ԿԵԱՆՔԻ ԶԱՌԻԹԱՓՆԵՐ

Կեանքը ունի ելեւէջներ, եւ անշուշտ զառիթափներ՝ որոնց կ՚ենթարկուի ամէն մարդ, երկար կամ կարճ ժամանակ, երբեմն ամբողջ կեանքի տեւողութեան, երբեմն ալ՝ շուտ մը մոռցուելու չափ ժամանակաւոր եւ աննշան։ Կեանքի մէջ կան բազմաթիւ իրողութիւններ՝ դէպքեր եւ երեւոյթներ, զոր օրինակ՝ զուարճութիւն, հաճոյք՝ երբեմն չափազանցուած կերպով, երբեմն ալ անվնաս նկատուած բնական եւ արուեստական ձեւերով։ Ծխելու, խմելու սովորութիւններ, որոնց սովորական ընթացքը ի վերջոյ աննուաճելի թափի մը կը վերածուի։ Եւ այսպէս ենթական Թոլսթոյի նկարագրած «գինով»ին նման, կ՚անիծէ իր առջեւ գտնուած օղիին գաւաթը, առանց կարենալու ազատիլ անոր կաշկանդիչ ճիրաններէն։ Եւ նոյնն է պարագան ծխամոլներուն համար՝ որ թէ՛ կ՚անիծեն ծխախոտը, եւ թէ՛ կը շարունակեն անոր գերին մնալ…։ 

Բազմաթիւ են կեանքի զառիթափները, եւ կարելի է մտածել, թէ կեանքի էջքը աւելի շատ է, քան՝ ելքը, աւելի շատ է վատը, քան՝ լաւը։ Անշուշտ ասիկա մարդէ մարդ կը տարբերի եւ կեանքի մէջ ելքերը շատ եղողներ «բախտաւոր», իսկ էջքերը շատ եղողներ «դժբախտ» կ՚անուանուին։ Բայց, արդեօք, աշխարհ գալը՝ ծնիլը բա՞խտ է, թէ դժբախտութիւն, ահաւասիկ ասիկա հարց մըն է, որ կարելի չէ պատասխանել առանց կեանքը ապրելու…։

Արդարեւ, ոմանք «բախտաւոր» կը ծնին, եւ կը շարունակեն «բախտաւոր» ապրիլ, անոնց համար, անշուշտ՝ ծնիլը «բա՛խտ» մըն է։ Ոմանք «բախտաւոր» կը ծնին եւ յետոյ հետզհետէ «դժբախտ» կ՚ապրին, կեանքը կը շարունակէ «դժբախտութիւն»ներու մէջ։ Անոնց համար ծնիլը բա՞խտ է, թէ ո՛չ, խնդրական է որ իրենց ծնունդը բախտ մը եղած ըլլայ, քանի որ դժբախտութեան վերածուող բախտաւորութիւն մը, բախտ նկատել շատ տրամաբանական չէ՛։

Կան նաեւ ծնունդներ, որ «դժբախտութիւն» են, դժբախտ պայմաններու մէջ կը ծնին ոմանք, բայց աւելի վերջ դժբախտութիւնը կը վերածուի բախտաւորութեան։ Անոնց ծնունդն ալ բախտաւոր է, քանի որ ի վերջոյ կեանքը բախտաւորութեան ընթացքի մը վերածուած է անոնց համար։

Եւ իրապէ՛ս «դժբախտ» ծնունդներ են անոնք, որ դժբախտ կը ծնին, դժբախտ կ՚ապրին, դժբախտութեան մէջ ապրիլ կը շարունակեն իրենց ամբողջ կեանքը։ Եւ դժբախտութեան մէջ կը վերջանայ իրենց կեանքը։ Յայտնի չէ, թէ անոնք ինչո՞ւ ծնած են, չարչարուելո՞ւ, տանջուելո՞ւ։ Բայց այս չէ մարդուն սկզբնական կոչումը, մարդ աշխարհ կու գայ կեանքին բարիքները վայելելու, բախտաւոր ըլլալու, երջանիկ ըլլալու։ Թերեւս անոնք «տիպար»ներ են, կամ ըսենք, բաղդատութեան եզր, թէ բախտաւորները արժէքը գիտնան իրենց բախտաւորութեան եւ տեսնելով այն մշտնջենաւոր չարչարուողները, դժբախտները, փա՜ռք տան իրենց Արարչին, որ իրենք ա՛յդպէս չէ ստեղծած։

Մշտնջենաւոր դժբախտները Աստուծոյ բարի պաշտօնեաները, գործակատարներն են, որ առիթ կու տան բախտաւորներուն որպէսզի անդրադառնան իրենց այդ բախտաւորութիւնը տուող Արարչին եւ Նախախնամի՛ն։

Այս կը նշանակէ, որ մա՛րդ, ո՛չ մէկը առանց նպատակի կը ծնի, ամէն աշխարհ եկող անպայմա՛ն նպատակի մը կը ծառայէ աստուածճանաչութեան համար։ Աստուած մարդը ստեղծեց զԻնք յայտնելու համար անոր, եւ ամէն մարդու պարտքն ու պարտաւորութիւնն է՝ ճանչնալ իր Արարիչը, գիտնալ թէ Արարիչ մը ունի, եւ պատուէ զԱյն որպէս Հա՛յր։

Ըսուեցաւ, որ կեանքը ունի բազմաթիւ զառիթափներ, անոնցմէ են նաեւ՝ նիւթի, շահու, փառքի, դիրքի եւ համբաւի զառիթափները, ուրկէ անցնելու ժամանակ, կեանքի «ճամբորդ»ը շարունակ զգոյշ, տեւական ուշադիր՝ պէտք է իր ձառքը դնէ զսպանակներու վրայ։ Կեանքի չափաւորութիւնը ա՛յս կը պահանջէ արդարեւ, եւ մանաւանդ նիւթի, շահու, փառքի, դիրքի եւ համբաւի զառիթափներու վրայ անհրաժե՛շտ է չափաւոր ըլլալ, կշիռ դնել կիրքերու եւ խուսափիլ չափազանցութիւններէ եւ ծայրայեղութիւններէ։

Արդարեւ, կեանքի անխուսափելի զառիթափներու վրայ, ամենամեծ վտանգներն են՝ չափազանցութիւնը եւ ծայրայեղութիւնը։

Ուստի մարդուս բնական իրաւունքն է՝ նիւթի, շահու, փառքի, դիրքի եւ համբաւի բարիքները վայելել, բայց անոնց համար զսպանակը պէ՛տք է ըլլայ՝ իրաւունքի, արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան, հաւասարութեան վսեմ գաղափարները։ Եւ այս վսեմ գաղափարներու շնորհիւ է որ ամէն շահ, ամէն նիւթ, ամէն փառք, դիրք եւ համբաւ արդար իրաւո՛ւնք մը կ՚ըլլայ, եւ ենթակային յարգը եւ արժէքը կը բարդէ, կը բարձրացնէ։

Չափաւոր ամէն փառք եւ համբաւ արդար իրաւունքն է ենթակային՝ զայն կրողին։

Հարստանալու, շահելու, բարձրանալու եւ համբաւաւոր ըլլալու նման բնական եւ օգտակար տենչանքներ մոլուցքներ, կատաղութիւններ դառնալու հակամիտութիւնները ունին յաճախ, եւ եթէ մարդ ասոնցմէ զատ եւ ասոնցմէ վեր ուրիշ բան չտեսնելու կուրութեամբ վարակուի, գերին կ՚ըլլայ անոնց, եւ անոնց հոսանքի զօրութենէն տարուելով կը գլորի, կը տապալի եւ կը կորսուի։ Մարդ պէ՛տք է գիտնայ զսպել իր կիրքները, ինքնազուսպ ըլլալ եւ հակակշռել իր տենչանքները, եւ այն ատեն ահաւասիկ, ան կրնայ արժանի ըլլալ իր ունեցածներուն, բաւ է որ անոնք ստացուած ըլլան օրինաւորապէս։

Ուստի մարդ պէտք է ունենայ բարձրանալու, յառաջդիմելու փափաքը՝ առանց արկածախնդրութեան, առանց փառասիրութեան, առանց ինքնամոլութեան, այլ՝ չափաւորութեան, խաղաղութեան ոգիով եւ բոլոր բարեմասնութիւնները մարդկութեան օգտին գործածելու մտադրութեա՛մբ։ Կեանքի վտանգաւոր զառիթափներ միշտ կան եւ պիտի ըլլան, բայց կարեւորը անոնց դէմ միջոցառումներ առնելն է, ինչ որ կ՚իրականանայ ինքնազսպութեամբ։

Արդարեւ, ինքնազուսպ ըլլալ կը նշանակէ՝ ազնիւ եւ առաքինի ըլլալ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 11, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2017