ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԻԹ.)
Մամուլի ճամբով աշխարհաբար լեզուն կոկուեցաւ, սակայն կար հիմնական հարց մը. քերականութեան պակասը: Շատեր կը փորձէին գրաբարի քերականութեան հիման վրայ աշխարհաբար լեզուն գործածել, ինչ որ մեծ դժուարութիւններ կը յառաջացնէր: Գրող-մտաւորականները իրենց գրականութեան ճամբով կը փորձէին քերականութիւն մը ստեղծել, սակայն ուրիշներ ունէին այն համոզումը, որ պէտք է գրաւոր ձեւով քերականութիւն մը պատրաստել, որպէսզի անոր հիման վրայ կոկուի աշխարհաբար լեզուն: Այդ իսկ պատճառով 1850-ական թուականներէն յաջորդաբար հրատարակուեցան «Աշխարհաբարի արդի քերականութիւն» անուան տակ բազմաթիւ գիրքեր, որոնք իրականութեան մէջ շատ անգամ իրարու հակասող համոզումներ ու ըմբռնումներ ունէին:
«Արդի» արտայայտութիւնը յարաբերական է, որովհետեւ «արդի» խորագրով հրատարակութիւններ պիտի տեսնենք մինչեւ 20-րդ դարու վերջերը, որովհետեւ ամէն ժամանակ ունեցած է իր «արդի»ն՝ որ տարբերած է մի քանի տարի ետք հրատարակուած նոր «արդի»էն:
Քերականութեան գիրքեր պատրաստողները իրենց հրատարակութիւնը կը բացատրէին հետեւեալ ձեւով.- մեծամասնութեան քով տակաւին կը շարունակէր անծանօթ մնալ աշխարհաբարը, մանաւանդ գաւառի մեր հայ ժողովուրդին համար, որոնք աշխարհաբարը ձեւով մը որպէս նոր ու անհասկնալի լեզու կը նկատէին: Քերականութիւնը կարեւոր էր մանաւանդ այն պատճառով, որ գաւառի ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ այլ շրջաններու մէջ ապրող շատ մը հայերէ աշխարհաբար լեզուն պիտի սորվէին սկիզբէն, հետեւաբար աւելի նպատակայարմար էր քերականութեամբ ճի՛շդ ձեւով սորվիլ լեզուն, որովհետեւ շատ մը մտաւորականներ համաձայն էին այն միտքին, որ քերականութիւնը պէտք է աշակերտին սորվեցնել փոքր տարիքէն:
Քերականութեան ամենահին տարբերակներէն մին հրատարկուած է 1760 թուականին, գիտնական, հրատարակիչ, երաժիշտ ու բանաստեղծ Պաղտասար Դպիրի կողմէ: Հակառակ իր հնութեան, կը տեսնենք, որ այդ աշխատութիւնը գրաբար լեզուով չէ. սակայն կարելի չէ ամբողջական աշխարհաբար նկատել. Պարզապէս օրինակ մը ունենալու համար կ՚ուզենք յիշել յառաջաբանի առաջին տողերը.- «Գրոց բան հասկընալու սէր ունեցող փոքրիկ տիրացուներուն համար է այս փոքրիկ քերականութիւնս: Որ թէ զայս կարդան եւ սորվին, զմեծ քերականութիւն հեշտ կու հասկընան»: Պաղտասար Դպիրը իր աշխատութեան համար «արդի» կամ «աշխարհաբար» արտայայտութիւնը չի յիշեր. բնական է որ Պաղտասար Դպիրի գրած քերականութիւնը աշխարհաբարէ աւելի ունի գրաբարեան հակում, սակայն իր աշխատութիւնը կարեւոր է, տեսնելու համար թէ մարդիկ ինչպէս գրաբարէն կամաց կամաց սկսած են անցնիլ աշխարհաբարի՝ ինչ որ աւելի կազմաւորուած է դար մը ետք՝ 1850-ական թուականներէն ետք:
Պաղտասար Դպրիէն ետք քերականութեան աշխատութեան ամենէն հին օրինակը 1864 թուակնաին Պոլսոյ «Յարութիւն Մինասեան» տպարանէն լոյս տեսած Պատ. Մ. Տ. Քիրէճճեանի հրատարակած «Հայերէն Քերականութիւն աշխարհաբար լեզուի նախակրթական դպրոցաց համար» աշխատթիւնն է: Այս աշխատութեան յառաջաբանին մէջ կը կարդանք.- «Հայերէն Աշխարհաբարի լեզուի Քերականութիւն, պակաս տեսնելով շատ տարիներէ հետէ կփափաքէինք այդ կարօտութիւնը լցուելուն»: Այս շախատութիւնը թէեւ դպրոցներու համար, յառաջաբանին մէջ կը կարդանք, որ կը միտի աշխարհաբարի օրէնքներ սահմանել նաեւ մտաւորական գրողներուն. սակայն գրողը կ՚ընդունի, որ քերականութեան այս գիրքը կատարեալ չէ, այդ իսկ պատճառով յառաջաբանին մէջ կը յայտնէ պատրաստակամութիւնը լսելու դիտողութիւններ ու կարծիքներ՝ այս կամ այն քերականական օրէնքին համար:
Քերականութեան պատրաստութեան միտող առաջին մտաւորականները եղած են Մխիթարեան միաբանութեան հայերը. մի քանի տարի շարունակ իրարու ետեւէ հրատարակած են քերականութեան գիրքեր: Օրինակի համար, Մխիթարեան միաբանութենէն Հ. Արսէն Վ. Այտընեան 1867 թուականին Վիեննայի մէջ կը հրատարակէ «Քերականութիւն Աշխարհաբար կամ Արդի հայերէն լեզուի» խորագրեալ աշխատութիւնը: Յայտնեմ, որ Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ հրատարկուած յաջորդող մի քանի աշխատութիւնները ունեցած են նոյն յառաջաբանը՝ որ հրատարակուած է Հայր Արսէնի գիրքին մէջ: Այս աշխատութեան յառաջաբանը աւելիով մօտ ու հարազատ է մեր աշխարհաբարին՝ քան միւսներունը: Յառաջաբանին մէջ կը կարդանք.- «Եթէ մինչեւ հիմայ գրաբար հայերէնի քերականութեամբ կը մտածուէր նոյն կրկին կարօտութիւնը լեցընել, երկար փորձառութիւնը ցուցուց այդ տաժանական միջոցին անբաւականութիւնը, որով երկու լեզուին ալ ծանօթութենէն կը զրկուէր ուսանողաց մեծագոյն մասը»:
Այս էր քերականութեան ու աշխարհաբարի կարեւորութիւնը։ Կար խաւ մը, որ գիտէր թէ՛ գրաբարը եւ թէ աշխարհաբարը. այլ խաւ մը ծանօթ էր աշխարհաբարին՝ առանց գրաբարը հասկնալու, իսկ երրորդ խաւ մը՝ որ կարեւորագոյնն էր, թրքախօս հայերն էին, որոնց համար անծանօթ էր թէ՛ գրաբարը եւ թէ աշխարհաբարը:
Անցնիք բառերուն՝ որոնք մեր լեզուն կ՚աղաւաղեն:
ՁԴ.- ՈՒՄՈՒՏ
Ումուտ բառը այսօր աշխարհաբարի մէջ գործածուող բառ մը չէ, սակայն գրականութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ այդ բառերուն:
Այս բառին ամենէն հին տարբերակը կը տեսնենք մատենագիր Մարտիրոս Ղրիմեցիի մօտ, որ ապրած է 1620-1683 թուականներուն միջեւ: Ան իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Բարձէք ի տեղւոյդ զյոյս եւ ումուտ»:
Գարեգին Սրուանձտեանց այս բառը կը գործած է թէ՛ «Մանանայ» եւ թէ «Համով-հոտով» աշխատութիւններուն մէջ. առաջինին մէջ ան կը գրէ. «Եա դառնայ, եա չդառնայ, ցածրի ճամբահ երթացող՝ ումուտ չկայ‚ որ դառնայ», իսկ երկրորդին մէջ կը գրէ. «Տղան կը մտածէ, թէ երթայ ո՞ւր, ոչ ումուտ մնաց մօր, ոչ երեսատեղ մնաց իր քաղքցւոց առջեւ»:
Ումուտ բառը «Պապիկ եւ թոռնիկ» աշխատութեան մէջ կը գործածէ Խրիմեան Հայրիկ. ան աշխատութեան 21-րդ գլուխին մէջ կը գրէ. «Ա՜հ, ի՞նչ կասես դու, կնիկ, չգիտե՞ս մեր ումուտ - ապաւէն այդ իշուկն է»:
Այս բառը կը գործածէ նաեւ Յակոբ Օշական, իր «Երբ պատանի են» եւ «Խոնարհները» աշխատութեան մէջ:
Յովսէփ Մալէզեան ումուտ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել յոյս բառը:
ՁԵ.- ՉԱԽՄԱԽ
Այս բառը մինչեւ օրս արեւմտահայերու կողմէ յայտնի գործածուող բառ մըն է։ Մինչեւ օրս կենդանի մնացած բառ մը վստահաբար տեղ պիտի գտնէ նաեւ մեր գրականութեան մէջ. յայտնենք, որ այս բառը կարելի է գտնել նոյնիսկ հայերէն բառարաններու մէջ. ինչպէս օրինակ, Ստեփան Մալխասեանցի «Հայերէն բացատրական բառարան»ին մէջ՝ որպէս չախմախ եւ չախմախաքար:
Այս բառին ամենէն հին գործածութիւնը կարելի է գտնել իրաւագէտ եւ առեւտրական Յակոբ Շահամիրեանի «Գիրք անուանեալ Որոգայթ փառաց վասն կալանաւորելոյ ամենայն գործ անկարգութեան» եւ «Գիրք անուանեալ Որոգայթ փառաց» աշխատութիւններուն մէջ: Ան իր աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Ամենայն զինուոր պարտ է ունենալ ընդ քսակս իւր: 12 կառտուշ վառյօդ գուլովն: 4 չախմախի քար»:
Այս բառը կարելի է տեսնել Սայաթ Նովայի երգերուն մէջ. ան իր երգերէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Հա՜ վառում իս, ա՛յ դու չախմախ -քարավուր». այլ երգի մը մէջ կը գրէ. «Կըրակ տըվիր, կրակեն ավել. Չախմախ էլ ունիս դու, ղավ էլ»:
Այս բառը իր տաղերուն մէջ կը գործածէ նաեւ Կ. Պոլսոյ պատրիարք Յովհաննէս Թիւթիւնճի. ան իր «Է՛ քրիստոնեայք, ականջ արէք, Տեսէք թէ ինչ պիղծ է թութուն» խորագրեալ բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ. «Ելնի, նստի, չախմախ զարնէ ՚Ւ ագահ խմէ զայն պիղծ թութուն»:
Յովսէփ Մալէզեան չախմախ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել հրահան բառը, թէեւ Մալխասեանց որպէս հոմանիշ կը յիշէ կայծքար, գայլախազ բառերը:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -352-
Մեր մեծ մայրերն ու մեծ հայերը թրքախօս հայեր էին. իրենց առաւօտեան սուրճի խօսակցութիւնը անպայմանօրէն տեղի կ՚ունենար թրքերէն լեզուով: Թրքերէն լեզու սորվելու համար դասընթացթքներ չեն ունեցած. իրենք առանց նկատելու եղած են մեր ուսուցիչները:
***
Մեծ մայրս իր դրամապանակին մէջ ունէր փայտէ խաչափայտ մը. երբեք չէր հաներ եւ առանց այդ խաչին տունէն դուրս չէր գար. «այս մէկը իմ ումուտս ու ուղուրս է», կ՚ըսէր եւ կը հաւատար, որ իր 70 տարուան կեանքին ընթացքին այդ խաչը շա՜տ վտանգներէ պաշտպանած էր զինք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան