ՅՈՎՆԱՆ ՄԱՐԳԱՐԷ ԵՒ ՍԽԱԼՆԵՐ

Կեանքի մէջ սխալ որոշումներ տալ, սխալներ գործել մարդ էակին համար բնական պէտք է համարուին, քանի որ ան թերութիւններ ունեցող, բայց միեւնոյն ժամանակ խորհող՝ բանաւոր էակ մըն է։ Եւ ահաւասիկ, սխալ խորհող, սխալ գործող բայց իր սխալին անդրադարձող եւ իր գործած սխալէն դաս առնող մարգարէ մը՝ Յովնան մարգարէ, որուն մասին Աստուածաշունչը կը վկայէ Դ. Թագաւորաց գրքին մէջ։

Աստուածաշունչը Յովնան մարգարէի ծննդավայրին, ենթահողին մասին շատ տեղեկութիւն չի տար։

Արդարեւ, ան Նազարէթ քաղաքէն հազիւ 4 քմ. հեռու՝ Գեթքոփեր քաղաքէն էր։ Այս քաղաքին շատ մօտ Նազարէթի մէջ էր, որ գրեթէ 8 դար յետոյ մեծնար պիտի Յիսուս Քրիստոս։

Յովնան, որպէս մարգարէ ծառայեց Իսրայէլի տասը ցեղեան թագաւորութեան թագաւորին՝ Յերոբովամ Բ.-ին գահակալութեան ժամանակ։ Իր շրջանին, Եղիա մարգարէ արդէն բաւական առաջ մահացած էր, իսկ իր յաջորդը՝ Եղիսէն, Յերոբովամի հօր իշխանութեան ընթացքին մեռած էր։ Թէեւ Եհովան այդ մարգարէներուն միջոցով Բահաղի պաշտամունքը կասեցուցած էր, բայց Իսրայէլ դարձեալ կամովին կը մոլորէր։ Ուստի երկիրը կը գտնուէր թագաւորի մը իշխանութեան տակ՝ որ կը շարունակէր «Տէրոջը առջեւ չարութիւն» ընել։ Այս պատճառով, Յովնանի համար որպէս մարգարէ ծառայելը չէր կրնար դիւրին ըլլալ, ոչ ալ հաճոյալի։ Բայց եւ այնպէս, ան հաւատարմօրէն կատարեց իր ծառայութիւնը։

Սակայն օր մը, Յովնանի կեանքը բոլորովին փոխուեցաւ։ Ան Եհովայէն նշանակում մը ստացաւ, որ իր աչքին չափազանց դժուար կը թուէր։

Եհովան Յովնանին ըսաւ. «Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ եւ քարոզէ՛, քանի որ անոնց չարութիւնը իմ առջեւս ելաւ»։ Դժուար չէ հասկնալ, թէ այս նշանակումը ինչո՛ւ կրնար դժուար ու վախազդու թուիլ Յովնանին։ Նինուէ կը գտնուէր շուրջ 800 քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ դէպի արեւելք, եւ հոն հասնելու համար, Յովնան պէտք էր գրեթէ մէկ ամիս հետիոտն ճամբայ կտրէր։ Բայց ասիկա գործին դիւրին մէկ երեսակն էր, եւ աւելի՛ դժուարինը կար։ Յովնան Նինուէի մէջ Եհովայի դատաստանական պատգամը պիտի հաղորդէր ասորեստանցիներուն՝ որոնք ակներեւաբար դաժան եւ արիւնահեղ ժողովուրդ էին։

Եթէ Աստուծո՛յ ժողովուրդը ականջ չէր կախեր իր խօսքերուն, ո՜ւր մնաց այդ հեթանոսները…։

Եհովայի ծառան մինակը ի՞նչ պիտի ընէր մեծ Նինուէին մէջ՝ ուր յետագային «արիւններու քաղաք» պիտի կոչուէր. (ՆԱՒ. Գ 1-7)։

Արդարեւ, կարելի չէ ստուգապէս ըսել, թէ Յովնան ի՛նչ կը մտածէր, սակայն մէկ բան յստակ է. ան փախա՛ւ։ Եհովա անոր յանձնարարած էր դէպի արեւելք երթալ, բայց ան դէպի արեւմուտք գնաց, կարելի եղածին չափ հեռուները փախչելով։ Ան ծովեզերք իջաւ, Յոպպէի նաւահանգիստը հասաւ եւ նաւ մը գտաւ, որ կ՚ուղղուէր դէպի Թարսիս։ Կարգ մը ուսումնականներ կ՚ըսեն, թէ Թարսիսը կը գտնուէր Սպանիոյ մէջ։ Եթէ այս է պարագան, ուրեմն Յովնան Նինուէէն շուրջ 3500 քմ. հեռու կ՚ուղղուէր։ Այսպիսի ճամբորդութիւն մը, Մեծ ծովի մէկ ափէն միւս ափը նաւարկելով, թերեւս մէկ տարի տեւէր։ Յովնան ա՛յդ աստիճան վըճ-ռած էր փախչիլ այն նշանակումէն՝ զոր Եհովան իրեն տուած էր. (ՅՈՎՆԱՆ, Ա 3)։

Արդարեւ, ասկէ կը հասկցուի որ Յովնան վախկո՞տ էր։ Բայց զինք դատելու մէջ պէտք չէ արագ վարուիլ։ Ինչպէս պիտի տեսնուի, Յովնան առանձնայատուկ խիզախութիւն դրսեւորեց։ Սակայն ան ամէն մարդու պէս թերի, տկար եւ անկատա՛ր էր եւ կը պայքարէր իր շատ մը թերութիւններուն դէմ։

Մեզմէ ո՞վ բնաւ չէ պայքարած վախի զգացումին դէմ։

Ատեն-ատեն թերեւս թուի, թէ Աստուած մեզմէ կ՚ակնկալէ ընել բան մը՝ որ ըստ մեզի՝ դժուար կամ նոյնիսկ անկարելի՛ է։ Թերեւս նոյնիսկ քաշուինք Աստուծոյ Թագաւորութեան «Բարի Լուր»ը քարոզելէ. նշանակում մը որ պահանջուած է քրիստոնեաներէն. (ՄԱՏԹ. ԻԴ 14)։

Մեզի համար շատ դիւրին է մոռնալ Յիսուսի ըսած այս խորիմաստ ճշմարտութիւնը. «Աստուծոյ կողմէն ամէն բան կարելի է» (ՄԱՐԿ. Ժ 27)։ Եթէ երբեմն մե՛նք կը մոռնանք այս պարզ ճշմարտութիւնը, ուրեմն կարելի է հասկնալ Յովնանի մարտահրաւէրը։

Յովնան նաւ կը բարձրանայ եւ թերեւս կը խորհի, թէ կրցաւ փախչիլ այն վտանգէն՝ որմէ շատ կը վախնայ։ Ան կը կարծէ, թէ փախչիլը փրկութիւն է…։

Բայց, ահաւասիկ, յանկարծ եղանակը կը փոխուի։

Սարսափելի փոթորիկ մը կ՚ելլէ ծովուն մէջ. նաւը խորտակուելու վտանգին մէջ էր։ Եւ Յովնան ինչպէ՞ս պիտի աղօթէր իր Աստուծոյն՝ որուն երեսէն կը փախչէր։

Եւ շուտով երեւան ելաւ ճշմարտութիւնը. Եհովան թէ՛ փոթորիկը եւ թէ՛ վիճակը կ՚ուղղէր մէկ մարդու՝ Յովնանի վրայ։ Ուստի նաւաստիները յորդորեց, ըսելով. «Զիս վերցուցէ՛ք եւ ծովը նետեցէ՛ք եւ ծովը պիտի դադարի, քանզի ես գիտեմ թէ այս մեծ փոթորիկը ի՛մ պատճառովս եղաւ» (ՅՈՎՆԱՆ, Ա 12).

Միթէ «վախկոտ» մը այսպիսի խօսքեր կ՚ըսէ՞ր։

Յովնան ինչո՞ւ այդպիսի ճարահատ վիճակի մը մէջ էր։ Ան լուրջ սխա՛լ մը գործած էր իր Աստուծոյն դէմ։ Արդեօք կարելիութիւնը կա՞ր հարցերը լուծելու։ Այս հարցումներուն պատասխանները մեզի շա՜տ բան կրնան սորվեցնել։ Զոր օրինակ, Յովնանի պատմութիւնը մեզի կ՚օգնէ գիտակցելո՛ւ թէ նոյնիսկ անկեղծ հաւատքի տէր անհատներ կրնան սխալներ գործել եւ ապա զանոնք սրբագրե՛լ։

Երբ մարդիկ Յովնանի մասին կը մտածեն, յաճախ իրենց միտքը կու գայ անոր ժխտական կողմերը՝ անոր անհնազանդութիւնը, մինչեւ իսկ յամառութիւնը։ Բայց ան մարգարէ մըն էր եւ Աստուած անհաւատարիմ կամ անարդար մարդու մը պիտի չվստահէր այդ լուրջ եւ ծանր պատասխանատուութիւնը։

Բայց Յովնան լաւ կողմեր ալ ունէր. իր սխալին անդրադառնալ եւ զայն սրբագրելու ջանալ, եւ մինչեւ իսկ ինքզինք զոհել, ամենամեծ առաքինութիւնն է մարդուս, որ կը նշանակէ, թէ ան որքան ալ բացասական կողմեր ունենայ՝ խորքով բարի եւ Աստուծոյ վստահութիւնը շահած մէկն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 16, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2018