ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀՆՅ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ ԵՒ «ԱԶԴԱՐԱՐ»Ը - Ա -

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայոց առաջին պարբերաթերթ «ԱԶԴԱՐԱՐ»ի հիմնադիր եւ խմբագիր Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի մասին շահեկան յօդուած մը, Ա. Ամուրեան ստորագրութեամբ, որ հրատարակուած է «ՔՈՒԼԻՍ» կիսամսեայ հանդէսին 1 մարտ 1980 թուակիր օրինակին մէջ։

ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԸ
=ԱԶԴԱՐԱՐ=
ԽՄԲԱԳԻՐ՝ Յ. ՔՀՆՅ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ

Ա. Ամուրեան

Հայ գրի եւ գրականութեան պատմութիւնը երեք գլխաւոր հանգրուաններ ունեցած է՝

ա- Հայ գրերու գիւտը՝ 404 թուականին,

բ- Հայ տպագրութեան սկիզբը՝ 1512 թ.

գ- Հայ առաջին լրագիրը՝ 1794 թ.ին։

Հայ առաջին լրագիրը հիմնուած է 1794 թուականին, հայ տպագրութեան գիւտէն 282 տարի յետոյ (1512-1794 թուականներու միջեւ)։

Հայոց առաջին խմբագիրն է Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան Շիրազեցին, որուն կեանքին հետ կապուած է մեծ ողբերգութիւն մը։

Շիրազի հայ համայնքի հովիւ Յարութիւն Քահանան համաճարակ հիւանդութեան մը հետեւանքով դժբախտութիւնը ունեցած է կորսնցնելու իր երկու զաւակները, մէկ շաբթուայ ընթացքին… կեանքը կորսնցուցած է իր հրապոյրը վշտահար հօր աչքին, ուստի ճգնաւորի քուրձ է հագուած, քաշուած է Շիրազի մօտ Բաբա Քուհ-ի անձաւները, միացած է «Սուֆի Տերվիշ»ներուն, եւ եօթը տարի ճգնած է այնտեղ աղօթքներով, ծոմապահութեամբ։ Ան, այսպէս ապրած է Քուհ լերան քարայրներուն մէջ։

Վերջապէս իր ազգականները համոզած են Յարութիւն Քահանան իջնել Բաբա Քուհ լեռնէն Շիրազ, ուրտեղէն ան մեկնած է Հնդկաստան։

Հնդկաստանի իր սկզբնական կեանքը մշուշներու մէջ է։ Իր կեանքին վրայ լոյս սփռուած է 18-րդ դարու ութսունական թուականներուն, երբ Շմաւոնեան երեսուն տարեկան էր (1750-1780 թուականներ)։ Եւ ահա Մատրաս քաղաքի մէջ ան հիմնած  է սեփական տպարան (1789 թուականին), հրատարակելով ութ գիրքեր յաջորդաբար, ութ տարուայ ընթացքին։

Առաջին գիրքը որ հրատարակած է իր տպարանին մէջ, 1789 թուականին, կը կրէ՝ «Պատմութիւն սրբոյ կուսին Մարիանէ» վերնագիրը, որու յիշատակարանին մէջ գրած է հետեւեալը.

«Տպագրեցաւ գրքոյկս այս 2000 հատ. ով ոք վայելէք զքաղցրաճաշակ գրքոյկս այս, յիշեցէք՝ որդի վշտաց եւ գիւտ գրոցս, որ յօրինեցաւ ձեռամբ իմով ամենայն պարագայս թէ տառաշինութեան եւ շարումն կապարից, ծախսիւք եւ վաստակօք իմոյ՝ Յարութիւն Շմավոն, շնորհօքն Աստուծոյ Քահանայ Շիրազեցի»։

Ուրեմն՝ թէ՛ տառերը ինքը հոգացած էր, կապարները շարել, թէ՛ ամբողջ ծախքը ինքը հոգացած էր, իր վաստակով, «որդին վշտաց…»։

Ան հրատարակած է նաեւ՝ «Պատմութիւն Կայսերն Փոնցիանոսի» (1790 թուականին), «Տաղարան Սիմէոն Կաթողիկոսի» (1791 թուականին), «Ողբ Հայաստանեայց» (1791 թուականին), «Օրինակ հանդիսաւոր ծանուցմանց» (1792 թուականին» եւ այլն։

Իր հրատարակութիւններէն յատկապէս երկուքը՝ «Գիրք Պորփիւրի, որ կոչի ներածութիւն» եւ «Գիրք սահմանաց Դաւթի Անյաղթ փիլիսոփայի» ցոյց կու տան, որ Շմաւոնեան զբաղած էր փիլիսոփայական հարցերով եւ փոխանցած ընթերցող հայ հասարակութեան։

Պորփիւրի (Սենեկա) մասին հրատարակութիւն ընելով, բնական է որ համակրանք ունէր դէպի ստոյկեան փիլիսոփայութիւնը, երբ նկատի առնենք անոր մեծ վիշտը, որ ունեցած էր սիրասուն զաւակներուն կորուստով։ Անտարբերութիւն դէպի հաճոյքներն ու ցաւերը, պաղարիւնութիւն. ահա՛ ստոյկեան փիլիսոփայութիւնը։ Ամէն ինչ աստուածային տնօրինութիւն է, հետեւաբար հանդարտութեամբ ընդունիլ եւ ազատ՝ կիրքերէ, վիշտերէ եւ ուրախութիւններէ։

Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայով հետաքրքրուիլը եւս ապացոյց է, որ ան կը զբաղուէր փիլիսոփայութեամբ։

Գիրքի վերջին դրած է աֆորիզմներ, իմաստասիրական խոհեր ֆրանսերէն (հայերէն տառերով), որոնցմէ իր նախընտրածն է՝

«Իմաստութեան լե՛ր հետամուտ

Զի է՛ քեզ գանձ անկողոպուտ…»։

Եւ իսկապէս՝ կողոպտելի են դրամը, կալւածը, ստացուածքը, մէկ խօսքով՝ նիւթական գանձերը, սակայն անկողոպտելի է իմաստութիւնը։

ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅ ԼՐԱԳԻՐԸ

1794 թուականին, հոկտեմբեր ամսու 16-ին լոյս տեսած է հայ առաջին պարբերականը՝ «ԱԶԴԱՐԱՐ», հայ անդրանիկ խմբագիր Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի խմբագրութեամբ, ընդամէնը 28 օրինակ տպաքանակով…։

Նկատի պէտք է ունենալ, որ այն օրերուն հայ մտաւորականները մատներու վրայ կարելի էր հաշուել…։

- Պիտի շարունակուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 24, 2020, Իսթանպուլ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020