ՀԱՄԱՏԵՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆՆԵՐ - Ա -
Յիսուս ինքը որեւէ բան չգրեց, իրեններուն գրածներուն միջոցաւն է, որ կարելի կ՚ըլլայ ստոյգ տեղեկութիւն քաղել իրեն նկատմամբ։ Ահաւասիկ, ա՛յս է մեծ արժէքը «Չորս Աւետարաններ»ուն՝ կենսագրական գրութիւններ, որոնք սահմանուած են պահպանելու Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին գլխաւոր դէպքերը, ինչպէս նաեւ գլխաւոր մասերը իր քարոզներուն եւ իր խօսակցութիւններուն։
«Աւետարան» կը կոչենք զանոնք, այսինքն «բարի լուր», քանի որ, արդարեւ Յիսուսի անձէն է, որ կը բխի «զղջացող մեղաւորին ձրի փրկութեան աւետիս»ը։
Ունենալով չորս տարբեր նշմարներ միեւնոյն կեանքին, ի վիճակի կ՚ըլլանք Քրիստոսի թէ՛ Աստուածային եւ թէ՛ մարդկային անձնականութիւնը լաւ եւս ըմբռնելու քան եթէ միակ նկարագրութիւն մը ունենայինք։
Իբր թէ ունեցած ըլլայինք չորս կենդանագիրներ պատրաստուած տարբեր նկարիչներէ՝ որոնք ունենային տարբեր տեսակէտներ եւ տարբեր մեթոտներ՝ աշխարհը, իրողութիւնները եւ իրերը դիտելով եւ ուսումնասիրելով տարբեր տեսանկիւններէ։
Երեք առաջին Աւետարանները՝ Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի, որ «Համատես» են կոչուած, աւելի կու տան մեզի Քրիստոսի արտաքին գործունէութեան ընդհանուր պատկերը։
«Համատես» տառական թարգմանութիւնն է «Synoptique» ծանօթ բառին, որ գործածուած է առաջին երեք Աւետարաններուն համար, զանոնք զատելու համար Յովհաննէսի Աւետարանէն՝ որ տարբեր տեսանկիւնէ մը կը դիտէ Յիսուսի կեանքը։
Այս երեք Աւետարանները «Խմբագիր Աւետարաններ» կոչուած են սովորաբար մեր լեզուին մէջ։
Ուստի չորրորդ Աւետարանը՝ Յովհաննէսի Աւետարանը կը հաղորդէ մանաւանդ մտերիմ խօսակցութիւններ։ Իսկ «Համատես»ներ՝ Յիսուսի կողմնակի պատկերը կը ներկայացնեն մանաւանդ. մինչդեռ Յովհաննէս թոյլ կու տայ մեզի տեսնել Տէրը, եւ, կերպով մը, մինչեւ Անոր հոգիին խորութիւններուն մէջ թափանցել եւ մխել մեր ակնարկները, մեր ամբողջ ուշադրութիւնը։ Համատեսներ կը նշանակեն պարզապէս գլխաւոր գիծերը այն աւանդութիւններուն՝ որ տակաւ կը կազմուէին Առաքեալներու քարոզութիւններու շնորհիւ, մինչդեռ Յովհաննէս կոչում կ՚ընէ իր անձնական յիշատակներուն։
Այս իմաստով, համատեսներ Քրիստոսի խօսքերէն շատերը կը յիշատակեն՝ որ կը վերաբերին զանազան նիւթերու, մինչդեռ Յովհաննէս յաւերժացուցած է այն խօսքերը մանաւանդ՝ որոնք կը վերաբերին նոյն ինքն Յիսուսի անձին եւ այն սերտ առընչութեան՝ զոր հոգին ունի իր Փրկչին հետ։
Չի պատմեր ի՛նչ որ իսկապէս առակներ են, բայց կը վերակենդանացնէ միա՛յն այն պատկերները, որոնք սահմանուած են լուսաբանելու հաղորդակցութեան կեանքը Անոր հետ, որ միայն է Կեանքը՝ որ կենաց Հա՛ցն է, բարի Հովիւը, Դուռը, Որթը, եւ այլն։
Մատթէոսի Աւետարանը իրաւամբ դրուած է միւս Աւետարաններուն սկիզբը, ո՛չ թերեւս իբր հնագոյնը՝ գրուած 60-66 թուականներուն, այլ քանի որ բնական փոխանցումն է հինէն դէպի նոր ուխտը, եւ Յիսուսի անձին մէջ մատնանիշ կ՚ընէ Դաւիթի որդին, Մեսիան՝ Օծեալ, յունարէն «Քրիստոս», զոր Հին Կտակարանի մարգարէները նախաձայնած՝ մարգարէացած էին. (ԴԱՆ. Թ 25-26), Աբրահամի սերունդը, Աստուածային թագաւորը՝ որ կու գար հիմնելո՛ւ եւ կազմակերպելու երկրի վրայ «Երկնից Թագաւորութիւն»ը, այն Թագաւորութիւնը՝ որ իր իսկութեան մէջ իսկ ա՛յնքան տարբեր է երկրային բոլոր թագաւորութիւններէն, նոյնիսկ Իսրայէլի «Աստուածապետական թագաւորութենէն»։
Ահաւասիկ, այս մեծ իրողութեան շուրջն է, որ կը խմբուին բոլոր պատմութիւնները, քարոզները եւ յատկապէս առակները այս Աւետարանին։
Ամէնքն ալ կը վերաբերին Թագաւորութեան, այսինքն իրերու այն կարգաւորութեան՝ ուր Աստուած սիրտերու եւ կեանքերու վրայ կ՚իշխէ իրական եւ բացարձակ եղանակով մը։
Այն բառը, որ սովորաբար «թագաւորութիւն» կը թարգմանուի եւ երբեմն «արքայութիւն», կարելի է յաճախ նաեւ օգտակարապէս թարգմանուիլ «արքայական իշխանութիւն» ձեւով։ Աստուծոյ արքայական իշխանութիւնն է, որ «պէտք է նախ խնդրել». այդ իշխանութիւնն է, որ պէ՛տք է տիրէ իր զաւակներուն վրայ, տիրէ վեհապետօրէն, եւ այս չէ՞ միթէ «առաջին պատուիրան»ը՝ «թագաւորութեան արդարութիւն»ը, որուն նպատակն է իւրաքանչիւրին իր իրաւունքը հատուցանել, ի՛նչ որ կը նշանակէ ընկերը սիրել (ՄԱՏԹ. Զ 33, ՄԱՐԿ. ԺԲ 28-34, ՂՈՒԿ. ԺԷ 21)։ Ուստի, «սիրել» կը նշանակէ՝ արդար ըլլալ, եւ փոխադարձաբար. «արդար» ըլլալ՝ սիրե՛լ։ Մատթէոս նախապատիւ կը համարէ գործածել «Երկնից Թագաւորութիւն»ը բացատրութիւնը, որուն չենք հանդիպիր ուրիշ տեղ, եւ որ կը նկարագրէ այն թագաւորութեան յատկանիշը՝ ուր Աստուծոյ կամքը կը կատարուի «ինչպէս երկինքը», եւ ուր կը տիրեն սէր, խաղաղութիւն, ուրախութիւն եւ գոհութիւն։
Մատթէոս Առաքեալ կը կոչուէր նաեւ Ղեւի։
Յիսուս, հաւանական է, որ տուաւ Մատթէոս (=Աստուծոյ պարգեւը) անունը, այն միջոցին երբ կը կոչէր զինք թողուլ իր մաքսաւորութեան գործը եւ իր անձին եւ իր ծառայութեան յարիլ (ՄԱՏԹ. Թ 9)։ Արդարեւ, իր ելմտագէտի ունակութիւններուն հետքերը կարելի է նշմարել իր Աւետարանին կարգ մը առանձնայատկութիւններուն մէջ, զոր օրինակ, «գանձ»ին, «մարգարիտ»ին վաճառականին առակները. (ՄԱՏԹ. ԺԳ 44-46), եւ միայն Մատթէոս է, որ կ՚աւանդէ մեզի, թէ ի՛նչ գնով ծախուեցաւ Յիսուս եւ ի՛նչ բանի գործածուեցաւ անպարտ արիւնով բծաւորուած այս դրամը (ՄԱՏԹ. ԻԶ 15, ԻԷ 3-10)։
Եթէ Մատթէոս յայտնած չըլլար, կարելի պիտի չըլլար գիտնալ, թէ Արեմաթացին Յովսէփ հարուստ մէկն էր (ՄԱՏԹ. ԻԷ 37), ո՛չ ալ թէ ի՛նչպէս ճշմարտութիւնը ծածկելու համար քահանայապետները խոշոր գումար մը տալով կրցան կաշառել Հռովմէայեցի պահպանները. (ՄԱՏԹ. ԻԸ 12-15)։
Երկրորդ Աւետարանը՝ Մարկոսի Աւետարանը առաջինէն կը տարբերի թէ՛ իր նպատակով եւ թէ՛ իր նկարագիրով. թէեւ անոնց մէջ կը նշմարուին մեծ նմանութիւն մը պատմութեան ընդհանուր ընթացքին կողմանէ։ Նախապէս Հռովմի քրիստոնեաներուն ուղղուած ըլլալով զանց կ՚ընէ այն բոլոր պարագաները, որոնք հետաքրքրական պիտի ըլլային յատկապէս հրեայներուն, ինչպէս Յիսուսի ազգաբանութիւնը եւ Հին կտակարանի մարգարէութիւնները։
Դիտուած է, որ երբեք «Տէր» անունը չի տար Յիսուսի՝ ի բաց առեալ (ՄԱՐԿ. ԺԶ 19-20), որը խնդրական է, թէ արդեօք միեւնոյն գրչէ՞ է։ Երեք առիթներով կը յիշատակէ, թէ Յիսուս չկրցա՛ւ գործել՝ ինչպէս կանխաւ մտադրած էր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 21, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024