ՖՐԷԶՆՈՅԻ ՄԷՋ ՔԱՐՈԶ ՄԸ - Բ -
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն Վեր. Յ. Մսըրլեանի խօսած քարոզը՝ Ֆրէզնոյի Հայ Պանդխտաց Ժողովական եկեղեցին՝ 5 Յուլիս, 1953 թուականին։
Քարոզը կը ներկայացնենք նոյնութեամբ՝ իր բնատիպին հաւատարիմ մնալով։
… Ուրա՜խ եմ որ իմ ժամանած րոպէին իսկ ինձ իմաց տուին թէ երկու պսակ կը սպասեն ինձ։ Կը մաղթեմ որ ձեր երիտասարդները շուտ եւ միայն ՄԷ՛Կ ԱՆԳԱՄ ամուսնանան։
Բայց Քրիստոս զիս ամուսնացնելու չի ղրկեց։
Ձեր զաւակներն ու թոռնիկներ գիրկս առած պիտի մկրտեմ, բայց Քրիստոս զիս մկրտելու համար չի ղրկեց։
Ձեր ծիծաղն ու խնդութիւնը, ցաւն ու վիշտը ի՛մս պիտի ըլլան եւ ես պիտի շաղուիմ ու շաղախուիմ ձեր կեանքին հետ մինչեւ որ դուք ի՛մս ըլլաք եւ ես ձերը։
Բայց Քրիստոս զիս ծիծաղելու եւ վիշտերու տէր ըլլալու համար չի ղրկեց։
Հապա Աւետարանը քարոզելու ղրկե՛ց։
«Վասնզի ես երբ Աւետարանը քարոզեմ՝ ինծի պարծանք մը չկայ, որովհետեւ իմ վրաս հարկ մըն է։ Մանաւա՛նդ վա՜յ է ինձ եթէ Աւետարանը չքարոզեմ»։ Ամէնուդ հետ ամէն բան պիտի ըլլամ մինչեւ որ Քրիստոս ձեր մէջ ձեւակերպուի։
Եւ ի՞նչ է այս Աւետարանը։
Կոտրած սրտերու բժշկութիւն, գերիներու ազատութիւն, սգաւորներու մխիթարութիւն, ծերերու արծիւի զօրութիւն, երիտասարդաց սրբութիւն, մեղաւորաց փրկութիւն եւ արդարներուն կենաց պսա՛կ է։
Մարդ ըսածդ Աստուծմէ մոլորած անպատասխանատու կեանք մը կ՚ապրի։ Գիտութեամբ, կրթութեամբ, եւայլն մարդ չի կրնար անպատասխանատու վիճակէն ազատիլ։ Ախտը հոգիին խորն է եւ հետեւաբար ամբողջ կեանքը կ՚ապականէ։ Գոհութիւն Աստուծոյ որ Յիսուս Քրիստոսով հին մարդը, ցանկութիւններով ապականած կը մեռնի, եւ նոր մարդը կը ծնի արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով։
Աստուած Յիսուս Քրիստոսով մեզի եկած է։
Աստուած Յիսուս Քրիստոսով մեզ Իրեն միացուցած է։ Այլեւս օտար չե՛նք, հապա տնեցի. Անոր անուան հաւատալով։
Ուստի, Եսայի մարգարէին նման կ՚ըսեմ.
«Սիոնի սիրոյն համար պիտի չլռեմ, ու Երուսաղէմի սիրոյն համար պիտի չհանդարտիմ, մինչեւ որ անոր արդարութիւնը լոյսի պէս ու անոր փրկութիւնը լուսաւոր ջահի պէս ճառագայթէ»։
Աստուած ինձ իր Սուրբ Հոգւոյն զօրութիւնը եւ ձեզի ալ երկնային իմաստութիւն եւ բաց սիրտ մը շնորհէ որ այս Աւետարանին մասնակից ըլլանք։
5 Յուլիս 1953
Վեր. Յ. Մսըրլեան
Ահաւասիկ, ճշմարիտ, իրաւ հոգեւորականի մը անկեղծ արտայայտութիւնները, որոնք տիպար մը կը ներկայացնեն հոգեւոր ծառայութեան, իսկական հոգեւորականութեան։
Ուրեմն ճանչնանք այս քարոզը խօսող անկեղծ եւ տիպար հոգեւորականը՝ իր կենսագրական ընդհանուր գիծերով։
Վերապատուելի Յարութիւն Մսըրլեան, իր շրջանին նորընտիր հովիւը «Պանդխտաց Հայ Ժողովական Եկեղեցւոյ» Ֆրէզնօ ժամանելէ յետոյ՝ իր առաջին քարոզը խօսեցաւ 5 Յուլիս 1953 թուականին՝ խուռն բազմութեան մը։
Վերապատուելի Արշակ Հիւսեան՝ եկեղեցւոյ նախկին հովիւը, զինք ներկայացուց ներկայ ժողովուրդին, պատշաճ խօսքերով։
Վերապատուելի Յարութիւն Մսըրլեան ծնած է Քեսապ։ Փոքր տարիքին որբ է մնացած եւ որդեգրուած է օտար ընտանիքի մը կողմէ. այս բարերար ընտանիքը խնամած է զինք։ Աւելի վերջ իր ազգականները գտած են զինք եւ յանձնած՝ Մերձաւոր Արեւելքի Քօմիթէին, որուն հոգետարութեամբ եւ խնամատարութեամբ մեծցած եւ դաստիարակուած է։
Հալէպի Գոլէճը աւարտելէ վերջ՝ Պէյրութի Համալսարանէն յաջողապէս ընթարցաւարտ եղած է։
Մինչ Հալէպի մէջ կը ծառայէր իբրեւ քրիստոնէական առաջնորդ, երիտասարդներու եւ ուսուցիչ հոգեբանութեան եւ աստուածաբանութեան ճիւղերու, հրաւէր ստացաւ Շիքակոյի Հայ Ժողովական եկեղեցիէն։
Ընտանեօք Շիքակօ հասաւ 1947 թուականին ու վեց տարիներ օգտաշատ ծառայութիւններ մատոյց իր համայնքին։
Իր դաստիարակութիւնը աւելի ճոխացնելու փափաքով ինք անմիջապէս մուտք գործեց Շիքակոյի Համալսարանը եւ ընթացաւարտ եղաւ «Աստուածաբանական Ճեմարան»էն։
Ամէն մարդ, անխտիր գոլէճի կամ համալսարանի աշակերտ կրնայ չըլլալ։ Սակայն դպրոց մը՝ ուր ամէն ոք պէտք է մտնէ, այդ ալ Քրիստոսի դպրո՛ցն է՝ որուն ուսուցիչը, Վարդապետը Քրիստոս Ի՛նքն է։ Արդարեւ, Ան սա հրաւէրը կ՚ուղղէ ամբողջ մարդկութեան.
«Եկէ՛ք ու սորվեցէք»։
Այդ դպրոցին մէջ՝ Քրիստոսի Դպրոցին մէջ պիտի սորվինք՝ «մարդ ըլլալ», «կատարեալ մարդ, աստուածանման մարդ» ըլլալ։ Գիտութիւններուն ամենէն բարձրը, կրթութիւններուն ամենէն ազնիւը, փիլիսոփայութիւններուն ամենէն խորունկը, գեղար-ւեստներուն ամենէն գեղեցիկը մա՛րդ ըլլալու գիտութիւնն է, եւ ապրիլ գիտնալու ար-ւեստը։
Քրիստոսի դպրոցին դասընթացքին առաջինը կը գտնուի Քրիստոսի սա խօսքերուն մէջ.
«Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Քրիստոս քա՛ջ ըլլալ կը սորվեցնէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 21, 2016, Իսթանպուլ