ԳԱՐՇԵԼԻ ԴԱՏԱՐԿԱԽՕՍՆԵՐ ԵՒ ԶԶՈՒԵԼԻ ՈՒՆԱՅՆԱՄԻՏՆԵՐ

Ըն­կե­րա­յին կեան­քի ներ­դաշ­նա­կու­թեան եւ ընդ­հա­նուր խա­ղա­ղու­թեան ու ան­դոր­րու­թեան վտանգ սպառ­նա­ցող մարդ­կա­յին ա­րարքն է՝ դա­տար­կա­խօ­սու­թիւ­նը, այ­սինքն ա­նի­մաստ, անն­պա­տակ եւ սնա­մէջ ա­մէն խօ­սակ­ցու­թիւն եւ նող­կա­լի ու­նայ­նամ­տու­թիւնն է մար­դոց, այ­սինքն ա­ռանց հե­տե­ւան­քը խոր­հե­լու, ա­ռանց դա­տե­լու, բա­նա­կա­նու­թեան ներ­հակ գա­ղա­փար յայտ­նե՛լ, ո­րոնք ա­մե­նէն շատ վնաս կը պատ­ճա­ռեն մարդ­կա­յին ըն­տա­նի­քին, մարդ­կու­թեան ընդ­հա­նուր կա­ռու­ցուած­քին, կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թեա­նը։

Ար­դա­րեւ, այս եր­կու ա­րարքն է, որ կը ստեղ­ծեն ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ, ան­միա­բա­նու­թիւն­ներ, ա­տե­լու­թեան չար ո­գի, նա­խանձ եւ վրէժխնդ­րու­թեան վա՛տ զգա­ցում­ներ։ Ուս­տի, կ՚ը­սուի, թէ ե­թէ մար­դիկ ի­րենց բա­ցա­կա­յու­թեան ի­րենց մա­սին խօ­սուած­նե­րը լսեն, աշ­խար­հի վրայ բա­րե­կամ մը իսկ չի մնար եւ ա­մէն ոք թշնա­մի կ՚ըլ­լայ ի­րա­րու…։

Սի­րե­լի­նե՜ր, բնաւ ու­շադ­րու­թիւն ը­րա՞ծ էք, կամ անդ­րա­դար­ձած էք ի­րո­ղու­թեան մը։ Խնդրեմ, ան­գամ մը ան­կեղ­ծու­թեամբ դի­տել փոր­ձենք մեր շուր­ջը։ Երբ ե­րեք հո­գի միա­տեղ կը խօ­սակ­ցին, ընդ­հան­րա­պէս կը խօ­սին այդ պա­հուն բա­ցա­կայ չոր­րորդ ան­ձի մը մա­սին, եւ ո­րուն մա­սին շատ ան­գամ կը բամ­բա­սեն։ Ա­մէն մարդ ա­զատ հա­մար­ձակ կը խօ­սի բա­ցա­կայ չոր­րորդ ան­ձին մա­սին, ա­ռանց մտա­ծե­լու, թէ բա­ցա­կա­յի մը մա­սին դիւ­րին է այդ՝ քա­նի որ ան ինք­զինք պաշտ­պա­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը չու­նի։ Բայց ա­մէն մարդ­կա­յին բա­րո­յա­կա­նու­թեան հա­կա­ռա՛կ է խօ­սիլ մէ­կու մը մա­սին՝ որ բա­ցա­կա՛յ է այդ պա­հուն եւ կա­րող չէ՛ պա­տաս­խա­նել իր մա­սին ը­սուած­նե­րուն։

Բայց գրե­թէ ա­մէն օր, որ­պէս բնա­կան սո­վո­րու­թիւն մը՝ մենք բո­լորս կ՚ը­նենք ա­սի­կա. կը խօ­սինք միշտ այն «չոր­րորդ անձ»ի մը մա­սին՝ ներ­կա­յու­թեա­նը եր­կու ան­ձե­րու եւ չե՛նք խոր­հիր, թէ սխա՛լ կ՚ը­նենք…։

Ա­ւե­լի՛ն ը­սեմ, իմ սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, իմ սի­րե­լի եւ ան­կեղծ սրտա­կից­ներ։ Երբ ե­րեք հո­գի կը խօ­սին չոր­րոր­դի մը մա­սին, եւ երբ այդ ե­րեք հո­գիէն մին հե­ռա­նայ ի­րենց քո­վէն, ան­մի­ջա­պէս կը սկսին խօ­սիլ ա­նոր մա­սին։ Եւ երբ ի­րա­րու կը յայտ­նէին ի­րենց հա­մակ­րան­քը ջեր­մօ­րէն, կը սկսին այս ան­գամ բամ­բա­սել ա­նոր մա­սին։ Ի­րենց քո­վէն հե­ռա­ցո­ղը, ո՛ր մէ­կը ըլ­լայ՝ ե­րե­ւոյ­թը նո՛յնն է. կը բա­ւէ, որ եր­րորդ մը բա­ցա­կա­յի, ան­մի­ջա­պէս կը սկսի բամ­բա­սան­քը ա­նոր մա­սին։ Ան­ծա­նօթ չէ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը, քա­նի որ ան կը պա­տա­հի յա­ճախ մեր շուր­ջը՝ եր­բեմն չենք անդ­րա­դառ­նար իսկ, քա­նի որ սո­վո­րա­կա­ն է դար­ձեր այս­պէս վար­մունք մը։

Ուս­տի, դա­տար­կա­բա­նու­թեան ա­մե­նէն զգա­լի ձեւն է բեմ­բա­սան­քը, որ թէ՛ բամ­բա­սո­ղին եւ թէ իր մա­սին բամ­բա­սա­նուո­ղին վնաս կը պատ­ճա­ռէ։

Դա­տար­կա­խօ­սու­թիւ­նը, պա­րապ, ա­նի­մաստ խօ­սակ­ցու­թիւ­նը, ա­ւե­լի եւս ժա­մա­նա­կի վատ­նում է՝ մսխու­մը ա­մե­նա­թան­կա­գին ար­ժէ­քին։ Մինչ­դեռ մարդ, ա­մե­նա­փոքր ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող նիւ­թա­կան ար­ժէք մը, ստա­ցուածք մը չ՚ու­զեր վատ­նել, ու­շադ­րու­թեամբ եւ բծախնդ­րու­թեամբ կ՚օգ­տա­գոր­ծէ զայն։ Բայց մարդ, զար­մա­նա­լի՜ է, որ նոյն բծախնդ­րու­թիւ­նը ցոյց չի տար ժա­մա­նա­կի հա­մար։ Նիւ­թը ե­թէ վատ­նուի կեր­պով մը, դիւ­րին կամ դժուար, կա­րե­լի է վե­րագտ­նել զայն, բայց ժա­մա­նա՞­կը։ Ան ան­կա­րե­լի՛ է վե­րա­հաս­տա­տել, ան­գամ մը, որ վատ­նուած է՝ ո՛չ վե­րա­դարձ եւ ոչ ալ վե­րագտ­նում։ Ա­յո՛, վե­րա­դարձ չկայ ժա­մա­նա­կի հա­մար։ Եւ մար­դիկ կը շա­րու­նա­կե՜ն դա­տար­կա­խօ­սիլ, վատ­նել ժա­մա­նա­կը, մսխել զայն։ Մինչ­դեռ Սուրբ Գիր­քը կ՚ը­սէ՝ թէ Աս­տուած վեց բա­նէ կը զզուի եւ Ա­նոր հո­գիին առ­ջեւ եօ­թը բան պի՛ղծ են, ո­րոնց­մէ է՝ «ստա­խօս լե­զու»ն, «չար խոր­հուրդ հնա­րող սիրտ»ը, «ստու­թիւն խօ­սող ա­նի­րաւ վկայ»ն եւ «եղ­բայր­նե­րու մէջ կռիւ­ներ ցա­նող մարդ»ը (Ա­ՌԱ­ԿԱՑ Զ 16-19)։

­Շա­տա­խօ­սու­թիւնն ալ դա­տար­կա­բա­նու­թեան մէկ կերպն է։ Ուս­տի, դար­ձեալ Սուրբ Գիր­քը կը վկա­յէ. «Ի­մաս­տու­նին բեր­նին խօս­քե­րը շնոր­հա­լի են, բայց ան­մի­տին շրթունք­նե­րը զինք կը սպա­ռեն» (ԺՈ­ՂՈ­ՎԻ Ժ 12)։ Եւ դար­ձեալ կ՚ը­սէ. «Յի­մա­րը իր խօս­քե­րը կը շատց­նէ…» (ԺՈ­ՂՈ­ՎԻ Ժ 14)։­

Իսկ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Միա­ժա­մա­նակ, ծու­լու­թեան վար­ժուե­լով՝ կը սկսին տու­նէ տուն շրջիլ, եւ ո՛չ միայն ծոյլ, այլ նաեւ բամ­բա­սող ու հե­տաքր­քիր կը դառ­նան, եւ ի­րենց գոր­ծը չե­ղած բա­նե­րու մա­սին կը խօ­սին» (Ա. ՏԻ­ՄՈԹ. Ե 13)։

­Կանգ առ­նենք պահ մը Պօ­ղոս ա­ռա­քեա­լի վե­րո­յի­շեալ խօս­քե­րուն վեր­ջին տո­ղին, ուր կ՚ը­սէ. «…ի­րենց գոր­ծը չե­ղած բա­նե­րու մա­սին խօ­սիլ»։ Այս ալ կ՚են­թադ­րէ ու­նայ­նամտու­թիւն, ի՛նչ որ վտան­գա­ւոր եւ վնա­սա­կար է՝ որ­քան դա­տար­կա­խօ­սու­թիւ­նը։

Դի­տե­ցէ՛ք, ձեր շուր­ջը սի­րե­լի­նե՜ր, պի­տի տես­նէք մար­դիկ, ո­րոնք մաս­նա­գէտ­նե­րու պէս կը խօ­սին, պատ­գամ­ներ, պա­տուէր­ներ, խրատ­ներ, հրա­հանգ­ներ կու տան ի­րենց շուր­ջին­նե­րուն՝ հմուտ եւ ա­մե­նա­գէ­տի հո­վեր կ՚առ­նեն եւ կը սպա­սեն, որ ա­մէն ոք հնա­զան­դի ի­րենց, հպա­տա­կի եւ ի­րա­գոր­ծէ ի­րենց պա­տուէր­նե­րը։ Այս ի­մաս­տով, կար­ծես ա­մէն մարդ բժիշկ է, ա­մէն մարդ դե­ղա­գործ, ա­մէն մարդ ճար­տա­րա­գէտ, ի­րենց մա­կե­րե­սա­յին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով կ՚ու­զեն տպա­ւո­րել եւ ուղ­ղել մար­դի­կը։

Եւ կար­ծես ա­մէն մարդ օ­րէնս­գէտ է եւ ի­րա­ւա­բան, կար­ծիք եւ գա­ղա­փար կը յայտ­նեն, եւ ցա­ւա­լին այն է, որ կ՚ու­զեն ի­րենց ը­սա­ծը ըն­դու­նուի որ­պէս վճիռ ան­բե­կա­նե­լի՜, կը պար­տադ­րեն, որ ի­րենց խօս­քը ըն-­դու­նուի որ­պէս օ­րէ՛նք։ Խե՜ղճ ու­նայ­նա­միտ­ներ, չեն գի­տեր, որ ի­րենց այդ ինք­նա­հա­ւա­նու­թիւ­նը եւ ու­նայ­նամ­տու­թիւ­նը ի՜նչ ըն­կե­րա­յին վնաս­նե­րու պատ­ճառ պի­տի ըլ­լայ…։ Ցա­ւա­լի՜ եւ ա­նըն­դու­նե­լի ի­րո­ղու­թիւն։ Ի­րա­պէս խղճա­լի՜…։

Հոս խորհր­դակ­ցիլ կ՚ու­զեմ ձե­զի հետ իմ սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ։ Ի՞նչ կը խոր­հիք. ա­ռանց գի­տու­թեան, ա­ռանց տե­ղե­կու­թեան կա­րե­լի՞ է գա­ղա­փար յայտ­նել ո­րե­ւէ նիւ­թի շուրջ։ Կար­ծեմ հա­րիւ­րա­պա­տիկ վնաս կը հասց­նէ ան­հիմն գա­ղար­փար մը, քան բա­նա­ւոր եւ գի­տա­կան հիմք ու­նե­ցող հա­մեստ տե­սա­կէտ մը։ Եւ, դժբախ­տա­բար, մեր թե­րու­թիւն­նե­րէն մէկն է՝ ա­մէն մար­դու ա­մէն ը­սա­ծին ա­կանջ տալ եւ հա­ւա­նիլ…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 24, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015