ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳԸ

«Երանելի է այն մարդը՝ որ կը համբերէ փորձութեան, որովհետեւ եթէ փորձութեան մէջ հաստատ ըլլայ՝ պիտի ընդունի կեանքի պսակը, զոր Տէրը խոստացաւ զինք սիրողներուն». (ՅԱԿՈԲՈՍ Ա 12)։

Յիսուսի Յարութենէն եւ Համբարձումէն ետք Եկեղեցին սկսաւ բարգաւաճիլ։ Առաքեալները որոշեցին կազմակերպութիւններ հաստատել եւ պաշտօնեաներ նշանակել Եկեղեցւոյ աշխատանքները յառաջ տանելու համար։

Ահաւասիկ, այս պատճառաւ անոնք նշանակեցին սարկաւագներ եւ սարկաւագուհիներ, ինչպէս նաեւ այլ աշխատաւորներ Եկեղեցւոյ մէջ։

Առաջին սարկաւագը Ստեփանոսն էր։ Ան սիրեց Յիսուսը եւ ամէն առիթ օգտագործեց Եղուսաղէմի ժողովուրդին պատմելու՝ Անոր մասին։ Ան Տիրոջ շնորհով լեցուած էր եւ Սուրբ Հոգիով զօրացած։ Փոքր տարիքէն սինակոկի մէջ հետեւած էր կրօնական դասերու՝ այդ պատճառաւ Աստուծոյ մասին շատ լաւ կը խօսէր։ Ան օգնեց բազմաթիւ մարդերու, որպէսզի հաւատան Յիսուսի։

Որպէս սարկաւագ հաւանաբար շատ զբաղած էր, սակայն իր ամենէն կարեւոր պաշտօնը ամէն կիրակի Աստուծոյ Սեղանին ծառայելն էր։ Այդ շրջանին քրիստոնեաները որպէս մէկ համայնք միասին կ՚ապրէին եւ միասին կերակուր կ՚ուտէին։ Սարկաւագները զանազան միջոցներով կ՚օգնէին քրիստոնեայ այդ համայնքին։ Իրերօգնութեան լաւ տիպար մըն էր ասիկա։

Ոչ-քրիստոնեայ կարգ մը մարդիկ չէին սիրեր Ստեփանոսը։ Օր մը երբ ան կը խօսէր Յիսուսի մասին, անոնք սկսան պոռալ՝ որպէսզի  անոր խօսքերը չլսուին։ Անոնք ձերբակալել տուին Ստեփանոսը, ամբաստանելով որ Մովսէսի եւ Աստուծոյ դէմ կը խօսի։

Դատավարութեան օրը Ստեփանոսը ամբաստանողները կաշառեցին ուրիշներ որպէսզի սուտ խօսին՝ սուտ վկայեն անոր մասին։ Երբ Ստեփանոսի կարգը եկաւ խօսելու՝ ան արտայայտուեցաւ Աբրահամի, Մովսէսի եւ ի վերջոյ Յիսուսի մասին։ Սակայն ներկաները բարկացան, զայրացան եւ չուզեցին լսել ճշմարտութիւնը։ Քաղաքէն դուրս հանեցին Ստեփանոսը եւ սկսան քարկոծել մինչեւ որ զինք նահատակեցին։

Ստեփանոս, հոգին աւանդելէ առաջ աղօթեց՝ որպէսզի քարկոծողներուն յանցանքը ներուի։

Սուրբ Ստեփանոսի անունը մենք կը լսենք ամէն կիրակի Սուրբ Պատարագի ժամանակ, երբ կ՚աղօթենք անոնց համար, որոնք օգնեցին որ Եկեղեցին հաստատուի։ Ուստի ամէն անգամ որ լսենք Սուրբ Ստեփանոսի անունը՝ յիշե՛նք որ ան ի՛նչ ըսած է, եւ երբ առիթը ունենանք Յիսուսի մասին խօսելու եւ պատմելու, խօսինք միշտ ճշմարտութիւնը՝ առանց վախնալու, ինչպէս ըրաւ Սուրբ Ստեփանոս։ Եւ վստահաբար մենք բոլորս եւս Սուրբ Ստեփանոսի նման ուզենք ծառայել մեր քրիստոնեայ համայնքին եւ մարդկութեան։ Գտնե՛նք, ուրեմն միջոցները թէ ի՞նչ ձեւով կրնանք մեր տաղանդները, մեր յատկութիւնները օգտագործել՝ օգնելու մեր նմաններուն՝ համայն մարդկութեան եւ ծառայելու մեր Տիրոջ։

Արդարեւ, Սուրբ Ստեփանոսի օրինակով իրերօգնութիւնը մարդուս առաջնակարգ կոչումն է, որ է նաեւ ծառայութիւն Աստուծոյ։

Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի (35-108) սապէս կ՚ըսէ. «Թող ամէնքը սարկաւագները մեծարեն ինչպէս Յիսուս Քրիստոսը, մեծարեն նաեւ եպիսկոպոսը, որ Հօր պատկերն է, եւ երէցները իբրեւ Աստուծոյ խորհուրդին անդամները եւ իբրեւ առաքեալներուն համախմբումը առանց անոնց կարելի չէ Եկեղեցիի մը մասին խօսիլ»։

Նուիրապետութեան վարի աստիճանին վրայ կը գտնուին սարկաւագները, որոնց վրայ ձեռադրութիւն կը կատարուի ո՛չ թէ ի սպաս քահանայագործութեան, այլ ի սպաս ծառայութեան։ Սարկաւագի ձեռնադրութեան միջոցին, միա՛յն եպիսկոպոսը ձեռնադրում կը կատարէ, այսպէս նշանակելով, թէ սարկաւագը յատկապէս կապուած է եպիսկոպոսին իր «սարկաւագագործութեան» մէջ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Իպպողիտոս Հռոմայեցի։

Սարկաւագները յատուկ կերպով կը մասնակցին Քրիստոսի առաքելութեան եւ շնորհքին։ Կարգի խորհուրդը կը դրոշմէ անոնց մէջ «կնիք» մը՝ դրոշմագիր մը, զոր անհետացնել ո՛չ ոք կարող է եւ որ կերպարանակից կ՚ընէ զանոնք Քրիստոսի, որ Ինքզինք ըրաւ «սարկաւագ», այսինքն բոլորին ծառայ. (ՄԱՐԿ. Ժ 45), (ՂՈՒԿ. ԻԲ 27), եւ Սուրբ Պողիկարպոս Զմիւռնացի։

Ի մէջ այլոց՝ սարկաւագները սատարելու են եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն աստուածային խորհուրդներուն հանդիսակատարումին ատեն եւ յատկապէս Ս. Պատարագի խորհուրդին մէջ, ներկայ ըլլան Ս. Պսակի, Աւետարանը հռչակեն եւ նուիրեն բարեսիրական եւ բարեգործական զանազան ծառայութիւններու։

«Սրբոյն Ստեփանոսի նախավկային եւ առաջին մարտիրոսին» տօնը այս տարի (2022) կը կատարուի 26 դեկտեմբերի երկուշաբթի օրը։

Այս առթիւ, սրտագին ամենալաւ մաղթանքներով կը շնորհաւորենք մեր բոլոր սարկաւագ եղբայրներուն տօնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 19 2022, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2022