ՍԵՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Սեռականութիւնը կարգաւորուած է այր-մարդուն եւ կին-մարդուն ամուսնական սիրոյն մէջ։
Ուստի ամուսնութեան մէջ ամուսիններուն մարմնային մտերմութիւնը անոնց հոգեւոր հաղորդութեան նշան ու գրաւական կը դառնայ։ Մկրտեալներուն միջեւ, ամուսնութեան կապերը սրբացած են սուրբ խորհուրդով։
Այն արարքները՝ որոնք ամուսիններուն «սերտ ու ողջախոհ միութիւն»ը կ՚իրագործեն, արարքներ են պարկեշտ եւ արժանավայել։
Եւ երբ անոնք կը կատարուին իսկապէս մարդավայել կերպով, կը նշանակեն եւ կը նպաստաւորեն անոնց «փոխադարձ նուիրում»ը՝ որուն միջոցով երկու ամուսիններն ալ միասին կը հարստանան ուրախութեան եւ երախտագիտութեան մէջ։
Ուստի սեռականութիւնը աղբիւր է ուրախութեան եւ արդար հաճոյքի։ Նոյնինքն Արարիչը հաստատեց, որ ամուսինները՝ այր-մարդ եւ կին-մարդ, սերնդագործումի այս արարքին մէջ մարմինին եւ հոգիին հաճոյքը եւ գոհունակութիւնը զգան։ Ամուսինները կ՚ընդունին ի՛նչ որ Արարիչը վիճակած է անոնց։ Այսուհանդերձ ամուսիններ պարտին գիտնալ իրենք զիրենք պահել «արդար չափաւորութեան սահման»ներուն մէջ։ Ամուսիններու միութեամբ կ՚իրականանայ կրկնակի վախճանը ամուսնութեան, այսինքն՝ ամոլներուն բարիքը եւ կեանքին փոխանցումը։
Արդարեւ մարդ արարածը ունի հիմնական երկու նպատակ՝ կեանքին գոյապահպանումը եւ գոյատեւումը, ինչ որ կրնայ ապահովել սեռականութեամբ։ Եւ կարելի չէ՛ իրարմէ բաժնել ամուսնութեան այս երկու կենսական նշանակութիւնները կամ էական արժէքները՝ առանց խեղաթիւրելու ամոլին հոգեւոր կեանքը եւ վտանգելու ամուսնութեան բարիքները եւ ընտանիքին ապագան։ Այր-մարդուն եւ կին-մարդուն «ամուսնական սէր»ը այս ձեւով դրուած է հաւատարմութեան եւ բեղմնաւորութեան կրկնակի պահանջքին տակ։
Ամուսնական ամոլը կը կազմէ Արարչին կողմէ հիմնուած եւ իրեն յատուկ օրէնքներով օժտուած ու կազմակերպուած մտերմիկ հասարակութեան մը կեանքի եւ սիրոյ։
Ան հաստատուած է ամուր հիմի մը վրայ՝ կողակիցներուն ուխտին վրայ, այսինքն անոնց անձնական ու անյետակոչելի հաւանութեա՛ն վրայ։ Ամուսիններ, երկուքն ալ իրենք զիրենք իրարու կու տան ամբողջովին եւ վերջնականապէ՛ս։ Անոնք այնուհետեւ երկու չե՛ն, այլ կը կազմեն «մէկ մարմին»։ Ամուսիններուն կողմէ ազատօրէ՛ն կնքուած այս սրբազան ուխտը կը պարտաւորէ զանոնք պահպանելու՝ զայն «մի՛» եւ «անլուծելի՛»։ Արդարեւ աւետարանական պատգամ է. «Ինչ որ Աստուած միացուց՝ մարդը թող չբաժնէ՛» (ՄԱՐԿ. Ժ 9)։
Արդարեւ «հաւատարմութիւն»ը կ՚արտայայտէ «հաստատամտութիւնը տրուած խօսքին պահպանում»ին մէջ։ Նախ Աստուած, Ի՛նք հաւատարիմ է. հաւատարմութեան ճշմարիտ տիպա՛րը։ Եւ հաւատարիմ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած ամուսնութեան սուրբ եւ նուիրական խորհուրդը կը մտցնէ այր-մարդը եւ կին-մարդը այն հաւատարմութեան մէջ՝ զոր Աստուած ունի իր որդիներուն հանդէպ, ինչպէս՝ Քրիստոս իր Եկեղեցիին հանդէպ։
Ամուսնական ողջախոհութեամբ, ամուսիններ, այս խորհուրդին իրենց վկայութիւնը կու տան ամբողջ աշխարհի դիմաց։
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան, նոր ամուսնացեալ երիտասարդներուն կը թելադրէ սապէս խօսիլ իրենց հարսին.
«Ես առի քեզ իմ թեւերուն մէջ եւ կը սիրեմ քեզ եւ կը նախընտրեմ քեզ իմ կեանքէն աւելի՛։ Քանի որ ներկայ կեանքը ո՛չինչ է. իսկ իմ ամենավառ երազն է զայն անցընել, ապրիլ քեզի հետ, այնպիսի ձեւով որ ապահով ըլլանք իրարմէ չբաժնուի՛լ նաեւ մեզի վերապահուած միւս կեանքին մէջ…։ Ես քու սէրը կը դասեմ ամէն բանէ վե՛ր եւ ո՛չինչ ինծի համար աւելի տաժանելի պիտի ըլլար քան չունենալ նոյն մտածումները՝ զորս դուն կը մտածես…»։
Ամուսնութեան հարցին մէջ երբ յաճախ կը կրկնենք, թէ երբ սէրը անմահ է, ապա ուրեմն սիրոյ վրայ հիմնուած ամուսնութիւնն ալ անմա՛հ է եւ երբեք չի՛ վերջանար։ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի սա խօսքերով կը գտնէ բանաւոր եւ հաստատ հիմ մը, թէ՝ ԱՊԱՀՈՎ ԸԼԼԱՆՔ ԻՐԱՐՄԷ ՉԲԱԺՆՈՒԻ՛Լ ՆԱԵՒ ՄԵԶԻ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԱԾ ՄԻՒՍ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ…։ Յստակ կերպով ըսուած խօսքը, չեմ գիտեր, կարելի՞ է հասկնալ կամ մեկնաբանել ուրիշ կերպով…։
Եւ հաւատարմութիւնը, ան ալ սիրոյ նման անվերջ զգացում մըն է, այնքան, որ մահն իսկ չի՛ կրնար վերջացնել զայն, քանի որ մահը այդքան զօրաւոր չէ քան սէրը…։
Հակառակը խորհիլ կը նշանակէ անտեսել սիրոյ զօրութիւնը, արժէք չտալ նաեւ հաւատարմութեան ազնիւ եւ նուիրական զգացումին։
Ուրիշ կերպով խորհիլ՝ աշխարհասիրութիւն է, անուղղակիօրէն ուրանալ՝ բարոյական արժէքներ՝ որոնք աւելի ճշմարիտ են քան այս աշխարհի ժամանակաւոր իրողութիւնները։
Շարունակելով մեր նիւթը՝ բեղմնաւորութիւնը պարգեւ մը, շնորհ մըն է, որ ամուսնութեան մէկ նպատակն է, քանի որ ամուսնական անկեղծ սէրը բնականաբար կը ձգտի ըլլալու բեղմնաւո՛ր։ Ուստի սէրը կեանքի նախապատճառն ու նախապայմա՛նն է։
Զաւակը չի գար արտաքուստ աւելնալու ամոլներուն սիրոյն. ան կը ցայտէ սրտէն իսկ այս փոխադարձ պարգեւին՝ որուն մէկ պտուղն է ինք, մէկ իրագործումը, լրո՛ւմը սիրոյ։
Այս հաստատումը բացայայտուած է Հեղինակութեան կողմէ աշխարհի ստեղծագործութեան եւ մարդուն արարչութեան պահէն իսկ, հիմնուած է Աստուծմէ ուզուած անլուծանելի կապին վրայ՝ զոր մարդ չի՛ կրնար բեկանել իր նախաձեռնութեամբ, կապ մը, որ կայ ամուսնական արարքին «միութեան» եւ «որդեծնութեան» երկու իմաստներուն մէջ։
Կեանք տալու կոչուած ամուսինները կը մասնակցին «արարչական զօրութեան» եւ Աստուծոյ «հայրութեան»։ Անոնք կոչուած են կեանքը տեւականացնելու եւ փոխանցելու սերունդէ սերունդ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 18, 2015, Իսթանպուլ