ՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ ՄԸ ԳՈՐԾԵՐԸ
Ֆրանսացի արուեստագէտները սքանչանալով հայ արուեստագէտի աշխատութեան, զարմանքով հարց կու տան, թէ ան արուեստի ո՞ր դպրոցը աւարտած է. հայ արուեստագէտը կը պատասխանէ. «Իմ դպրոցը մինչեւ այսօր եղած է Շուշիի փողոցներու ցեխը. բացի անոնցմէ ուրիշ դպրոց չեմ տեսած»:
Օտար արուեստագէտներ այս հարցը կ՚ուղղէին, որովհետեւ անոնց համար նման գործ մը կրնային ստեղծել բարձրագոյն ուսման հետեւողները. կը զարմանային, որովհետեւ դժուար էր ըմբռնել հայ արուեստագէտի բնածին ընդունակութիւնն ու կարողութիւնը:
Ցաւ ի սիրտ, այսօր մոռացութեան շարքին կը գտնուի նաեւ վերոյիշեալ հայ արուեստագէտը՝ Յակոբ Կիւրճեան։ Արուեստագէտը ծնած է 5 հոկտեմբեր 1881 թուականին՝ Շուշիի մէջ ու փոքր տարիքէն՝ փողոցը խաղալու ժամանակ մի՛շտ կրկնած է, թէ «քարն ու ցեխը ընդմիշտ իմ կեանքի ընկերները պիտի ըլլան»: Իր մանկութիւնը ճանչցող արուեստագէտ մը կը գրէ. «Լաւ կը յիշեմ. Յակոբը գեղեցիկ, կայտառ, ուժեղակազմ, վառվռուն, ոգեւորուող, յանդուգն եւ մասամբ ալ չարաճճի տղայ էր: Կը յափշտակուէր գեղեցիկով եւ կը պաշտէր բնութիւնը»:
Ծննդավայրին մէջ նախնական կրթութիւն ստանալէ ետք մեկնած է Ռուսաստան եւ ապա Փարիզ եւ իր արուեստի ուսումը կատարելագործած է Փարիզի յայտնի Ժիւլիանի արուեստի դպրոցէն ներս, ուր աշակերտած է Ֆրանսայի անուանի արուեստագէտներու:
Ուսումը աւարտելու ժամանակ Կիւրճեան արդէն իսկ ձեռք ձգած էր անուն եւ սկսած էր քանդակի պատուէրներ ընդունիլ մինչեւ իսկ օտար երկիրներէ. օրինակի համար, Ռուսաստանի մտաւորականութեան կողմէ ստացած էր պատուէր՝ պատրաստելու համար յայտնի ռուս գրող Լեւ Թոլոսթոյի արձանը, որ Կիւրճեանի կողմէ կոչուեցաւ «Մտածող գլուխ»: Կիւրճեան թէ՛ հայ եւ թէ ռուս բազմաթիւ մեծերու արձաններ քանդակեց, սակայն անոնցմէ կարեւորագոյններէն է Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի կիսանդրին, որ Կիւրճեանի գլուխ գործոցներէն մին կարելի է նկատել: Գարեգին Վեհափար Հայրապետը տեսնելով իր կիսանդրին՝ ցանկութիւն ունեցած է զայն տանիլ Անթիլիասի Կաթողիկոսարան, սակայն նիւթական պատճառներով չէ իրականացած: Սակայն տարիներ ետք, Կիւրճեանի կինը լսելով Կաթողիկոսի ցանկութիւնը՝ կիսանդրին տարած է Անթիլիաս ու նուիրած է Մեծի Տանն Կաթողիկոսին:
Կիւրճեան իր երիտասարդ տարիքէն ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, որոնք յաճախ արժանացած են մինչեւ իսկ թագաւորական ընտանիքի գնահատանքին: Ան ցուցահանդէսներ ունեցած է Ճաբոնի, Օսլոյի, Փարիզի, Ռուսաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ: Ան ցուցահանդէս ունեցած է մինչեւ իսկ Նիւ Եորքի մէջ:
Հասկնալու համար Կիւճրեանի արուեստի տարողութիւնը յայտնենք, որ յետմահու Կիւրճեանի կինը Հայաստանին նուիրած է մեծ արուեստագէտի գործերէն աւելի քան 400 աշխատութիւն, իսկ Ֆրանսայի պետութեան աւելի քան քառասուն քանդակ:
Կիւրճեանի գործերէն յայտնի են Թիֆլիզի մէջ կատարած Շիրվանզատէի եւ Անդրանիկի արձանները, իսկ Ռուսաստանի մէջ՝ յայտնի երգիչ Շալիապինի արձանը: Անոր անուանի գործերէն են «Հայ գեղջուհիներ»ը, «Գաղթ»ը, «Քնած դեւը», «Մահացող Քրիստոս»ը եւ այլ գործեր, որոնք մինչեւ օրս որպէս արուեստի յայտնի գործեր կը ցուցադրուին թանգարաններու մէջ: Այնքան անուն շահած էր Կիւրճեան, որ մինչեւ իսկ Մաքսիմ Կորքի մատանի մը նուիրած էր անոր. այսօր այդ մատանին, արուեստագէտի միւս գործերուն հետ միատեղ կը գտնուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս: Կիւրճեան մինչեւ իսկ տեսակցութիւն ունեցած է Լենինի հետ եւ այս առիթով խմբային լուսանկար մը ունեցած, ինչ որ դարձեալ կը գտնուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս:
Ի միջի այլոց յայտնենք, որ Կիւրճեանի կինը հայուհի մը չէր, սակայն հակառակ հայ չըլլալուն ապրած էր հայավայել կեանք մը. յատուկ սէր ու յարգանք ունեցած էր Հայաստանի, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթի հանդէպ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը 24 հոկտեմբեր 2006 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի եօթներորդ կէտին հիման վրայ հրապարակ հանած է Յակոբ Կիւրճեանի անուան յուշադրամը: Յուշադրամը ունեցած է 10 հազար դրամի արժէք եւ նուիրուած է արուեստագէտի ծննդեան 125-ամեակին: Յուշադրամը ձեւաւորած են Յարութիւն Սամուէլեանն ու Էտուարտ Կուրղինեանը:
Մինչեւ մօտիկ անցեալը Շուշիի մէջ կը կազմակերպուէր Յակոբ Կիւրճեանի անուան արուեստի մրցում:
Մեծ արուեստագէտը մահացած է 28 Դեկտեմբեր 1948 թուականին Փարիզի մէջ եւ թաղուած է Պուլոյնի գերեզմանատան մէջ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -300-
Դպրեվանքի օրերուն ամենէն դաժան բանը իմ պարագայիս պարտադիր ժապաւէն նայիլն էր. շաբաթ կամ կիրակի երեկոները ժամանցի համար ամերիկեան կամ եւրոպական ժապաւէն մը կը ցուցադրուէր, սակայն ես ժապաւէնի հանդէպ սէր չունէի՝ ինչպէս որ այսօր ալ չունիմ:
Օր մըն ալ ժապաւէնի աւարտին անուններու ցանկին մէջ նկատեցի հայկականութիւն մը՝ մեծ տառերով գրուած էր Արթուր Սարգիսեան: Կասկած չկար որ հայ մըն է ան. ուսումնասիրեցի. 1977 թուականին ծնած հայ բեմադրիչ մըն էր, որ կ՚ապրի ու կը ստեղծագործէ մինչեւ օրս: Գուցէ շատեր չեն գիտեր, սակայն անոր կը պատկանին շարք մը յայտնի ժապաւէններ, որոնց շարքին է յայտնի «Rush Hours» ժապաւէններու շարքը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան