ՁՄԵՌԸ Կ՚ԱՆՑՆԻ՝ ՀԵՏՔԸ ԿԸ ՄՆԱՅ

Այն բոլոր ժամանակները՝ որ կեանքի ընթացքին մարդ կ՚ապրի, անոնց վրայէն սրարշաւ կը թաւալի, մեծ եւ փոքր խոռոչներով ծածկուած են։ Այն խոռոչները՝ որ կեանքի ձմեռը թողած է ժամանակի ընթացքին։

Այդ խոռոչները կը նմանին ծաղկախտի համաճարակէ կերուած՝ փոսիկաւոր դէմքերու։

Կեանքի ձմեռ շրջանները, որոնք անխուսափելի են, անպայման հետքեր կը թողուն՝ զգալի կամ անզգալի, տեսանելի կամ անտեսանելի։ Կեանքը, այսպէս, կ՚իջնէ լուռ եւ անմեղուկ, հանդարտիկ, եւ այսպիսի աւերի պատճառ կը դառնայ։ Կեանքը եթէ աղ-մըկալից յայտարարութեամբ գար, այսպիսի դառն յուսախաբութեան չէին մատնուեր մարդիկ։ Երկրաշարժը եթէ չա՛ր է՝ գէթ չարութիւնը չի քօղարկեր անմեղութեամբ։ Բայց ո՞վ կ՚ակնկալէ պողպատեայ նետի մը սպաննող հարուածը թռչտող փետուրէ մը։

Ինչպէ՞ս հաշտեցնել անմեղութիւնը՝ յելուզակութեան հետ, բարին՝ գործուած չարիքին հետ։

Կեանքը որ շունչով մը կ՚անէանայ, ինչպէ՞ս կրնայ ուժանակի վերածուիլ եւ քակել, քանդել հարթ եւ հաստատ իր ճամբաները։ Բայց այս առեղծուածային երեւոյթը կը յայտնուի ամէն օր մարդկային ապրումներու եւ փոխյարաբերութիւններու մէջ։

Առածը կ՚ըսէ. «Գլուխը ծակող քարը յաճախ չակնկալուած կողմէն կու գայ»։

«Թշնամի»ի մը դանակը կը խոցէ, կ՚արիւնէ, բայց չի մեռցներ. «բարեկամ»ի մը, կամ իբրեւ «բարեկամ» վստահուածի մը մութի մէջ կռնակէն զարնուած դանակը՝ ա՛ն է որ կը մեռցնէ։

Յիսուս նախ խաչուեցաւ Յուդայի մը խարդախ համբոյրովը եւ ապա՝ հեթանոս հռոմէացիներու գամերովը զարնուեցաւ փայտի մը վրայ, եւ առաջին խաչելութիւնը անհամեմատօրէն աւելի՛ տառապանք տուաւ Տիրոջ քան՝ երկրորդ խաչելութիւնը Գողգոթայի գագաթը։ Առաջինին մէջ սիրոյ մատնութիւն կար, անորակելի յուսախաբութիւն «բարեկամ»է մը՝ որ չկար երկրորդին մէջ։

Կեանքն ալ երանի թէ միշտ գարնանային երեսը ցոյց տար, բայց ան ունի նաեւ իր ձմեռը, եւ երբ մարդիկ տեսնեն կեանքին միայն գարնանային երեսը, անխուսափելի է որ յուսախաբ չըլլան ի վերջոյ։

Առածը դարձեալ կ՚ըսէ. «Ես ինքզինքս կրնամ պաշտպանել թշնամիներուս դէմ, եթէ Աստուած ալ զիս պաշտպանէ բարեկամներուս դէմ»։

Արդարեւ, բարեկամէ մը հասած չարիքը աննորոգելի, անդարմանելի եւ ամբողջական աւեր է։

Այս աշխարհի վրայ չարերուն ուժը կը կոտրի եւ անհետեւանք կը մնայ, եթէ բարիները չխաբեն եւ չդաւեն։ Երջանիկ պիտի ըլլային մարդիկ, եթէ ամէն ինչ իրենց արտաքնապէս տեսածին պէս ըլլար, եւ երջանկութիւնը, խաղաղութիւնը մշտատեւ պիտի ըլլար, երբ մարդիկ ըլլային այնպէս՝ ինչպէս որ են եւ ըլլային այնպէս՝ ինչպէս որ կը տեսնուին։

Բայց անկեղծութիւնը կը պակսի ընդհանրապէս մարդոց մէջ։ Անկեղծութեան համար անհրաժեշտ է որ «ներքին մարդ»ը եւ «արտաքին մարդ»ը անհամեմատ չըլլան, ներդաշնակուած ըլլան եւ երեւին այնպէս՝ ինչպէ՛ս որ են։

Ամէն մարդու կեանքին ճամբան խոռոչաւոր է միշտ, ամէն եղանակի մէջ։ Ան որ կեանքէն կ՚ակնկալէ անարգել, հարթ, ողորկ, հեշտ ճամբայ՝ այս աշխարհի վրայ ապրելու չէ, կամ հոս չծնած՝ երկինք հասնելու է։

Պայքարը, յանդգնութիւնը, դժուարութիւնը, յուսախաբութիւնը, արցունքը, ցաւը, վիշտը մեր ամէնօրեայ կեանքի ճամբուն խոռոչները կը կազմեն։ Մենք չենք կրնար վերցնել այդ խոռոչները, բայց մեր բարոյական կորովը կրնանք պահել, եւ ներել, համբերել, սիրել եւ իյնալով ելլելով, յառաջանալ կեանքի այս փորձալից եւ սպառնալից ճամբէն։

Արդարեւ, կեանքը ապրիլը անընդհատ եւ անվերջ երկունք մըն է։ Եւ կամ, ցաւի, դժուարութիւններու, նեղութիւններու, անգութ ուժերու եւ մահուան դէմ պայքար մը։ Տիեզերական պայքար մըն է կեանքի պայքարը եւ այս պայքարին մէջ է մարդը անխուսափելի կերպով։ Մարդիկ, անհատապէս եւ հաւաքապէս, այս պայքարին մէջ են։ Կ՚ապրինք, բայց միշտ եկունքով եւ պայքարով կ՚ապրինք այն ուժերուն դէմ, որոնք որեւէ կերպով կը փորձեն մեր կեանքը դժուարացնել, դառնացնել, վտանգել եւ մեռցնել՝ խլել կեանքը մեզմէ։ Կ՚ապրինք, բայց ինչպէ՜ս կ՚ապրինք - ապրողը գիտէ, ապրողը կ՚ապրի…։ Հասարակաց փորձառութիւն մը բացատրելու փորձ աւելորդ է։

Բայց ի՛նչպէս որ ալ կ՚ապրինք, գէթ առանց Աստուծոյ չապրինք։

Աստուած կեանքը չի փոխեր, մեզ պաշարող ցաւերը, վտանգները, դժուարութիւնները, նեղութիւնները չի բառնար, եւ ոչ ալ մահը կը խափանէ, բայց ատոնց դէմ մեր պայքարը անվհատ քաջութեամբ մղելու կարող ըլլալու համար՝ մեզի հարկաւոր զօրութիւնը կու տայ։

Պարտութենէ՝ յաղթութիւն, ա՛յս է կեանքը իր խորքովը, թէ՛ մահէն առաջ, թէ՛ մահէն յետոյ։

Եւ Բնութիւնը երգիչն է իրականութեան։ Երեւոյթն է մահը, կեանքն է իրականութիւնը։ Վկա՛յ. ահա տերեւ մը որ կանաչ էր, բայց այժմ դեղնած է, բայց տակաւին ժպտուն՝ իր գունափոխութեան մէջ, եւ ան կանաչ կամ դեղին՝ մի՛շտ տերեւ է։

Դեղնած կամ կարմրած տերեւը կ՚ըսէ. կեանքը կեա՛նք է, երբ գեղեցիկ է, երկրի վրայ կամ երկնից մէջ։

Կեանքը արդէն մա՛հ է, երբ գեղեցիկ չէ։ Ժամանակի տարրը չէ որ կեանքին կու տայ իր իսկական սահմանը, այլ՝ իր նկարգրին բնոյթը, իր յատկութիւնը, իր որակը եւ պարունակութիւնը։

Գեղեցկութի՛ւնն է յաւիտենականը եւ ո՛չ թէ թիւը՝ տարիներու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 23, 2021, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021