ՃՇՄԱՐԻՏԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ
Մարդուս համար որքա՜ն դժուար է ճշմարիտին անդրադառնալ, երբ սուտերու եւ պատրանքներու մէջ թաղուած՝ անոնք «ճշմարիտ» կը կարծէ։ Նո՛յնն է պարագան լոյսի համար. երբ մարդ խաւարի մէջ կը գտնուի, եւ երբեք չէ՛ ճանչցած լոյսը, կը նախընտրէ մնալ միշտ խաւարին մէջ եւ կը մերժէ լոյսին բարիքները։ Արդարեւ, բնական է ասիկա, քանի որ մարդ իր սովորութիւններուն գերի՛ն կը դառնայ ժամանակի ընթացքին եւ տարուելով սովորութիւններու հրապոյրէն, կը մերժէ ամէն նորութիւն, եթէ նոյնիսկ անոնք ճշմարտութիւն ըլլան, բարիք բերեն եւ օգտակար ըլլան իրեն։ Ինքնախաբէութեան մէջ կը կորսուին ամէն ճշմարտութիւն, բարիք եւ գեղեցկութիւն։
Արդարեւ, անտերբերութիւնը ամենամեծ եւ նոյնքան վտանգաւոր արգե՛լքն է անդրադառնալու ճշմարտութեան։ Ծածկուած արժէքներ անտարբերութեան պատճառով չեն կրնար յայտնուիլ եւ միշտ «ծածուկ» մնալու կը դատապարտուին։ Եւ ահաւասիկ մարդկային տկարութիւններու տեսակ մը եւս, եւ ամենէն շատ ընդհանրացածը մարդոց մէջ. անտարբերութի՛ւն։
Աշխարհ, ընդհանրապէս անընդունակ է աստուածային այն շնորհներուն՝ որոնք տարբեր ձեւերով կը յայտնուին մարդոց, բարեպատեհ առիթներ ընծայելով անոնց։ Ուստի զանազան միջոցներով ընծայուած շնորհներ՝ աստուածային անկեղծ եւ սիրոյ արտայայտութիւններ անտարբերութեան պատճառով կ՚անտեսուին եւ կը մերժուին։ Բայց, շատ անգամ, անակնկալ միջոցներով կ՚իրականանայ աստուածային կամքը։
Պատմութիւնը կը վկայէ դէպքերու՝ երբ խաւարը կը լուսաւորուի, տրտմութիւնը ուրախութեան կը վերածուի եւ կը յայտնուի Աստուծոյ անպատմելի՜ փառքը։ Եւ մարդկային բանականութեան ըմբոստ ընթացքը կը փոխուի հնազանդութեան, հաւատարմութեան, եւ մանաւանդ խռովութեան տեղ կը տիրէ խաղաղութիւն եւ թշնամութեան տեղ՝ բարեկամութի՛ւն։ Եւ հոն՝ ուր խաւարը կը պարտուի լոյսէն, հոն՝ բարին կը յաղթահարէ չարը։ Այսպէս, ահաւասիկ, սիրտերու անմեղութիւնը, իմաստութեան, հաւատարմութեան զօրութիւնը կը յայտնուի։
Ա՛յս է ահաւասիկ, ճշմարտութեան յաղթանակը, որուն կը հետեւին արդարութիւնը, խոնարհութիւնը, սրբութիւնը, ազնուութիւնը եւ բոլոր այն աստուածատուր առաքինութիւնները եւ բարիքները՝ որոնք կ՚ազնուացնեն մարդկային հոգին, կը բարձրացնեն զայն իր արժանի յարկերուն եւ աստուածանման կ՚ընեն զայն՝ ինչպէս որ էր իր արարչութեան ժամանակ՝ ըստ ստեղծագործութեան ընդհանուր աստուածային ծրագրին մէջ։
Եւ ահաւասի՛կ, հոս է գաղտնիքը կարենալ անդրադառնալու ճշմարտութեան, գեղեցկութեան եւ բարութեան, այն ամենամեծ արժէքներուն՝ որոնց կոչուած է մարդը իր արարչութեան առաջին պահէն իսկ։
Ա՛յս է ահաւասիկ, որ կը պահանջուի մարդ արարածէն՝ անդրադառնալ ճշմարտութեա՛ն՝ խոնարհութեան, հնազանդութեան, հաւատարմութեան, հոգիով աղքատութեան նուիրականութեամբ։ Խոնարհ եւ երկիւղած հոգին է, որ պիտի բարձրացնէ մարդը իր արժանի յարկերուն՝ ազնուութեան, յաւիտենական երանութեան եւ ակնկալուած երկնային կեանքին։ Եւ բոլոր այս առաքինութիւնները կարելի է ապահովել՝ անտարբերութեան թմբիրէն արթննալով եւ անդրադառնալով ճշմարտութեան՝ որ է Աստուա՛ծ՝ Ինք։
Այս կերպով մարդիկ պիտի տեսնեն, թէ ի՜նչ անփոխարինելի քաղցրութիւն եւ գոհացում կայ ճշմարտութեան ճանաչման մէջ՝ որ Աստուծոյ սեւեռումը հոգիին կու տայ, խաղաղութեան մէջ, որ ամենէն ամուր եւ զօրաւոր պատսպարանն է սրտին՝ որուն մէջ կը բնակի հաւատքը եւ յոյսը՝ որոնցմէ անբաժան է սէ՛րը։ Ահաւասիկ, որքա՜ն արդիւնաբեր է անդրադառնալ ճշմարտութեան՝ ձերբազատուիլ ամէն մտային եւ հոգեւոր կաշկանդումներէ, մանաւանդ նախապաշարումներէ եւ ամէն տեսակ կանխակալութիւններէ՝ որոնք յատկապէս կը վիրաւորեն մարդկային արժանապատուութիւնը, եւ որոնք հակառա՛կ են մարդուն սկզբնական կոչումին։
Ուստի, բարեպաշտութեան, համեստութեան, հնազանդութեան, խոնարհութեան, կամաւոր հոգեւոր աղքատութեան միջոցով է որ մարդ պիտի փրկուի անտարբերութեան վնասարար ախտին հետեւանքներէն, եւ պիտի անդրադառնայ ճշմարտութեան, եւ միա՛կ ճշմարտութեան, թէ ինք ունի Արարիչ մը եւ Նախախնամ մը, եւ երբեք առանձին չէ այս աշխարհի վրայ՝ ուր պարտաւորուած է պայքարելու ամէն տեսակ չարութեան դէմ՝ նեղութիւններու, դժուարութիւններու, հիւանդութիւններու, հոգեւոր հալածանքներու, անարդարութեան եւ անիրաւութեան դէմ, որոնք անպակաս են կեանքի մէջ։ Բարութեան, խաղաղութեան, ազնուութեան քաղցրացուցած կեանք մը ապրելու համար՝ անդրադառնալ ճշմարտութեան, խաւարէն՝ լո՛յսը, սուտէն ճշմարիտին գեղեցկութիւնը վայելենք, քանի որ մարդ ենք, եւ մարդը ստեղծուած է ո՛չ թէ խաւարի, այլ լո՛յսի համար, ո՛չ թէ սուտի եւ պատրանքի, խաբէութեան համար, այլ՝ ճըշմարտութեա՛ն։ Ուստի, չկա՛յ աւելի բարձր մեծարանք ճշմարտութեան ընծայուած, քան ա՛յն՝ զոր ճշմարտութիւնը փոխանցել եւ հաղորդել ուրիշներուն, քանի որ ան անհատական կամ անձնական արժէք մը չէ՛, այլ՝ հասարակական՝ ընդհանուրին պատկանող բարձր արժէ՛ք մը։ Ուստի ճըշ-մարտութիւնը պէտք է տարածուի՝ անձէ անձ, սերունդէ սերո՜ւնդ։
Ճշմարտութիւնը արդար իրաւո՛ւնքն է ամբողջ մարդկութեան եւ արդարութեան եւ լինելութեան պա՜րտք մըն է տարածել զայն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 21, 2018, Իսթանպուլ