ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ԱՆՊԱՏՇԱՃՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հաւաքական-ընկերային կեանքի մէջ կը գտնուին անձեր, որոնք լուրջ եւ յայտնի անյարմարութիւններ, թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունենալով հանդերձ, իրենց դիրքը պահել կ՚ուզեն։ Այդ անձերը՝ որոնց գրաւած սխալ դիրքը եւ պաշտօնը, իրենցմէ աւելի ուրիշներու նիւթական եւ բարոյական վնասներուն պատճառ կ՚ըլլան, եւ իրենց անյարմարութեամբ շուրջինները վնասներու կ՚ենթարկեն։
Ամէն շրջանի, ամէնուրեք կարելի է հանդիպիլ նման երեւոյթներու եւ դիմաւորուիլ նման անձերու։
Արդարեւ պատասխանատու պաշտօններ եւ դիրքեր՝ ո՛չ միայն հանրութեան մէջ, եւ նաեւ ընտանիքի մէջ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։ Պատասխանատուն պարտաւո՛ր է վարուելու իր պատասխանատուութեան պահանջած լրջութեան եւ ծանրութեան համաձայն։ Ուստի, պատասխանատու պաշտօն ստանձնող մէկը իր պաշտօնը լաւ կամ յոռի կերպով կատարելուն հետեւանքը պէ՛տք է բծախնդրութեամբ եւ անկեղծութեամբ նկատի ունենայ, քանի որ այդ հետեւանքը ի վերջոյ իրմէ աւելի հանրութիւնը, հաւաքականութիւնը կը հետաքրքրէ։ Հանրային ծառայութիւններ, ընդհանրապէս կը պահանջեն կարգ մը դրական յատկութիւններ, որոնց չգոյութիւնը անպատշաճ ու անյարմար պիտի ընէր ենթական իր դիրքին վրայ պահելու։ Կարգ մը էական յատկութիւններ անհրաժե՛շտ է դիրք մը, պաշտօն մը լիակատար կերպով կատարելու համար։
Այս անհրաժեշտ յատկութիւնները առաքինութիւններ են, առանց որոնց կարելի պիտի չըլլար պաշտօն մը վարել, դիրք մը պահել եւ մանաւանդ հանրութեան ծառայել։ Նախ նուիրականութիւն պէտք է՝ զոհողութեան եւ անձնուիրութեան ոգի՛։ Պաշտօնատարը՝ ի՛նչ դիրք կամ աստիճան ալ ունենայ, պէտք է նուիրուի իր պաշտօնին, եւ իւրացնէ սա սկզբունքը՝ թէ ինք այդ դիրքին եւ պաշտօնին վրայ կը գտնուի ո՛չ թէ ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելո՛ւ։ Հանրային որեւէ ծառայութիւն կը պահանջէ զոհողութիւն՝ զոհել եւ զոհուիլ՝ հանրութեան համար, եւ անխտիր բոլոր անձերու օգտին ու շահուն համար՝ որոնց ծառայութեան է կոչուած։ Այս իմաստով, իշխանութիւնը՝ իրաւասութեան միջոց մըն է ծառայութիւն մատուցանելու եւ ո՛չ երբեք նպատակ։ Իշխանութիւնը, կերպով մը, պաշտօնի իրաւասութեան սահմանները որոշող «դիրք» մըն է եւ իւրաքանչիւր պաշտօնատար իշխանութիւն ունի իր պաշտօնի սահմաններուն մէջ, որուն նպատակն է ծառայե՛լ։
Եւ ուրեմն պաշտօն մը՝ ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոր պաշտօնատարութեան եւ իրաւասութեան սահմանը, կը պահանջէ՝ պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, իմաստութիւն, հմտութիւն, լուրջ կարգապահութիւն, յարգանք ծառայութիւն ընդունողներու նկատմամբ, միշտ վեր պահելով անոնց արժանապատուութիւնը՝ որ մարդուս ամենէն թանկագին բարոյական արժէքը եւ ո՛ւժն է. խոնարհութիւն, համեստութիւն՝ երբեք ստորադաս չտեսնել անոնք՝ որ ծառայութիւն կ՚ընդունին, անոնք պէտք չէ՛ տեսնել որպէս անկարներ, կարօտեալներ, քանի որ ծառայութիւն ընդունիլն ալ մարդկային բնական իրաւո՛ւնք մըն է։ Եւ դարձեալ իշխանութեան տէր անձը պէտք է իմաստութիւն ունենայ՝ իմաստուն ըլլայ եւ միշտ իմաստութեան հետեւի, իմաստութեամբ կատարէ իր ծառայութեան պաշտօնը։ Եւ ամենակարեւոր եւ գլխաւոր յատկութիւնը՝ ուղղամտութի՛ւն։ Եթէ ծառայողը ուղղամիտ չէ, այլապէս բոլոր միւս յատկութիւնները որեւէ արժէք չեն ներկայացներ։
«Ուղղամիտ ըլլալ» կը նշանակէ՝ անկե՛ղծ ըլլալ, չունենալ որեւէ քօղարկուած նպատակ. իր ծառայութիւնը ըլլալո՛ւ է զոհողութեան ոգիով՝ անշահախնդիր եւ առանց որեւէ անձնական ակնկալութեան։
Անշահախնդիր՝ ո՛չ միայն նիւթական ակնկալութիւններու, այլ մանաւա՛նդ, բարոյական ակնկալութիւններու նկատմամբ, փառք, պատիւ, հռչակ, շքեղութիւն, փայլ փնտռողներ չեն կրնար անկեղծ եւ ուղղամիտ ըլլալ իրենց ծառայութեան մէջ, քանի որ իրենց նպատակը ծառայել չէ, օգտակարութիւն ունենալ չէ, այլ՝ փառաբանուիլ, մեծարուի՛լ…։
Եւ ահաւասի՛կ, այս պատճառով, անկեղծ ծառայութիւնը կը պահանջէ անձուրացութիւն, խոնարհութիւն եւ համեստութի՛ւն։ Բայց բոլոր այս յատկութիւններուն, առաքինութիւններուն պէ՛տք է որ ընկերակցի, անպայմա՛ն «Սէ՛ր»ը, առանց սիրոյ ո՛չ մէկ գործ յաջողութեամբ կրնայ պսակուիլ՝ ծառայութեան սէր, մարդկային ընտանիքի սէր, այսինքն՝ ծառայասիրութիւն եւ մարդասիրութի՛ւն։
Այլապէս, կը տեսնուի որ ամէն յատկութիւն կարեւոր է, բայց սէ՛րն է որ այդ բոլորը իրար կը կապէ, իրարու կը միացնէ, կ՚ամբողջացնէ՛։
Այս դրական յատկութիւններէն զատ, յաճախ ենթականերուն մտային անբաւարարութիւնը, գիտութեան, հպարտութեան, ինքնահաւանութեան, փառամոլութեան եւ անձնական շահ հետապնդելու բացասական մտադրութիւնները եւ տրամադրութիւնները եւս բոլորովին անյարմար կը դարձնեն անձեր՝ հանրային պաշտօններ վարելու։ Եւ թէ՛ պատմութիւնը, թէ՛ առօրեայ կեանքը, դժբախտաբար, աշխարհի ամէն կողմը յաճախ «բարձր պաշտօն»ներ անձնական շահերու աղբիւրներու վերածուած եւ շահագործուած ըլլալու իրողութեան կը վկայեն։
Եթէ պահանջուած դրական յատկութիւններու գոյութիւնը եւ բացասական, ժխտական յատկութիւններու չգոյութիւնը հակակշռելու համար «վկայագիր» կամ «վաւերագիր» մը պահանջուէր, պատասխանատու դիրք ու պաշտօն ունեցողներ, եւ իբր թէ «ծառայող»ի դեր կատարողներէ շատեր պիտի անդրադառնային իրենց թերութեան եւ անբաւարարութեան եւ թերեւս պիտի հրաժարէին իրենց կիսկատար ծառայութենէն…։ Եւ եթէ մարդիկ կարենային մօտենալ իրենց ընտանեկան եւ ընկերային ներքին բոլոր ծալքերուն, դժբախտաբար պիտի գտնուէին շա՜տ ծնողներ, հայրեր ու մայրեր, ուսուցիչներ, դաստիարակներ, իրաւաբաններ, հոգեւորականներ, մամլոյ ծառայողներ, ժողովականներ, եւ ընդհանրապէս հանրային ծառայութեան նուիրուած գործիչներ՝ որոնք դրական կամ բացասական յատկութիւններու պատճառով իրաւունք եւ իրաւասութիւն պիտի չգտնէին ծառայելու նուիրականութեան, եւ անգամ մը եւս պիտի խորհէին՝ թէ իրապէս անկեղծութեա՞մբ կը ծառայեն եւ կը վարեն իրենց պաշտօնը, թէ՝ ո՛չ…։
Ո՜րքան լաւ պիտի ըլլար եթէ իւրաքանչիւր անձ ունենար իր պատասխանատուութեանը գիտակցութիւնը, իր իրաւասութեան եւ պարտականութեան համեմատութիւնը արդա՛ր կերպով որոշելու կարողութիւնը եւ կամեցողութիւնը, անկեղծ եւ ուղղամիտ կերպով շարժելու ազնուութիւնը՝ առանց շեղելու հանրութեան եւ միա՛յն հանրութեան ծառայելու նպատակէն, եւ գիտնար իր չափն ու սահմանը, կշիռը եւ իր իսկական տեղը՝ թէ՛ ընտանիքին եւ թէ՛ ընկերութեան մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 25, 2017, Իսթանպուլ