ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (Է.)
ՊԱՏԱՆԻՆ ՈՒ ՍՈՒՏԸ
Բնականաբար պատանիին սուտը ամբողջութեամբ կը տարբերի մանուկին սուտերէն, թէեւ կը հաւատանք, որ պատանեկան սուտին մէջ եւս մեծ դեր ունի մանկական սուտի կրկնութիւնը: Մանկութեան ժամանակ անզգալաբար եւ կամ վախի ազդեցութեան տակ գործածուող սուտը պատանեկութեան արդէն կը վերածուի վարքագծի եւ բնաւորութեան:
Պատանեկան այս տարիքին մեր զաւակները մարմնական ու հոգեկան զանազան փոփոխութիւններ կ՚ապրին. այս փոփոխութիւններուն տակաւին անծանօթ պատանին յաճախ իր հետ կատարուածները կը նախընտրէ ծածուկ պահել, մինչեւ լաւապէս ըմբռնէ անոնց ինչ ըլլալը. սակայն յայտնենք, թէ կրնայ ամբողջութեամբ հակառակը պատահիլ. այդ մէկը յարաբերական է ծնողքին եւ պատանիին միջեւ գոյութիւն ունեցած յարաբերութեան ուժգնութենէն, ինչպէս նաեւ անոր մէջ մեծ դեր կրնայ ունենալ մարդու խառնուածքը:
Մեր զաւակներուն մօտ այդ պատանեկան տարիքին է, որ աւելի իր տեղը կը գտնէ խայտառակուելու եւ կամ հակառակը՝ լաւ երեւելու մարդկային մտահոգութիւնը եւ յաճախ իրենց «հանրային» դէմքն ու ինքնութիւնը բարձր պահելու համար պատանիներ կը դիմեն սուտի. օրինակի համար, անոնք նոյնիսկ եթէ տան մէջ մօր բարկութեան կ՚արժանան, հանրութեան մէջ կը ժխտեն այդ մէկը, իրենց «մեծ» ըլլալը փաստելու եւ հասակակիցներու դիմաց ընկճուած չզգալու համար: Պէտք է նկատի ունենանք, որ այդ տարիքին պատանիին սուտերը առաւելաբար իր այդ «բարձր» դիմագիծը պահելու շուրջ կը դառնայ եւ ան յանձն կ՚առնէ ամէն սուտ պահելու համար իր թերութիւնները: Անոնք նոյնիսկ կրնան ստեղծել երեւակայական ձեռքբերումներ, իրենց այդ դիրքն ու պատկերը աւելի բարձր ցոյց տալու համար:
Պատանիներ կը ստեն, որովհետեւ կ՚ուզեն թէ՛ իրենք իրենց անձին եւ թէ շրջապատին փաստել իրենց ինքնավառութիւնը. օրինակ՝ որոշ ժամանակ ետք կը նկատուի, որ անոնք կը սկսին ստել իրենց գտնուելու վայրին եւ կամ ընկերային շրջանակներու մէջ ունեցած այս կամ այն դրական եւ կամ ժխտական իրադարձութիւնները:
Անոնք եւս կը ստեն պատիժի վախի ազդեցութեան տակ, սակայն անոնց եւ մանուկներուն վախը ամբողջութեամբ կը տարբերի իրարմէ. այլեւս անոնք այնքան չեն վախնար հօր կամ մօր բարկութենէն, ինչքան իրենց ինքնութեան վիրաւորումի վախէն. օրինակի համար, պատանիի մը համար չկայ աւելի ահաւոր բան քան ծնողքի կողմէ հանրութեան, հասակակիցներու, մա՛նաւանդ հակառակ սեռի ներկայութեամբ պախարակուելէ:
Պատանիները դէպի սուտ առաջնորդող մէկ այլ երեւոյթը անոր միջեւ ծնող հետաքրքրութիւնն է. պատանիները՝ մանաւանդ մերօրեայ պատանիները իրենց այդ տարիքին հետաքրքրութեամբ կը փորձեն ոգելից ըմպելիներ, կ՚ուզեն հասկնալ, թէ ինչպիսի «հաճոյք» մըն է ծխելը եւ իրենց այդ հետաքրքրութիւնները կը փորձեն ծածկել սուտի օգնութեամբ: Շատ մը երեւոյթներ ուսումնասիրելու փափաքը նոյնիսկ ամենէն «պարկեշտ» պատանին անմեղ սուտի մը կը մղէ:
Պատանիներու ստելու մէկ ազդակը ամչկոտութիւնն է. անոնք յաճախ իրենց հետ կատարուող բնական ու մարդկային երեւոյթները որպէս «ամօթ» ընկալելով հաղորդակցութեան բաց մը կը ստեղծեն իրենց եւ ծնողներուն միջեւ: Օրինակի համար, կրնան յատուկ համակրանք մը ունենալ դասարանցի այս կամ այն աղջկան նկատմամբ, ինչ որ դիւրաւ հասկնալի կը դառնայ մեծահասակներու կողմէ, սակայն անոնց կողմէ տրուած ամէն հարցում մերժումի կ՚արժանանայ:
Պատանիներու ստելու պատճառներէն մին սեփական տարածքի եւ գաղտնութեան ստեղծումն է. անոնք կը սկսին իրենք իրենց որպէս «մեծ»եր տեսնել եւ իրենց իրաւունք կը վերապահեն անձնական կեանք մը ունենալու՝ սեփական գաղտնիքներով եւ շատ անգամ անիմաստ գաղտնիքներ անոնց համար մեծ նշանակութիւն կրնայ ունենալ, որովհետեւ այդ մէկը իրենց սեփականն է եւ հետեւաբար յատուկ է եւ գաղտնի, որ ամէն մարդ չի կրնար գիտնալ՝ շատ անգամ նոյնիսկ ծնողքը:
Ծնողներ՝ մանաւանդ մանկավարժական մթնոլորտէ հեռու ապրող ծնողներ պարտին գիտնալ, որ պատանիին համար ստելը յաճախ ճնշուած առօրեայէն դուրս գալու միջոց մըն է:
Որպէսզի պատանիները չստեն, առաջին հերթին պէտք է ծնողներ դուրս գան պատանին «մանուկ» տեսնելու հասկացողութենէն եւ անոր ԵՍ-ը շոյելով զինք մեծահասակի տեղ դնեն: Անտեսելու փոխարէն լրջութեամբ լսեն անոր կարծիքները, պատմութիւններն ու զգացումները, որովհետեւ անոնց մէջէն սուտը դուրս հանելու լաւագոյն ձեւերէն մէկը առողջ յարաբերութիւն ստեղծելն է: Այդ յարաբերութեան մէջ մեծ դեր ունի սէրը. այդ յարաբերութեան հիման վրայ յառաջ կու գան համարձակ ու ինքնամփոփ պատանի-երիտասարդները. կը տեսնենք պատանիներ՝ որոնք առանց ամչնալու կ՚երգեն, սակայն կը տեսնենք այլ պատանիներ, որոնք լաւ ձայն մը ունենալով հանդերձ կը քաշուին հանրութեան դիմաց երգելէ: Յաճախ կը կարծենք, որ անոնք մարդուն բնաւորութեան մաս կը կազմեն, սակայն դաստիարակութիւնը մեծ դեր ունի անոր մէջ եւ ապագային պիտի խօսինք նաեւ համարձակութեան եւ ամչկոտութեան մասին:
Պատանիին մէջ սուտը կանխելու լաւագոյն միջոցը սուտ չխօսիլն է, որովհետեւ ծնողներ յաճախ իրենք իրենց ինչքան ալ «ճարպիկ» կարծեն, պատանին կը նկատէ այդ բոլորը եւ լաւապէս կ՚ըմբռնէ հօր կամ մօր ըսած սուտերը, այդ իսկ կարելի չէ զաւակէ մը պահանջել սուտ չխօսիլ, երբ զաւակը լաւապէս գիտէ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս իր հայրը կամ մայրը կը ստեն: Ոչ միայն մանկութեան, այլ պատանեկութեան եւս ծնողներ պարտին իրենց ապրելակերպով օրինակ դառնալ:
Ծնողներ յարգեցէք ձեր պատանիներուն գաղտութիւնն ու անձնական զգացումներն ու մտածումները. յարգեցէք նախասիրութիւնները եւ մեր հայկական աւանդութեան համաձայն «դուն պզտիկ ես, լռէ՛» մի՛ ըսէք, այլ թոյլ տուէք, որ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ ինք եւս արտայայտէ իր մտածումներն ու կարծիքները, որովհետեւ աշխարհի գրեթէ բոլոր վատութիւնները անտեսուած պատանեկութիւն մը ունեցած երիտասարդներու կողմէ կը գործուի:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -378-
Պէտք է խոստովանիմ, որ մանուկ եւ պատանի եղած ժամանակ շատ չար էի եւ յաճախ այդ չարութիւններու իրագործումը սուտ խօսիլ կը պահանջէր: Օրինակի համար, արեւահար չըլլալու համար մայրս օրէնք դրած էր, որ հեծանիւ քշելու համար պէտք է սպասել մինչեւ ժամը հինգ. օր մը այդ ժամը հինգը կարծես չեկաւ...
Աթոռի մը վրայ բարձրանալով ժամացոյցը վար բերի եւ ժամը երեքը վերածեցի ժամը հինգի եւ զգուշութեամբ ժամացոյցը տեղը դրի. մօրս ձեռքէն բռնելով բերի ճաշասենեակ եւ ժամացոյցը մատնանշելով գացի հեծանիւ վարելու։ Վստահաբար պատիժը անխուսափելի էր, սակայն նպատակս իրագործուած էր եւ ժամը երեք ըլլալով հանդերձ ժամը վերածուած էր հինգի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան