ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ՏՕՆԸ

27 Յունուար Շաբաթ օր Սուրբ Սարգիսի յիշատակի տօնն է։ Այս տօնին կը յիշուին նաեւ իր որդին՝ Մարտիրոսը եւ տասնչորս զինուորները։ Սուրբ Սարգիս զօրավար մըն էր, ծնած՝ քրիստոնեայ ընտանիքէ, Կապադովկիայի՝ Քամիրքի շրջանին մէջ։ Ան զինուորական եղած էր Կոստանդիանոս կայսրի թագաւորութեան ընթացքին (285-337)։

Ամէն տարի, Հայ Եկեղեցին Առաջաւորաց պահքէն յետոյ կը նշէ Սուրբ Սարգիս զօրավարի յիշատակը։ Սարգիս զօրավար զարգացած էր Ս. Հոգիի շնորհներով, աղօթասէր, խոնարհ եւ արի մէկն էր եւ այս իսկ պատճառով միշտ յաղթակա՛ն կ՚ելլէր մասնակցած պատերազմներէն։ Ան կ՚օգնէր նաեւ բոլոր կարօտեալներուն, եւ այս իսկ պատճառով, անուանուած էր «երագահաս», այսինքն՝ բոլորին արագ օգնութեան հասնող։ Անոր բարի համբաւը այնքան տարածուած էր, որ Կոստանդիանոս կայսրը, որպէս վարձատրութիւն երկրին բերած ծառայութիւններուն, արժանացուցած է զայն ստրատի, այսինքն՝ զօրավարի աստիճանին։

361 թուականին հռոմէական կայսր կ՚ըլլայ Յուլիանոս Ուրացողը, որ կը սկսի հալածել քրիստոնեաները։ Սուրբ Սարգիս, աստուածային նախախնամութեամբ իր միամօրիկ որդիին՝ Մարտիրոսի հետ կու գայ Հայաստան եւ փառաւոր ընդունելութիւն կը գտնէ հայոց Տիրան արքայէն, ապա կ՚անցնի Պարսկաստան՝ Շապուհ արքայի մօտ։

Պարսկաստանի մէջ ալ, Սուրբ Սարգիս, Աստուծոյ նախախնամութեան շնորհիւ բազմաթիւ յաղթանակներ ցոյց կու տայ։ Շատեր ազդուելով անոր խօսքերէն կու գան եւ կը մկրտուին։

Բայց չարամիտ կարգ մը մարդիկ կը չարախօսեն Սուրբ Սարգիսը Շապուհ արքային եւ կը դրդեն զայն՝ ըսելով, թէ ան կ՚ապստամբի արքային դէմ՝ քարոզելով Աստուծոյ խօսքը։ Ուստի հայր եւ որդի՝ Սուրբ Սարգիս եւ Մարտիրոս կ՚երթան ներկայանալու Շապուհ արքային։

Շապուհ արքայ, կուռքերու տօնին առթիւ տօնախմբութիւն մը կը կազմակերպէ՝ այնպէս կարգադրելով, որ Սուրբ Սարգիս եւ որդին Մարտիրոս զոհ մատուցանեն չաստուածներուն եւ խունկ ծխեն անոնց առջեւ որպէս հաւատքի արտայայտութիւն։ Սակայն Սուրբ Սարգիս եւ որդին հաւատարիմ կը մնան իրենց Աստուծոյն։ Իրենց հաւատարմութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ շատ մը տանջանքներու եւ չարչարանքներու ենթարկուին։ Այս տանջանքներէն վերջ, Սուրբ Սարգիս, որդին եւ իրենց հաւատարիմ տասնչորս զինուորներ կը նահատակուին 31 Յունուար 363 թուականին։

Ըստ աւանդութեան՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, աւելի վերջ, Սուրբ Սարգիսի մարմինը Պարսկաստանէն կը տեղափոխէ Հայաստան՝ Աշտարակի շրջանի Կարբի գիւղ, ուր եւ եկեղեցի մը կը կառուցանէ՝ մկրտելով զայն Սուրբ Սարգիս անունով։ Այսպէս, Սուրբ Սարգիս զօրավար, երանելի այս սուրբը ամենասիրուած սուրբերէն է եղած Հայ ժողովուրդին կողմէ։ Անոր անուան հետ կապուած է բազմաթիւ հրաշքներ, ժողովրդական սովորութիւններ եւ մշակութային աւանդութիւններ։

Գարեգին Բ. Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը հռչակուած է «Երիտասարդներու օրհնութեան օր»։

Արդարեւ, Սուրբ Սարգիս երիտասարդներու «արագահաս բարեխօս»ն է։ Անոր միջնորդութեամբ տեղի կ՚ունենան բազմաթիւ հրաշքներ։

Աւանդաբար, Սուրբ Սարգիսի տօնին, երիտասարդները կ՚աղօթեն Սուրբին, որ իրենց աղօթքները հասնի Աստուծոյ։ Այս իսկ պատճառով, Սուրբ Սարգիսը սիրոյ երազներ իրականացնող Սուրբն է։ Արդարեւ, Սուրբ Սարգիսի մասին բազմաթիւ աւանդապատումներ կը գտնուին։

Այդ աւանդապատումներէն մի՛ն է հետեւեալը.

Աղքատ Աշուղ Ղարիբը կը սիրէ մեծահարուստի մը՝ Շահ-Սանամի աղջիկը։ Ղարիբը կը սիրէ, բայց Աշուղը աղքատ է, ուստի աղջկան հայրը կ՚արգիլէ անոնց ամուսնութիւնը, քանի որ մտադրած է իր աղջիկը կնութեան տալ իրեն նման մեծահարուստի մը։

Խեղճ Աշուղ Ղարիբը կ՚որոշէ երթալ օտար երկիր, պանդուխտ եւ աշխատիլ հոն։ Մինչ այդ Աշուղ Ղարիբը կը խնդրէ իր սիրած աղջիկէն, որ եօթը տարի սպասէ իրեն։ Պայման կը դնէ, որ եթէ մէկ օր իսկ ուշանայ, թող ամուսնանայ իր հօր փափաքած երիտասարդ մեծահարուստին հետ։ Եւ Աշուղը կը լծուի աշխատութեան…։

Այդ եօթը տարիները շա՜տ դժուար կ՚անցնին Ղարիբին համար։ Ան զրկուած է իր սիրած գեղեցիկ աղջիկը տեսնելու կարելիութենէն՝ չկա՛յ որեւէ լուր իր մասին, սակայն չի յուսահատիր, այլ կարօտով կը սպասէ այն օրուան՝ երբ իրենք պիտի դիմաւորուին, ընտանիք պիտի կազմեն եւ ամբողջ կեանք մը միասին պիտի ապրին իրենց զաւակներով։

Եօթը տարի շարունակ, անվհատ, գիշեր եւ ցերեկ աշխատելով՝ Աշուղ Ղարիբ կորովալից եւ մեծ յոյսով տուն դարձի ճամբուն կ՚իյնայ։

Վերադարձի ճամբան լեցուն էր փորձանքներով եւ խոչընդոտներով։ Այնպէս կը թուէր, որ Աշուղ Ղարիբ իր յոյսը պիտի կորսնցնէր եւ պիտի չկարենար հասնիլ իր սիրած աղջկան։ Ան՝ դրդուած այդ մտածումներէն, ազնիւ սիրտով եւ արդար միտքով կ՚աղօթէ Սուրբ Սարգիսին՝ խնդրելով արագահաս Սուրբին օգնութիւնը։

Սուրբ Սարգիս լսելով սիրահարուած Աշուղին աղօթքը, իր արագահաս ճերմակ նժոյգով՝ հեծնելու ընտիր ձիով, բարձրացած մրրիկի մէջ իսկոյն կը յայտնուի Աշուղ Ղարիբին, կը նստեցնէ ձիու գաւակին՝ ձիուն կռնակը եւ մէկ ակնթարթի մէջ կը հասցնէ Շահ-Սանամի՝ աղջկան մօտ։ Աղջկան մեծահարուստ հայրը տեսնելով Աշուղ Ղարիբի կամքը, կատարուած հրաշքը՝ անոնց անկեղծ սէրը եւ նուիրուածութիւնը, կ՚օրհնէ երկուքին միութիւնը՝ ամուսնութի՛ւնը։

Ժողովրդական սովորութիւններէն է նաեւ Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը, երիտասարդներու «աղի բլիթ», այսինքն հաց ուտելը՝ որու հետ անոնք կը կապուի իրենց փեսայի եւ հարսնցուի երազայայտնութիւնը։ Սիրահարուած երիտասարդներ տօնի առթիւ իրարու բացիկներ եւ քաղցրաւենիներ կ՚ուղարկեն կամ կը նուիրեն…։

Այս առթիւ կը շնորհաւորենք մեր հոգեւոր եղբօր՝ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանի եւ բոլոր Սարգիս անունը կրողներու անուան տօնը։

Շնորհաւո՜ր եւ բարեբեր ըլլա՛յ բոլորին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 23, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 27, 2018