ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ՝ Ո՛Չ ԻՐԱՐՈՒ ԴԷՄ

Մարգարէութեան կը հաւատա՞ք թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ «Լիլա» գրչանունը օգտագործող պոլսահայ գրիչ մը իր «Եկեղեցի թէ՞... սալօն» գրութեան մէջ Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր ճակատագիրին մասին հետեւեալը կը գրէ. «Ատենին թագաւորութիւննիս վրայ տուինք անփթութեան երեսէն, չոր ու ցամաք կրօնք մը մնացած է ձեռքերնիս, վաղը ան ալ կը ջրենք դարձեալ մեր աննախանձախնդիր ոգւոյն շնորհիւ». եւ իրապէս ալ «ջրեցինք», սակայն ո՛չ այն ջրելներէն որ կը պտղաւորէ՝ այլ ամբողջութեամբ հակառակը:

Մեր եկեղեցիները ժամանակի ընթացքին սկսան կորսնցնել իրենց հոգեւոր դիմագիծը եւ միակ հոգեւորութիւնը որ հրաշքով մնաց այդտեղ կիրակի օրուան պատարագները եղան, մինչ շաբթուան միւս օրերուն բացի հոգեւոր կեդրոնէն վերածուեցան գրեթէ ամէ՛ն ինչի: Աւելի քան դար մը առաջ շատեր կը բողոքէին, որ եկեղեցին մարդոց համար աղօթքի տեղ դառնալէ բացի վերածուած է հաւաքավայրի, շատերու համար աղջիկտեսի կենդրոնի. կը բողոքէին, որ մարդիկ եկեղեցի կու գան առ Աստուած աղօթք բարձրացնելու փոխարէն զիրար տեսնելու, զրուցելու եւ ինչու չէ նաեւ բամբասելու. այլ խօսքով կը բողոքէին անձրեւէն՝ առանց նկատելու որ այդ մեղմ անձրեւին պիտի յաջորդէր ահաւոր կարկուտ մը՝ որ փնտռել պիտի տար նախկին անձրեւը նոյնիսկ:

Պատմութեան ընթացքին իր ուսերուն վրայ վերցնելով հայ ժողովուրդը առաջնորդելու եւ անոր հոգեւորէն բացի ազգային ու հայեցի դաստիարակութիւնը ստանձնելով՝ եկեղեցին չկրցաւ անոնց միջեւ յստակ սահմաններ գծել եւ կամայ թէ ակամայ հոգեւորն ու ազգայինը ձուլեց միմեանց եւ այդ քաոսին մէջ ո՛չ առաջինին եւ ո՛չ ալ վերջինին ամբողջապէս կրցաւ տէր ու տիրական ըլլալ: Սակայն այս խառնաշփոթին մէջ եկեղեցիէն բացի մեղաւոր էր նաեւ ժողովուրդը, որ հոգեւոր կառոյցէ մը յաճախ կ՚ակնկալէր ո՛չ հոգեւոր ոլորտներու տիրապետում, ինչ որ զիրենք «երկու տէրերու ծառայելու» կ՚առաջնորդէր:

Շատեր սխալ կը նկատեն Եկեղեցւոյ ազգային խնդիրներու մէջ միջամուխ ըլլալը, սակայն մեր համեստ կարծիքն է, որ Եկեղեցին պարտի՛ միջամուխ ըլլալ ազգային հարցերու մէջ՝ այնքան ժամանակ որքան կը շարունակէ մնալ հարազատ մէկ մասնիկը այդ ժողովուրդին. վերջապէս Աստուծոյ մարգարէն՝ Մովսէս եւս իսրայէլացի ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն կողքին միջամուխ կ՚ըլլար նաեւ անոնց ընդհանուր կեանքին եւ որոշ ժամանակ՝ մանաւանդ դարեր առաջ Հայ Եկեղեցին եւ տեղի թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները յաջողեցան պահել կապը համերաշխութեան, ինչ որ ժողովուրդին մէջ ստեղծեց յարգանք թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ թագաւորութեանց հանդէպ: Մեր մէջ սկսաւ ամէ՛ն բան քանդուիլ, երբ երկուքը ինքնագլուխ գործել ուզեցին, ինչ որ որոշ ատելութեան, քննադատութեան եւ պառակտումի դուռ բացաւ: 

Որոշ տեղ ժողովուրդը ուզեց ի՛նք իշխել եկեղեցւոյ վրայ եւ եկեղեցին՝ ժողովուրդին. կուսակցութիւններ ուզեցին իրենց «ենթակայ» դարձնել եկեղեցին, իսկ եկեղեցին ուզեց պահպանել իր նախկին «իշխող»ի դիրքը, ինչ որ աւելիով վնաս պատճառեց մեր հաւաքականութեան: Որոշ տեղեր կուսակցութիւններ յաջողեցան իրենց «իշխանութեան» տակ առնել եկեղեցին եւ հոգեւոր կառոյցները վերածուեցան «ակումբ»ներու, ուր հոգեւոր մթնոլորտի փոխարէն մի՛շտ կը տիրէ «իրաւունքը ուժն է միայն» բանաձեւը: Կուսակցութիւններ յանձն առին նաեւ Ազգային ժողովները եւ շատ անգամ արժանիներու փոխարէն անոնց գլուխը նշանակեցին «իրենց մարդ»ը՝ պարզապէս «կապ»ը չկորսնցնելու եւ իրենց «հպատակ» դարձնելու համար:

Տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ քահանայ մը խորանէն կը բարձրաձայնէր, թէ եկեղեցւոյ թաղականներ նշանակուած են այնպիսի՛ մարդիկ՝ որոնք եկեղեցւոյ լոյսերուն տեղը անգամ չեն գիտեր. հաւանաբար նախապէս պատմած եմ այս մէկը, սակայն կ՚ուզեմ յաճախ յիշեցնել՝ որպէսզի պատմութեան մէջ իր տեղը ունենայ. օր մը կուսակցական մը զանգ կը ստանայ՝ որով կ՚առաջարկուի եկեղեցւոյ թաղականութեան պաշտօնը ստանձնել. կուսակցականը նրբութեամբ կը հասկցնէ, թէ նման պաշտօն մը չ՚ուզեր ստանձնել. պաշտօն առաջարկող կուսակցականը կ՚ըսէ. «մասնաւոր ընելիք մը պիտի չունենաս... կիրակի օրերը թաղականութեան սենեակը 5-10 վայրկեան մը սուրճ պիտի խմէք»... ահաւասիկ այսօրուան Ազգային Եկեղեցւոյ վիճակը...:

Ազգային Եկեղեցի ըսելով կ՚ուզեմ հասկնալ միայն Ազգային դիմագիծի բաժինը՝ որ իր մէջ կը ներառէ կրթութեան ոլորտն ու մշակոյթը, որ ազգի մը գոյատեւման կարեւորագոյն սիւներէն են։ Եկեղեցին դարեր շարունակ այնպէս ինչպէս պահպանեց Գրաբար լեզուն, թող շարունակէ իր առաքելութիւնը պահպանելու մեր մշակոյթը, թող շարունակէ իր առաքելութիւնը կրթութեան ոլորտէն ներս՝ նկատի ունենալով որ մեր պատմութեան առաջին համլսարաններն ու ուսումնական կեդրոնները հիմնուած են եկեղեցիներու կողմէ: Ուսումնասիրեցէ՛ք Լիբանանի եւ Սուրիոյ վարժարանները եւ պիտի տեսնէք, թէ անոնց մեծամասնութիւնը կառուցուած է եկեղեցւոյ կից՝ որովհետեւ նախկինները հաւատացած են որ իսկական հայու տիպար մը Ազգային եւ Հոգեւոր դաստիարակութիւնը միատեղ ըմբոշխնելով է որ կը թրծուի:

Այսօր նոյն սխալը կը կատարուի նաեւ մեր դպրոցներուն հանդէպ... ամէ՛ն կուսակցութիւն կը փորձէ դպրոցներու տնօրէն նշանակել «իր մարդ»ը՝ դպրոցի վրայ իր ունեցած ազդեցութիւնը ի զօրու պահելու նպատակով, մոռնալով որ «իր մարդ»ուն փոխարէն արժանի՛ անձ մը պէտք է նշանակել այդ պաշտօնին, որովհետեւ միայն արժանիներով է որ ազգի մը նոր սերունդը կրնայ լաւապէս թրծուիլ եւ լաւ կրթութիւն ստանալ:

Պէտք է սորվինք անձն ու գործը զանազանել իրարմէ. պէտք է համոզուինք, որ Դաշնակցական դպրոցի մը գլուխը Հնչակեան գաղափարներու հետեւող տնօրէն մըն ալ կարելի է նշանակել՝ այնքան ատեն որ ան իր գործը կը կատարէ առաւելագոյն գիտակցութեամբ եւ ճշտութեամբ. նոյնը նաեւ հակառակ պարագային. եթէ Սարգիսը լաւ ուսուցիչ մըն է, սակայն մեր գաղափարակիցը չէ՝ այդ մէկը չի՛ կրնար վերացնել իր լաւ ուսուցիչ ըլլալը. յաճախ սեփական շահերու համար կը զոհենք հաւաքական շահերը, ինչ որ մեզի վնաս պատճառելէ բացի ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ:

Այս ընթացքով «իշխան» դառնալու մեր քաոսային մանրուքներով պիտի կորսնցնենք ազգը՝ որուն վրայ «իշխան» դառնալու երազները կը հիւսենք եւ այս բոլորը կը սկսի լուծուիլ այն ժամանակ, երբ սկսինք գիտակցիլ որ բոլորս ալ այս կամ այն կուսակցութեան կամ յարանուանութեան պատկանելէ առաջ՝ ՀԱՅ ենք եւ նոյն նպատակներուն համար է որ կը պայքարինք. նո՛յն նպատակներուն համար՝ եւ ո՛չ թէ իրարու դէմ...:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -130-

Երիտասարդ տղայ մը տարիներ շարունակ փափաք կ՚ուենայ քահանայ դառնալու եւ այդ դիմումը կը ներկայացնէ շրջանի առաջնորդին: Առաջնորդը քննելով երիտասարդին կենսագրութիւնը, հակառակ սխալ բան մը չգնտելուն, կը մերժէ: Երիտասարդը իր դիմումը կը կատարէ մի քանի անգամ, սակայն ամէն անգամ մերժում կը ստանայ:

Օր մը երիտասարդին մօտ կու գայ շրջանի «պատասխանատու»ներէն մին եւ երիտասարդին երազները իրականացնելու ճամբան ցոյց կու տայ. «Կուսակցութեան անդամ դարձիր, մեր մարդը եղիր... եւ մենք քեզ դիւրութեամբ կրնանք քահանայ դարնձել... վերջապէս մեր ըսածը տեղ եւ արժէք ունի»: Աստուծոյ կոչումը իր մէջ ունեցող երիտասարդը ո՛չ թէ Աստուածային կոչումով... այլ կուսակցութեան միջնորդութեամբ կրնար փաստօրէն քահանայագործել: Այս առաջարկին վրայ կ՚որոշէ սպաննել այդ կոչումը եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ ապրիլ աշխարհիկ կեանքով՝ առանց «իրենց» մարդը դառնալու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2022