ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐ՝ ՀԱՒԱՏՔԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
Եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցելու պարտականութիւնը կը մղէ քրիստոնեաները գործելու իբրեւ «վկաներ Աւետարանին» եւ անկէ բխող պարտաւորութիւններուն։ Այս վկայութիւնը փոխանցո՛ւմն է հաւատքին, խօսքով եւ գործով։ Արդարեւ, վկայութիւնը արդարութեան արարք մըն է, որ կը հաստատէ ճշմարտութիւնը կամ կը ճանչցնէ զայն։ Ուստի, բոլոր քրիստոնեաները՝ ո՛ւր ալ գտնուին, պարտաւո՛ր են ցուցաբերել իրենց կեանքին օրինակով եւ իրենց խօսքին վկայութեամբ՝ «նոր մարդ»ը, զոր ստացած են Մկրտութեամբ եւ զօրութիւնը Սուրբ Հոգիին՝ զոր արիացուց զանոնք դրոշմով։
Եւ այս ուղղութեամբ, «մարտիրոսութիւն»ը գերագոյն վկայութիւնն է մատուցուած հաւատքին ճշմարտութեան. ան արտայայտութիւնն է ի գին մահուան կատարուած վկայութեան։
Մարտիրոսը վկա՛ն է մեռեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսի, որուն ինք միացած է սիրով։ Վկա՛ն է հաւատքին ճշմարտութեան եւ քրիստոնեայ վարդապետութեան։ Ան կը դիմակալէ մահը արիութեան ազնիւ արարքով։ «Թողէ՛ք որ գազաններուն կեր ըլլամ. անոնցմով պիտի տրուի ինծի հասնիլ Աստուծոյ», կը վկայէ Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի։ Ուստի ամենամեծ խնամքով հաւաքած է Եկեղեցին՝ յիշատակները անոնց, որոնք ընթացան դէպի մահ, վկայելու համար իրենց հաւատքին։ Անոնք վկայաբանութիւններն են։ Անոնք կը գոյացնեն դիւանները Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան՝ գրուած արիւնի տառերով։
Քրիստոսի աշակերտները զգեցած են «նոր մարդ»ը՝ որ ստեղծուած է ըստ Աստուծոյ արդարութեան եւ սրբութեան մէջ, որոնք կու գան ճշմարտութենէն. (ԵՓՍ. Դ 24)։ «Ձերբազատուած սուտէն». (ԵՓՍ. Դ 25), անոնք պարտին «մերժել ամէն չարութիւն եւ ամէն նենգութիւն, կեղծաւորութիւն, նախանձ եւ չարախօսութիւն». (Ա ՊԵՏ. Բ 1)։
Եկեղեցիին մէջ, որ սուրբ խորհուրդին պէս՝ նշանը եւ գործիքն է Աստուծոյ կեանքին, նուիրեալ կեանքը կը ներկայանայ իբրեւ «փրկչագործութեան խորհուրդին մասնայատուկ մէկ նշանը»։
«Աւելի մօտէն» հետեւիլ Քրիստոսի եւ նմանիլ Անոր, «աւելի յստակօրէն» արտայայտել Անոր ունայնացումը, կը նշանակէ «աւելի խորունկ կերպով» ներկայ գտնուիլ իր ժամանակակիցներուն, Քրիստոսի սրտին մէջ։ Որովհետեւ «այդ աւելի անձուկ» ուղիով ընթացող անձերը իրենց օրինակով կը խանդավառեն իրենց եղբայրները եւ այսպէս ցայտուն վկայութիւնը կու տան, թէ առանց երանութիւններուն ոգիին, աշխարհ չի՛ կրնար կերպարանափոխուիլ, ո՛չ ալ ընծայուիլ Աստուծոյ։
Կեանքի այս «վկայութիւն»ը ի՛նչ ձեւով ալ տրուած ըլլայ, հրապարակային՝ ինչպէս կրօնաւորական վիճակին մէջ, կամ ծածուկ եւ նոյնիսկ գաղտնի, Քրիստոսի գալուստը բոլոր նուիրեալներուն համար կը հանդիսանայ անոնց կեանքին ծագումը եւ Արեւե՛լքը։ Քրիստոնեայ կեանքի վկայութիւնը եւ գերբնական հոգիով կատարուած գործերը հզօր են, մարդիկը դէպի հաւատք եւ դէպի Աստուած հրապուրելու։
Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Ուրախութիւն՝ Աստուած որոնող սրտերուն». (ՍԱՂՄ. ՃԴ 3)։ Մարդը կրնայ Աստուած մոռնալ կամ մերժել, ուրանալ զԱյն, սակայն Աստուած երբեք չի դադրիր կոչելէ մարդը՝ որ որոնէ զԻնք եւ ապրի եւ երջանկութիւնը գտնէ եւ վայելէ։ Բայց այս որոնումը կը պահանջէ մարդուն իմացականութեան ամբողջ ճիգը, անոր կամքին ուղղամտութիւնը, անոր «ուղիղ սիրտը» եւ նաեւ «բարի վկայութիւն»ը անոնց, որոնք իրեն Աստուած որոնել՝ փնտռել կը սորվեցնեն։
«Տասը պատուիրաններ»ը՝ Տասնաբանեան, այսինքն՝ «Տասը խօսքերը» կը համառօտեն եւ կը հռչակեն Աստուծոյ Օրէնքը. «Ասոնք այն խօսքերն են, զորս Տէրը ուղղեց ձեզի երբ ամէնքդ խմբուած էիք լերան վրայ։ Ան խօսեցաւ ձեզի կրակին մէջէն, ամպին եւ խաւարին մէջէն հզօր ձայնով։ Ան անոնց ոչինչ աւելցուց, այլ գրեց զանոնք քարեղէն երկու տախտակներու վրայ եւ ինծի տուաւ զանոնք», (Բ ՕՐ. Ե 22)։ Ասոր համար այս երկու տախտակները կոչուած են «Վկայութիւն». (ԵԼՔ. ԻԵ 16)։
Արդարեւ անոնք կը բովանդակեն ուխտին պայմանները, որ կնքուեցաւ Աստուծոյ եւ Անոր ժողովուրդին միջեւ։ Այս «Վկայութեան տախտակները» (ԵԼՔ. ԼԱ 18, ԼԲ 15, ԼԴ 29) զետեղուելու են «տապանակին» մէջ (ԵԼՔ. ԻԵ 16, Խ 1-3)։
Արդարեւ, քրիստոնեայ կեանքի վկայութիւնը եւ գերբնական հոգիով կատարուած գործերը հզօր են մարդիկը դէպի հաւատք եւ դէպի Աստուած հրապուրելու եւ առաջնորդելու։
Եւ այս իմաստով «վկաներ» ճշմարիտ տիպարներ եւ առաջնորդներ եղած են, ինչպէս անոնք արժանացած են մինչեւ իսկ սրբութեան աստիճանին։
Ահաւասիկ, այս սուրբերէն է Սուրբ Գէորգ զօրավար։
«Գէորգ»ի տառացի նշանակութիւնն է՝ հողագործ, երկրագործ։
«Գէորգ զօրավար ծննդեամբ Կապադովկացի, Գամրաց գաւառէն, սննդեամբ Պաղեստինացի, նահատակուեցաւ Բիւթանիոյ ոստանին՝ Նիկոմիդիոյ մէջ, ուր կը գտնուէր զինուորական պաշտօնով, իբրեւ երեւելի կոմս մը ասպետներու խումբին մէջ։
«Ինքն էր որ պատռեց Դիոկղետիանոսի հալածանքներու հրովարտակը՝ հրապարակի վրայ կախուած տեսնելով զայն։ Յետոյ դատական ատեանին ներկայանալով, Ծերակոյտին առջեւ հրապարակեց իր քրիստոնէութիւնը, նշաւակելով հեթանոսական կրօնքի ստութիւնը։ Նոյնը ըրաւ աւելի բուռն սաստկութեամբ կայսեր ներկայութեանը, որ տեսնելով իր ողոքիչ խօսքերուն ի դերեւ ելնելը, հրամայեց որ ծանրագոյն տանջանքներով չարչարեն զայն։ Ի վերջոյ գլխատեցին զայն արքայական մասնաւոր հրամանագրով, 303-ին։
«Սուրբ Գէորգ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մէջ հաւասարապէս ժողովրդականացած Վկայ մըն է։ Յոյները -Մեծ մարտիրոսը- կը կոչեն զայն։
«Ընդհանրապէս կը ներկայացուի վիշապասպան ձիաւորի մը ձեւով։ Այդ պատկերը հաւանաբար խորհրդանշանական իմաստ մը միայն պէտք է ունեցած ըլլայ, նը-շանակելու համար մարտիրոսին յաղթանակը չարին վրայ, զի բուն վիշապ սպաննողը Թէոդորոս զօրավարն է։
«Իր վկայաբանները կը պատմեն թէ մահէն ետքը իր մարմինը փոխադրուեցաւ Պաղեստին, Լիւդ կամ Ռէմլէ, ուր շատ ծանօթ եւ սիրուած էր իր ընտանիքը։
«Լիւդի մէջ, երկար ատեն, Ասորիք ունէին անոր անուան նուիրուած եկեղեցի մը. իսկ Ռէմլէի մէջ անոր անունով ունինք եկեղեցիներ մենք, Յոյները եւ Լատինները։
«ԺԳ դարէն ի վեր նկատուած է հովանաւոր սուրբը Անգլիոյ»։
- (Թորգոմ Պատիրարք Գուշակեան, «ՍՈՒՐԲՔ ԵՒ ՏՕՆՔ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ», Երուսաղէմ, 1939, էջ 145-147)։
Պարզ եւ յստակ է, որ «վկաներ»ը իրենց օրինակելի կեանքով եւ առաքինութեամբ միշտ տիպար եւ առաջնորդ եղած են մարդկութեան։ Անոնք ճշմարիտ «մարդասէր»ներ, սիրոյ սկզբունքի հաւատարիմ հերոսներ են եղած ըստ Քրիստոսի խօսքին, թէ՝ «Մեծագոյն սէրը ա՛յն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար», (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։
Ըստ Եկեղեցական Օրացոյցի, Սուրբ Գէորգ զօրավարին հետ կը յիշուին նաեւ Ադոկտոսը եւ Ռոմանոս երգեցողը։
Շնորհաւոր ըլլայ ամէն անոնց անուան տօնը, որ կը կրեն Գէորգ անունը. սուրբ Գէորգ զօրավարի Բարեխօսութիւնը անպակաս ըլլայ ամէն անոնց՝ որոնց սիրտը լեցո՛ւն է սիրով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 20, 2020, Իսթանպուլ