ՀԱՒԱՏՔԸ ԿԸ ՓԱՐԱՏԷ ՎԱԽԸ

«Ինչո՞ւ այսպէս վախկոտ էք, ինչպէս կ՚ըլլայ որ հաւատք չունիք». (ՄԱՐԿ. Դ 40)։ Յիսուսի աշակերտները երբ նաւակին մէջ էին, մեծ փոթորիկ մը ելաւ եւ ալիքներ սկսան գրեթէ նաւը լեցնել։ Մինչ Յիսուս նաւին ետեւի կողմը բարձի վրայ կը քնանար։ Աշակերտները շատ վախցած էին, արթնցուցին Յիսուսը եւ օգնութիւն խնդրեցին իրմէ։

Յիսուս անմիջապէս դադրեցուց հովը եւ կատարեալ խաղաղութիւն տիրեց։

Եւ Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Թերա՛հաւատներ, ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք». (ՄԱՏԹ. Ը 26)։

Արդարեւ, Յիսուս քա՛ջ ըլլալ կը պատուիրէ իր աշակերտներուն եւ անշուշտ բոլորիս, քանի որ քրիստոնէութիւնը քա՛ջ ըլլալ կը պահանջէ։ Վախկոտ եւ թոյլ, տկար ըլլալ ներհակ է քրիստոնեայ հաւատքին։ Ուստի, կեանքը պայքար մըն է անվերջ եւ այդ պայքարին մէջ յաղթական ելլել քաջութիւն, անվախութիւն կը պահանջէ։ Եւ դարձեալ, սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ քրիստոնէութիւնը այս աշխարհի վրայ երբեք բուրաստան մը, վարդաբոյր պարտէզ մը չի՛ խոստանար, այլ մանաւանդ կը զգուշացնէ՝ ըսելով, թէ աշխարհի վրայ նեղութիւններ պիտի ըլլան եւ կը պատուիրէ քա՛ջ ըլլալ։

«Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Արդարեւ, կարելի չէ խուսափիլ աշխարհի նեղութիւններէն, քանի որ կ՚ապրինք այս աշխարհի վրայ, մա՛րդ չի կրնար զերծ մնալ եւ չենթարկուիլ այդ նեղութիւններուն։ Բայց ինքնապաշտպանութեան միջոցը քա՛ջ ըլլալն է, նոյնինքն Յիսուսի օրինակով, որ ենթարկուեցաւ թէեւ նեղութիւններու, մինչեւ իսկ զոհուեցաւ, բայց միշտ քաջ եղաւ, չյուսալքուեցաւ եւ ի վերջոյ յաղթեց այս աշխարհին։

Ահաւասի՛կ, այս իմաստով, հաւատքը երբեք վախ չ՚ընդունիր. վախնալ՝ թերահաւատութեան նշան է, զօրաւոր հաւատք ունեցողը երբեք չի վախնար, քաջութեամբ կը դիմակալէ ամէն նեղութիւն, ամէն դժուարութիւն, որովհետեւ այս կեանքը քաջ ըլլալ կը պահանջէ եւ ո՛չ թէ յուսալքուիլ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 27, 2024