ՓԱՌՔ ՓՆՏՌԵԼ ԴԻՐ­ՔԻ ՄԷՋ

Հա­մես­տու­թիւն, խո­նար­հու­թիւն, պար­զու­թիւն եւ չա­փա­ւո­րու­թիւն, այս ազ­նիւ զգա­ցում­նե­րը հե­տե­ւանք են սի­րոյ, քա­նի որ հոն ուր կայ ի­րա­կան եւ ան­կեղծ սէր, հոն կայ նաեւ՝ խո­նար­հու­թիւն եւ հա­մես­տու­թիւն։ Եւ քա­նի որ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը «սի­րոյ կրօն» է, ա­պա ու­րեմն հա­մես­տու­թիւ­նը եւ  խո­նար­հու­թիւ­նը պէ՛տք է կեան­քի սկզբունք ըլ­լայ եւ այդ սկզբուն­քին հա­մա­ձայն՝ ընդ­հա­նուր նկա­րա­գիր եւ ապ­րե­լա­կերպ։ Ար­դա­րեւ, Ա­ւե­տա­րա­նի մէջ երբ կը քա­րո­զուի սէ­րը, եւ կ՚ը­սուի թէ՝ «Աս­տուած սէ՛­ր է», եւ քա­նի որ սի­րոյ ան­մի­ջա­կան ստո­րո­գե­լի­ներն են խո­նար­հու­թիւն եւ հա­մես­տու­թիւն, ա­պա ու­րեմն խո­նար­հու­թիւն եւ հա­մես­տու­թիւն բնա­կան հե­տե­ւանք­ներն են սի­րով լե­ցուն հա­ւա­տա­ւոր կեան­քի մը։

Հոս կը յի­շենք ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թեան ար­դիւնք այն խօս­քը, որ կ՚ը­սէ՝ թէ «չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը կէս աս­տուած է»։ Եւ չա­փա­ւո­րու­թիւնն ալ հա­մես­տու­թեան եւ խո­նար­հու­թեան նշա՛ն է։ Եւ պար­զու­թիւ­նը՝ այն ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը, որ մարդս կ՚ազ­նուաց­նէ եւ բա­րո­յա­պէս կը բարձ­րաց­նէ։

Ուս­տի, հո­գե­բան­ներ կ՚ը­սեն, թէ՝ տկա­րու­թեան ա­պա­ցոյց եւ խոս­տո­վա­նու­թիւն է «փառք փնտռել դիր­քի մէջ»։ Ֆ­րան­սա­ցի­ներ ալ կ՚ը­սեն, թէ՝ ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թը չէ՛ որ կը բարձ­րաց­նէ մար­դը, այլ մարդ իր բարձ­րու­թեամբ կը ստեղ­ծէ իր ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թը։ Ու­րեմն մէ­կը «մեծ» չ՚ըլ­լար պար­զա­պէս ա­նոր հա­մար, որ ի­րեն «մեծ» պաշ­տօն մը տրուած է, այլ մէ­կուն «մեծ» պաշ­տօն կը տրուի, քա­նի որ ան «մեծ» է, եւ կրնայ իր պաշ­տօ­նին բարձ­րու­թիւ­նը վեր պա­հել։ Իսկ ե­թէ պա­շտօն տրուած մէ­կը «մեծ» չէ, այ­լա­պէս որ­քան ալ մեծ ըլ­լայ պաշ­տօ­նը, զայն չի մեծց­ներ։

Այս պատ­ճա­ռով ալ պէտք է մեծ պաշ­տօն­նե­րու կո­չուին ի­րա­պէ՛ս «մեծ» մար­դիկ, որ կրնան պաշ­տօ­նին մե­ծու­թիւ­նը պա­հել եւ ա­ւե­լի եւս բարձ­րաց­նե՛լ։ Եւ «մեծ»ը այն է՝ որ իր պաշ­տօ­նին մե­ծու­թիւ­նը եւ բարձ­րու­թիւ­նը միշտ ա­ւե­լի վե՛ր կը բարձ­րաց­նէ, եւ ա­ռիթ չի տար որ ան կորսնց­նէ իր ար­ժէ­քը եւ նուաս­տա­նայ։ Ուս­տի պաշ­տօն մը, ինչ դիրք եւ ար­ժէք ալ ու­նե­նայ, մշտա­պէս կը նշա­ւա­կէ «պզտի­կու­թիւն»ը իր պաշ­տօ­նեա­յին, ե­թէ ան ինք իր մէջ՝ ո­րե­ւէ չա­փա­նի­շով «մեծ» չէ՛։

Եր­բեմն ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ՝ ա­մէն տե­սակ պաշ­տօ­նա­տա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան հա­մար, պաշ­տօ­նին կա­րե­ւո­րու­թեան հա­մա­ձայն պաշ­տօ­նեայ գտնել կա­րե­լի չ՚ըլ­լար եւ կամ ի­րա­պէս «մեծ» մէ­կու մը յար­մար պաշ­տօն կամ գործ չի գտնուիր։

Ա­սի­կա, ար­դա­րեւ թէ՛ ըն­կե­րու­թեան, թէ՛ ան­հատ­նե­րու հա­մար անն­պաստ վի­ճակ մըն է, բայց ա­մէն պա­րա­գա­յի սխա՛լ է եւ վնա­սա­կար, պաշ­տօ­նի մը կամ գոր­ծի մը հա­մար ան­յար­մար պաշ­տօ­նեայ կամ գոր­ծա­ւոր, աշ­խա­տա­ւոր նշա­նա­կել եւ ա­նոր վստա­հիլ պաշ­տօ­նը կամ գոր­ծը, որ­մէ կը վնա­սուին ո՛չ միայն պաշ­տօ­նա­տա­րու­թեան ան­մի­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, այլ եւ ամ­բողջ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը՝ որ օ­գուտ կը սպա­սէ այդ պաշ­տօ­նա­տա­րու­թե­նէն կամ գոր­ծէն։

 Եր­բեմն ալ սխալ ընտ­րու­թիւն­ներ կը կա­տա­րուի, զոր օ­րի­նակ, ո՛չ թէ պաշ­տօ­նին հա­մե­մատ պաշ­տօ­նեայ, այլ՝ պաշ­տօ­նեա­յին հա­մե­մատ  պաշ­տօն կը ստեղ­ծուի, որ­մէ ալ ա­մե­նէն շատ վնա­սուո­ղը, դար­ձեալ, հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կ՚ըլ­լայ։

Ը­սինք, թէ դիր­քը կամ պաշ­տօ­նը չի մեծց­ներ պաշ­տօ­նեան, ընդ­հա­կա­ռա­կը, «մեծ» մէ­կը կրնայ իր մե­ծու­թեան շքո­վը մեծց­նել եւ փա­ռա­ւո­րել «փոքր» ա­նուա­նուած պաշ­տօն մը, պաշ­տօ­նա­տե­ղի մը՝ ա­ւելց­նե­լով ա­նոր կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ըն­կե­րու­թեան մէջ եւ բարձ­րաց­նե­լով ա­նոր ար­ժէ­քը ժո­ղո­վուր­դին աչ­քին։ Եւ գոր­ծի, աշ­խա­տան­քի, ո­րե­ւէ մար­զի մէջ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցա­նող, դիր­քե­րու «աշ­խարհ»ին մէջ, եր­բեմն ո՜ր­քան մեծ թուով անն­շան, ա­նար­ժան եւ ան­յար­մար մար­դիկ գործ կա­տա­րել կամ պաշ­տօ­նա­վա­րել կը փոր­ձեն... եւ ա­նոնք, ուղ­ղա­կի՛ կամ ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով մեծ վնաս կը պատ­ճա­ռեն թէ՛ պաշ­տօ­նին, եւ թէ՛ այդ պաշ­տօ­նա­տա­րու­թե­նէն ո­րե­ւէ ձե­ւով օգ­տուող­նե­րուն, ա­ւե­լի ճի՛շդ է ը­սել՝ օգ­տուիլ յու­սա­ցող­նե­րուն եւ չօգ­տուող­նե­րուն։ Այս պատ­ճա­ռով ալ, պաշ­տօն մը կամ գործ մը, ա­նար­ժան, ան­յար­մար մէ­կու մը վստա­հի­լը չի կրնար ո­րե­ւէ ար­դա­րա­ցում ու­նե­նալ։ Եւ մա­նա­ւանդ ե­թէ խնդրոյ ա­ռար­կայ է ամ­բողջ հա­սա­րա­կու­թեան մը օ­գու­տը կամ շա­հը, ար­դա­րա­ցում փնտ­­ռել ա­նի­րա­ւու­թի՛ւն է։   

Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ երբ հա­մեստ գի­տու­թեան տէր մէ­կը գիտ­նա­կա­նի, ա­մե­նա­գէ­տի հո­վեր առ­նէ՝ ո՜ր­քան մեծ վնաս­նե­րու պատ­ճառ կը դառ­նայ։

Ար­դա­րեւ ծո­վը՝ «ծո՛վ» է, իսկ ով­կիա­նո­սը՝ «ով­կիա­նո՛ս»։ Եր­կու­քին ալ դե­րը տար­բեր է, եւ սա­կայն ծո­վը գե­րա­զանց կ՚ար­ծե­լով ինք­զինք ով­կիա­նո­սին նկատ­մամբ, սկսի ոս­կիա­նո­սի պէս վա­րուիլ, հե­տե­ւան­քը ի՞նչ կ՚ըլ­լայ սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, կ՚ար­ժէ խոր­հիլ։ Մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ ալ պա­րա­գան նո՛յնն է. ա­մէն մարդ պէտք է իր իս­կա­կան դիր­քին հա­մե­մատ շար­ժի եւ գոր­ծէ։ Այ­լա­պէս այն կը պա­տա­հի՝ երբ ծո­վը ինք­զինք ով­կիա­նոս կար­ծէ։

Սա ալ կա­րե­ւո­րու­թեամբ ը­սենք. երբ հար­ցը մարդ­կու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն է, ի­րե­րօգ­նու­թիւն, բա­րե­գոր­ծու­թիւն եւ ար­դար աշ­խա­տանք, այդ պա­րա­գա­յին չ­­կա՛յ պզտիկ պաշ­տօն, պզտիկ կամ անն­շան գործ եւ ան­կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք։ Ու­րեմն բա­րե­գոր­ծա­կան ա­մէն գոր­ծի հա­մար ա­մէն մարդ, որ ան­կեղծ է իր մտադ­րու­թեան մէջ, կրնայ աշ­խա­տիլ, կրնայ պաշ­տօ­նա­վա­րել։ Ար­դա­րեւ այդ­պի­սի պաշ­տօ­նի կամ գոր­ծի նշա­նա­կուած­ներ ար­դէն «մեծ» են, բաւ է որ ան­կեղծ եւ նուի­րուած ըլ­լան այդ գոր­ծը կամ պաշ­տօ­նը կա­տա­րե­լու մէջ։

Դի­տա՞ծ էք, սի­րե­լի­ներ, ծո­վը ե­զեր­քէն, ան ինք իր մէջ ո՜ր­քան հա­մեստ է, ո՜ր­քան խո­նարհ եւ պարզ, բայց երբ մե­ծամ­տու­թիւ­նը ու­նե­նայ «ով­կիա­նոս» մը ըլ­լա­լու, կը կորսնց­նէ իր բո­լոր ար­ժէ­քը, կա­րե­ւոր դիր­քը մար­դուս կեան­քին մէջ, ան կ՚ըլ­լայ տա­րօ­րի­նակ՝ ո՛չ ծով, ո՛չ ով­կիա­նոս, անվս­տա­հե­լի կը դառ­նայ մար­դոց, քա­նի որ այ­լեւս ան «ինք»ը չէ՝ «ծով» չէ, բայց իր կար­ծած ով­կիա­նոսն ալ չէ։ Եւ իր հա­մես­տու­թիւ­նը, խո­նար­հու­թիւ­նը, պար­զու­թիւ­նը, չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը կորսնց­նող մարդն ալ նո՛յնն է՝ ո՛չ ինքն է եւ ո՛չ ալ այն՝ ո­րուն նմա­նիլ ու­զած է։

Ու­րեմն լա՛ւ է որ մարդ միշտ «ի՛նք» ըլ­լայ, ի՛նք ե­րե­ւի, եւ ա­հա­ւա­սիկ ճշմա­րիտ հա­մես­տու­թիւ­նը, պար­զու­թիւ­նը ա՛յս է, սի­րե­լի՜­ներ...։­

Ար­դա­րեւ, ե­զեր­քէն դի­տե­լով ջու­րե­րու ան­ծիր, ան­սահ­ման եւ ան­ծայր տա­րա­ծու­թիւ­նը՝ մարդ զինք կրնայ գտնել Աս­տու­ծոյ մօտ, որ Ստեղ­ծի­չը եւ Նա­խախ­նա­մը՝ Կա­ռա­վա­րողն է երկ­նի եւ երկ­րի ան­հու­նու­թեան։ Եւ այդ ան­հու­նու­թեան մէջ, խոր­հիլ պէտք է որ մարդ ինչ­պէ՞ս հա­մեստ, խո­նարհ չի կրնար ըլ­լալ, երբ ինք ա­մէն ին­չով սահ­մա­նա­ւոր է եւ հու­նա­ւոր։ Եւ ծո­վու ե­զեր­քը՝ դի­տե­լով ջու­րե­րը՝ մարդ ինք­զինք կը զգայ ո՛չ թէ մօ­տը Աս­տու­ծոյ, այլ՝ Աս­տու­ծոյ մէ՛ջ։ Եւ երբ մարդ կը զգայ ինք­զինք Աս­տու­ծոյ մէջ, այ­լա­պէս կա­րե­լի՞ է որ հա­մեստ չըլ­լայ եւ խո­նա՛րհ։

Այս ի­մաս­տով, հա­մես­տու­թիւ­նը եւ խո­նար­հու­թիւ­նը ինք­նա­ճա­նա­չու­թեան նշան է։ Այն որ գի­տէ իր տե­ղը եւ դիր­քը իր Ա­րար­չին առ­ջեւ, կա­րե­լի չէ՛ որ խո­նարհ ու հա­մեստ չըլ­լայ։

Ուս­տի մարդ բնա­կա­նա­բար եւ ստի­պո­ղա­բար հրա­ժա­րի իր «ամ­բար­տա­ւա­նու­թեան մեղք»էն, երբ ինք­զինք Աս­տու­ծոյ մօտ եւ Աս­տու­ծոյ մէ՛ջ կը զգայ։ Եւ այս պա­րա­գա­յին, սի­րե­լի՜­ներ, ինք­նա­խա­բէու­թիւն չէ՞ ինք­նա­հա­ւա­նու­թիւ­նը՝ որ ներ­հակ է հա­մես­տու­թեան եւ խո­նար­հու­թեան։

Ար­դա­րեւ մարդ­կա­յին կախ­ման գի­տակ­ցու­թիւ­նը որ կ՚են­թադ­րէ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւն, կը խո­նար­հեց­նէ զինք եւ ա­ւե­լի եւս կը մօ­տեց­նէ Աս­տու­ծոյ։

Մե­ծա­միտ եւ ինք­նա­հա­ւան ըլ­լա­լու հա­մար պատ­ճառ չու­նի մարդ, բայց հա­մեստ եւ խո­նարհ ըլ­լա­լու հա­մար շա՜տ պատ­ճառ ու­նի…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 31, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2016