ՄԱՐԴՈՒՍ ՆԵՐՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀԸ
«Բարոյական կեանքի բոլոր խնդիրներուն՝ ապահով առաջնորդն է խիղճը։ Խիղճը այն երկնային ձայնն է, որուն հետեւելով մենք Աստուծոյ կը նմանինք, այս պատճառաւ ալ մարդուս պատիւը՝ իր խղճի ձայնին անսալուն մէջ կը կայանայ. մարդ առանց խղճի անասուն մըն է», կ՚ըսէ ֆրանսացի անուանի իմաստասէր Ժան Ժագ Ռուսօ։ Խղճի ձայնին կարեւորութիւնը այս խօսքերով կ՚արտայայտէ ազատամիտ եւ լայնախոհ Ռուսօ։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր անձ՝ խորհող, դատող, որոշում տուող անհատ պարտաւոր է հաւասարակշռել միտքը իր զգացումներուն հետ, եւ մտածումները պէտք է հաւասարակշռէ խղճին անդրադառնալով։
Մարդուս ներքին աշխարհը՝ ուր կը գտնուին բազմազան «գիտակից անցուդարձեր»։ Ուստի, հասուն մարդը գիտակից վիճակով՝ կը դիտէ եւ կը տեսնէ կամ կը զննէ, կը դատէ եւ կը գործէ։ Իսկ մանուկին կը պակսի դատելու կարողութիւնը։ Մարդուս գործողութիւններէն շատեր, քանի որ յաճախ իր «ԵՍ»ին շուրջ կը դառնան, ուրեմն ան պարտի իրերը դատել միշտ առարկայօրէն, որովհետեւ հակառակը «եսապաշտութիւն» պիտի նշանակէր եւ հետեւաբար պիտի խաթարէր ամէն ճշմարիտ պրպտում։ Արդարեւ, այն դատողութիւնը, որ առարկայօրէն չի կատարուիր, մեծ հաւանականութեամբ սխալ հետեւանք կու տայ։ Այն դատողութիւնը, որ առարկայօրէն կատարուած չէ՝ «ենթակայական» է, որ կը նշանակէ անձնական համոզումներով, միակողմանի կերպով առնուած է։ Այստեղ, դատողութեան ընթացքին, առարկայօրէն դիտելու չափ կարեւոր է՝ տրամաբանութիւնը եւ ողջամտութիւնը։
Ուստի, տրամաբանութիւնը եւ ողջամտութիւնը մարդուս գործելակերպը, աշխատանքի ձեւը եւ ուղին բնորոշող չափանիշներ են, որոնք մարդս «կանոն առնելեաց» կ՚ընեն եւ կը պարտադրեն անսալ այն ներքին ձայնին՝ որ «խիղճ» կ՚անուանուի։
Խիղճը մարդուս բարոյականի անմոլար եւ անսխալական ստուգանիշն է եւ մտքի գործնական դատաստանը՝ այնքան ատեն որ ան հիւանդագին ախտանիշներ չի յայտնաբերեր։ Այստեղ անգամ մը եւս յիշենք Գարեգին Արքեպիսկոպոս Խաչատուրեանի իմաստալից խօսքը, ուր կ՚ըսէ. «Ժպիտը՝ մաքուր սրտի եւ հանդարտ խղճի մը արտացոլումն է»։ Թէ այստեղ ինչո՞ւ խղճի այսքան կարեւորութիւն կ՚ընծայենք եւ անոր վրայ կը ծանրանանք, կամ թէ խղճի մը գոյութիւնը ինչով կ՚արդարացնենք մեր բարոյականի ապրումներուն մէջ՝ շատ պարզ է, քանի որ խիղճն է միայն այն ներքին ձայնը՝ որ բնութենէ դրուած՝ մեր քայլերուն ապահով եւ անսայթաք ըլլալը կ՚ապահովէ։
Այստեղ շեղում մը ընելով խօսինք «ստորակայութեան բարդոյթ»ի մասին։ Արդարեւ, ստորակայութեան բարդոյթը անգիտակից մղումներու եւ գիտակից ապրումներու խառնուրդ մըն է, երեւոյթ մը, որ յաճախ երեւան կու գայ մելամաղձոտ խառնուածքով անձերու մօտ եւ ուրիշ բան չէ, բայց եթէ հաւաքական-ընկերային կեանքի մէջ անիրաւուած եւ չգնահատուած ըլլալու անարդար զգացում մը, որ ծնունդ կ՚առնէ միշտ «ախտաւոր հոգի»ի մը ենթագիտակցական խաւերուն մէջ եւ յետագային կը յայտնուի իբր «արդար պահանջք» մը՝ բռնանալով բանականութեան լոյսին վրայ։
Ստորակայութեան բարդոյթին ախտանիշն է ուրիշներ ստորագնահատելը եւ նոյնիսկ չարամաղթութիւնը։ Այսպիսիներ պարտին գիտակցիլ սակայն, թէ իրենք ինքնախաբէութեան զո՛հն են իրականին, թէ՛ արժանիքի տուրքը դիւրաւ ձեռք չի բերուիր եւ թէ՛ մարդ իր տեւական աշխատութեամբ միայն կրնայ որոշ իրաւունքներու տիրանալ եւ յարգանքի արժանանալ…։
Մեր առժամեայ ձախողութիւնները պատճառ մը չեն, որ ուրանանք ամէն արժէք եւ արժանիք եւ ստորագնահատենք յինքեան բարի եղող, օգտակար եղող ամէն շարժում կամ ընթացք։ Այս մասին Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս սապէս կ՚ըսէ. «Կեանքի մէջ իւրաքանչիւր ձախողութիւն, յաջողութեան հասնող սանդուխի մը աստիճաններն են»։
Մեր հոգւոյն մէջ կան եւս կարգ մը ծինային-ժառանգական տրամադրութիւններ, ներքին անհաւասար եւ անհաւասարակշիռ խառնուածք, նկարագրի թերիներ, խանգարումներ, տկարութիւններ եւ հիւանդագին բարդ երեւոյթներ, որոնց հանգոյցը քակել կարող բժիշկներու, հոգեբոյժներու եւ հոգեբաններու անկ է միշտ։ Այս մասին հոգեվերլուծումը, այս մարզին մէջ, մեծապէս օգտակար եղած է բժիշկներուն։
Ահաւասիկ, նման պարագաներու, մարդ եթէ ուշադրութիւն դարձնէ իր խղճի ձայնին, կարելի է ըսել, որ մեծ մասամբ կրնայ մաքրել եւ առողջացնել իր խաթարուած եւ խանգարուած ներքին աշխարհը, անշուշտ եւ մի՛շտ մասնագէտ բժիշկի մը հոգածութեան տակ։ Եւ այս մեզի ցոյց կու տայ հոգեւոր եւ մարմնաւոր կեանքի համընթացութիւնը, քանի որ մարդ մարմին է եւ հոգի։
Ողջամիտ Պէթհովէն կ՚ըսէ. «Ցաւերու միջոցաւ է որ երջանկութեան կը հասնինք», ցաւին փիլիսոփայութիւնը իրատեսութեամբ եւ իմաստութեամբ բացատրելով։ Այս տեսութիւնը որքա՜ն կը համաձայնի Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի վերոյիշեալ տեսութեան, երբ ձախողութիւնները կը տեսնէ որպէս ճամբայ դէպի յաջողութիւն։
Առանց «ներքին աշխարհ»ը ճանչնալու եւ հասկնալու կեանքը ըմբռնել անկարելի՛ է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 24, 2022, Իսթանպուլ