ԱՆՁ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՒՆ - Զ -

Ստո­րեւ, կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել ա­նուն­նե­րու ի­մաստ­նե­րը՝ ո­րոնք ան­բա­ժան են «Անձ»էն եւ կը նոյ­նա­նան ա­նոր հետ։ Մարդ իր կրած ա­նու­նով է որ կը զա­տո­րո­շո­ւի եւ անձ մը, ինք­նու­թիւն կը կ՚ըլ­լայ մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան մէջ։

Կրո­նի­դէս= Որ­դին է՝ ժա­մա­նա­կի չաս­տուած Կրո­նո­սի։ Հա­յե­րէն գոր­ծա­ծու­թեան մէջ, յա­ճախ, այս ա­նու­նը սո­վո­րու­թիւն է ե­ղած գրել ու ար­տա­սա­նել՝ որ­պէս «Կրօ­նի­դէս», շփո­թե­լով զայն «կրօն» բա­ռին հետ ի՛նչ որ սխալ է (Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան)

Հա­բիբ= բա­րե­կամ, սի­րե­լի

Հա­զար­վարդ= հա­զար թեր­թով վարդ

Հա­լալ= ի­րա­ւա­ցի, ար­դար, մա­քուր

Հալ­ւոր= ա­լե­ւոր, ծե­րու­նի՝ «Ծե­րուն»

Հա­մա­զասպ= հա­ւա­քում, խումբ, բազ­մու­թիւն բա­ռե­րուն հետ՝ ասպ, ձի բա­ռե­րը՝ ան որ խմբով ձիեր ու­նի. նաեւ՝ «Ամ­զասպ»

Հա­մա­կար= հա­մա­զօր

Հա­մամ= վայ­րի ա­ղաւ­նի

Հա­մայ= ա­ռաս­պե­լա­կան թռչուն՝ նշան է բախ­տա­ւո­րու­թեան, ո­րու վրայ նստո­ղը թա­գա­ւոր կ՚ըլ­լար

Հա­մաս­պրու­հի= «հա­մասպ­րամ» ծա­ղի­կի ա­նու­նէն. (հա­մասպ­րամ= ռե­հան, մե­խա­կազ­գի բոյս)

Հա­մաս­փիւռ= «հա­մաս­փիւռ» ծա­ղի­կի ա­նու­նէն՝ ա­մէն կողմ սփռուած, տա­րա­ծուած, իր ա­նու­շա­հոտ բոյ­րը կը տա­րա­ծէ, ա­խոր­ժե­լի բուր­մունք

Հա­մա­վար= մէկ­տեղ խառ­նած, մէկ­տեղ դրած

Հա­մա­ւոր= ա­խոր­ժե­լի, հա­մեղ, ա­նոյշ

Համ­բար­ձում= Քրիս­տո­սի Համ­բարձ­ման ակ­նար­կու­թեամբ ա­նուն

Հա­մեստ= պար­կեշտ

Հայկ= «Orion» հա­մաս­տե­ղու­թեան ա­նունն է. «Հայկ» գոր­ծա­ծուած է «հսկայ» ի­մաս­տով

Հայ­կազն= Հայ­կի ցե­ղէն, սե­րուն­դէն. նա­խա­պէս ա­ծա­կան գոր­ծա­ծուած, եւ ա­պա ա­նու­նի վե­րա­ծուած է

Հայ­կա­նոյշ= «աղ­ջիկ» նշա­նա­կու­թեամբ ա­նուն

Հայ­կա­սեր= Հայ­կի սե­րուն­դէն. Հայ­կէն սե­րած

Հայ­կու­հի= «Հայկ» ա­նուան «ու­հի» ի­գա­կա­նա­կերտ մաս­նի­կով ի­գա­կան ա­նուն. նաեւ՝ «Հայ­կուկ», «Հայ­կոյշ» ձե­ւե­րը

Հա­յոց= հայ ազ­գէն

Հայր= «հայր» բա­ռէն ա­նուն

Հայ­րա­պետ= Կա­թո­ղի­կոս կամ վա­նա­հայր, նաեւ՝ հո­վուա­պետ ի­մաս­տով ա­նուն. գոր­ծա­ծուած է նաեւ՝ «Հե­րա­պետ»

Հա­նէս= «Յով­հան­նէս» ա­նու­նէն

Հա­նիկ= մեծ­հայ­րիկ, տա­տիկ, մեծ­մայ­րիկ

Հան­նա= «Յով­հան­նէս» ա­նու­նէն՝ «Yuhanna»

Հան­ջան= Հան­ճան= «Յով­հան­նէս» ա­նուան փա­ղաք­շա­կա­նը՝ «Օ­հան­ջան»ի նման

Հա­ջա­րի= քար՝ հան­քէն նոր դուրս բե­րուած եւ դեռ չմաք­րուած ար­ծաթ կամ ոս­կի

Հա­ջի= Հա­ճի= մահ­տե­սի

Հա­սան= գե­ղե­ցիկ. այս ա­նու­նը հա­յե­րու մէջ գոր­ծա­ծուած է Թ դա­րէն մին­չեւ ԺԵ դար (Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան)

Հաս­մե­լէք= բուն իսկ հրեշ­տակ

Հա­րա­զատ= նաեւ՝ «Հայ­րա­զատ». հա­յե­րէն «հա­րա­զատ» բա­ռէն ա­նուն

Հարբ= Հարպ= հե­րոս, ռազ­միկ, քաջ, կտրիճ

Հար­կե­ւոր= յար­գե­լի, յար­գոյ

Հար­մա= կրտսեր որ­դի Հայկ նա­հա­պե­տի (կամ՝ Ար­մե­նա­կի)

Հա­ւա­նակ= շուտ հա­ւա­տա­ցող, դիւ­րա­հա­ւան. իս­կա­կան ի­մաս­տը՝ հա­ւա­տա­ցեալ

Հե­թում= առ­ջե­ւի ա­տամ­նե­րը կոտ­րած. նաեւ՝ «Hatem» ա­րա­բե­րէն՝ դա­տա­ւոր. եւ­րո­պա­կան ձեւն է «Othon»

Հե­ղի­նէ= նուի­րա­կան կո­ղով՝ որ գե­ղե­ցիկ ծա­ղիկ­նե­րով զար­դա­րուե­լով կը նուի­րուէր Ար­տե­միս չաս­տուա­ծու­հիին. «Hélène», «Helena», «Helen»

Հեղ­նար= էգ եզ­նիկ

Հե­ջուբ= թա­գա­ւո­րի սե­նե­կա­պան, ա­րա­րո­ղա­պետ

Հե­րակ­լէս= Զեւ­սի որ­դի՝ որ ա­րե­ւի մար­մնա­ցումն է. «Hercule». նաեւ՝ հզօր ու­ժի ժա­մա­նակ. «Հե­րա» կը նշա­նա­կէ՝ Զեւ­սի կի­նը՝ հռչակ, համ­բաւ, քա­ջա­գոր­ծու­թիւն բա­ռե­րէն

Հե­րա­տուկ= մա­զե­րը կտրած (ան­ցեա­լի մէջ՝ նա­խա­տա­կան ա­ծա­կան էր կի­նե­րու հա­մար)

Հե­րիք= բա­ւա­կան, բա՛ւ է. կայ նաեւ՝ «Հե­րի­քա», «Հե­րի­քէ», «Հի­րէք» ձե­ւե­րը

Հեր­մէլ= «փե­գե­նա» սպանդ կո­չուած խոտ՝ որ կարգ մը մշա­կոյթ­նե­րու մէջ կը հա­մա­րուի սրբա­զան ծխե­լիք. «Harmal» կամ «Harmel»

Հեր­մի­նէ= պատ­գա­մա­բեր. «Եր­մո­նէ». «Herminie»

Հեր­մոն= Հրէաս­տա­նի լե­րան ա­նուն. «Ա­մեր­հոն»

Հե­րո­նի­մոս= Ան՝ ո­րուն ա­նու­նը նուի­րա­կան է «Hieronymus» եւ «Jérôme»

Հե­րոս= նուի­րուած

Հեր­սի­լիա= «Hersilia». Ֆլո­րա­նի «Նու­մա Պոմ­պի­լիոս» վէ­պի հե­րո­սու­հի. (Հեր­սի­լիա՝ Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի քրո­ջը ա­նունն էր)

Հի­պե­րի­քոս= բարձ­րա­գոչ

Հմա­յեակ= օրհ­նեալ. «Humayaka»

Հնա­զանդ= հա­յե­րէն «հնա­զանդ» բա­ռը

Հո­լուպ= ա­ղաւ­նի

Հոյ= հո­յա­կապ

Հո­ռի= Հայկ նա­հա­պե­տի որ­դի­նե­րէն մէ­կուն ա­նու­նը

Հո­վա­դեղ= սրտի հո­վաց­ման հա­մար դեղ

Հո­վիկ= «հով» բա­ռի փա­ղաք­շա­կան ձե­ւը

Հու­ռիկ= Հռիփ­սի­մէ ա­նուան կրճատ ձե­ւը

Հռա­դա­միստ= ա­ռա­ջին

Հռա­քէլ= մա­քի՝ էգ ոչ­խար. Յա­կոբ նա­հա­պե­տի կնոջ ա­նու­նը. (եբ­րա­յե­րէն՝ «Raxel»)

Հռիփ­սի­մէ= փո­խա­ռեալ ա­նուն. «Հռիա», «Հո­ռամ­սիմ», «Խո­ռոմ­սի­մի» ձե­ւե­րը

Հրա­հատ= յա­ռաջ բե­րել, ե­րե­ւան հա­նել

Հրանդ= Հրանտ= Հրատն= «հուր  հա­յե­րէն բա­ռէն

Հրա­նոյշ= «Հրա­հատ» ա­նուան կրճատ ձեւը

Հրա­չեայ= հրե­ղէն աչք ու­նե­ցող՝ պայ­ծա­ռա­տես եւ բո­ցակ­նա­գոյն տես­քով.

«Հրա­չիկ» եւ «Հրա­չու­հի» ձե­ւե­րը այս ա­նուան

Հրա­վարդ= կրա­կի նման կար­միր վարդ

Հրար­փի= հրա­փայլ ա­րեւ

Հրե­ղէն= հա­յե­րէն «հրե­ղէն» բա­ռը

Հօ­րոյ= Խո­րե­նա­ցիի հնա­րած ա­նուն մը

Ձա­գիկ= «ձագ» բա­ռի փա­ղաք­շա­կան ձե­ւը

Ձայ­նիկ= «ձայն» բա­ռէն նո­րա­կերտ ա­նուն

Ձո­րե­նի= ծոր պտու­ղի թու­փը

Ձուիկ= թե­թեւ­սո­լիկ, թե­թե­ւա­միտ

Ձօն= նուէր, ըն­ծայ. «Ձօ­նիկ»

Ղա­դամ= Խա­դամ= բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն բե­րող ոտք

Ղա­զալ= եղ­ջե­րուի ձագ, սի­րերգ կամ չոր տե­րեւ

Ղա­զա­րոս= «Ե­ղիա­զար» ա­նուան կրճատ ձե­ւը. ի­մաս­տը՝ «իմ Աս­տու­ծոյ օգ­նու­թիւ­նը». «Lazarus», «Lazare», «Lazzaro». բուն եբ­րա­յա­կան ա­նուն է

Ղամ­բար= հա­յե­րէն՝ կան­թեղ, լոյս, ղամ­բար բա­ռէն ա­նուն

Ղա­սում= եր­դուն ը­նել (ա­րա­բե­րէն՝ «Qasim»)

Ղա­րիբ= պան­դուխտ, զար­մա­նա­լի, տա­րօ­րի­նակ

Ղաւ­րիլ= հնչման հա­մա­ձայն՝ «Գաբ­րիէլ»

Ղե­ւոնդ= Լե­ւոն, «Léon». ա­ռիւծ

Ղու­կաս= յա­րու­թիւն. «Lucas», «Luc», «Luke». նաեւ՝ լու­սա­ւոր (լա­տի­նե­րէն «Lux» բա­ռէն), նաեւ՝ «Lucilia»

Ղուն­կիա­նոս= Ղու­կաս= լու­սա­ւոր. «Lucien»

Ղու­ցի= Ե­րու­սա­ղէմ ուխ­տի գա­ցած

Ճա­պուկ= ճկուն, դիւ­րա­թեք, ա­րա­գա­շարժ

Ճար= դեղ, դար­ման

Ճգնա­ւոր= «ճգնա­ւոր» բա­ռէն՝ հա­յե­րէն

Ճեր­մակ= սպի­տակ

Ճնճղուկ= «ճնճղուկ» թռչնա­նու­նէն

Մա­գա­ղաթ= գառ­նու­կի կա­շի

Մագ­դա­ղե­նի= Մագ­դա­ղե­նա­ցի= «Magdelen», «Madelaine», «Magdalene», «Մագ­թաղ»

Մա­գուգ= Յա­բէ­թի որ­դի­նե­րէն մէ­կուն ա­նունն է՝ (եբ­րա­յե­րէն՝ «Magog»)

Մա­թէ= Մա­թէոս= Մատ­թէոս ա­նու­նը

Մա­թիլ­դա= «Mathilde» ա­նու­նէն

Մա­թու­սա­ղա= եբ­րա­յե­րէն՝ «Mathusalah» «ա­ռա­քումն» ի­մաս­տով

Մա­լազ= ան­չա­փա­հաս, ան­մօ­րուք

Մալ­խաս= ըն­տիր ապ­րանք

Մալ­վի­նէ= եւ­րո­պա­կան նո­րա­մուտ ա­նուն

Մա­խուստ= Մա­սուտ= նպա­տակ, մտադ­րու­թիւն, մտադ­րուած

Մա­կար= Մա­կա­րիոս= եր­ջա­նիկ, բախ­տա­ւոր

Մահ­բա­նու= լուս­նի նման աղ­ջիկ

Մահ­բար= լուս­նա­բեր, լու­սի­նէն բե­րուած

Մահ­տե­սի= Ե­րու­սա­ղէմ ուխ­տի գա­ցած. (ա­րա­բե­րէն՝ «muqdasi»)

Մա­ղա­քիա= հրեշ­տակ. (եբ­րա­յե­րէն՝ «Malaki», ֆրան­սե­րէն՝ «Malachie»)

Մամբ­րէ= պա­րարտ, եւ յստա­կու­թիւն. (եբ­րա­յե­րէն՝ «Mamre»)

Մա­միկ= մայր կամ տատ բա­ռէն

Մա­մի­կոն= չի­նա­կան ծա­գու­մով. («Mangun») իշ­խան, իշ­խան Մա­նե­րի. «Մամ­գուն»

Մա­յիլ= հիա­ցած, սի­րա­հա­րուած

Մայ­մա­նիկ= օրհ­նեալ

Մայ­րա­նոյշ= մօր ա­նոյշ աղ­ջի­կը

Մայ­րա­նուն= մօր ա­նուն. (սո­վո­րու­թիւն չէ ծնող­նե­րու ա­նու­նը տալ զա­ւակ­նե­րուն - Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան)

Մա­նանդ= նման, նաեւ՝ գե­ղե­ցիկ

Մա­նա­նեխ= բոյս. «hardal»

Մա­նա­նոյշ= Մա­նա­նին աղ­ջի­կը

Մա­նա­սէ= մո­ռա­ցու­ցիչ՝ ըստ Սուրբ Գիր­քի նաեւ՝ «Մա­նա­սէր» ձե­ւը ու­նի

Մա­նա­ւազ= մէկ բազ­կով օժ­տուած. «Ման»

Մա­նաւ­շէ= «մա­նի­շակ» բա­ռէն ա­նուն

Մանգ­նոս= մեծ. Մագ­նէս, (լա­տի­նե­րէն՝ «Magnus») նաեւ՝ մե­ծա­գոյն. «Major», «Maximus»

Ման­դու= սեւ, յում­պար (ամ­պէր) ծա­ղի­կը. նաեւ՝ գորշ

Մա­նէ= Ման­նիկ, Մա­նիկ, Մա­նիա։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 19, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016