ԾԵԾԸ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԵՂԱՆԱԿ Մ՚Է ՅՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ ԲԵՐԵԼՈՒ
Երբեւէ չէի մտածած, թէ կրնայ ըլլալ ժամանակ, որ բռնատիրութիւնն ու բռնակալութիւնը դրական ու աղէկ նկատենք։ Երբեք ալ բռնատիրութեան կողմնակից չենք եղած եւ չե՛նք, սակայն ցաւ ի սիրտ, իրողութիւն մըն է, որ հոն ուր բռնատիրութիւնը կ՚իշխէ, բարոյականութիւնն ու մարդկային արժէքները աւելի երկար կ՚ապրին քան հոն, ուր ժողովրդավարութիւն անուան տակ կը տիրապետէ սանձարձակ ազատութիւնը:
Ո՛չ միայն պետութիւններու պարագային, նոյնիսկ մեր անհատական կեանքի մէջ բռնութեան վերացումը շատ մը արժէքներու՝ մահուան եւ վերացման պատճառ դարձաւ, որովհետեւ մարդիկ աւելի զարգացած ըլլալը բարոյալքումի հետ շփոթեցին: Տասնամեակներ շարունակ մեր մանկավարժ դաստիարակները պայքարեցան, որպէսզի մեր դպրոցներէն դուրս վանեն բռնութիւնն ու Տէր Թոդիկեան հոգեբանութիւնը. փորձեցին բռնատիրութեան եւ կարգապահութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող յստակ տարբերութիւնը ընդգծել եւ բռնի հեղինակութիւններու փոխարէն սիրոյ գաղափարը սերմանել: Նման գաղափարներու քարոզիչները հաւանաբար չտեսան իրականացումը իրենց քարոզութիւններուն, սակայն մենք տեսանք անոնց դժբախտ արդիւնքը, որ մինչեւ իսկ Տէր Թոդիկեան մեթոտի կարօտը զգալ տուաւ իւրաքանչիւրիս:
Իրենց սանձարձակ ընթացքին համար նոր սերունդը յաճախ կը մեղադրենք, սակայն հիմնական մեղաւորները բռնութեան դէմ պայքարողներն են, որովհետեւ ծեծն ու բարկութիւնը մանկավարժական տեսանկիւնէն որքան ալ սխալ, գործնական գետնի վրայ իր դրական արդիւնքները կու տար եւ այդ արդիւնքը յստակօրէն կարելի է տեսնել հին եւ նոր սերունդի վարքի ու բարքի ակնյայտ տարբերութիւններուն մէջ:
Նոյն այդ բռնութեան վերացումը կը տեսնենք հոգեւոր կեանքի մէջ. կար ժամանակ, երբ մարդ իր մէջ կը սնուցանէր վախն ու երկիւղը հանդէպ հոգեւոր արժէքներու. այդ վախը հաւանաբար զիրենք կ՚առաջնորդէր ծոմապահութեան կամ պահքի շրջանը պահելու. այդ վախն ու երկիւղը հաւանաբար զիրենք ամէն կիրակի եկեղեցի կ՚առաջնորդէր եւ շնորհիւ այդ վախին եւ երկիւղին՝00 որոշ հոգեւոր արժէքներ կը շարունակէին գոյութիւն ունենալ, սակայն յայտնուեցան վախի եւ երկիւղի հակառակորդները եւ սկսան քարոզել հաւատքի սիրոյ եւ ներողամտութեան երեսակներուն մասին, ինչ որ կամաց կամաց մարդիկը սկսաւ մերկացնել վախէն ու երկիւղէն եւ մեզի շնորհեց հոգեւոր արժէքները անտեսող, մինչեւ իսկ ծաղրող սերունդ մը։ Կողմնակից ենք, որ մարդ հոգեւոր արժէքներու հանդէպ վախ ունենալու փոխարէն գիտակցութեամբ եւ ըմբռնումով ընդունի զանոնք, սակայն անառարկելի է, որ վախի ժամանակ հաւատքը աւելի գոյութիւն ունէր քան այսօր: Այդ ժամանակ եւս շատեր կ՚ատէին օրուան կաթողիկոսները եւ կամ եկեղեցականները, սակայն այդ վախի եւ երկիւղի զգացումը զիրենք հեռու կը պահէր հրապարակային անբարոյ արտայայտութիւններէ եւ քննադատութիւններէ... Այսօր բացէ՛ք համացանցը եւ տեսէք անոնց հանդէպ եղած գրառութիւնները՝ ամենէն անվայել ու անմակարդակ արտայայտութիւններով. վախի վերացումը մեզ հասցուց մերօրեայ վիճակին:
Վախի վերացումը քաղաքականութեան մէջ եւս ժողովուրդը առաջնորդեց սանձարձակութեան, որովհետեւ նախապէս իր ղեկավարին հանդէպ բառ մը անգամ արտասանել չհամարձակող հանրութիւնը յանկարծ քաղաքագէտ ըլլալով սկսաւ քննադատել, հայհոյել եւ տեղի-անտեղի նախատել ղեկավարութիւնը: Տարիներ շարունակ հայութեան մէջ սփիւռքի տարածքին տեղի ունեցած եղբայրասպան կռիւները արդիւնքն են այդ «ազատութեան» գաղափարին:
Մեր թուականէն 65 տարիներ առաջ՝ 1958 թուականին «Եւրոպացի» գրչանունով գրող մը ֆրանսահայ «Յառաջ» թերթի երեքշաբթի, 16 սեպտեմբերի թիւին մէջ (34-րդ տարի, թիւ 8294) հետեւեալ տողերով կը բացատրէր բռնատիրութեան բերած «միակամութիւնը».
«Հո՞ն... «հոն» անանկ, ուզածիդ պէս շարժիլ չկայ, սիրելիս: Խրուշչեւը «դդում կեր» հրամայէ, դդում պիտի ճտկիս, «սոխ կեր, սեխ մի՛ ուտեր» պատուիրէ, սոխ պիտի ճտկիս... Եթէ կրնաս «դդում կեր» ըսած օրը սոխ ուտել, նայէ ինքզինքդ ուր կը գտնես... Անանկ որ «հոն» ներդաշնակութիւն ստեղծը-ւած է եւ այդ պատճառաւ ալ ազգերնիս միակտուր է, միականի է, միատեսակ է ու միակամ է»:
Մեծագոյն մանկավարժներէն Ռ. Պէրպէրեան իր «Դպրոց եւ դպրութիւն» աշխատութեան մէջ կը գրէր. «Ծեծը գազանական եղանակ մ՚է յուղղութիւն բերելու». աւելի քան երբեք վստահ եմ, որ մեծ մանկավարժը ներկայ իրավիճակին դիմաց «գազանական» բառը պիտի փոխարինէր «լաւագոյն»ով, ամենայն վստահութեամբ յայտարարելով, թէ «Ծեծը լաւագոյն եղանակ մ՚է յուղղութիւն բերելու»։
***
Անցնող տարիներուն այդ բռնութեան պակասը մեծապէս զգացինք ազգովին։ Հայրենիքի սահմանի վրայ երիտասարդներ զոհուած ժամանակ անտարբեր ու հայութենէ մերկացածներ ամենայն հանգստութեամբ քէֆեր ու խնջոյքներ կը կազմակերպէին հայրենիքի զանազան վայրերու մէջ... Եթէ գոյութիւն ունենար արդար բռնութեան ձեռքը եւ պիտի տեսնէք, թէ ինչպէս հայաթափուածները յանկարծ կը սորվին ցաւակից ըլլալ հայրենիքի բոլոր ցաւերուն: Օտարութեան մէջ ապրող մեր հայորդիները առաջնորդողները իրաւունքը թող ունենային բռնատիրութեան եւ տեսէ՛ք իրենց մայրենի լեզուն այսօր չգիտցողներէն քանի՜ քանիներ սոխակի նման հայերէն պիտի գեղգեղէին ու դայլայլէին:
Դժբախտաբար այսօր խօսքը կորսնցուցած է իր երբեմնի արժէքն ու զօրութիւնը. մեր ազգը ո՛չ խօսքով եւ ո՛չ ալ քարոզներով կրթել պիտի յաջողուի այս պահէն ետք. այնպէս ինչպէս անասունին քացի մը կու տան ճիշդ ճամբու մէջ մտնելու եւ առաջանալու համար... նո՛յն քացիին կարօտ ազգ մըն ենք մենք այսօր:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -153-
Սուրիական պատերազմէն իսկ առաջ Դպրեվանքի աշակերտութեան մեծամասնութիւնը սուրիահայեր էին եւ այս մէկը յաճախ մտածել կու տար, թէ ինչո՞ւ համար սուրիահայեր աւելիով հոգեւորականներ կը դառնան՝ քան լիբանանահայեր, ամերիկահայեր եւ կամ ֆրանսահայեր:
Ժամանակ մը ետք պարզուեցաւ պատճառը. «գոց» եւ աւելի խիստ պայմաններու մէջ ապրիլը յաջողած էր սուրիահայ մեր քոյր ու եղբայրներուն մէջ պահել եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր արժէքներու հանդէպ յարգանքն ու հաւատքը. աշխարի ո՛ր կողմն ալ գտնուիք, գացէ՛ք ամենէն մօտիկ եկեղեցիներէն մին եւ պիտի նկատէք, որ դպրապետը, լուսարարը եւ կամ բանկալը սուրիացի մըն է: Այդ մէկը երկիւղն ու վախն է, որ յարգանքի ճամբով ի գործ կը դրուի անոնց մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հոգեմտաւոր
- 12/02/2024
- 12/02/2024