ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՀԱՏԱԿԸ

Մեր թուականէն 148 տարիներ առաջ՝ 1876 թուականին, հակառակ յորդառատ անձրեւին, մեծ թիւով հայորդիներ կը դիմեն Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ եկեղեցի, ներկայ գտնուելու համար հայորդիի մը թաղման՝ որ այսօր անգերեզման կը մնայ: Այդ օրերու ապրող լրագրող մը «Փունջ» օրաթերթին մէջ հետեւեալ տողերը գրի կ՚առնէր. «Սառնաշունչ եւ ուժգին հողմունք կը փչէին, յորդառատ անձրեւ հեղեղօրէն կը տեղար չորեքշաբթի օրը. բայց դարձեալ անհամար բազմաթիւն ազգայնոց՝ դէպի Ղալաթիոյ եկեղեցին կը դիմէր՝ վերջին յարգանք մը տալ սառուցեալ մարմնոյ մը»: Լրագրողը թաղման արարողութիւնը նկարագրելէ ետք գրի կ՚առնէ հետեւեալ զաւեշտալի բառերը. «անմահ պիտի մնայ Այվատեան Մատթէոսի անունն ու յիշատակը», մոռնալով, որ մեր ազգին մէջ անմահները եւս կը մեռնին:

Պէտք է ուսումնասիրել եւ գիտնալ, թէ ո՞վ էր Մատթէոս Այվատեանը եւ ինչո՞ւ համար պատմութիւնն ու ազգը պարտէր անմահ պահել անոր յիշատակը։ Ծնած էր Կեսարիոյ Մունճուսուն գիւղին մէջ 1830 թուականին. պատանի տարիքին եկած էր Պոլիս եւ աշակերտած՝ Խրիմեան Հայրիկին՝ որ այն ժամանակ տակաւին եպիսկոպոս էր: Որոշ ժամանակ աշխատած է տպարանի մէջ, միաժամանակ յօդուածներ ու գրութիւններ սկսած է հրատարակել «Մասիս» թերթին մէջ: Եղած է «Մանզումէի Էֆքեար» թերթի օգնական խմբագիր: Որոշ ժամանակ լրագրութեան նրբութիւնները սորվելէ ետք ստացած է արտօնութիւն հրատարակելու «Արարատ» թերթը, որ լոյս տեսած է մինչեւ իր մահը:

Սակայն Մատթէոս Այվատեանը անմահացնողը այս բոլորը չէին, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին շա՜տ մը հայորդիներ որպէս կեանքի ասպարէզ այդ ճամբան կը բռնէին. զինք միւսներէն տարբերողը իր արդարութեան հանդէպ ունեցած համոզումն էր, որ իր մահուանը պատճառ դարձաւ: Մատթէոսը միւս լրագրողներէն զանազանողը իր անվախ խառնուածքն էր. ան պատրաստ էր իր թերթին մէջ գրելու այնպիսի բաներ՝ ինչ որ ուրիշներ չէին համարձակեր. ան սուր քննադատ մըն էր. իր այդ քննադատութիւններուն պատճառով քանի՜ հայկական օրաթերթեր դադրեցուցած են իրենց գործունէութիւնը. օրինակի համար, իր մէ՛կ նախադասութեան պատճառով կառավարութիւնը արգիլած է «Նոր Դար» թերթի հրատարակութիւնը եւ գուցէ այս մէկն է պատճառը, որ ուզած է հիմնել իր սեփական թերթը՝ որպէսզի ազատօրէն խօսելու եւ գրելու բեմ ունենայ:

Անոր «Արարատ» թերթը բազում անգամներ դադրած է հրատարակութենէ, իր մէկ խօսքին եւ կամ նախադասութեան պատճառով. առիթով մը իր թերթին մէջ կը գրէ. «Եթէ ժողովուրդը հօտ մըն է, թերթերն ալ այդ հօտին պահապան շուներն են. վերցուր պահապան շուներն՝ այդ հօտը գայլերուն յափշտակութեան մատնեցիր». այս նախադասութեան պատճառով կը կասեցուի թերթի հրատարակութեան համար տրուած արտօնութիւնը:

Հակառակ բոլոր հալածանքներուն ու դժուարութիւններուն, Մատթէոս Այվատեան չի՛ հրաժարիր իր ըսելիքը ըսելէ. կը հաւատար խօսքի ազատութեան եւ կը գիտակցէր, որ թերթը ժողովուրդի մը իրաւունքները պաշտպանելու լաւագոյն ու ամենէն ազդու միջոցներէն մէկն է. հալածանքներն ու դժուարութիւնները նշանակութիւն չեն ունենար. ինք կը շարունակէ գրել:

Մեր թուականէն 148 տարիներ առաջ Տրապիզոնի Շանա գիւղին մէջ Հիւսէյին անունով հարիւրապետի մը հրամանով ծառին կը կապեն հայ ծերունի քահանայ մը եւ կը ծեծեն. շատ մը թերթեր քաղաքական մտածումներով առաջնորդուելով եղելութիւնը չեն բարձրաձայներ, սակայն Մատթէոս Այվատեան կ՚ըլլայ առաջիններէն, որ կը մեղադրէ հարիւրապետի արարքը եւ արդարութիւն կը պահանջէ. դարձեալ կը դադրի «Արարատ» թերթի հրատարակութիւնը. քաղաքի պատասխանատու Մեհմէտ Ռիւշտիւ փաշա իր մօտ կանչել կու տայ Մատթէոս Այվատեանը եւ իր թիկնապահներուն կը հրամայէ ծեծել խմբագիրը, պնդելով որ հայ քահանայի մը դէմ նման բան տեղի չէր ունեցած:

Այս իրողութենէն ետք կը բանտարկուին մի քանի հայ խմբագիրներ, սակայն դատական քննութիւններ կը հաստատեն հայ քահանային դէմ եղած անիրաւութիւնները ու ազատ կ՚արձակուին խմբագիրները (Մկրտիչ Մելիքեան, Յովհաննէս Մարգարեան եւ ուրիշներ): Սակայն Մատթէոս Այվատեան դէպքէն ետք առողջական լուրջ խնդիրներ կ՚ունենայ եւ դէպքէն երկու շաբաթ ետք, 15 դեկտեմբեր 1876 թուականին կը մահանայ:

Մատթէոս Այվատեան խօսքի ազատութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանելու ձգտող առաջին մարտիկներէն մէկն էր. ժողովուրդին կողմէ Մատթէոս կ՚ընդունուի որպէս արդարութեան զոհ ու նահատակ եւ կ՚որոշուի անոր մարմինը ամփոփել եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Ժամանակ մը ետք կ՚որոշեն անոր աճիւնները տեղափոխել այլ տեղ. նախապէս ծրագրուա՞ծ ձեւով թէ պատահականութեամբ կը կորսուի անոր աճիւնները եւ մարդ չի՛ գիտեր, թէ ո՛ւր կը թաղեն, այդ իսկ պատճառով մինչեւ օրս հայ ազգի առաջին նահատակներէն մին, Մատթէոս Այվատեան չունի գերեզման:

Այս բոլոր անարդարութիւններէն ցնցուած Մատթէոս Այվատեանի ընտանիքը կը գաղթէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր իր որդին՝ Փառնակ Այվատեան շարունակելով իր հօր ուղին, դարձեալ հրատարակած է «Արարատ» թերթը:

Վստահ ենք, որ Մատթէոս Այվատեան մէկն է այն բազմաթիւ անձերէն, որոնք պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդը պարտէր յիշել, որովհետեւ Մատթէոսի նման անձեր, ազգին շահը աւելի բարձր նկատած են՝ քան իրենց սեփական կեանքը: Մարդ մեծահոգի՛ պիտի ըլլայ, որպէսզի հալածանքներն ու ծեծերը նկատի ունենալով, շարունակէ գրել ու բարձրաձայնել արդարութեան ճիչը:

Կարճ տողերու մէջ ներկայացուցինք նահատակի մը կեանքը, որ կը շարունակէ մնալ մոռցուած ու անգերեզման. յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի՛:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Կենդանիները կու լա՞ն:

Պատասխան. Այո, կենդանիները կու լան, սակայն անոնց արցունքն ու արցունքներուն նպատակը տարբեր են մարդկային արցունքներէն: Մարդ կու լայ յուզումի եւ զգացումներու տարբեր պատճառներով, ուրախութեան եւ կամ տխրութեան համար, մինչ կենդանիները սովորաբար կու լան մաքրելու համար իրենց աչքերը: Սակայն շատեր կը հաւատան, որ որոշ կենդանիներ, ինչպէս օրինակ, փիղերը ունին յուզական աշխարհ, որ պատճառ կ՚ըլլայ արցունքներու, որովհետեւ անոնց մօտ կարելի է նշմարել դէմքի արտայայտութեան փոփոխութիւններ, անհանգստութիւն եւ այլն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2024