ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

Բարոյական կեանքին գործադրութիւնը՝ միացած եւ ոգեւորուած սիրով, մարդուս կու տայ գերբնական ազատութիւն մը։ Բարոյական կեանք կը նշանակէ՝ բարոյական օրէնքին հնազանդութիւն, իսկ բարոյական օրէնքը աստուածային Իմաստութեան գործն է։ Արդարեւ, ան է, որ կը գծէ մարդուն ուղիները եւ կենցաղի կանոնները, որոնք կը տանին դէպի խոստացուած երանութիւնը. ան կ՚արգիլէ Աստուծմէ եւ Անոր սէրէն հեռացնող չարին ներգործութիւնը եւ չարին ճամբաները։ Ան միանգամայն խիստ է իր պատուէրներուն մէջ եւ սիրալիր իր խոստումներուն մէջ։

Բարոյական օրէնքին եւ բարոյական կեանքին արգելքներ են՝ կանխակալութիւն, պահպանողականութիւն, մոլեռանդութիւն, որոնք կը հակադրեն բարոյական օրէնքին նպատակին։ Բարոյական օրէնքը կ՚ենթադրէ բանական կեանքը, որ Արարչին զօրութեան, իմաստութեան եւ բարութեան կողմէ հաստատուած է արարածներուն միջեւ անոնց բարիքին համար եւ ի նպաստ անոնց վախճանին։

Եւ սակայն ինչպէս ամէն օրէնք, բարոյական օրէնքն ալ կը կարօտի առողջ եւ շիտակ մեկնաբանութեան եւ տեղին, նպատակին յարմար կիրարկութեան։ Ապա թէ ոչ՝ սխալ մեկնաբանութիւնը մարդը սխալ կիրարկութիւններու կ՚առաջնորդէ եւ օրէնքին նպատակը կը շեղի։ Ուերմն օրէնքին ճիշդ եւ շիտակ մեկնաբանութիւնը շատ կարեւոր է օրէնքին ուղիղ գործադրութեանը համար։ Եւ ինչպէս ըսինք, կանխակալութիւններ, մոլեռանդութիւն, ամէն տեսակ նախապաշարումներ արգելք կ՚ըլլան օրէնքի մը տրամադրութիւնները սխալ եւ նպատակէ դուրս մեկնաբանելու եւ անիմաստ գործադրութիւններու։

Կը պատմուի, թէ գիւղի մը մէջ՝ որուն բնակիչները չափազանց պահպանողական եւ մոլեռանդ էին, գիւղացիներէն մին կապելայ մը, այսինքն գինետուն մը կը բանայ։ Մոլեռանդ գիւղացիները սաստիկ կերպով կը հակառակին։ Անոնցմէ մէկը՝ շատ «հաւատացեալ», գիշեր-ցերեկ կ՚աղօթէ, որ փակուի այդ կապելան, որ բաւական անհանգստացուցած է գիւղացիները։ Բայց կապելային տէրը անդրդուելի կը մնայ գիւղացիներուն պահանջքին։

Գիշեր մը սակայն, հրդեհ մը ամբողջովին կը քանդէ, հիմնայատակ կ՚ընէ կապելան։

Գիւղացիները ուրախ են պատահածէն, բայց կապելային տէրը կ՚ամբաստանէ տեւական աղօթող գիւղացին, որ կ՚ուզէր որ կերպով մը փակուի այդ կապելան, գինետունը։

Ուստի դատի կը դիմէ կապելային տէրը՝ ամբաստանելով աղօթող գիւղացին, որ իր աղօթքներուն հետեւանքով հրդեհ պատահած եւ բոլորովին քանդուած է իր կապելան։

Դատարանը կը դժուարանայ վճիռ մը արձակելու մասին, եւ ի վերջոյ ամբաստանեալը անպարտ կ՚արձակէ, որոշելով թէ հրդեհին եւ ամբաստանեալին միջեւ որեւէ պատճառ-արդիւնքի կապ մը գոյութիւն չունի։

Բայց…

Բարոյական օրէնքի տեսակէտէ, հարց մը կը զբաղեցնէ դատաւորին միտքը. ո՞վ աւելի հաւատացեալ էր արդեօք, տեւական աղօթող գիւղացի՞ն, որուն փափաքը կատարուեցաւ կերպով մը, թէ կապելային տէրը, որ համոզուած էր, թէ աղօթքի հետեւանքով հրկիզուած եւ ոչնչացած էր իր կապելան…

Դուք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ի՞նչ կը խորհիք այս մասին, ի՞նչ կ՚ըլլար ձեր կարծիքը եւ վճիռը այս պարագային, ո՞վ աւելի հաւատացեալ էր. աղօթո՞ղը, թէ կապելային տէրը։

Արդարեւ, լայն պէտք է խորհիլ. իրաւ է որ ամէն արդիւնք պատճառ մը ունի, եւ առանց որեւէ պատճառի արդիւնք չի գոյանար։ Եւ դարձեալ, իրաւ է որ աղօթքով մարդ կրնայ ստանալ իր ուզածները, բայց այս պարագային կարեւորը Աստուծոյ կամքն է. մարդուն փափաքը, ուզածը եթէ համաձայն է, այն ատեն մարդուն փափաքը կ՚իրականանայ։ Աստուած բացարձակապէս բարի՛ է եւ կը պատասխանէ այն աղօթքներուն՝ որոնք էապէս բարի են, բարութեան պատճառ պիտի ըլլան։ Կապելային հրկիզուիլը փափաքիլ «բարի» պահանջք մը կարելի չէ համարել, անշուշտ կապելային գոյութեան «բարի» կամ «չար» ըլլալը այս կէտին կարեւոր չէ, քանի որ չարը չարով չի մաքրուիր. չարը պէտք է բարիով փոխարինել։

Ներկայ հարցին, ուրեմն, կապելային աղօթքի «պատճառ»ով հրկիզուած ըլլալը խորհիլ Աստուծոյ անհուն բարութիւնը ուրանալ կը նշանակէ, աստուածային բարութեան ներհակ է աղօթքով «չարութիւն» մը խնդրել, որ իրականանայ։ Ուստի եթէ կապելան «չարութիւն» մըն է՝ անոր արգելք ըլլալու միջոցը պէտք չէ որ աղօթքը ըլլայ, այլ աւելի աշխարհային միջոցներու պէտք է դիմել։ Չէ՞ որ Յիսուս ժառանգութեան մը հարցով իրեն դիմողներուն ըսաւ. «Ո՞վ Զիս ձեր վրայ դատաւոր կարգեց. գացէք ձեր հարցը ձեր մէջ լուծեցէք»։ Եւ դարձեալ ըսաւ. «Գացէք եւ ի՛նչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք, եւ ի՛նչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէք»։

Ուրեմն, աշխարհի վերաբերեալ հարցեր մարդիկ իրենք պէտք է լուծեն, եւ աղօթքի նիւթ չընեն։ Քանի որ նախ պէտք է խնդրենք Աստուծոյ արքայութիւնը, ինչպէս ամէն օր կ՚աղօթենք. «Թո՛ղ գայ Արքայութիւնդ»։ Որովհետեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը մեզմէ առաջ է, եւ. «Հոգին է կենդանարար, մարմին ինչ ոչ օգնէ» (ՅՈՎՀ. Զ 63), այսինքն՝ Աստուծոյ Հոգին է որ կեանք կու տայ, մարդս բան մը չի կրնար ընել։ Աստուծմէ պէտք է հոգեշահ, բարի բաներ խնդրենք եւ այն ատեն մեր կամքը Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՚ըլլայ եւ կը կատարուի մեր խնդրանքը։

Այս պատճառով պէտք է ենթադրել, որ երկու կողմն ալ՝ թէ՛ աղօթողը եւ թէ՛ կապելային տէրը սխալած էին, քանի որ աղօթողը Աստուծմէ «չարիք» ուզած եւ անոր համար աղօթած էր, առանց խորհելու թէ Աստուած միայն բարին կու տայ, իսկ կապելային տէրն ալ սխալած էր, քանի որ պէտք էր հաւատար՝ որ Աստուած չարիք խնդրուած աղօթքները չի՛ լսեր եւ անոնց չի՛ պատասխաներ։

Ո՞ր մէկը աւելի հաւատացեալ էր։ Ո՛չ մէկը, քանի որ Աստուած ճանչցած էին բոլորովին մարդկային չափանիշներով եւ կարծած էին, որ Աստուած ալ իրենց պէս կը խորհի եւ կը դատէ։

Աստուծոյ իրապէս հաւատալու համար պէտք է վե՛ր ելլել եւ Աստուած լա՛ւ ճանչնալ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 23, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020