ԾԱՓԱՀԱՐԱՄՈԼՆԵՐԸ
Պիտի ըսէք զուգադիպութի՞ւն... իսկ ես մի՛շտ պիտի կրկնեմ, որ մեր նախնիներու խօսքերը մարգարէացումն են մեր այսօրուան: Մարգարէացում են, որովհետեւ պատմութիւնը անպատճա՛ռ ինքզինք կը կրկնէ եւ, դժբախտաբար, այսօր մե՛նք կրկնութեանց ականատես կ՚ըլլանք:
Խրիմեան Հայրիկ, 126 տարիներ առաջ՝ 1895 թուականին, կարծես նախատեսելով այսօրուայ իրադարձութիւնները, «Ժամանակ եւ խորհուրդ իւր» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «մինչ մայրեր եղերամայր կը լինին, կու լան եւ կ՚ողբան որդեկաց գերեզմանին վերայ, դու կը ծիծաղիս եւ ծափ կը զարնես»:
Ճի՛շդ ես Հայրիկ. հազարաւոր զոհեր, նոյնքան վիրաւորներ, գերիներ ու անհետ կորածներ, իսկ մենք հրապարակներու վրայ կը «տօնախմբենք» ընտրութիւններու տարուած «յաղթանակ»ները՝ հրավառութեամբ, երգով ու պարով, ծափով ու ծիծաղով: Եւ երանի միայն այդքանով բաւարարուինք. ո՞վ պիտի նշէ «Տոլմայի փառատօն»ը, «Խորովածի փառատօն»ը, «Ձմերուկի փառատօն»ը, «Գարեջուր»ի եւ մանաւանդ «Գինիի փառատօն»ը: Իրապէս, «երբ մայրեր եղերամայր կ՚ըլլան, մենք կը ծիծաղինք ու ծափ կու տանք...»:
Ինչո՞ւ համար այսպէս է Հայ ազգը... պատասխանեմ ռուս բանաստեղծ Միխայիլ Լերմոնտովի բառերով. անոնք «Սովոր են ծափել հաւասարապէս թէ՛ փառք, թէ՛ անկում»:
Աշխարհի վրայ դժուար թէ կարենաք գտնել ազգ մը՝ որ հայ ժողովուրդէն աւելի հակում ունի ծափելու: Սակայն հայութեան պարագային ծափահարելու չափանիշը փոխուած է. ո՛չ թէ ինչ բանի համար, այլ՝ որո՞ւ համար ծափահարել: Մեր ներկայ իրականութեան մէջ ինչ ըսելդ կամ ընելդ ո՛չ մէկ կարեւորութիւն, որովհետեւ ժամանակներուն հետ միասին փոխուած են նաեւ գնահատելու հասկացողութիւնն ու չափանիշը:
Հայ ժողովուրդին կողմէ ծափահարուելու համար ո՛չ մեծ ճառերու, ո՛չ ալ մեծ նուաճումներու կարիքը ունիս. Եթէ սիրուած ազգական կամ բարեկամ ունիս, եւ կամ գուցէ եթէ դուն ինքդ սիրուած ես ա՛լ եւ յայտարարէ, թէ «մածունը սեւ է» ու վստահ եղիր... կ՚ունենաս այնպիսի ծափահարողներ՝ որ կարծես կատարած ես աշխարհի ամենամեծ ստեղծագործութիւններէն մին:
Եւ քաղաքական քաոսային այս օրերուն դարձեալ կը տեսնենք ծափահարութեան գերիները: Յակոբ Պարոնեանի բառերով «շատ անգամ ծափահարութիւն մը կը լսուի այնպիսի վայրկեանի մը մէջ, ուր բնաւ հարկ չկայ ծափ զարնելու» («Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերու մէջ»): Ակամայ ծափահարամոլ այս ամբոխը մեզի յիշել կու տայ Ն.Ք. 6-րդ դարուն ապրած յոյն օրէնսդիր Կլէիսէնսը՝ որ ժողովուրդին պարտադիր ծափահարել կու տար՝ «փաստելու» համար իր «ժողովրդականութիւն»ը:
Հաւանաբար ծափահարութիւնը պարզ ու սովորական բան մը թուի. արարք որ ո՛չ մէկ իմաստ կը ներառէ, սակայն իրականութեան մէջ ծափահարութիւնը քաղաքականութեան մէկ կարեւոր մասը կը կազմէ: Ծափահարութիւնը հոգեբանականօրէն եւս մեծ ազդեցութիւն ունի: Այսպէս.- Ենթադրենք, որ բեմի վրայ խօսք կ՚առնէ անձնաւորութիւն մը, որուն խօսածին մէջ ո՛չ մէկ տրամաբանական կամ «խելքը գլուխը» արտայայտութիւն կայ: Մէկէն ի մէկ լսուած ծափահարութիւն մը կամայ թէ ակամայ ազդեցութիւն կը գործէն մարդուն վրայ: Այդ ծափահարութիւնը ներկայ համաճարակէն շա՛տ աւելի արագ ձեւով կը տարածուի եւ յանկարծ բոլորը ծափահարելու կը սկսին: Եւ քաղաքական ուժեր կը սնին այդ ծափահարութենէն. իրենց խօսածը ո՛չ թէ տրամաբանութեամբ, այլ՝ ծափահարութիւններով կ՚արժեւորուի:
Ցաւօք, մեր քաղաքական իրականութեան մէջ արդէն գրեթէ մահացած է տրամաբանութիւնն ու ճշմարիտ դատողութիւնը եւ ազգովին կ՚առաջնորդուինք պարտադրուած ծափահարութիւններով:
Մեր ազգի ծափահարամոլութիւնը կը նմանի հետեւեալին: Անցեալին եղեռնէն ճողոպրած մեր մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը կ՚երթային եկեղեցի՝ մասնակցելու Ս. Պատարագին: Արարողութեան աւարտին մեր այդ տարեցները կ՚արտայայտուէին ըսելով. «Տէր Հայրը շա՜տ աղուոր խօսեցաւ...»: Պահ մը գացէ՛ք ու հարցուցէք, թէ Տէր Հայրը ի՞նչ խօսեցաւ. պատասխանը ըսեմ. «Բան չհասկցայ, բայց աղուոր էր...»: Մեր վիճակն ալ նոյնն է այսօր:
Ծափելը լոկ սիրով կամ յարգանքի արտայայտութիւն չէ, այլ քուէ է: Ծափահարել գաղափարի մը՝ համաձայն գտնուիլ կը նշանակէ: Ծափահարութիւնը տեսակէտ, հայեցակէտ ու համոզմունք կը ներկայացնէ:
Հետեւաբար, ամէ՛ն անգամ երբ կը ծափահարէ՛ք, յիշեցէք որ այդ մէկը լոկ բնազդային արարք մը չէ եւ պէտք չէ զայն օգտագործել անտեղի: Փորձենք հեռու մնալ ծափահարամոլութենէ եւ ամէ՛ն անգամ երբ կը ծափահարուի անարժանաւոր մը, յիշենք չծափահարուած մեր տիտանները:
Դժբախտաբար, մեր իրականութեան մէջ եղած են, կա՛ն եւ պիտի շարունակեն ըլլալ անձնաւորութիւններ, որոնք առաւելագոյնը արժանի են մեր յոտնկայս ծափահարութիւններուն, իրենց կատարած անձնուրացութեան եւ նուիրումին համար: Մե՛ծ է թիւը այնպիսիներուն, որոնք անարժանաբար զրկուած են ծափահարութիւններէ՝ որովհետեւ իրենք ծափահարուելու տենչով չէ՛ որ կատարած են այդ մէկը: Իջէ՛ք Հայաստանի փողոցները... անոնցմէ ո՞վ կը ճանչնայ Հրաչ Փափազեանը, Միսաք Թոռլաքեանը, Շաւարշ Քրիսեանը եւ ուրիշներ...
Անոնք կը մոռցուին, որովհետեւ մենք ո՛չ թէ արժէքի գնահատականով կը ծափահարենք, այլ կը սպասենք հրամանին, որպէսզի մէկը մեզի ըսէ. «ծափ տուէ՛ք արա...», եւ մենք մեքենաբար ծափահարենք: Եթէ ապրած ըլլայինք դարեր առաջ, վստահաբար այսօր Հռովմէական կայսրութեան Ներոն կայսրը մեզմէ իւրաքանչիւրիս ծափահարութեան գործ պիտի հայթայթէր, որովհետեւ ան ունէր յատուկ ծափահարողներու խումբ՝ որ իր հետ կը շրջէին ամէ՛ն տեղ:
Արդ, սիրելի ընթերցող, եկո՛ւր հատ մըն ալ մենք ծափահարենք՝ զաւեշտալի այս հայազգի կատակերգութեան դիմաց...:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՎԱԽԹԱՆՔ ԱՆԱՆԵԱՆ
(1905-1980)
Մեր թուականէն 116 տարիներ առաջ՝ չորեքշաբթի, 26 յուլիս 1905 թուականին Դիլիջանի մէջ ծնած է հայ գրող, արձակագիր եւ լրագրող Վախթանք Անանեանը:
Վախթանք Անանեան ունեցած է դժուար մանկութիւն, նոյնիսկ չկարենալով վերջացնել նախակրթարանը՝ նիւթական դժուարութեանց պատճառով, սակայն ինքնաշխատութեամբ զարգացուցած է ինքզինք: Արձակագիրի առաջին գրութիւնը՝ «Չոլախ Թաքոն» հրապարակուած է 1927 թուականին՝ «Պիոներ» ամսագիրին մէջ: Որպէս լրագրող 1930-1935 թուականներու միջեւ աշխատակցած է «Մաճկալ» եւ «Սոցիալական Գիւղատնտեսութիւն» թերթերու խմբագրական կազմին մէջ: Ապա՝ 1935 թուականին վարած է «Կոլխոզնիկ» թերթի խմբագիրի պաշտօնը:
Անանեան եղած է հայ գրականութեան արկածային ժանրի հիմնադիր, գրելով իր «Սեւանի ափին», «Յովազաձորի գերիները» բնանկարչական հատորները:
Արժանացած է բազմաթիւ շքանշաններու եւ տիտղոսներու, մանաւանդ մանկական գրականութեան մէջ տարած իր մեծ աշխատանքներուն համար: Մանկական ու պատանեկան գործերուն համար տիրացած է Խորհրդային Միութեան պետական, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Լենինեան Կոմերիտ միութեան մրցանակներուն: Անոր աշխատանքներէն շատեր վերածուած են թատրերգութեան եւ ժապաւէններու:
Ան մահացած է երեքշաբթի, 4 մարտ 1980 թուականին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ