ՄԻ ՊՈՒՃՈՒՐ Կ՚ՕԳՆԷ՞Ք

Արդէն աւելի քան երկու տարի, գրեթէ ամէ՛ն օր Երեւանի Ամիրեան փողոցի վրայ կը տեսնեմ տարեց կին մը, որ ամէ՛ն անցորդի ձեռքը երկարելով «մի պուճուր կ՚օգնէ՞ք» մը կը փսփսայ: Ամէ՛ն օր կը նստի նոյն քարին վրայ, նոյն դիրքով ու առանց յուսահատելու աւելի քան ութ ժամ նոյն անգիրը կ՚արտասանէ: Յաճախ նստած տեղը քունի կ՚անցնի, աչքերը կը գոցէ եւ նոյնիսկ այդ վիճակին մէջ չի դադրիր անցորդներու ներկայութիւնը զգալէ եւ նոյն արտասանութիւնը կրկին ու կրկին կը կրկնէ:

Սկզբնական շրջանին այս կնոջ պատկերը տխրութիւն կը պատճառէր. ո՞ր հայը պիտի ուզէր տեսնել հայ կինը մը՝ մայթի մէկ ծայրը նստած «պուճուր» օգնութեան կարօտ, երբ իրեն տարեկից շա՜տ շատ կիներ օտար երկիրներու մէջ իրենց մատուցուած ծերութեան հանգստութիւնը կը վայելեն: Սակայն կարեկցանքի այս զգացումը ժամանակի ընթացքին վերացաւ։ Զինք կը տեսնէի ամէ՛ն օր եւ արդէն սկսայ զգալ, որ այդ մէկը պէտք է եւ կարօտութենէ աւելի վերածուած է արհեստի եւ ցաւ ի սիրտ, այդ արհեստը Հայաստանէն ներս վերելք մը կ՚ապրի։ Մայթի վրայ կարելի է հանդիպիլ անձերու, որոնք այս կամ այն պատճառաբանութեամբ գումար կը խնդրեն:

Կը կարծեմ, թէ աշխարհի վրայ գոյութիւն չունի երկիր մը, որ չունենայ մուրացկաններ։ Շատ մը ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, թէ մուրացկանութիւնը հի՛ն է այնքան՝ որքան մարդկութիւնը: Ժամանակի ընթացքին զարգանալով ունեցած է իր «ռազմավարութիւն»ը, ստեղծած՝ իր ճիւղերը եւ մեթոտները. օրինակ՝ Հայաստանի մէջ անոր լաւագոյն արդիւնքը տարիքի մէջ կը կայանայ։ Հայաստանի մուրացկանները ընդհանրապէս տարեցներ են, մինչ Լիբանան առաւելաբար մանուկներ կարելի էր տեսնել այս ասպարէզէն ներս:

***

Մօտաւորապէս մէկ շաբաթ առաջ, առաւօտեան ժամը 4-ին, գործէն դուրս գալով քրոջս հետ գացինք Երեւանի վաճառատեղիներէն մէկը։ Բացի մեզմէ առեւտուրի մէջ էր նաեւ «մի պուճուր կ՚օգնէ՞ք»ը. կառքը ձեռքը իր «պուճուր» պէտքերը կը հոգար։ Գուցէ այդ ժամը ընտրած էր աւելի քիչ «տեսնուելու» համար, որովհետեւ Ամիրեան փողոցէն անցնող մը կարելի չէ, որ տեսած կամ ճանչցած չըլլայ այս կինը: Հետաքրքրութիւնս պատճառ դարձաւ, որպէսզի աւելի մօտէն նայիմ «պուճուր» պէտքերը։ Քանի մը անգամ քովէն անցայ՝ աւելի յստակ տեսնելու համար կառքին մէջ դրած «պէտք»երը։ Իրականութեան մէջ «պէտք»եր չէին՝ այլ ճոխութիւն. ըմպելիքի տեսականիներ, միսեր, քաղցրեղէններ, իսկ ամենէն տարօրինակը արդիական հեռաձայնի լարեր ու սարքաւորումներ:

Այս դէպքէն օր մը ետք զինք գտայ նոյն մայթին վրայ՝ դարձեալ «մի պուճուր» օգնութեան կարօտ:

Կը հաւատամ, որ այդ կինը շատ աւելի բարեկեցիկ կեանք մը կ՚ապրի՝ քան Հայաստանի մէջ օր ու գիշեր աշխատող, սակայն համեստ ու խեղճ կեանք մը ապրիլ շարունակող բազմաթիւ բանուորներ եւ կամ մաքրուհիներ: Մինչեւ օրս Հայաստանի մէջ բազմաթիւ են ութ ժամ աշխատելով հանդերձ օրական 3-4 հազար օրավարձ ստացողները։ Այդ գումարը «մի պուճուր կ՚օգնէ՞ք»ին համար մէկ ժամուան «աշխատանք» մըն է եւ չափազանցութիւն չ՚ըլլար, եթէ ըսենք, թէ այդ «մի պուճուր»ը աւելի գումար կ՚աշխատի՝ քան Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը:

Այս առումով Հայաստան տակաւին կը պարզէ ցաւալի երեւոյթ մը. ի տարբերութիւն «խոստացեալ երկիր»ներուն, Հայաստանի մէջ ապրող ծերերուն «ապագան» ապահովուած չէ։ Եթէ այլ երկիրներու մէջ 60-65 տարեկանին մարդիկ հանգստեան կը կոչուին ու իրենց ծերութեան շրջանը վայելելու կ՚անցնին, ապա Հայաստանի մէջ այդ մէկը գոյութիւն չունի։ 70-75 տարեկան տարեցներ նոյնիսկ պարտաւոր են աշխատիլ՝ կենդանի մնալ փորձելու համար: Այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մէկ կողմէ քննադատենք «մի պուճուր կ՚օգնէ՞ք»ին շահասիրութիւնը, իսկ միւս կողմէ իրաւունք տալու ընել այդ մէկը՝ այլապէս իր ձեւացուցած դժբախտ վիճակին մէջ այս անգամ իրապէս պիտի յայտնուի:

Ժողովուրդի կողմէ որոշ անձեր կ՚ընտրուին իբրեւ պետական գործիչներ, որպէսզի բարելաւեն երկիրը, բարելաւեն ժողովուրդի տնտեսական վիճակը, սակայն չես գիտեր ինչպէս ժողովուրդը հարստացնելու կոչուածները իրե՛նք կը հարստանան եւ բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու կը սկսին։ Կարելի չէ պատկերացնել աւելի դժբախտ երկիր մը, որուն ղեկավարները հարստութեան, մինչ ժողովուրդը աղքատութեան մէջ կ՚ապրի: Այսօր Հայաստանի կառավարութիւնը արտաքին անապահովութեան կողքին ունի լուրջ խնդիր՝ ապահովել երկրի տնտեսական կայունութիւնը: Տարօրինակ անհաւասարութիւն մը կը տիրէ երկրին մէջ։ Երեւանի ամբողջ տարածքին կը բարձրանան բազմատասնեակ նոր շէնքեր, որոնք կը միտին հարուստ գործատէրերը աւելիով հարստացնելու, սակայն ժողովուրդը զուրկ կը մնայ նման տուներ ձեռք բերելու «բարիք»ներէն։ Օր ըստ օրէ հարուստը աւելիով կը հարստանայ, իսկ աղքատը քիչ մը եւս կ՚աղքատանայ: Այս դժբախտ ընթացքը մեր մէջ պիտի ստեղծէ բազմաթի՜ւ «մի պուճուր կ՚օգնէ՞ք»ներ, որոնք պիտի նախընտրեն մուրացկանութեան ճամբով «տեղ մը հասնիլ»՝ քան օր ու գիշեր աշխատիլ ու քայլ մը յետ դիմել:

Այդ իսկ պատճառով մուրացկանները քննադատելու փոխարէն գուցէ աւելի բանիմաց է քննադատել պետութիւնը, որ կարծուածին չափ ալ «աղքատ» չէ. պարզապէս աղքատ է իր ժողովուրդին հանդէպ եւ ո՛չ ընտրեալներուն, որոնք մեր հայրենիքին բարիքները լիովին կ՚ապրին ու կը վայելեն:

Այս բոլորին մէջ կարելի է գտնել նաեւ մեր ամօթալի պարտութեան պատճառները, որովհետեւ մեր դրացիները իրենց զօրքն ու զինամթերքը զօրացուցած ժամանակ, մեր պետութիւնը կը զբաղէր անձնական հարստութեամբ: Նոյն այդ հարստահարողները այսօր Ազգային ժողովի մէջ հայ ազգի հարցերը «լուծելով» կը զբաղին։ Այդ հարցերուն լուծումը Քրիստոսի գոյութեան հաւատալ-չհաւատալու համազօր բան մըն է. հաւատքի հարց է պարզապէս, որ կարելի չէ տեսնել:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Անասունները ուղեղ ունի՞ն:

Պատասխան. Այո, անասունները ուղեղ ունին: Ուղեղը անասուններուն հնարաւորութիւն կու տայ ընկալելու իրենց միջավայրը, որոշումներ կայացնելու եւ համակարգելու գործողութիւնները: Սակայն ուղեղի եւ ըմբռնումի հասկացողութիւնը կրնայ տարբերիլ անասունէ անասուն:

Ուղեղի կառուցուածքը անասուններու մօտ գրեթէ նոյն է. ունի պարզապէս չափի տարբերութիւն։ Միջատները եւս ունին ուղեղ, սակայն տարբեր քան կաթնասունները եւ կամ ողնաշարաւոր անասունները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2023