ԺՊՏԻԼՆ ԱԼ ՊԱՀԱՆՋՔ ՄԸՆ Է

Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան ըսած է, թէ ժպիտը, մաքուր սրտի մը եւ հանգիստ խղճի մը արտայայտութիւնն է։ Ուրեմն, մարդուս կարելի չափով ժպտերես ըլլալը կարեւոր է, քանի որ ժպիտը մարդուս տրամադրութիւնը միշտ բա՛րձր կը բռնէ եւ բարձր տրամադրութեան միջավայր մը կը ստեղծէ։ Խորհեցէ՛ք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, եթէ շուրջը խոժոռադէմ, կախերես մէկը ըլլայ, այդ որքա՜ն կ՚ազդէ իր շուրջինները եւ վատ տրամադրութեան մը պատճառ կ՚ըլլայ՝ մանաւա՛նդ զգայուն, դիւրազգաց եւ փափկասիրտ անձերու վրայ։

Անշուշտ, ամէն մարդ իւրայատուկ նկարագիր մը ունի եւ ասիկա իր ինքնութիւնը կը կազմէ եւ այս մասին ըսելիք չկա՛յ, բնականաբար։ Ըսել ուզուածը կեղծ լրջութիւնն է՝ կարծեցեալ խոժոռ երեւոյթը կամ ինքնակոչ խստադէմ երեւոյթն է։ Մէկ խօսքով՝ ինքզինք խստութեան պարտադրե՛լն է սխալը՝ մարդ պէտք է իր նկարագրին համապատասխան երեւի։ Ինչպէս ամէն մարզի մէջ, այս մասին ալ անկեղծ ըլլալ՝ ներքին մարդը արտաքին մարդուն համակերպ ըլլալու է։

Երբ ժպիտը կարեւոր է կ՚ըսենք, ուրեմն մարդ հարկ է, որ ժպտելու առիթներ, միջոցներ որոնէ։

Ուրեմն ջանանք քիչ մը ժպտիլ…

Օր մը կենդանիներու աճուրդ կը կազմակերպուի, ուր նաեւ աճուրդի դրուած էր բացառիկ գեղեցկութեամբ խօսող թութակ մը։ Ինքզինք շատ խելացի կարծող երիտասարդ մը, որ շատոնց կ՚ուզէր այդպիսի թութակ մը ունենալ, կ՚երթայ մասնակցելու աճուրդին։

Եւ ամէն անգամ որ երիտասարդը գին մը կ՚առաջարկէ թութակին համար, այնտեղէն ուրիշ ձայն մը միշտ կը բարձրացնէր արժէքը՝ այնքան, որ կը հասնի 1500 լիրայի, որ ի վերջոյ կը մնայ երիտասարդին վրայ։

Երբ երիտասարդը հպարտօրէն կը վճարէր, կը հարցնէ թութակին տիրոջ.

-Կը յուսամ լաւ կը խօսի թութակդ։

Թռչունին տէրը կ՚ըսէ.

-Ինչո՞ւ, մինչեւ հիմա ո՞վ կը կարծէիր, թէ գինը կը բարձրացնէր աճուրդի ժամանակ…։

*

Մարդ մը կ՚երթայ ակնաբոյժի մը, որ տեսողութիւնը քննելու համար կ՚ըսէ անոր.

-Փակէ՛ ձախ աչքդ եւ ըսէ, թէ ի՞նչ տառ է սա։

Մարդը կը լռէ։

-Լաւ, հիմա փակէ՛ աջ աչքդ եւ ըսէ տեսնեմ, թէ այս տառը ի՞նչ է։

Դարձեալ լռութի՛ւն։

-Ի՞նչ է, բնաւ չե՞ս տեսներ, կը հարցնէ բժիշկը։

-Ո՛չ, շատ լաւ կը տեսնեմ, բայց պարզապէս տառերը չեմ գիտեր…։

*

Յիմարանոցի մը մէջ երկու տկարամիտ սենեակ մը կը նորոգեն։

Յանկարծ տկարամիտներէն մէկը գամերուն տուփը առնելով պատուհանէն դուրս կը նետէ։ Միւս տկարամիտը բարկացած կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ թափած էր գամերը։

-Որովհետեւ գլուխները սխալ կողմէ փակցուած էին, կը պատասխանէ առաջինը։

-Բայց ցաւագա՜ր, չէի՞ր գիտեր, որ ատոնք միւս պատին համար էին…։

*

Մարդ մը շտապով դեղարան կը մտնէ եւ դեղագործին կ՚ըսէ.

-Հաճիս, ինծի յիսուն կրամ արսենիք տուր, զոքանչիս համար է։

-Իսկ դեղագիր ունի՞ս, կը հարցնէ դեղագործը։

-Ո՛չ, արագ կերպով կ՚աւելցնէ մարդը, սակայն լուսանկարը ունիմ…։

*

Տղան դպրոցէն տուն կու գայ եւ հպարտութեամբ կ՚ըսէ մօրը.

-Մայրիկ, այսօր դպրոցը երեք ժամ անդադար անգլերէն խօսեցանք։

-Ի՛նչ կայ որ տղաս, կը պատասխանէ մայրը. անգլիացիները ամբողջ օրը անգլերէն կը խօսին…։

Ժպիտը անպակա՛ս ըլլայ մեր բոլորին կեանքէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 27, 2024