ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՈԳԻՆ
Իմ սիրելի՜ ընթերցասէր բարեկամներ, հայ գիրի ու գրականութեան հաւատարիմ, ազնիւ՝ սրտակից ու համախորհուրդ ուղեկիցներ, Մեսրոպ Մաշտոցի հոգին ու ոգին ապրեցնող գրասէրներ, մշակոյթի ամիս՝ Հոկտեմբերի օրերուն ձեզ կ՚ողջունեմ։
Երբ կը սկսիք կարդալ այս տողերը՝ արդէն սրտակից ու համախոհ բարեկամներ ենք իրարու, ուղեկիցներ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի բացած հոգեմտաւորութեան ճամբուն եւ յաջորդներ, արժանավայել իրաւասուներ անգին ժառանգի մը՝ Հայ մշակոյթի, Հայ գիրի, Հայ դպրութեա՜ն…։
«Սիրելի՜…» կ՚անուանեմ ձեզ, քանի որ դուք սիրելի՛ էք գիրի, գրականութեան եւ Թարգմանչաց մշտագոյ, անմեռ ոգիին, անշէջ լոյսին ու ճրագին։ Մեսրոպ Մաշտոց եռանդ մը, խանդ մը ստեղծեց Հայ գիրերու գիւտով եւ աւելի եւս աշխուժացուց զայն Թարգմանչաց շարժումով։ Եւ երանի՜ անոր որ կը հետեւի անոր…։
Եւ նո՛յնքան խղճալի՜ է ան՝ որ չ՚անդրադառնար իր սեփական արժէքներուն, կ՚անտեսէ զանոնք, կ՚անգիտանայ անոնց նկատմամբ եւ չի գիտեր օգտագործել իրեն ընծայուած եւ աւանդուած արժէքները։
Մինչդեռ ուրոյն, տոհմիկ արժէքներու, աւանդներու տէր կանգնիլ՝ առաքինութիւն է, ազնուութիւն է եւ միանգամայն՝ պա՛րտք։
Այո, սիրելի՜ներ, ամէն ժողովուրդ իր ազգային-եկեղեցական տօները ունի։ Հայ ժողովուրդն ալ տօներու շարք մը ունի՝ ուր կը տօնէ իր լեզուի ու մշակոյթի անգին ժառանգութեան՝ նախնիներէ ձգուած աւանդին սեփականութիւնը։ Եւ ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուն Հայոց Եկեղեցին կը տօնէ «Թարգմանչաց» տօնը։
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ», այսինքն՝ ճանչնալ իմաստութիւնը եւ խրատը, հասկնալ հանճարի խօսքերը։ Եւ ահաւասիկ ա՛յս է Թարգմանչաց հետապնդած նպատակը, ա՛յս է այդ հրաշալի՜ շարժման սկզբնապատճառը եւ Թարգմանչաց ոգիին իմաստը։ Ա՛յս է աւիշը այդ ոգիին…։
Դպրոցական տարիներէն արդէն բոլորը գիտեն հայերէն տառերով գրուած առաջին նախադասութիւնը, բայց քիչերուն յայտնի է, որ այդ նախադասութիւնը Աստուածաշունչ մատեանէն է, որ հայերէն գիրերը Աստուծոյ պարգեւն են հայ ժողովուրդին…։
Հայաստան աշխարհի քրիստոնէացման թուականէն մինչեւ 5-րդ դար Հայ Եկեղեցին տակաւին չէր հայացած, քանի որ չունէր սեփական գիր ու գրականութիւն։ Քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունուելէն մօտաւորապէս մէկ դար անցած էր։ Վանքերու եւ եկեղեցիներու մէջ կանոնաւոր արարողութիւններ ու ծէսեր կը կատարուէին, կ՚ընթերցուէր Սուրբ Գիրքը, եւ սակայն ժողովուրդին մեծ մասին համար անհասկնալի էր այդ ամէնքը, որովհետեւ հայերէն գիրերու բացակայութեան պայմաններուն մէջ եկեղեցական լեզուն ասորերէնն էր։
Ուստի եւ Աստուծոյ խօսքը շատերու սրտերուն չէր հասներ, օտար կը մնար։
Ահա այս պայմաններուն մէջ էր, որ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ, Սուրբ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ձեռնամուխ եղաւ հայոց ինքնուրոյն տառերու ստեղծմանը։
Երկար փնտռումներէ եւ այլ ազգերու եւ ժողովուրդներու տառերը հայերէն լեզուի համապատասխանեցնելու անյաջող փորձերէն յետոյ Մաշտոց ինքզինք նուիրեց աղօթքի եւ խոկումի, եւ Աստուած լսեց անոր աղօթքները։
Մաշտոց, ո՛չ թէ քունի մէջ՝ երազով, այլ ո՛չ տեսիլքով, բայց արթուն եղած ատեն, յստակ կերպով տեսաւ, թէ ի՛նչպէս ձեռք մը տառեր կը գրէր ու տառերը կը պահպանէին իրենց ձեւը՝ ինչպէս ձիւնի վրայ։ Ուստի պահ մը դադրեցնելով իր աղօթքը, Մաշտոց սկսաւ գրի առնել Հայ նշանագիրերը։ Եւ ահա մօտաւորապէս 1611 տարի է անցած այդ օրէն, բայց Հայ գիրերը չեն փոխուած եւ պահպանած են իրենց նախնական տեսքը, բնօրինակը, քանի որ շատ կատարեալ են՝ ինչպէս Աստուծոյ ստեղծած ամէն ինչ։
Աւելի վերջ, ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը, սկսաւ Աստուածաշունչ մատեանի ամբողջական թարգմանութիւնը, որ մշակումներով ու լրացումներով տեւեց շուրջ երեսուն տարի։ Մաշտոցի բազմաթիւ աշակերտներ մասնակցեցան թարգմանութեան այս սքանչելի գործին։ Եւ Աստուածաշունչը այլեւս հայերէն էր՝ Աստուած հայերէն կը խօսէր։
Սուրբ Սահակ Պարթեւ եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, Եզնիկ Կողբացին, Յովսէփ Պաղունացին, Կորիւնը, Ղեւոնդ Վանանդեցին եւ միւսները իրենց հոգիի ամբողջ ջերմութիւնը, եռանդը, խանդը ներդրեցին, իրենց ամբողջ հոգին նուիրեցին Աստուածաշունչի թարգմանութեան սրբազան գործին։
Անոնց անկրկնելի թարգմանութեան շնորհիւ Աստուածաշունչ մատեանի հայերէն օրինակը բոլոր ազգերու կողմէ անուանուեցաւ «ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱԳՈՒՀԻ՛»։
Թարգմանութիւնը կատարուելէն ետք, շուտով բացուեցան դպրոցներ, եւ այսպէս սկսաւ ծաղկիլ հայ դպրութիւնը։ Գրուեցան աղօթքներ, հոգեզմայլ շարականներ, աւելի եւս զարկ տրուեցաւ թարգմանական եւ ինքնուրոյն գրականութեան, մարդկային բազմութւններով լեցուեցան եկեղեցիները, եւ աւելի ճոխացան ու իմաստ ստացան Փրկչի տօները։
Եւ լուսաւորուեցաւ ողջ Հայոց աշխարհը։
Հայ գիրերու գիւտով եւ Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութեամբ հիմք դրուեցաւ հայ հոգեւոր-մշակութային՝ հոգեմտաւոր նոր շարժման, որ Հայ ազգի «ՈՍԿԵԴԱՐ»ը դարձաւ։
«Թարգմանիչ» բառը ներկայիս առօրեայ խօսակցութեան մէջ՝ խօսակցական իմաստով կը նշանակէ լոկ մէկ լեզուէ ուրիշ մէկ լեզուի թարգմանող, վերածող անձ։ Սակայն մեր հայրերը ո՛չ միայն թարգմանեցին Աստուածաշունչ մատեանը, այլ «ապրեցան» եւ զայն «հայացուցի՛ն»։
Ուստի Սուրբ Գիրքը Հայ ժողովուրդին համար «կեանքի ձեւ» ստացաւ, ապրելակերպ եղաւ։
Թարգմանիչներ զԱստուած իջեցուցին հայ մարդու հոգիին մէջ։
Քրիստոնէութիւնը «միս» եւ «արիւն» դարձաւ հայուն համար, դարձաւ զօրութիւն եւ հայը «հա՛յ» պահեց բոլոր ժամանակներու մէջ՝ յաւերժացո՛ւց։
Սուրբ Թարգմանիչները՝ իրենց կեանքով հայ ժողովուրդի թարգմանը դարձան Աստուծոյ մօտ։ Այսօր ալ անոնք կը շարունակեն իբրեւ փարոս լուսաւորել հայոց հոգե-մըտաւոր աշխարհը՝ ապագա՛ն։
«Թարգմանչաց տօն»ը հայ հոգիի պանծացման, ինքզինք իր արժէքներով հպարտ զգալու տօնն է։
Եւ մեր եկեղեցիի հայրերն ալ կարծես կը խօսին մեզի հետ։ Սուրբ Սահակ Պարթեւ կը սորվեցնէ մեզի «մեծ ըլլալ ե՛ւ խոնարհ», Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ չվախնալ երբեք եւ աղօթքով յաղթահարել, նուաճել ամէն դժուարութիւն, Եզնիկը ուղեցոյց է հաւատքը պաշտպանելու, Եղիշէն հայրենասիրութեամբ կը լեցնէ մեզ, Խորենացին կ՚ուսուցանէ հայոց պատմութիւնը, Շիրակացին կ՚առաջնորդէ մեզ բնութեան եւ տիեզերքի գաղտնիքներուն թափանցելու, Գրիգոր Նարեկացին մեր հոգին կը բարձրացնէ դէպի Աստուած, Շնորհալին հայ հաւատքի բանաձեւը կու տայ եւ կը սորվեցնէ Աստուծոյ փառքը երգել…։
«Թարգմանիչներ» անուանուած հոգեւոր-մշակութային հզօր շարժումը անկրկնելի, եզակի երեւոյթ էր հայոց պատմութեան մէջ։
Թարգմանիչները հիմք հաստատեցին ազգային ինքնուրոյն գրականութեան, ճարտարապետութեան, պատմագրութեան, բժշկութեան, փիլիսոփայութեան, աստուածաբանութեան, երաժշտութեան, որով մենք քաղաքակիրթ աշխարհի լիիրաւ եւ արժանաւոր անդամը դարձանք։ Այդ բոլորն էին, որ գրեթէ ոչինչէն ստեղծեցին ինքնատիպ մշակոյթ մը՝ որ ուրիշ ոչ մէկ ազգի հետ կարելի է՛ շփոթել։ Եւ այդ բոլորին ջանքերով էր, որ ազգը համախմբուեցաւ միասնական մէկ հաւատքի շուրջ եւ կարողացաւ ե՛տ վանել ճակատագրի դառն փորձութիւնները…։
Հազար ու մէկ փոթորիկներ, ալեկոծութիւններ անցան հայ ժողովուրդի վրայով, բայց ո՛չ մէկ արհաւիրք, ո՛չ մէկ տագնապ կարողացաւ հայ ժողովուրդի սրտէն ու մտքէն խլել իր սեփական արժէքները՝ ոչ մէկը կրցաւ անոր հոգիէն արմատախիլ ընել իր արիւնով գնուած Քրիստոնէական հաւատքը եւ իր սեփական մշակոյթը, մայրենի լեզուն, զորս իր պապերը աւանդեցին ու կտակեցին իրեն։
Անոնք կտակեցին չբաժնուիլ, չլքել իր Մայր Եկեղեցին, քանի որ ան ծննդավա՛յրն է Հայ լեզուին եւ Հայ մշակոյթին…։
Ուրեմն այսօր մեզի՝ բոլորին կը մնայ աղօթել Աստուծոյ եւ սրտանց մաղթել, որ Թարգմանչաց ոգին եւ անոնց բազմադիմի շնորհները մնան հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր անհատի հոգիին ու մտքին վրայ։ Եւ ահաւասիկ, այն ատեն է որ ամէն մէկ անհատ իրաւունք կ՚ունենայ հպարտանալ իր արժէքներով՝ իր մշակոյթով, լեզուով, գրականութեամբ։ Արդարեւ անտարբեր մնալ իր սեփական արժէքներուն, աւանդներուն, եւ յետոյ երբ առիթը ներկայանայ պարծենալ, հպարտանք զգալ եւ արտայայտել անոնցմով՝ մէկ խօսքով, կեղծաւորութիւն է, երկերեսութիւն է, եւ անիրաւութի՛ւն։
Կեանքի մէջ ամէն իրաւունք ունի իր փոխադարձ պարտքն ու պարտականութիւնը՝ հատուցումը, եւ անհասկնալի՜ է օգտուիլ միայն օգտակար կողմերէն եւ անտեսել իրականը, պարտաւորութիւնն ու պատասխանատուութիւնը։
Եւ այն որ կը հպարտանայ, կը պարծենայ իր որեւէ ունեցածով, արժէքով, հարկ է հարցնել անոր, թէ՝ ի՞նչ ըրած է այդ ստացուածքին, արժէքին իրաւունք շահելու համար, եւ շարունակել հարցումը, թէ՝ ի՞նչ բան աւելցուցած է իրենց փոխանցուած, աւանդուած արժէքին, գոնէ անոր արժէքը պահպանելու եւ առնուազն թիզ մը արժէք աւելցնելու համար անոր վրայ…։
Յաճախ կը կրկնենք, սիրելու համար պէտք է նախ ճանչնալ։ Եւ ո՞րքան կը ճանչնանք մեր արժէքները՝ մեր լեզուն, մեր գիրը, մեր մշակո՜յթը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 20, 2015, Իսթանպուլ