ԲՆԱԶԴԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ԱԶԴԱԿ

Մարդկային կեանքին մէջ բնազդական երկու զօրութիւն կայ՝ որոնք թէեւ ըստ երեւոյթին բարոյական էակին համար երկրորդական կարեւորութիւն ունենալ կը թուին եւ սակայն կեանքին պաշտպանութեան եւ տեւականութեան համար անհրաժեշտ պայմաններ են։ Կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար հարկաւոր եւ կենսական հանգամանքներ են անոնք։

Ասոնք են անօթութեան եւ վախի զգացումները։

Արդարեւ, մարդուս բոլոր կեանքը երկու գլխաւոր նպատակով մը կ՚ընթանայ. գոյապահպանում եւ գոյատեւում։ Ուստի, մարդ կ՚ուզէ նախ ինքզինքը պահել եւ յետոյ՝ իր գոյութիւնը ձեւով մը տեւականացնել։ Եթէ կ՚ուզէք, կարելի է ըսել՝ մարդ կ՚ուզէ «անմահանալ»։ Մինչդեռ, բնութեան անյեղլի օրէնքն է. մարդ կը ծնի՝ մեռնելու համար եւ կը մեռնի՝ անմահանալու համար։ Մարդիկ կը հաւատան առաջինին, քանի որ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ այդ ճշմարտութիւնը։ Բայց եւ նոյնպէս չեն հաւատար, կը տարակուսին հաւատալու, թէ՝ մարդ կը մեռնի անմահանալո՛ւ համար։

Ինչո՞ւ։

Որովհետեւ այդ մասին որեւէ փորձառութիւն չէ ունեցած։ Բայց փորձառութեան չգոյութիւնը չի նշանակեր թէ՝ ճշմարտութիւնը գոյութիւն չունի։ Ճշմարտութիւնը ո՛չ փաստի, ո՛չ փորձառութեան կը կարօտի. ճշմարտութիւնը միշտ գոյութիւն ունի եւ միշտ «ճշմարտութի՛ւն» կը մնայ՝ ապացուցուի կամ ոչ։

Արդարեւ, աչազուրկ մէկը երբ չի տեսներ որեւէ իր, այդ չի՛ նշանակեր, թէ այդ իրը գոյութիւն չունի, կամ մութի մէջ չտեսնուած որեւէ բան կարելի՞ է անգոյ եւ յերիւրածոյ նկատել…

Մարդուս մարմնաւոր աչքը կրնայ երբեմն կարգ մը բաներ չտեսնել, բնական է ասիկա, բայց մարդուս հոգեւոր կամ մտաւոր աչքը յաճախ չի կրնար անդրադառնալ շատ մը ճշմարտութիւններու, որովհետեւ մարդ Կատարեալի եւ Բացարձակի նկատմամբ թերի, տկար եւ անկատար է։ Այո՛, մարդ արարածը, շատ մը տեսակէտէ բաւական յատկութիւններով օժտուած է, բայց պէտք է անդրադառնայ իր թերութիւններուն, տկարութիւններուն եւ անկատարութեան։

Ըսուեցաւ, որ անօթութիւնը եւ վախը էական եւ սկզբնական զգացումներ են։ Ուստի, առանց անօթութեան զգացումին, յայտնի է, թէ կեանքին պահպանումը եւ տեւականութիւնը լոկ դիպուածէն կախում պիտի ունենար։ Մինչդեռ կեանքի մէջ ոչ մէկ բան դիպուածով կ՚իրականանայ, քանի որ բնութիւնը պատճառ-հետեւանք սկզբունքով կը գործէ։ Բնութեան մէջ պատահական ո՛չ մէկ բան գոյութիւն ունի։

Իսկ վախը՝ մարդուն ինքնապաշտպանութեան կարեւոր եւ անհրաժեշտ մէկ զգացումն է։

Վախը՝ որքան որ այս զօրաւոր զգացումը, աւելի լա՛ւ է ըսել՝ բնազդը մարդուն կեանքը պաշտպանող «զրահ» մըն է, միեւնոյն ժամանակ անոր թշուառութիւնն ալ կարեւոր մէկ պատճառը կրնայ դառնալ, երբ վախը բանաւոր ամէն սահման ոտնակոխ կ՚ընէ։ Կեանքի մէջ մարդուս թանկագին նկատած որեւէ բանին կորուստին վախը շատերուն մղձաւանջն է։ Բանաւոր կրնայ ըլլալ այս վախը, սակայն կրնայ այս վախը վերածուիլ մտատանջութեան, մտախռովութեան եւ վրդովել ենթական։ Ուրեմն, ուշադրութի՛ւն այս մասին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2023