ՆԵՐՈՒՄԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ միշտ կը պա­տա­հին ա­նի­րա­ւու­թիւն­ներ, սխալ­մունք­ներ։ Ա­սի­կա կը տես­նուի պատ­մու­թեան մէջ եւ այն­քան ա­տեն որ մարդ­կու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ իր գո­յու­թիւ­նը, պի­տի պա­տա­հին, քա­նի որ մարդ, էա­պէս, թե­րու­թիւն­ներ եւ տկա­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցող էակ մըն է։

Հար­ցը սա է, թէ մարդ ինչ­պէ՞ս կը դի­մա­ւո­րէ այդ սխալ­մունք­նե­րը եւ ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րը եւ թէ ի՛նչ կ՚ըլ­լան ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րը։ Մար­դիկ, սա­կայն, ընդ­հան­րա­պէս չեն անդ­րա­դառ­նար ի­րենց սխալ­նե­րուն, կամ գոր­ծած ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րուն, իսկ ե­թէ անդ­րա­դառ­նան, ար­դէն ա­նոնց սրբագ­րու­թիւ­նը ո­րե­ւէ օ­գուտ չի՛ պատ­ճա­ռեր են­թա­կա­յին, քա­նի որ այ­լեւս շա՜տ ուշ կ՚ըլ­լայ վե­րա­նո­րո­գե­լու պա­տա­հած սխա­լը եւ կա­րե­լի չ՚ըլ­լար սրբագ­րել, նո­րո­գել զայն։

Եւ այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ կ՚ու­զենք այ­սօր ներ­կա­յաց­նել պատ­մա­կան ի­րա­կան դէպք մը, որ նմա­նը քիչ ան­գամ տես­նուած ող­բեր­գու­թիւն մըն է։

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նշա­նա­ւոր նա­խա­գահ­նե­րէն Աբ­րա­համ Լին­քըն 14 Ապ­րիլ 1865 թուա­կա­նին Ո­ւա­շինկ­թը­նի Ֆօրտ թատ­րո­նի իր օ­թեա­կին մէջ ատր­ճա­նա­կի գնդա­կով մը կը զար­նուի Ճան Ո­ւիլ­քիս Պութ կո­չուած մի­ջակ կա­րո­ղու­թեան տէր դե­րա­սա­նի մը կող­մէ։ Պութ, Լին­քը­նի քա­ղա­քա­կան հա­կա­ռա­կորդ­նե­րէն էր եւ մռայլ տրա­մադ­րու­թեան, եւ քիչ մըն ալ ան­հա­ւա­սա­րակ­շիռ միտք ու­նե­ցող ե­րի­տա­սա՛րդ մը։

Պութ, ո­ճի­րը գոր­ծե­լէ ետք, Լին­քը­նի օ­թեա­կէն վար կը ցատ­կէ բե­մին վրայ եւ թէեւ այս ոս­տու­մին հե­տե­ւան­քով կը կոտ­րի իր ոտ­քը, բայց թատ­րո­նին ե­տե­ւի անց­քե­րէն կը յա­ջո­ղի խու­սա­փիլ եւ ի­րեն հա­մար նա­խա­պէս պատ­րաս­տուած ձի մը հեծ­նե­լով կը փախ­չի՝ իր ըն­կե­րոջ Տէյ­վիտ Հէ­րոլ­տի հետ։

Թէեւ կոտ­րած ոտ­քին պատ­ճա­ռած ան­տա­նե­լի ցա­ւեր ու­նէր Պութ, այ­սու­հան­դերձ, ձիով 30 մղոն կը ճամ­բոր­դէ, մին­չեւ որ յա­ջորդ առ­տու ժա­մը 4-ին այս եր­կու դա­ւա­դիր­ներ կը հաս­նին Տքթ. Մը­տի տու­նը, որ սի­րուած, բա­րե­կե­ցիկ եւ վեր­ջին ծայր մար­դա­սէր բժիշկ մըն էր։

Տքթ. Մըտ, ա­ռանց ո­րե­ւէ կաս­կած ու­նե­նա­լու թէ ի՛նչ տե­սակ մար­դոց հետ գործ ու­նի, կոտ­րած ոտ­քը ա­րուես­տին պա­հան­ջած բծախնդ­րու­թեան հա­մե­մատ կը կա­պէ, եւ քա­նի մը ժամ ալ զա­նոնք վար դնե­լէ վերջ կը թո­ղու։ Ա­պա ոճ­րա­գործ­նե­րը կը մեկ­նին եւ Փո­թո­մաք գե­տը անց­նե­լով՝ ի վեր­ջոյ կը հաս­նին Վիր­ճի­նիոյ նա­հան­գը։

Ա­մե­րի­կեան ազ­գը իր այն­քան սի­րուած նա­խա­գա­հին այս սպա­նու­թեան պատ­ճա­ռով բա­ւա­կան յու­զուած եւ բոր­բո­քած էր։

Տքթ. Մըտ երբ այս սպա­նու­թեան լու­րը կ՚առ­նէ, կը կաս­կա­ծի իր դար­մա­նած մար­դուն եւ ա­նոր ըն­կե­րոջ մա­սին եւ ան­մի­ջա­պէս տե­ղե­կու­թիւն կու տայ կա­ռա­վա­րու­թեան։

Բայց իր տուած տե­ղե­կու­թիւ­նը ի­րեն շա՜տ սու­ղի կը նստի։ Հան­րա­յին կար­ծի­քը՝ կա­տա­ղու­թե­նէն կու­րա­ցած, կը գրգռուի բժիշ­կին դէմ, ուս­տի կը ձեր­բա­կա­լուի եւ զի­նուո­րա­կան ա­տեա­նի մը առ­ջեւ դա­տուե­լով ցմահ բան­տար­կու­թեան կը դա­տա­պար­տուի Ֆօրտ Ճէ­ֆըր­սի մէջ։

Տքթ. Մըտ բանտ կը մտնէ 1865 Յու­լի­սին եւ նախ որ­պէս հի­ւան­դա­նո­ցի պաշ­տօ­նեայ կը ծա­ռա­յէ հոն։ Եւ Տքթ. Մը­տի հա­մար կը սկսին տա­ժա­նե­լի օ­րեր։

Բայց Տքթ. Մըտ գի­տէր, վստա՛հ էր թէ բո­լո­րո­վին ան­մեղ էր, քա­նի որ ի­րեն ան­ծա­նօթ հի­ւանդ մը միայն դար­մա­ներ էր, իր մարդ­կա­յին պար­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­րուես­տին պա­հան­ջա­ծը գոր­ծադ­րած՝ հի­ւանդ մը բժշկած էր։ Եւ իր այս զգա­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ իր ըն­տա­նի­քին թէ՛ նիւ­թա­կան եւ թէ՛ բա­րո­յա­կան թշուառ վի­ճա­կին մտա­ծու­մը զինք կը գրգռէ, կը կատ­ղեց­նէ, ուս­տի կը ջա­նայ բան­տէն փախ­չիլ, բայց կը բռնուի եւ այս ան­գամ շղթա­յա­կապ խո­նաւ նկու­ղի մը մէջ կը նե­տուի՝ ա­մէն յա­րա­բե­րու­թե­նէ զրկուա՛ծ։

Հա­զա­րա­ւոր մժեղ­ներ, լուեր եւ որ­դեր խեղճ բժիշ­կը գի­շեր ցե­րեկ կը չար­չա­րէին. ուս­տի իր սրունք­նե­րը եւ յօ­դուած­նե­րը սկսան ու­ռիլ եւ իր մա­զե­րը հետզ­հե­տէ սկսան թա­փիլ։ Բժիշ­կը այս «դժոխք»ին մէջ խիստ հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ կը գտնուէր, երբ 1867-ին դե­ղին տեն­դի կա­տա­ղի հա­մա­ճա­րակ մը կղզին կը վա­րա­կէ։ Կղզիին գրե­թէ բո­լոր բնա­կիչ­նե­րը այս սոս­կա­լի հի­ւան­դու­թե­նէն կը վա­րա­կուին եւ շա­տեր կը մեռ­նին։

Տքթ. Մըտ, հա­կա­ռակ իր տան­ջանք­նե­րուն եւ կրած ան­լուր ա­նի­րա­ւու­թեան, ինք­զինք կ՚ա­ռա­ջար­կէ որ­պէս­զի ծա­ռա­յէ հի­ւանդ­նե­րուն։ Ան խո­նաւ նկու­ղէն եւ շղթա­նե­րէն ա­զա­տուած՝ գի­շեր ցե­րեկ կը սկսի մա­քա­ռիլ հի­ւան­դու­թեան դէմ եւ ա­մէն վտան­գի են­թար­կուե­լով, կը յօ­ժա­րի ի՛ր իսկ կեան­քը զո­հել՝ ի­րա­պէս վսեմ դիւ­ցազ­նու­թեան մը օ­րի­նա­կով։

Հի­ւան­դու­թիւ­նը ահ­ռե­լի կեր­պով եւ կա­տա­ղօ­րէն ճա­րա­կած էր. վա­րա­կուող­նե­րէն շա­տեր 24 ժա­մուան մի­ջո­ցին կը մեռ­նէին. զի­նուոր եւ բան­տար­կեալ հա­ւա­սա­րա­պէս զո­հեր կը հան­դի­սա­նա­յին հա­մա­ճա­րա­կին եւ քիչ ա­ռողջ մար­դեր կը գտնուէին՝ հի­ւանդ­նե­րը խնա­մե­լու, ա­նոնց հոգ տա­նե­լու եւ մե­ռեալ­նե­րը թա­ղե­լու հա­մար։

Տքթ. Մըտ իր այս վտան­գա­ւոր ծա­ռա­յու­թեամբ զբա­ղած, թէեւ բան­տին մէջ բո­լո­րո­վին ա­զատ էր, բայց փա­խուս­տի մա­սին եր­բեք չէ՛ր խոր­հեր։ 1867 Հոկ­տեմ­բե­րին ինքն ալ վա­րա­կուե­ցաւ եւ մեռ­նե­լէ հա­զիւ փրկուե­ցաւ։ Տա­կա­ւին բո­լո­րո­վին չա­պա­քի­նած՝ դար­ձեալ սկսաւ իր բժշկա­կան սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թեան։ Եւ շա­տեր բժշկեց, դար­մա­նեց։

Ողջ մնա­ցող զի­նուոր­նե­րը խան­դա­վա­ռօ­րէն Տքթ. Մը­տի գո­վա­սան­քը կ՚ը­նէին։ Ուս­տի խիստ զօ­րա­ւոր վկա­յա­գիր մը եւ խնդրա­գիր մը մա­տու­ցուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Ճօն­սը­նի, բայց շատ խորհր­դա­ւոր պատ­ճառ­նե­րով այս խնդրա­գի­րը նա­խա­գա­հին ձեռ­քը չհա­սաւ։ Եւ հա­մա­ճա­րա­կը դադ­րե­լէ վերջ, Տքթ. Մըտ դար­ձեալ շղթա­յի զար­նուե­ցաւ եւ բանտ դրուե­ցաւ։

Տքթ. Մը­տի տա­ռա­պան­քը տե­ւեց մին­չեւ Մարտ 1869 թուա­կան, երբ նա­խա­գահ Ճօն­սըն նե­րում շնոր­հեց եւ բժիշ­կը տուն վե­րա­դար­ձաւ՝ իր տա­ռա­պած եւ չար­չա­րուած ըն­տա­նի­քին ծո­ցը՝ տկար եւ ան­զօր վի­ճա­կի մէջ եւ ան­կէ վերջ իր ապ­րած 13 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին իր ա­ռող­ջու­թիւ­նը եր­բեք չվերս­տա­ցաւ։ Ան 49 տա­րե­կա­նին մա­հա­ցաւ՝ գի­շե­րա­յին սաս­տիկ փո­թո­րի­կի մը ա­տեն հի­ւան­դի մը եր­թա­լէ վերջ թո­քա­տա­պի բռնուած ըլ­լա­լուն հե­տե­ւան­քով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 15, 2017, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017