ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՈԳԻՆ

«Թէպէտեւ կան շնորհներու զանազանութիւններ, բայց Հոգին նոյնն է։ Եթէ կան պաշտամունքի զանազանութիւններ, բայց Տէրը նոյնն է։ Եթէ կան գործողութիւններու զանազանութիւններ, բայց նոյնն է Աստուած, որ կը գործէ ամէն բան ամենուն մէջ։ Բայց իւրաքանչիւրին տրուած է Հոգիի յայտնութիւն՝ ամէն մէկուն օգտին համար։ Մէկուն՝ Հոգիէն տրուած է իմաստութեան խօսք, միւսին՝ գիտութեան խօսք՝ նոյն Հոգիէն, միւսին՝ հաւատք՝ նոյն Հոգիով, միասին՝ բժշկութիւններու շնորհ՝ նոյն Հոգիով, միւսին՝ զօրաւոր գործերու կարողութիւններ, միւսին՝ մարգարէութիւն, միւսին՝ հոգիները զանազանելու շնորհ, միւսին՝ լեզուներու տեսակներ, միւսին՝ լեզուներու թարգմանութեան շնորհ, բայց այս ամէնը միեւնո՛յն Հոգին է որ կը գործէ, եւ կը բաժնէ իւրաքանչիւրին՝ ինչպէս որ կը կարենայ», (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 4-11)։

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, իբր առաքելական ընթերցուած՝ Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղուած առաջին նամակին վերոյիշեալ հաստուածը կը կարդացուի։

Արդարեւ, Յունաստանի կարեւոր քաղաքներէն մէկն էր Կորնթոս, որ Աքայիա նահանգի մայրաքաղաքն էր։ Այնտեղ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ հիմը դրուեցաւ Պօղոս առաքեալի ձեռքով, երբ առաքեալը 18 ամիսներ այնտեղ մնաց, առաքելական իր 2-րդ ճամբորդութեան ընթացքին։

Կորնթոս քաղաքը ծաղկուն եւ հռչակաւոր էր ոչ միայն վաճառականութեամբ, այլ նաեւ մշակութային եռուն կեանքով, իմաստասիրական ու կրօնական շարժումներով, որովհետեւ ամենազգի քաղաքացիներ կ՚ապրէին այնտեղ։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճարով է որ հատուածը մեծ մասամբ կը յարմարի Սրբոց Թարգմանչաց ոգիին, անոր արտայայտութեան եւ թարգմանիչներու կատարած մեծ գործին՝ մշակութային կեանքի բարգաւաճման եւ պահպանման տեսակէտով։

Հատուածին բովանդակութեանը մէջ Հոգիին շնորհներուն պէսպիսութիւնը կը նկարագրուի։

Արդարեւ, Թարգմանչաց տօնը առիթ մըն է անգամ մը եւս պանծացնելու Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ մեր մէջ հիմնաւորուած եւ հաստատուած գործին ճիւղաւորումը եւ ճառագայթումը ապագայ դարերու մէջէն, կազմութեամբը գրական-մտաւորական զանազան սեռերու, որոնց ամէն մէկը իր ուրոյն առանձնաւորումին մէջ ցոյց կու տայ միեւնո՛յն հոգիի մը՝ կրօնաշունչ մշակոյթի սէրը եւ համակրանքը նոյն ոգիին՝ արգասաւորիչ ուժը։

Ուստի ինչպէս մարմինին մէջ կազմուած այլազան գործարանները բոլորն ալ նոյն արիւնէն է, որ կ՚ընդունին իրենց սնունդը եւ զօրութիւնը, նո՛յնպէս Աստուածաշունչէն բեղնաւորուած գրականութեան բոլոր ճիւղերը մէ՛կ փրկարար եւ աստուածային զօրութենէ մը կը ստանան իրենց կենդանութիւնը։ Ո՜րքան ազդու, ո՜րքան տպաւորիչ նմանութիւն, եւ ո՜րքան ճի՛շդ դատում մանաւանդ մտաւորական եւ մշակութային կեանքի էութեան նկատմամբ։

Իսկ Մարկոսի Աւետարանին ԺԲ գլխուն 35-44 համարները կը շօշափեն երեք գաղափարներ, որոնք ներքին յարաբերութիւն մը ունին Թարգմանչաց տօնին ոգիին եւ գաղափարին հետ։

Ուստի, առաջինով՝ Յիսուս կը բացատրէ իրեն այնքան սիրելի սա մտածումը, թէ ժողովուրդները քաղաքական կեանքէն առաջ եւ աւելի՝ պէտք է բարոյական կեանքին ձգտին. այս վերջինն է որ կը շինէ առաջինը. հակադարձը ճիշդ չէ բնաւ, «Որդի Դաւթի»ին մէջ Դաւիթի քաղաքական գահուն յաջորդ մը փնտռելէ աւելի՝ պէտք է ջանալ տեսնել մանաւանդ անոր երգած եւ կանխասացած «հոգեւոր թագաւորութեան» ներկայացուցիչը. Իսրայէլի ժողովուրդը իր իսկ ճակատագրի՛ն բարերարած կ՚ըլլայ՝ երբ այդ առումով հասկնայ Մեսիան, եւ այդպիսի վեհապետի՛ մը մանաւանդ կարենայ ցանկալ։

Երկրորդով՝ անցողաբար թէեւ, բայց խստիւ կը պախարակէ արտաքնայարդար ձեւապաշտութիւնը, որ ընկերային կենցաղի եւ կրօնական կեանքի մէջ հաւասարապէս արգելք կը դառնայ անկեղծութեան, երեւոյթներու տակ խեղդելով յաճախ բարոյականը եւ պարկեշտութիւնը, պէտք է, ըսել կ՚ուզէ, մտադիր ըլլալ աւելի հոգեւորին՝ որ, թէ՛ անհատներուն եւ թէ հաւաքականութիւններու ներքին կեանքին մէջ կը բարգաւաճի առաւելապէս եւ յատկապէս, երրորդո՛վ։

Եւ երրորդով՝ իրեններուն խղճին մէջ կ՚ուզէ տպաւորել այն տեսութիւնը, թէ հոգեւորի նուիրումը ամբողջական պէտք է ըլլայ եւ ո՛չ մասնական. ընդունելի չէ Աստուծոյ՝ միայն մտքի, զոր օրինակ, կամ լոկ սրտի, եւ կամ մի միայն այս կամ այն կարողութեան կամ ինչ ինչ յօժարութիւններու ընծայաբերութիւնը. պատարագը պէտք է բոլորանուէր ըլլայ՝ սուրբ ըլլալու համար. մարդս պէտք է քաջութիւնը ունենայ ողջակիզուելու իր պաշտած իտէալին սեղանին վրայ, եւ ասիկա ճշմարիտ է որքան անհատի մը՝ նո՛յնքան եւ ժողովուրդի մը համար։

Ո՛չ թէ իր քիչ կամ շատ ունեցածէն մաս մը միայն, այլ ամբողջ ունեցածը տայ մարդ բարի նպատակներու. այս է ճշմարիտ բարոյականին պահանջը։ Եւ ահաւասիկ, այս սկզբունքը Յիսուս կը պատկերացնէ եւ կը պատկերազարդէ «Այրիին լումային» տեսարանով, (ՄԱՐԿ. ԺԲ 41-44), (ՂՈՒԿ. ԻԱ 1-4), առակի մը հմայիչ գեղեցկութիւնը ունեցող այն նկարագրութեամբ, որ պատմութիւն մըն է սակայն։

Ուստի ճշմարիտ եւ անկեղծ նուիրումին արժէքը ո՛չ թէ քանակին, այլ անոր որա՛կին մէջ կը կայանայ։

Աստուծոյ տրուած նուէրին իսկական արժէքը գումարին նիւթական չափը չէ, այլ զոհողութեան չափն է, անոր համար այն այրիին նուէրը, իրօք շատ աւելի եւ շատ մեծ է, քան թէ հարուստներուն նշանաւոր գումարները։ Ողորմութեան արժէքը համեմատականի վրայ է հիմնուած։

Մշակոյթն ալ, ահաւասիկ, նո՛յնպէս «ամբողջական նուիրում» կը պահանջէ՝ սրտով եւ միտքով եւ մանաւանդ անկեղծութեամբ տալ՝ ի՛նչ որ ունի մարդ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 16, 2018, Իսթանպուլ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2018