ՅԱՂԹՈՂ ԸԼԼԱԼ… -Ա.-

Կը պատմուի, թէ բժիշկները հիւանդի մը կ՚ըսէին, որ քաղցկեղէ վարակուած է եւ պիտի մեռնի՛։ Բժիշկը հիւանդին կ՚ըսէ գործողութենէն ետք.- Վագրը վանդակէն դո՛ւրս ելած է։ Քաղցկեղը որ առաջ սահմանափակուած էր հիւանդին թոքերուն մէջ, հիմա անցած է աւշային դրութեան։ Հիւանդներուն 98 տոկոսը չե՛ն ապրիր այս վիճակին մէջ։

Միայն անոնք, որոնք այսպիսի շանթահարիչ խօսքեր լսած են, կրնան ըմբռնել եւ կշռել այսպիսի արտայայտութիւններու ծանրութիւնը եւ թէ որքա՛ն կրնան հիւանդին աշխարհը տակնուվրայ ընել։ Մինչ յետադարձ ակնարկ մը կը նետէ հիւանդը եւ կը տեսնէ, թէ այդ խօսքերը ի՛նչպէս յեղաշրջեցին իր կեանքը եւ ան այսօր ո՛ղջ է։

Հիւանդը կը պատմէ.

1984-ին դեկտեմբերի օր մըն էր, երբ բժիշկը ինծի միայն երեսուն օր տուաւ ապրելու…։ Որեւէ ճար եւ դարման չկար ինծի համար։ Ինծի եղած հրահանգը այս էր. տունս երթալ, գործերս եւ հաշիւներս կարգի դնել եւ ապա սպասեմ… մեռնելո՛ւ։

Զգացական լուրջ տագնապներէ անցայ, ինչպէս ոեւէ մէկը պիտի անցնէր։ Յանցանք, մերժում, ուրացում, բարկութիւն, ընդվզում. մեծաւ մասամբ ընդվզում։

Տուն գալէս օր մը վերջ, բազկաթոռինս վրայ նստած՝ որպէս թէ դրամատան հաշիւներս եւ կտակս աչքէ պիտի անցընէի, անկարելիութիւն եղաւ։ Նամակները եւ թուանշանները իրար անցած էին։ Աստուծոյ դէմ ա՛յնքան դառնացած էի, որ չէի կրնար ուղիղ տեսնել։ Ինչպէ՞ս թող կու տար որ մեռնէի։ Երիտասարդ էի, երիտասարդ կին մը ունէի եւ երկու տարեկան աղջնակ մը։

«Աստուած իմ, վերցո՛ւր այս քաղցկեղը եւ բժշկէ՛ զիս», եղաւ հրամայական ոճս։

Մինչ ճարահատ նստած էի, տեսայ պզտիկ աղջիկս, որ գետինը նստած իր խաղալիքները հաւաքելով զբաղած էր։ Միայն զինք դիտելը անսահման ցաւ կը պատճառէր ինծի։ «Ո՜վ Աստուած» աղաղակեցի. «շատ պիտի սիրէի զինք, մինչ ան հասակ կ՚առնէր»։

Որպէս պատասխան արեւու շող մը նշմարեցի՝ որ կը ճառագայթէր ապակիէն ներս եւ աղջկանս շէկ գլուխը կը ցոլար։ Այդ վայրկեանին երեք բառ լսելի եղաւ ինծի. «Այսօր սիրէ՛ աղջիկդ»։ Այս բառերուն ուժգնութիւնը ցնցեց զիս։

Շատ զբաղ անձ մըն էի կարեւոր գործով մը՝ կը կառավարէի եկեղեցիի բարգաւաճման յանձնախումբը, եւ շատ լաւ կը կատարէի զայն։ Կը հաւատայի, որ Աստուած մեզ այս աշխարհի վրայ դրած է, որպէսզի բան մը ի գործ դնենք Իրեն համար։ Այստեղէն է որ կու գար ինքնարժեւորումս։ Եկեղեցիիս վերաբերեալ ժամերս եւ ընտանիքիս հետ ըլլալու պահերս դասաւորած էի ինչպէս միւս բոլոր գործերս։ Ինչո՞ւ այդ երեք բառը զիս ցնցած էր։

Մինչ այդ, ուրիշ գաղափար մըն ալ մտքիս մէջ փայլատակեց։ Բժիշկները կ՚ըսեն՝ թէ 98 տոկոսը իմ վիճակս ունեցողներ կը մեռնին։ Հետեւաբար 2 տոկոսը կ՚ապրին։ Եթէ ես կարենայի գտնել այս 2 տոկոսը հաշուող վերապրողներէն մի քանին՝ որոնք «մեծամասնութեան» սահմաններէն դուրս ձգուած են, կրնայի անոնցմէ օգտուիլ, թէ ինչպէ՞ս յաջողած են եւ ապրելու գաղտնիքը գտած։

Յաջորդ առաւօտ գացի գրասենեակս, «Եկեղեցիի առաջնորդներուն հիմնարկը»։ Պաշտօնակիցներս լրջութեամբ շուրջս հաւաքուեցան։ «Որեւէ բան մը կրնա՞նք ընել», հարց տուաւ գործակիցներէս մէկը։ «Այո՛, կրնաս», պատասխանեցի։ «Չե՛մ յուսահատած, ես կը փնտռեմ անձեր՝ որոնք վերապրած են, մինչ անոնք մեռնելու էին»։

«Ուրեմն, շատ պիտի փափաքիս խօսակցիլ Մէյրի Տորէմսի հետ», ըսաւ գործակիցս՝ Մարճին։ «Ան սքանչելի՛ բարելաւում արձանագրեց»։

Երկու օր վերջ, Մարճիի բարեկամուհին՝ Մէյրին, իր անիւով աթոռով ինծի այցելեց։ Ան երբեք գութ չէր մուրար։ Ուրախ եւ զուարթ էր. իր փայլուն հանդերձներուն մէջ։ Ժպիտը միայն շրթներուն վրայ չէր, այլ նաեւ իր աչքերուն մէջ։

«Լսեցի որ քաղցկեղ ունիս», ըսի, մինչ գրասենեակիս մէջ տեղ գրաւեցինք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2023