ԱՆԴԱՄԱԼՈՅԾԻՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ
Մարկոս Աւետարանիչ իր Աւետարանին 2-րդ գլխուն 1-12 համարներուն մէջ կը նկարագրէ դէպք մը։
Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ չորս հոգիներ անդամալոյծ մը շալկելով, բերած են Յիսուսի մօտ, սակայն բազմութեան շատութեան պատճառով չեն կրցած մօտեցնել զայն Յիսուսին։ Այդ պատճառով ալ, քակած են այն տան առաստաղը, ուր կը գտնուէր Յիսուս, եւ անդամալոյծին մահիճը անկէ իջեցուցած են։ Աւետարանը կ՚ըսէ, թէ. «Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին.- Որդեա՛կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի», (ՄԱՐԿ. Բ 5)։
Մարկոս Աւետարանիչը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ նաեւ, թէ այնտեղ գտնուող Օրէնքի ուսուցիչները, անմիջապէս սկսած են մտովի քննադատել Յիսուսի կատարած արարքը, ըսելով թէ՝ ինչպէ՞ս կրնայ նման հայհոյութիւն մը ընել, Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերը ներել. (ՄԱՐԿ. Բ 6-7)։
Յիսուս իմանալով անոնց մտածումը, կ՚ըսէ անոնց.
«Ինչո՞ւ այդպէս կը մտածէք։ Ո՞ր մէկը դիւրին է, անդամալոյծին՝ մեղքերդ ներուած են քեզի, ըսե՞լը, թէ՝ Ե՛լ, մահիճդ առ եւ տո՛ւնդ գնայ, ըսելը։ Բայց պէտք է գիտնաք, թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու», (ՄԱՐԿ. Բ 8-10)։ Աւետարանիչը կը շարունակէ, ըսելով.
«Ու դառնալով անդամալոյծին ըսաւ.- Քեզի կ՚ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա՛։
«Անդամալոյծը անմիջապէս բոլորին դիմաց ոտքի ելաւ, վերցուց իր մահիճը եւ դուրս ելաւ։ Բոլորն ալ զարմացան. կը փառաւորէին զԱստուած եւ կ՚ըսէին.- Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք», (ՄԱՐԿ. Բ 11-12)։
Այս դէպքէն հիմնական երեք դասեր ունինք քաղելիք։
Առաջին. ճի՛շդ է, որ որպէս անհատ մարդիկ կ՚ապրինք այս աշխարհին վրայ, սակայն առանձին չենք։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր նմանին նկատմամբ պարտաւորութիւններ ունի։ Պատասխանատուութիւններ ունինք իրարու հանդէպ։ Երբ մեր Տիրոջ հարցուցին՝ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը, պատասխանեց. «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ միտքովդ։ Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը։ Երկրորդը ասոր նման է.- Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս». (ՄԱՏԹ. ԻԲ 37-39), պարզ եւ յստակ. «սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։
Ընկերը սիրելը ինչի՞ մէջ կը կայանայ, բնականաբար բարին ցանկալով եւ կարելի եղածին չափով բարեգործութիւն եւ օգնութիւն ցուցաբերելով անոր։ Վստահաբար, մեր անձերուն նկատմամբ ուրիշ կերպ պիտի չվարուէինք։ Եւ այստեղ, անդամալոյծը շալկող «չորս հոգիները», իրենց ընկերոջ բարի՛ք է որ կ՚ընէին։
Լսած էին գալիլիացի Վարդապետին մասին, որ մեծամեծ նշաններ կը գործէր, հաւանաբար իրենց անդամալոյծ ընկերն ալ լսած էր նոյնը, եւ փափաք էր յայտնած հասնելու ցաւերու Բժիշկին։ Ինք, անդամալոյծը անկարող էր սակայն միայնակ հասնելու իր նպատակին, բայց իր ընկերներուն ընկերասիրութիւնը զինք առաջնորդեցին հասնելու իր փափաքին։
Ուստի, հասած էին բժիշկներու Բժիշկին, բայց բազմութեան պատճառով չէին կրնար մօտենալ Անոր։ Հակառակ արգելքներուն սակայն, իրենց հաւատքը եւ վճռակամութիւնը գերադասեց ամէն տեսակի արգելք, եւ ի գին առաստաղը բանալուն, իրենց ընկերոջ մահիճը իջեցուցին Յիսուսի մօտ։ Իսկ խոնարհ Վարդապետը, տեսնելով անոնց անկոտրուն հաւատքը եւ վճռակամութիւնը, իրենց անդամալոյծ ընկերը ոտքի հանեց…։
Մեր Տէրը մեզմէ կ՚ուզէ, որ մինչեւ վերջ աշխատինք ամէն կերպով հասնիլ մեր նպատակին, անշուշտ եթէ նպատակը բարի՛ է եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն։ Ինչպէս նաեւ կը պահանջէ մեզմէ, որ մեր նպատակին հասնելու ճանապարհին վրայ յայտնուած դժուարութիւնները եւ խոչընդոտները չկտրեն մեր կամքը եւ չյուսահատեցնեն մեզ, ընդհակառակը պարզապէս առիթ ըլլան առաւել եւս մեր կամքը զօրացնելու եւ աննկուն կամքով ընթանալու դէպի մեր նպատակի իրագործումը։ Իսկ մեր Տէրը երբ տեսնէ մեր հաւատքը, ըստ այնմ ալ պատասխան կու տայ մեզի։
Երկրորդ. մեր Տիրոջ բառերով. «Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը քաւելու», այսինքն ներելո՛ւ։ Եւ ո՛չ միայն մեղքերը ներելու, այլեւ բժշկելու եւ յաւիտենական կեանք պարգեւելու։ Ի՛նք, որպէս Տէր եւ Արարիչ այս ամբողջ գոյութիւններուն՝ տեսանելի եւ անտեսանելի, բանական եւ անբանական, պատմութեան ընթացքին, պահուան մը համար յանձն առաւ մեր նմանութեամբ, այսինքն որպէս մա՛րդ յայտնուիլ մարդկութեան՝ անոր փրկութեանը համար։ Մարդանալով սակայն, չդադրեցաւ Աստուած ըլլալէ, եւ ո՛չ իսկ մէկ ակնթարթ, այլ՝ մնաց նոյնինքն կատարեալ Աստուած։ Իսկ իր մարդէութեան ժամանակ, մարդեղութեան՝ անուղղակի կերպով ցոյց տուաւ Իր Աստուածութիւնը նման արտայայտութիւններով։
Անդամալոյծը եւ զինք շալկողները կրնայ ըլլալ որ չէին գիտեր Անոր ճշմարիտ ո՛վ ըլլալը, սակայն լսելով եւ լսելով Իր գործած հրաշքներուն մասին, հաւատացած էին, որ իրենց եւս պիտի օգնէ։ Գալ հասնելէ ետք սակայն եւ նախքան բժշկելը, անդամալոյծին ըսաւ. «Որդեա՛կ, մեղքերդ ներուա՛ծ են քեզի»։
Որով, կը հետեւի՝ թէ առանց մեր մեղքերը խոստովանելու եւ անոնց համար ներում ստանալու, չենք կրնար անցնիլ յաջորդ հանգրուան։ Այսինքն, եթէ հոգեպէս ինչ որ մեղքի մէջ ենք ինկած, որ արգելք կը հանդիսանայ մեր յառաջգնացին, նախ եւ առաջ պիտի աշխատինք այդ մեղքը վերցնել, իսկ վերցնելը՝ փրկութիւնը՝ կ՚ըլլայ ճիգ թափելով, ջանք ընելով, աշխատելով, խոստովանելով մեր թերութիւնները՝ որուն առ ի հետեւանք կը ստանանք «մեղքերու թողութիւն»։ Արդարեւ, «Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելո՛ւ», իսկ այս աշխարհի վրայ Մարդու Որդիին ներկայացուցիչներն են եկեղեցիները, որոնց նոյնինքն մեր Տէրը իշխանութիւն է տուած կապելու եւ արձակելու։ Արդարեւ, երբ եկեղեցականի մը կը մօտենանք խոստովանելու համար մեր մեղքերը, խորքին մէջ ո՛չ թէ եկեղեցականի անձին է, որ կը մօտենանք, այլ՝ եկեղեցականին ընդմէջէն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի։
Երրորդ. «Բոլորն ալ զարմացան. կը փառաւորէին զԱստուած եւ կ՚ըսէին.- Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք»։ Բնականաբար, մեզմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ մեծամեծ հրաշքներուն ի տես կը զարմանայ։ Մեզմէ ո՞վ ծովեզերքին կանգնած՝ մայրամուտը դիտելով չի՛ զարմանար։ Մեզմէ ո՞վ, ո՞ր մէկս երկինքին ամպերուն ի տես, չի՛ զարմանար, եւ չի՛ հիանար։ Աւելի՛ն, մեզմէ ո՞վ աշնան անտառի մը դիմաց կանգնելով եւ տեսնելով գունազարդուած անտառը, որ պատրաստուած է տերեւաթափ ըլլալու, չի զարմանար։
Իսկ եթէ այս բոլորով կը զարմանանք, որքանով աւելի՜ էր այն մարդոց զարմանքը, որոնք ականատես եղան, թէ ի՛նչպէս մարդ մը, որ որպէս անդամալոյծ մօտեցաւ Յիսուսի, չորս հոգիներու օգնութեամբ, սակայն հիմա, ահաւասիկ, իր մահիճը շալկած տուն կը վերադառնար։ Անոնք, չբաւարարուեցան, զարմանալով միայն, այլ ինչպէս Աւետարանիչը կ՚ըսէ. «Կը փառաւորէին զԱստուած եւ կ՚ըսէին.- Այսպիսի բան բնա՛ւ չէինք տեսած»։
Բաւարար չէ հրաշքի մը կամ արտասովոր աստուածային միջամտութեան մը պարագային միա՛յն զարմանալ եւ հիանալ, այլեւ աւելի՛ կարեւոր է, աւելի՛ կարեւորն է այն, որ շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ եւ փառաւորենք զԻնք, Իր գործերուն համար, որ միմիայն մեր բարիքին եւ օգտին համար գործած է։ Աստուած կատարել «Բարի» ըլլալով, բարութենէ բացի ուրիշ բան չի կրնար տալ Իր իսկ ստեղծած արարածներուն։ Աստուած Հա՛յր ըլլալով, իր զաւակներուն համար միա՛յն բարին կը կամենայ։ Կարեւորը սակայն, մենք գիտակցելով այդ բարիքին, շնորհակալութիւն յայտնենք Անոր եւ փառաւորենք զԻնք։
Իսկ «այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք», այսօր եւս, որպէս մարդիկ, Աստուծոյ կողմէ գործուած այնպիսի՜ հրաշքներու ականատես կ՚ըլլանք կամ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձնական կեանքին մէջ փորձառութիւնը ունեցած կ՚ըլլայ, որ բնաւ տեսած չէինք նախապէս։
Աստուծոյ համար անկարելի բան չկա՛յ։
Իսկ մեզի համար աշխարհը շատ փոքր է հասկնալու եւ ըմբռնելու համար Աստուծոյ մեծութիւնը եւ Ամենակարողութիւնը։
Որով մեզի կը մնայ Իր Սուրբ Կամքին, շնորհակալութիւն յայտնել եւ միշտ երախտապարտ ըլլալ Անոր՝ Իր շնորհած բարիքներուն համար եւ փառաւորել զԻնք ա՛յժմ եւ յաւիտեա՜ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 22, 2018, Իսթանպուլ