ՏԵՍԱՅ ԱՐԻՒՆ… ՏԵՍԱՅ ՄԱ՛Հ

Մեր թուականէն 47 տարիներ առաջ՝ 1975 թուականին Պէյրութի մէջ հրատարակուող «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսին մէջ լոյս կը տեսնէ բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակախօս եւ մանկավարժ Մուշեղ Իշխանի «Յիշեցէք զիս» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը, ուր մեծ բանաստեղծը հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ իր պատանեկութիւնը.-

«Օրեր անվերջ, կարօտ պատառ մը հացի,
Տեսայ արիւն, տեսայ մահ,
Քոսոտ այծի պէս միայն խոտ ծամեցի,
Խոտն ալ յետոյ չգտայ»:
(«ԲԱԳԻՆ», ԺԴ. տարի, 1975 թիւ 4, էջ 5)

Իր տարեկիցներուն մէջ Մուշեղ Իշխան միակը չէր. մի քանի սերունդ այսպէս ապրած էին՝ մատղաշ տարիքէն ծանօթանալով մահուան ու արեան, թշուառութեան ու չարչարանքներու հետ. Ծառուկեանի իսկ բառերով դարձած էին «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ». այդ բոլորին գիտակցութիւն ունենալով է որ մեզի ըսած էին «Ապրէ՛ք երեխէք, բայց մեզ պէս չապրէ՛ք», որովհետեւ այդ բոլորին տարողութիւնը ապրողը միայն կրնար ըմբռնել: Անոնք որոշ չափով մխիթարութիւն գտան այն բանով, որ իրենց յաջորդները թէեւ դժուարութիւններու մէջէն անցնելով, չտեսան այն բոլորը՝ որ իրենք տեսած էին մանուկի անմեղ աչքերով:

Աշխարհի պատմութեան մէջ մանուկները նոյն բախտը երբեք չեն ունեցած. մին ապրած է իր հօր ու մօր հոգածութեան տակ, իսկ ուրիշ մը որբանալով անտուն ու անտէր թափառած է. մին ունեցած է ծանրագին հագուստներ, խաղալիքներ ու պուպրիկներ, իսկ ուրիշ մը մանկութիւնը անցուցած է խզտուած ցնցոտիներով՝ ամենէն արժէքաւոր խաղալիքը դարձնելով անարժէք քարն ու փողոցի փոշին եւ այնքան ատեն որ գոյութիւն ունի մարդկութիւնը՝ գոյութիւն պիտի շարունակէ ունենալ նաեւ անարդարութեան այս տեսակը. ցաւ ի սիրտ, ամէն մանուկի տրուած չէ անխոչընդոտ եւ անարգել մանկութիւն մը ունենալ:

Այդ նոյն անարդարութիւնը այսօր եւս տեղի կ՚ունենայ՝ շատ անգամ աշխարհի աչքէն եւ մա՛նաւանդ հետաքրքրութենէն հեռու, անտեսուած Միջին Արեւելքի արիւն բուրող փողոցներուն մէջ. թող այս յօդուածին նկարը վկան ըլլայ այդ բոլորին:

Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ փոքր վէրքի մը համար աշխարհը իրար անցընող պատանիներ անտեղեակ են, որ Իրաքի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու բարձունքները լեցուն են օրական մահ ու արիւն տեսնող, մահուան գաղափարը իւրացուցած պատանի տղաք-աղջիկներով, որոնք հեռու իրենց տարեկիցներու վարդագոյն կեանքէն մահուան շուքին հետ օրակա՛ն դրութեամբ պար կը բռնեն:

Օրական դրութեամբ պատանիներ արիւն կը թափեն դատի մը համար՝ որուն յստակ բացատրութիւնն ու իմաստը չեն գիտեր. յաճախ փողոցներու մէջ իրենց մէջքին ռումբեր կապած այդ անյստակ դատին համար «նահատակ» կը դառնան ու իրենց մատղաշ կեանքը կը զոհեն։

Յաճախ պատերազմական ժապաւէններու վրայ կը նկատեմ «+18» գրութիւնը. շատ մը երկիրներ ամբողջութեամբ կ՚արգիլեն հեռուսատեսութեան ճամբով արիւնի ցուցադրումը« Աշխարհը կը վախնայ որ չըլլայ արիւնը տեսնելով մանուկ-պատանիները հոգեկան դժուարին պահեր ապրին... մինչ անդին նոյն աշխարհը անհոգութեամբ կը դիտէ հիւծիլը ա՛յն պատանիներուն, որոնց համար արիւնը սովորական է՝ ինչքան երկիրնքը մեզի համար: Անոնցմէ շատեր այդտեղ բռնի կը պահուին. շատ մը մատղաշ պարմանուհիներ այդ դատը առաջնորդող ահաբեկիչներուն կողմէ օրական դրութեամբ կը բռնաբարուին եւ կ՚ապրին այնպիսի կեանք մը՝ որ մահը շատ աւելի երանելի կը թուի: Շատ անգամ մահը առաւել պատուաբեր նկատելով փախուստի ճամբան կը բռնեն. քիչեր կը յաջողին այդ դժոխքէն դուրս գալով միանալ մեզի համար դժոխք, սակայն իրենց համար դրախտ նկատուող մեր բնական կեանքին, իսկ ուրիշներ, ցաւ ի սիրտ, կ՚արժանան իրենց համար երանելի նկատուող այդ մահուան:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ կամ Եւրոպայի մէջ մէկ մահացող պատանիի մը համար ամբողջ երկիրը իրարանցում կ՚ըլլայ, յանկարծ մարդու իրաւունք կոչուածին լոզունգները հրապարակ դուրս կու գան... սակայն Միջին Արեւելքի մէջ հազարաւոր մանկուներուն մահը անոնց մօտ չնչին գութ մը անգամ չի յառաջացներ:

Այսօր «զարգացած» երկիրներու մէջ պատանիներուն մահուան բօթը նոյնիսկ կը փորձեն հոգեբաններու եւ մանկավարժներու ճամբով հաղորդել... որպէսզի չըլլայ յանկարծ թէ անոնց զաւակներուն ազնիւ հոգիները վշտանան կամ նեղուին. վերջապէս մահը ժխտական իրողութիւն մըն է՝ արժանի միա՛յն ճակատագրով Միջին Արեւելքի մէջ լոյս աշխարհ եկած մանուկ-պատանիներուն, որոնց համար մահը պահուըտոցի մըն է՝ առանց երբեք գտնուելու:

Այս բոլորն է պատճառը, որ Միջին Արեւելքի մէջ յայտնի «Halloween»ը չի նշուիր, որովհետեւ մերոնք կեղծ արիւնով իրենց երեսները ներկելու պէտքը չե՛ն զգար՝ երբ տեսած ու ապրած են այդ բոլորը իրապաշտ գետնի վրայ:

Լեռներուն վրայ շրջողներուն դատը ի՞նչ է... չե՛մ գիտեր, սակայն կայ անարդարութեան ու անիրաւութեան դատ մը՝ ուղղուած բոլո՛ր այն ստախօս ու խաբեբայ մարդոց դէմ, որոնք բեմերուն վրայէն հաւասարութիւն, արդարութիւն քարոզելով հանդերձ հակառակը կ՚ընեն՝ նման այն ոճրագործին, որ սպանութեան մեղքին մասին կը խօսի:

Արիւն եւ մահ տեսնող մանուկներուն մեղքը ո՛չ միայն լեռներու վրայ կռուող առաջնորդներուն... այլ մարդկութեան մեղքն է նաեւ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -105-

Սուրիոյ պատերազմի ամենէն դժուար տարիներն էր. Դպրեվանքին մէջ արտաքին աշխարհէն տեղեկանալու միակ միջոցը օրաթերթն էր. ամէն օր մէկ հատ թերթ կը հասնէր Դպրեվանք եւ մի քանի տասնեակ աշակերտներ հերթ կը սպասէին թերթը աչքէ անցընելու համար։

Թերթով հետաքրքրուած էին մանաւանդ սուրիահայ տղաքը, որոնք իրենց երկիրի վիճակին մասին միայն այդ ձեւով կրնային տեղեկանալ։

Օր մըն ալ թերթը մեծ տեղ տրամադրած էր Սուրիոյ մէջ կատարուած առեւանգութեան մը՝ որուն մէջ կային նաեւ հայեր։

Բարեբախտաբար թերթը նոր հասած էր եւ «բնութեան» օրէնքին համաձայն, նախ մեծերը կը կարդային եւ յետոյ կարգը կը հասնէր աւելի փոքր դասարանի աշակերտներուն։

Առեւանգման լրագրութիւնը ընթերցած ժամանական հայերու անուանացանկին մէջ նկատեցինք փոքր դասարանի աշակերտներէն մէկուն հօր անունը, աշակերտը սակայն տակաւին տեղեկացած չէր։ Թերթը վերացուցինք. աշակերտները ամբողջ շէնքը սկսան թերթը հարցնել, բայց տեսնող չէր եղած։

Այդ օրէն սկսեալ այլեւս թերթ չստացանք։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2022