ մըն է՝ զաւակ մը, որ անդադար իր աղօթքներով կը խնդրէ եւ սակայն յաճախ կը դժգոհի, կը գանգատի, թէ Աստուած իր խնդրանքներուն գոհացում չի տար։

Նախ եւ առաջ խնդրող անձը ինքզինք իսկապէս Աստուծոյ զաւակ կը զգա՞յ, թէ նեղը մնալուն պէս մուրացկանի մը նման Աստուծոյ դուռը կը բախէ։ Այս պարագային զաւակ մը, մանուկ մը ըլլալէ կը դադրի եւ յաճախ մերժումի կը հանդիպի։ Ուստի, իսկական զաւակը, անմեղ մանուկը ո՛չ թէ պէտք եղած ատեն կը դիմէ հօրը, այլ ամէն օր անոր հովանիին ներքեւ կ՚ապրի, եւ չի դժգոհիր ասկէ երբե՛ք։

Այսպէս է նաեւ Աստուծոյ պարագան եւ Յիսուս կը շեշտէ Աստուծոյ անսահման բարութիւնը եւ սէրը։

Աստուած մի՛շտ կը հոգայ, կը խնամէ իրեն ճշմարտապէս ապաւինող եւ վստահողները՝ մանուկի մը պէս։

Հացը կեանքի գոյութեան եւ տեւականացման էական սնունդն է. իսկ օձը եւ կարիճը կեանքի թշնամին՝ կեանքը մահացնող միջոցները՝ որոնք մեռցնելէ առաջ կը խայթեն, կը վիրաւորեն, կը թունաւորեն եւ կը տառապեցնեն։ Օձը եւ կարիճը մեղքը կը խորհրդանշեն՝ որ մարդուն կեանքը կը փճացնեն։ Անմեղ մանուկը, այսպէս, պէտք է պահել բոլոր այս խայթողներէն, թունաւորողներէն եւ տառապեցնողներէն։ Մանուկը պէտք է մնայ միշտ «մանուկ»՝ անմեղ եւ անարա՛տ։

Այս մասին պէտք չէ՛ կանխակալ ըլլալ, թէ մարդ կը փոխուի իր շրջանակի ազդեցութեամբ. երբ ան ունի բարձր նկարագիր, որ կը փոխանցուի իր ծնողներէն, չի՛ փոխուիր, կը մնայ միշտ նոյնը՝ անմեղ եւ անարատ մանուկը։ Երանի՜ անոնց, որոնք միշտ կը մնան «մանուկ»։

Հասուն ըլլալ, պէտք չէ հեռացնէ մարդը իր մանկութենէն, ընդհակառակը՝ կատարեալ է այն հասունը, որ տակաւին «մանուկ» է՝ անմեղութեամբ եւ անկեղծութեա՛մբ։ Ահաւասիկ, ա՛յս է Յիսուսի փնտռած «մանուկ-մարդ»ը։

Կեանքի նաւահանգիստին անդորրութիւնն է, որ կը պարզուի մանուկին մէջ, մէկու մը աչքին առջեւ՝ որ շատոնց մեկնած այդ նաւահանգիստէն՝ մտած է փոթորկալից ովկիանոսի մը անստուգութիւններուն մէջ եւ զրկուած՝ մանկական կեանքի այդ երանութեան վայելքէն։

Երանի՜ մանուկ մը ըլլայինք բոլորս. ո՛չ թէ մարմինով, այլ՝ հոգիով։ Հաւատքը կը մանկացնէ հոգին, եւ կը վերափոխէ իր խաւարամտութենէն։

Հաւատք ունենալ կը նշանակէ՝ հոգիով կրկին մանուկ ըլլալ, կամ դրախտէն արտաքսուած՝ նորէն դրախտին մէջ ընդունուիլ։

Որովհետեւ մէկ հիմնական տարբերութիւն կայ մանուկի մը եւ չափահասի մը միջեւ. սա՝ թէ մանուկը կը հաւատայ եւ կը վստահի տիեզերքի մէջ գործող սիրոյ եւ բարութեան յարաներկայ Ուժին՝ Հօր Աստուծոյ, իսկ չափահասը կը տարակուսի, կը վարանի եւ կը տրամաբանէ ապաւինած իր մտքին։

Արդարեւ, միտքը պէտք չէ՛ կանխէ հաւատքը…

Իսկ եթէ փորձէ կանխել՝ ան ի վերջոյ պիտի հասնի հաւատքին՝ Աստուծոյ ճշմարտութեան։

Եւ անկէ ոչ մէկս պէտք է կասկած ունենանք։

Անկեղծօրէն խոստովանինք եւ ընդունինք. մեր հաւատքը, դժբախտաբար, մանուկի մը անկեղծ եւ հաստատ, անվարան հաւատքը չէ երբեք։ Մեր միտքը միշտ կը կանխէ մեր հաւատքը՝ տարակոյս, վարանում եւ ձեւապաշտութիւն, այս բոլորը կը շփոթեն, կը քօղարկեն հաւատքը, եւ կամ ճիշդը ըսելով. մեր «հաւատք» կարծածը…

Բայց «հաւատք»ը աներկբայ՝ ճշմարտութի՛ւն է։

Եւ երբ հաւատքը մանուկի մը պէս ըլլայ՝ այն ատեն միայն պիտի գիտցուի, թէ ի՛նչ ուզեց Յիսուս երբ պատուիրեց. «Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք»։ Հաւատքը աշխարհը չի փոխեր, բայց մեզ կը փոխէ։ Մեր շուրջ գոռացող ալիքներուն սպառնալիքը չի դադրեցներ, բայց մեր սրտին վախը կը ցրուէ։ Եւ կամ մեր պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը կը վերցնէ մեր անձին վրայէն եւ կը դնէ Աստուծոյ վրայ՝ որուն հսկող աչերը երբեք չեն նիրհեր եւ որուն սէրը երբեք չի պակսիր։

Սիրելի՜ բարեկամներ, քննենք մեր հաւատքը, թէ ան ո՛րքան «հաւատք» է՝ ճշմարի՞տ թէ կարծեցեալ։ Մանուկի մը հաւատքը ճշմարիտ է եւ անկեղծ, ուրեմն փորձենք «մանուկ» ըլլալ եւ պիտի ազնուանայ մեր հոգին՝ ինչպէս էր երբ մանուկ էինք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 25 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մայիս 26, 2023