ՏԱՐԲԵՐ ԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Վերնագիրը «Տարբեր գրութիւն մը» արձանագրեցինք այս գրութեան, քանի որ միշտ կը գրէինք տան մեր աշխատասենեակին մէջ։ Իսկ այս անգամ, կը գտնուինք երիտասարդներու հաւաքուած վայրի մը մէջ՝ մեր սիրելի՜ Արարատին եւ Անէթին հետ։ Իրենք տարուած են համակարգիչով կարդալու եւ գրելու, ինչպէս մեր շուրջ գտնուող երիտասարդներ։

Հոս տեսանք եւ վկայեցինք, թէ աշխարհը միայն մեր համեստ աշխատասենեակը չէ՛ եղեր, այլ՝ տունէն դուրս, մեր աշխատասենեակէն դուրս ալ մեծ աշխարհ մը կա՛յ։ Եւ հիացումով դիտեցինք, որ մանաւանդ երիտասարդներ, թաղուած համակարգիչներու մէջ կը կարդան, կ՚ուսումնասիրեն, կը սորվին եւ կը ստեղծեն իրենց ապագան, նոր կեանք մը, նոր աշխարհ մը՝ լուսաւոր եւ յոյսով լեցո՛ւն։

Արդարեւ, միշտ տարիքոտները չէ՛ որ կը սորվեցնեն, երբեմն ալ երիտասարդներ տարիքոտներու կը սորվեցնեն. ի՜նչ բաներ՝ որոնց օտար եւ անծանօթ են մնացած տարիքոտները։ Ուստի տարիքոտներ կը կարծեն, որ իրենք առանձին են աշխարհի վրայ, եւ իրենց աշխարհը միայն ա՛յն է, ուր կը գտնուին՝ տան մը փոքր աշխատասենեակը։ Ո՛չ, այդպէս չէ՝ դուրսը կայ խոշոր աշխարհ մը, կեանք լեցուն, խանդավառ աշխարհ մը՝ ուր կարելի է ծանօթանալ նորութիւններով, գեղեցկութիւններով եւ կեանքի ճշմարտութիւններով։ Կեանքը տան մէջ «բանտարկուիլ» չէ եղեր. ասիկա ինծի, այս համեստ, տարիքոտ գրիչին սորվեցուցին իմ սիրելի՜ Արարատը եւ Անէթը։

Շուրջդ նայէ՛ տարիքոտ մարդ, մի՛ հաշուեր անցած տարիները՝ տունէն դուրս ալ կա՛յ կեանք, աշխատասենեակէդ դուրս ալ կա՛յ աշխարհ մը, աշխատելու՝ խորհելու, մտածելու, խօսելու ե՛ւ գրելու ամբողջ միջավա՜յր մը։

Երիտասարդութեան շրջանի հրաշալի՜ երաժշտութիւն մը, երգեր կ՚ոգեւորեն մեր հոգին՝ կ՚արթնցնեն մեր միտքը, թո՞ւղթ՝ ահաւասիկ Արարատը անմիջապէս պատրա՛ստ է տալու զայն, գրի՞չ՝ ահաւասիկ, անմիջապէս իր գիրը դադրեցնելով ձեռքի գրիչը կ՚երկարէ Անէթը, ո՛չ, գիրը պէտք չէ՛ դադրի, ուրեմն, Արարատը, իր պայուսակէն կու տայ գրիչ մը, պահեստի՝ ազատարա՜ր…։

Մարդուս միտքը եւ հոգին հո՛ն պատրաստ է, հոն՝ ո՛ւր կայ թուղթ եւ գրիչ։ Արդարեւ մեր ամբողջ կեանքն է թուղթը եւ գրիչը։ Եւ առաջին անգամ գրեթէ, առանց բառարանի ընկերակցութեան կը սկսինք արտայայտել մեր անկեղծ զգացումները, եւ կը խորհինք, թէ կեանքը, ամէն տեղ կեա՛նք է՝ տան մէջ համեստ աշխատասենեակը, կամ դուրսը՝ գրադարան-սրճարանի մը մէջ։ Եւ եթէ միտքդ եւ հոգին առո՛ղջ է, պատրաստ է արտայայտուելու եւ եթէ կայ «թուղթ եւ գրիչ», այլեւս ո՛չինչ արգելք կրնայ գտնուիլ աշխատելու՝ աշխատցնելու միտքը եւ զգայնացնելու հոգին, պատրաստակամ՝ թափել անոնց արտադրութիւնները թուղթի վրայ, գրիչի մը միջոցով։

Երաժշտութիւնը, երգերը կ՚ընկերակցին մեր մտաւոր աշխատութեան, կ՚ազնուացնեն մեր հոգին, կ՚արթնցնեն զգացումներ, կը յիշեցնեն մեր սիրելի՜ ընթերցող հաւատարիմ բարեկամները՝ որոնց հետ կը փափաքինք բաժնել մեր խորհուրդները եւ մտածումները, ինչպէս միշտ այս թանկագին սիւնակներու մէջ՝ որոնք ժառանգ են մեզի մեր մեծ հայրիկէն, մեր հայրիկէն եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքէն։

Երանելի՜ կը համարէ ինքզինք այս տարիքոտ գրիչը՝ այս, իր ժառանգին, իր գիրին, իր մշակոյթին եւ իր արժէքներուն հաւատարիմ համեստ գրիչին։

Այո՛, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, այսօր սորվեցանք, թէ մտածողին համար ամէն տեղ նոյնքան արժէք ունի, քանի որ միտքը ամէն տեղ է՝ եւ ո՛չ միայն փոքրիկ աշխատասենեակը, հոն ուր կրնայ խորհիլ, մտածել եւ զգալ, հոն ուր կայ կեա՛նք, հոն ուր կայ գաղափար, գիտութիւն, մանաւանդ սէր եւ զգացողութիւն։

Ասացուածք մը կայ՝ «ուղղափառ իմաստութիւն»։ Քիչ մը հեգնական արտայայտութիւն մը՝ բայց կ՚արտայայտէ մտային նախապաշարումը՝ այն ինչ որ արգելք է ամէն յառաջդիմութեան, լուսաւորութեան։ Այն ի՛նչ որ կը կասեցնէ կեանքին բարւոք ընթացքը, պատ կը հիւսէ մարդկային բանականութեան, լուսաւորութեան առջեւ, եւ մարդը կը վերածէ «մեքենայ»ի մը, չըսելու համար անբան էակի մը։

Նախապաշարումը ախտ մըն է, որ մարդուս ամենէն յատկանշական էութիւնը կը փոխէ՝ բանականութիւնը անբանականութեան եւ կորսնցնելու պատճառ կ՚ըլլայ իմացականութիւնը, բանականութիւնը։ Մտաւոր եւ հոգեւոր աշխատութիւններ ո՛չ ժամանակէ եւ ո՛չ վայրէ կախում ունին, անոնք անկա՛խ են ամէն արտաքին պայմաններէ, քանի որ մտքի եւ հոգիի գործեր են, եւ ո՛չ մէկ արգելք կրնայ կասեցնել զանոնք, եթէ իրապէ՛ս եւ անկեղծ միտք են եւ հոգի։ Արդարեւ, այն ի՛նչ որ կ՚անուանուի «ուղղափառ իմաստութիւն», կը նշանակէ պարզ եւ շիտակ տրամաբանութիւն՝ առանց նկատի ունենալու գեղեցկութեան, ճշմարտութեան եւ բարութեան բնական սկզբնաւորութիւնները։

Եւ այս տրուպ գրիչը, այսօր, այս գրադարան-սրճարանին մէջ Արարատին եւ Անէթին եւ շուրջի երիտասարդներուն շնորհիւ սորվեցաւ, որ աշխարհը միայն տան փոքրիկ աշխատասենեակը չէ՛՝ կեանքը միայն սեղմ ապրումներ չեն, կեանքը հոն է՝ ո՛ւր մարդ կը խորհի, կրնայ մտածել եւ հոն ո՛ւր է՝ որ կրնայ զգալ եւ անդրադառնալ իր զգացումներուն։ Եւ կ՚անդրադառնայ, թէ սէրը ամենակարեւոր զգացումն է կեանքին, մանաւանդ կեանքի աղբի՛ւրն է ան, այն աստուածատուր ազնիւ զգացումը։

Այս գրիչը անգամ մը եւս անդրադարձաւ եւ հասկցաւ, թէ պէ՛տք է սիրել ամբողջ մարդկութիւնը առանց խտրութեան, քանի որ մարդ գոյութիւն ունի իր շրջապատով՝ իր նմաններով, իր սիրելի՜ներով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 12, 2018, Նշանթաշ

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018