ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԸ
Տէրունական աղօթքով՝ մենք կը պարզուիք մենք մեզի եւ միաժամանակ Հայրը կը պարզուի մեզի, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագենացի։
Որդեգրութեան ձրիաբաշխ պարգեւը մեզմէ մշտատեւ «դարձ» մը եւ «նոր կեանք» մը կը պահանջէ։ Ուստի, «Հայր մեր»՝ Տէրունական աղօթքը մեր մէջ երկու հիմնական տրամադրութիւն կ՚աճեցնէ. Հօր նմանելու փափաքը եւ կամքը։ Թէեւ ստեղծուած էինք Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ, սակայն այս նմանութիւնը շնորհքի զօրութեամբ մեզի վերստին տրուեցաւ եւ մենք պարտաւո՛ր ենք այդ շնորհքին համապատասխանել, ինչպէս կ՚ըսէ նաեւ Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագենացի. «Երբ Աստուած -Հայր- կը կոչենք՝ -մեր Հայրը-, հարկ է որ յիշենք, թէ պարտաւո՛ր ենք իբրեւ Աստուծոյ որդիներ վարուիլ»։
«Չէք կրնար ամենայն բարութեանց Աստուածը ձեր Հայրը կոչել, երբ ձեր մէջ անգութ եւ անմարդկային սիրտ մը կը կրէք. որովհետեւ այս պարագային՝ դուք երկնաւոր Հօր բարութեան դրոշմը ձեր մէջ չէք կրեր», կ՚ըսէ Ս. Յովհան Ոսկեբերան։
Իսկ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի սապէս կ՚ըսէ. «Հարկ է անդադար վերահայեաց աչքով դիտել Հօր գեղեցկութիւնը եւ մեր հոգին անով տոգորել»։
Արդարեւ, խոնարհ եւ վստահալից սիրտ մը մեզ մանուկներու նման կ՚ընէ. (ՄԱՏԹ. ԺԸ 3), քանի որ Հայրը Ինքզինք «մանուկներուն» կը յայտնէ. (ՄԱՏԹ. ԺԱ 25)։
Սուրբ Յովհաննէս Կասսիանոս կ՚ըսէ. «Ասիկա միայն Աստուծոյ ուղղուած ակնարկ մը, սիրոյ մեծ հուր մըն է։ Հոգին կը ձուլուի եւ կը սուզուի սուրբ սիրոյն մէջ։ Շատ ընտանի ձեւով կը խօսակցի Աստուծոյ հետ, իբրեւ իր հարազատ Հօր հետ՝ զգացուած մասնայատուկ բարեպաշտութեամբ»։
Եւ վերջապէս, Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Հայր մեր. այս անունը մեր մէջ աղօթքով կը հրահրէ սէրը, միանգամայն գուրգուրանքը… ինչպէս նաեւ յոյսը, թէ ի՛նչ որ խնդրենք պիտի ընդունինք…։ Արդարեւ, մեր Հայրը Իր աղօթքով զաւակները ի՞նչպէս կրնայ մերժել, քանի անոնց նախապէս թոյլ տուաւ, որ Իր զաւակները ըլլան»։ Ուստի, Հայր մերին՝ Տէրունական աղօթքին «մեր» ածականը կը հայի Աստուծոյ։ Այս ածականը չ՚արտայայտուիր մեր կողմէն սեփականացում մը, այլ Աստուծոյ հետ բոլորովին նո՛ր յարաբերութիւն մը։
Մենք երկրպագելու ենք Հօր, որովհետեւ Ինք մեզ վերստին ծնաւ Իր Կեանքին, Իր Միածին Որդիով՝ մեզ իբր զաւակները որդեգրեց։ Մկրտութեամբ՝ Ան կը միացնէ մեզ Իր Որդիին Մարմինին, Իսկ Գլուխէն դէպի անդամները սփռուող Իր Հոգիին օծումով, մեզ կ՚ընէ «քրիոտոսներ», այսինքն՝ «օծեալներ»։
«Հայր» եզրը կ՚ենթադրէ խոնարհութեամբ մաքրազտուած սիրտ մը՝ աշխարհի կարգ մը թիւր պատկերացումներէ։ Ուստի «խոնարհութիւն»ը ունենանք ընդունելու՝ թէ. «Ո՛չ ոք կը ճանչնայ Հայրը՝ եթէ ոչ Որդին, եւ նա՝ որուն Որդին ուզէ յայտնել». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 27), այսինքն՝ «մանուկներուն». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 25)։ Սրտին «մաքրազտում»ը կը վերաբերի հայրական կամ մայրական պատկերացումներուն, որոնք ծնունդ են առած մեր անձնական եւ մշակութային պատմութենէն եւ որոնք Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան վրայ կ՚ազդեն։
Աստուած մեր Հայրը՝ կը գերազանցէ ստեղծուած աշխարհին ստորոգութիւնները։
Այս մարզին մէջ մեր միտքերը Անոր վրայ կամ Անոր դէմ տեղադրելը՝ պիտի նշանակէր պաշտելիք կամ տապալելիք կուռքեր կերտել։ Հօր աղօթելը՝ Անոր խորհուրդին մէջ մտնել է, զԱյն ճանչնալ է ինչպէս Որդին զԱյն մեզի յայտնեց։ Մենք կրնանք Աստուած «Հայր» կոչել, քանի որ Իր մարմնացեալ եւ մարդացեալ Որդին զայն մեզի ա՛յդպէս յայտնեց, Հոգին ալ զԻնք մեզի ա՛յդպէս ճանչցուց։ Ինչ որ ո՛չ մարդը կրնայ ըմբռնել եւ ոչ ալ հրեշտակային զօրութիւնները ընդնշմարել…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 25, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024