ԱՌԵՂԾՈՒԱԾ Է ԿԻՆԸ

Մեր թուականէն 112 տարիներ առաջ՝ 1910 թուականին Պոլսոյ մէջ Յ. Գ. Փալագաշեան տպարանէն ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանութեամբ լոյս կը տեսնէ ֆրանսացի գրող-բժիշկ տքթ. Բօլ տը Րէկլայի «Կանացի վատասերում» աշխատութիւնը, որուն հեղինակը կինը կը նմանցնէ ծովու մը, որ իր խաղաղութեան մէջ գեղեցիկ, սակայն իր փոթորկութեան մէջ սարսափելի կը դառնայ, անլուծելի հանելուկի մը վերածելով իր քաղցր՝ միաժամանակ դաժան էութիւնը:

Դարեր շարունակ բազմաթիւ կնոջ առընչուած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ տեղի ունեցած են. որոշ ժամանակաշրջան կնոջ գոյութիւնը նկատած է անկարեւոր եւ կինը՝ աղախին ու ծառայ, ուրիշ ժամանակաշրջան մը կինը նկատած է պատուհաս ու պատիժ, ուրիշ մը հաճոյքի «առարկայ», անզգացում ու անբան արարած մը՝ մինչեւ հասնելով մեր օրերը, ուր կնոջ համար մարդիկ ատակ են մինչեւ իսկ մարտ յայտարարել: Բոլոր ժամանակաշրջաններուն սակայն կինը շարունակած է տղամարդուն համար անլուծելի առեղծուած մը եւ մինչեւ օրս կը մնայ այդպէս, որովհետեւ նոյն կնոջ մէջէն ծնունդ կրնայ առնել բարեսիրտ ու բարեսէր անմեղսունակ մայր մը եւ նոյն կնոջ մէջէն կրնայ ծնունդ առնել զարհուրելի ու սարսափելի անհատ մը. նոյն կինը կրնայ անկեղծօրէն լալ սիրոյ մը համար, իսկ մի քանի օրեր ետք անխղճութեամբ ուրիշը նոյն լացին մատնել ու երբեւէ չազդուիլ: Կրնայ անսահման սիրել, սակայն յաջորդ օրն իսկ անսահման ատելութիւն ունենալ: Առեղծուած է կինը, որովհետեւ օր մը վստահելով իր ուժերուն իւրովի կ՚ուզէ ապրիլ, պայքարիլ, ցաւիլ ու մարտնչիլ, իսկ յաջորդ օր փնտռել արուին պաշտպանութիւնն ու նեցուկը եւ այդ պաշտպանուելու սէրն է պատճառը, որ աղջիկ զաւակներ աւելիով կապուած կ՚ըլլան իրենց հայրերուն՝ քան տղայ զաւակները, որովհետեւ հօր թիկունքը ապահովութիւն կու տայ անոնց:

Կինը կը մնայ հանելուկ, որովհետեւ խստագոյնս տէր կը կենայ իր պատուին, արժանապատուութեան, սակայն անդին նոյն սեռին պատկանող այլ կին մը տերեւաթափուելով այդ բոլորէն աճուրդի կը հանէ թէ՛ պատիւը եւ թէ՛ արժանապատուութիւնը: Կինը կը մնայ առեղծուած, որովհետեւ իր մէջ կը պարունակէ բոլո՛ր ծայրայեղութիւնները եւ շատ անգամ միատեղ: Մարդկային հասկացողութեամբ թէեւ նոյն աղբիւրէն թէ՛ քաղցր եւ թէ՛ լեղի ջուր չի կրնար հոսիլ, սակայն կնոջ մէջ կը միանան այդ բոլորը, կը ձուլուին ու կը վերածուին առեղծուածի:

Որոշ ժամանակ տղամարդը ինքզինք ամենագէտ նկատելով կ՚անտեսէր կնոջ կարողութիւններն ու ազդեցութիւնը. մինչեւ իսկ թրքական եւ արաբական առած մը կը համարձակէր կնոջ միասին ըսել. «կիները երկայն մազ եւ կարճ խելք ունին» (saçı uzun aklı kısa). տղամարդը կնոջ խօսիլը կ՚արգիլէր եւ միաժամանակ զինք կը մեղադրէր իր անխօսութեան համար եւ ունէ՛ր այդ իրաւունքը. այդ իրաւունքը ստեղծուած էր տղամարդո՞ւ կողմէ, թէ ոչ կինը ի՛նք տուած էր առիթ դարեր շարունակ ենթարկուելով տղամարդու իշխանութեան՝ չեմ գիտեր, սակայն բացայայտ էր, որ կնոջ կեանքը՝ հակառակ մերօրեայ ըմբռնումներուն գերութիւն մըն էր պարզապէս:

Մեր թուականէն 150 տարիներ առաջ՝ 1872 թուականի «Մշակ»ի 13-րդ թիւին մէջ Գ. Ա. ստորագրութեամբ յօդուածագիր մը հետեւեալ մտածումներով կը բացատրէ այդ ժամանակուան կնոջ կեանքը.- «Մայրը վայրենի է, կինը անոր գը-րաստը: Մարդը զինուորական ցեղի մը անդամն է, իսկ կինը անոր գերին, անոր ստրուկն է: Մարդը երկրագործն է՝ կինը անոր ծառան». սակայն բարեբախտաբար հայ մտաւորականութիւնը գրեթէ կանխելով բազմաթիւ ուրիշ պետութիւններ՝ գիտակցեցաւ, թէ կինը է այն՝ ինչ որ է տղամարդը, սակայն անոր ազատութեան որպէս երաշխիք կարեւոր նկատեց կրթութիւնը եւ դարեր շարունակ գիր-գրականութենէն հեռու մնացած կինը սկսաւ մօտեցնել ուսումի եւ գիտութեան:

Իւրաքանչիւր ժամանակ սակայն առաջ քշեց իր ըմբռնումները եւ վերոյիշեալ «ծառան» դարձաւ հաւասար, նոյնիսկ փորձեց գերազանցել զայն եւ ստեղծեց ներկայ ընկերութիւնը:

Անցեալի եւ ներկայի դժբախտութիւնը հիմնականին կը կայանայ հետեւեալին մէջ. երբ կը խօսինք, թէ կինը անցեալին ծառայի դերավիճակին մէջ կը գտնուէր, կը խօսինք մեծամասնութեան մը մասին. անոնց մեծ մասը դժբախտ զոհերն էին այդ բոլորին, սակայն այսօր չենք կրնար նման ընդհանրացում մը կատարել, որովհետեւ միատեսակութենէն անցած ենք բազմատեսակութեան եւ այսօր աշխարհի վրայ ունինք թէ՛ նոյն ծառայի ոգիով ապրողը, թէ՛ ինքզինք տղամարդուն համահաւասար նկատողը եւ մինչեւ իսկ ինքզինք տղայէն ալ բարձր դիրքի վրայ տեսնողը, որովհետեւ մեր դարը այլազանութեան եւ տեսակաւորման դար է:

Այնպէս ինչպէս այսօրուան կինը տարբեր է երէկուանէն, նոյնպէս ալ վստահ ենք, որ վաղուանը նման պիտի չըլլայ այսօրուանին. ժամանակներուն փոխուեցաւ նաեւ տղամարդը, փոփոխութիւն կրեց անոր մտածելակերպը, ըմբռնումներն ու համոզումները եւ յաջողեցաւ շատ մը քարացած գաղափարներ փշրել եւ անոնց տեղ նորերը դնել. մարդկային տեսակէտով այս մէկը անհրաժեշտ էր, սակայն դարձեալ կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ, որովհետեւ մարդ արարածը գրեթէ ամէ՛ն անգամ որ փորձեց յօնք շտկել... մի՛շտ ալ աչք հանեց:

Տասնեակ մը տարիներ ետք աւելի բացորոշ կը դառնայ արդիւնքը յօնք շինելուն եւ մաղթեմ, որ 150 տարի առաջուան գերութեան համար երանի՜ մը չկարդայ մարդկութիւնը, տեսնելով օրէ օր աւելի այլասերող նոր սերունդի անմարդկային ըմբռնումներն ու անսկզբո՛նք սկզբունքները...:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -80-

Այնպէս ինչպէս տարօրինակ են կիները... նոյնքան ալ տարօրինակ են շատ անգամ տղաքը...: Աւելի քան վեց տարի բժշկութիւն ուսանող աղջկան մը ընկերը վերջերս ինքնավստահ վերպով կ՚ըսէր. «Ես ամուսնանամ իմ կինս իրաւունք չունի աշխատելու...». տղան նիւթապէս աղքատ՝ հպարտութիւն ու արժանապատուութիւն շահած կը կարծէր իր կնոջ աշխատիլը արգիլելով, մինչ իր ապագայ կինը իր մասնագիտութեամբ շա՜տ աւելի գումար կրնայ վաստակիլ՝ քան ինք:

Նոյն այս երիտասարդին մօտ նկատեցի 1800-ականներու ստրկութեան նոյն համոզումները. իր «ընկերուհին» պարտաւոր էր զինք տեղեկացնել իւրաքանչիւր քայլափոխէն. ո՛ւր կ՚երթայ, ո՛ւրկէ կու գայ, ի՛նչ կ՚ընէ... եւ այս բոլորը գրեթէ մի՛շտ եւ ամէն վայրկեան: Ժամանակ մը ետք իմացայ, որ տղան իր հեռախօսին մէջ կը ստանայ բոլո՛ր այն նամակները՝ որոնք ուղղուած են աղջկան: Փաստօրէն աղջիկը ո՛չ մէկ անձնական կեանք, ո՛չ մէկ սեփական որոշում ու կեանք ունի: Որոշ ժամանակ ետք տղան սկսաւ որոշել նաեւ, թէ որու հետ կրնայ տեսակցիլ ու խօսիլ ու որու հետ ոչ...

Այս բոլորէն ետք կը զարմանամ իրօ՞ք կոյր են աղջիկները... որ չկարենան տեսնել ապագայի ստրկութեան վտանգը... ուր տան գործ ընողէ մը տարբերութիւն պիտի չունենան՝ բացի ենթարկուելէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2022