ԱՄԷՆ ՏԱՐԻՔՈՏ ԾԵՐ ՉԷ՛

Ծերութիւնը, ընդհանրապէս կը նշանակէ՝ չորնալ եւ չորցած անապատի մը մէջ ապրիլ, եթէ կարելի է «ապրիլ» ըսել, այդ ամուլ եւ անշարժ կեանքին։

Անոնք որ չե՛ն ծանօթացած Կիկեռոնի «Cato Maior»ին, որ կը կարծուի, թէ Ն.Ք. 44 թուականին գրած է, երբ 62 տարեկան էր, անշուշտ կրնան խորհիլ, թէ ծերութեան շրջանը մարդուս ամլութեան եւ անշարժութեան շրջանն է, եւ թէ չորցած անապատի մը մէջ ապրի՛լ կը նշանակէ։

Տարիքոտութեան մասին կը խօսի այս գիրքը։

Եւ գրուած է ցոյց տալու համար, թէ՝ տարիքոտն ալ կրնա՛յ օգտակար ըլլալ իր գործունէութեամբ։

«De Divination» գործին մէջ կը բացատրուի, թէ հեղինակը «Cato Maior»ը գրած է երիտասարդները դաստիարակելու նպատակով, երբ այդ շրջանին բարոյական կեանքը վտանգուած էր եւ ընկերութեան մակարդակը հետզհետէ վատորակ հանգամանք մը կը ստանար։

Սա բնական է որ ծերութիւնը մարմնական կարգ մը կարողութիւնները, ուժը կը նուազեցնէ մարդուն։

Սակայն կեանքի մէջ կան  զբաղումներ՝ որոնք կապ չունին մարմնական-ֆիզիքական ուժի եւ կարողութեան հետ, այլ բոլորովին բարոյական արժէքներու վրայ հաստատուած են։ Ահաւասիկ, գիտութիւն, փորձառութիւն, բարութիւն, եւ այն բոլոր բարիքները, որոնք աւելի բարոյական արժէք կը ներկայացնեն քան՝ ֆիզիքական կամ մարմնական։ Ուրեմն մէկու ամբողջ կարողութիւնը միայն մարմնական ուժով չափել եւ ըստ այնմ շարժիլ սխա՛լ է։

Երբ այս տեսանկիւնէն դիտուի, ծերութիւնը ունի իր վարձատրութիւնները եւ առաւելութիւնները անտարակոյս։ Բայց նաեւ իր «հատուցում»ները՝ իր պատիժները, որոնցմէ մէկն է «կղզիացո՛ւմ»ը։ Արդարեւ «կղզիացում»ը կը պատահի յաւէտ ակամա՛յ քան կամաւոր։ Եւ ահաւասիկ այդ «կղզիացում»ն է, որ սահման կը դնէ «երիտասարդ»ին եւ «ծեր»ին միջեւ։ Այդ կղզիացումն է, որ կը բաժնէ սերունդներ իրարմէ եւ կ՚որոշէ անոնց «տեղ»ը։

Մէկը եթէ հասած է կամ անցած այն սահմանը, զոր Սաղմոսերգուն կը դնէ մարդկային կեանքի տեւողութեանը համար. «եօթանասուն եւ զօրութիւնով ութսուն», կը մտնէ աշխարհի մը մէջ, որուն բնակչութիւնը անբաղդատելիօրէն աւելի քիչ է քան բնակչութիւնը այն աշխարհին՝ որուն մէջ ծնաւ եւ ապրեցաւ իր կեանքին առաջին 2/3-ը կամ շատ շատ 3/4-ը։ Անշուշտ պէտք է նշել, թէ այս համեմատութիւնները բոլորովին յարաբերական են եւ կը փոխուին անձէ անձ, քանի որ ո՛չ մէկուն մարմնական եւ հոգեկան կարողութիւնները նոյնն է՛։ Արդարեւ, Սաղմոսերգուին դրած «եօթանասուն» կամ «ութսուն»ի սահմաններն ալ կրնան փոխուիլ ամէն մէկու համար, եւ այս պատճառով կարելի չ՚ըլլար որոշ եւ առարկայական համեմատութիւն մը տալ այս մասին։ Եւ բարեբախտաբար տարիքի այս թուանշանները այսօր շատ աւելի բարձր արժէքներու է հասած։

Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ մարդուս բնախօսական էութիւնը տեւական բարեփոխման մէջ է, եւ հետզհետէ կը բարեշրջուի, եւ այդ համեմատութեամբ կը փոխուին անշուշտ Սաղմոսերգուին դրած «եօթանասուն» կամ «ութսուն» տարիքի սահմանները։ Եւ այս ալ ցոյց կու տայ, թէ այսօր փոխուած է «ծերութիւն» կոչուած շրջանին իմաստը։ Ծերութեան ըմբռնումը բարեշրջուած է այսօր եւ այն կը տեսնուի, որ հետզհետէ ալ պիտի բարեփոխուի եւ տրուած «եօթանասուն» կամ «ութսուն» սահմանները մեծ մասամբ պիտի ընդլայնին, եւ պիտի հասնին շատ աւելի բա՛րձր թուանշաններու։ Մաղթենք…։

Եւ դարձեալ, խօսելով մարդուս ապրած կեանքին առաջին շրջաններուն մասին, ըսենք, անհատի մը՝ անձի մը ընկերային շրջանակը հետզհետէ կը լայննայ սկսելով իր անմիջական ընտանիքէն մինչեւ իր միջին տարիքը, առ առաւելն մինչեւ 60-րդ տարիքը, եւ անկէ ետք ալ հետզհետէ կը նեղնայ, կարծես կը կծկուի։ Անշուշտ այս ալ յարաբերական իրողութիւն մըն է, եւ անձէ անձ կը տարբերի. զոր օրինակ, կան այնպիսի տարիքոտներ, որոնց ընկերային կեանքը եռանդուն է եւ անոնց միջավայրը հետզհետէ կը լայննայ՝ առանց նայելու տարիքի չափանիշին։

Թէ ի՞նչեր են այս փոփոխութեան պատճառները։ Ինչո՞ւ մարդուս ընկերային շրջանակը կը լայննայ եւ հետզհետէ կը նեղնայ։

Պատճառները բացայա՛յտ են։

Նախ, տարիներու ընթացքին ամէն անհատի ընկերային կապերը կը քակուին, պայմաններ եւ զգացումներ կը փոխուին, գաղափարներու եւ աւանդութիւններու փոփոխութիւններ, տեղափոխութիւններ եւ անշուշտ մահեր տեղի կ՚ունենան։

Կրնայ ըլլալ, որ միջավայրի փոփոխութիւններ տեղի ունենան, նոր բարեկամութիւններ, նոր միջավայրեր պատճառ կ՚ըլլան, որ «մոռցուին» կամ «անտեսուին» նախկին բարեկամներ եւ հեռանալու պատճառ դառնան հին միջավայրերէն։ Մէկ խօսքով միջավայրի եւ «դասակարգ»ի փոփոխութիւններ։

Յետոյ, հիները նորերը չեն ճանչնար, եւ փոխադարձաբար, նորերուն ալ անծանօթ են հիները։

Երիտասարդները, ընդհանրապէս չեն մօտենար ծերերուն։ Եւ ծերերն ալ, երիտասարդներուն ընկերային ծիրին մէջ չեն մտներ, հեռու կը մնան անոնց միջավայրէն։ Երիտասարդը, ինք թարմ եւ նոր՝ իրեն նման «թարմ»էն եւ «նոր»էն կ՚ախորժի, անոր հետ լեզու կը գտնէ, եւ շատ բնական է ասիկա։

Եւ այսպէս, ահաւասիկ, ծերերը կղզիացումի եւ առանձնութեան կը մատնուին, մենակեաց քաշուած կեանք մը ապրելու կը դատապարտուին։

Ծերերը «դասալիք» կ՚ըլլան եւ «հինցած առարկայ»ի մը նման մէկ կողմ կը դրուին։

Այս պայմաններու տակ, անշուշտ, ծերի մը հոգեբանութիւնն ալ կը փոխուի մեծ մասամբ։ Ծերը կ՚ախորժի, կը սիրէ ապրիլ անցեալի մէջ՝ կը մխիթարուի անցեալի քաղցր յուշերով եւ ներկան հետզհետէ կը կորսնցնէ իր շահեկանութիւնը, իսկ ապագան բոլորովին օտար է իրեն։

Ծերը, քանի որ ներկային մէջ ընելիք որեւէ բան չունի, իսկ եթէ ընել  ուզէ, երիտասարդներ արդէն պատրաստ են արգելք հանդիսանալու, ըսելով թէ՝ անցած է այլեւս իր ժամանակը…։

Ժամանակին մեծերը, երբ փոքրիկը բան մը ընէր, անմիջապէս կը միջամտէին, ըսելով. «Ձգէ՛, դուն չե՛ս հասկնար, քու գործդ չէ՛ ասիկա…», եւ այսօր երիտասարդները նոյնը կ՚ըսեն ծերերուն. «Քու գործդ չէ՛ ասիկա, դուն չես հասկնար…»։ Ուրեմն, ո՛չինչ է փոխուեր տարիներու ընթացքին՝ միշտ արգելք, միշտ կասեցո՛ւմ։ Շատ լաւ, բայց մարդ ե՞րբ անկախ պիտի գործէ, ե՞րբ պիտի ընէ բան մը՝ որ օգտակար ըլլայ իր շուրջիններուն։ Այն փոքրիկը՝ վաղուան մեծն է, այն «ծեր»ը անցեալի երիտասարդն էր եւ մարդիկ չեն տեսնար այս ճշմարտութիւնը…։

Եւ այս պատճառով փոքրիկը կը հասնի միշտ կաշկանդուած, միշտ արգիլուած եւ յուսալքուա՛ծ։

Իսկ ծերը՝ ծեր կարծուածը, քանի որ ներկային մէջ ընելիք ո՛չինչ ունի այլեւս, անցեալին մէջ ըրածներուն, ապրուածներուն յիշատակը կը վերարծարծէ եւ անոնցմով կը լեցնէ իր ներկան, կերպով մը ներկային մէջ անցեալը կ՚ապրի։ Երիտասարդը չունի՛ անցեալ, անոր ամբողջ կեանքը ներկային կը պատկանի եւ հեռանկար մը ունի ապագայի։

Ահա՛ թէ ինչ է պատճառը այն «բաժանման պատ»ին՝ որ կը ստեղծուի երիտասարդին եւ ծերին միջեւ, ինչպէս ատենին ստեղծուած էր «մեծ»երու եւ «փոքրիկ»ներու միջեւ։

Երբ «ծերութիւն» կ՚ըսենք, ծերութեան մասին կը խորհրդածենք, պէտք է անդրադառնանք, թէ ծերութիւնը միայն տարիքի հետ կապել կերելի չէ՛, անշուշտ ծերութիւնը միայն տարիքի հետ չէ՛ առընչուած։ Մարդ այնքան «ծեր» է՝ ո՛րքան ծեր կը զգայ ինքզինք։ Ոմանք ժամանակէն առաջ կը ծերանան, իսկ ոմանք ալ ժամանակէն ուշ երիտասարդ կը մնան թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ հոգեպէս։

Այո՛, մարդ այնքան ծեր է՝ ո՛րքան ծեր կը զգայ ինքզինք։ Բայց վերջապէս տարի՛քն է, ընդհանուր առմամբ, ներկայ ընկերութեան մէջ մուտքի «անցագիր»ը։

Եղա՞ր 70, դուռը կը կենայ մարդ «ընկերութեան պալատ»ին։ Բայց, ինչպէս 40-ին՝ 70-ին ալ մարդ սորվելո՛ւ է ապրիլ հոգիի անկախութեա՛մբ։

Արդարեւ, ծերութեան շրջանը, ի՛նչ տարիք որ ալ ունենայ մարդ, պէտք է ապրուի անկախ, քա՛ջ եւ առանց ինքզինք «դասալիք» մը զգալու։ Պէտք է համարձակօրէն գործածուի ընկերութեան մէջ մուտքի «անցագիր»ը՝ հպարտութեամբ եւ արժանաւորապէ՛ս։

«Ծեր» անուանուածները շա՜տ բան տուած են ընկերութեան, եւ պէ՛տք է պատ-ւի արժանանան։

Եւ երբ մարդոց բարեկամութիւնը կը ցանցառի, Աստուծոյ բարեկամութիւնը կ՚աւելնայ որոշ տարիքէ մը յետոյ։ Եւ պէտք չէ մոռնալ՝ այսօրուան երիտասարդը՝ վաղուան ծե՛րը պիտի ըլլայ։

Ո՜րքան ճիշդ է ըսեր Դուրեան. «Երիտասարդ ըլլալ՝ երգել, ծեր ըլլալ՝ աղօթե՛լ»։

Այո՛, սիրելի բարեկամներ, բնութեան օրէնք է՝ այսօր երգողը, վաղը պիտի աղօթէ, անշուշտ եթէ երգած ատեն աղօթել ալ սորվելու առիթ եւ ժամանակ ունեցած է…։

Պէտք չէ՛ մոռնալ՝ կեանքը միայն ներկան չէ՛, ինչպէս անցեալ մը, կա՛յ եւ նաեւ ապագայ մը՝ անծանօթ եւ անակնկալներով լեցո՜ւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 16, 2017, Իսթանպուլ  

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2017