ՍԷՐԸ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻ՛ՒՆ Է

Յաճախ կը խօսինք սիրոյ մասին. բնական է ասիկա, քանի որ կեանքը սիրո՛յ արդիւնք է, եւ հոն ո՛ւր սէր կայ, հոն կեանք կայ եւ հոն ո՛ւր սէրը մշտնջենական է, հոն կեանքը անմա՛հ է։ Արդարեւ սէրը աստուածաբանական այն առաքինութիւնն է՝ որով մարդ կը սիրէ Աստուած Իրեն համար՝ ամէն բանէ վեր եւ իր նմանները իբրեւ իր անձը, Աստուծոյ սիրոյն համար։ Սէրը՝ երբե՛ք սիրոյ փոխադարձ զգացում մը չէ. մարդ կը սիրէ բնական զգացումով, կը սիրէ իր նմանը, որովհետեւ ան ի՛նքն է, իր նմանն է եւ ըստ արարչութեան՝ իր եղբայրը, նոյն Սէրէն ստեղծուա՛ծ։ Քանի որ ամէն մարդ նոյն Սիրոյ հետեւանք կեանք ստացած է, ուրեմն բնական է եւ բանական, որ լեցուած ըլլայ սիրով եւ իր սէրը տարածէ ամէնուն՝ իր նմաններուն, համայն մարդկութեա՛ն։

«Նոր պատուիրան» մը ըրած է Յիսուս սէրը. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք իրար։ Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի դուք ալ իրար սիրեցէք» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34)։

Սիրելով իրենները «ծայր աստիճան» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 1), այսինքն մինչեւ վերջ, Յիսուս կը յայտնէ սէրը Հօր, զոր կ՚ընդունի։ Զիրար սիրելով, աշակերտները կը հետեւին Յիսուսի անսահման, անհուն սիրոյն եւ զայն կ՚ընդունին նաեւ իրենց մէջ։ Եւ այս կը նշանակէ՝ որ սէրը այն զօրաւոր կապն է, որ կը միացնէ մարդիկ անբաժանելի կերպով։ Սէրը կը տարածուի, եւ տարածուելով աւելի եւս կը զօրանայ, աւելի եւս կ՚արդիւնաւորուի, կ՚աճի։ Եւ այս իսկ պատճառով է որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ինչպէս Հայրը սիրեց զԻս, այնպէս ալ Ես սիրեցի ձեզ։ Մնացէ՛ք Իմ սիրոյս մէջ» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 9)։ Եւ տակաւին շարունակելով. «Իմ պատուէրս այն է՝ որ սիրէք իրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար…» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 12-13)։ Եւ կ՚աւելցնէ. «Դուք Իմ բարեկամներս էք, եթէ գործադրէք ի՛նչ որ կը պատուիրեմ ձեզի» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 14)։

Սէրը՝ Սուրբ Հոգիին եւ լիութեան Օրէնքին պտո՛ւղն է։ Սէրը կը պահէ Աստուծոյ եւ Իր Քրիստոսին պատուիրանները. «Մնացէ՛ք Իմ սիրոյս մէջ։ Եթէ պահէք Իմ պատուիրաններս, պիտի մնաք Իմ սիրոյս մէջ» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 9-10), (ՄԱՏԹ. ԻԲ 40) եւ (ՀՌՈՄ. ԺԳ 8-10)։ Ուրեմն «սիրել»՝ կը նշանակէ Աստուծոյ Օրէնքը «լման գործադրել»։

Ուստի Քրիստոս մեզ սիրելուն համար խաչուեցաւ. մեզի համար երբ տակաւին մենք «թշնամիներ» էինք, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. (ՀՌՈՄ. Ե 10)։

Տէր Յիսուս «կը խնդրէ» մեզմէ Իրեն պէս սիրել, նոյնիսկ մեր «թշնամի»ները. (ՄԱՏԹ. Ե 44), մեր ամենէն հեռաւորը դարձնել մեր մերձաւորը. (ՂՈՒԿ. Ժ 27-37), սիրել մանուկները. (ՄԱՐԿ. Թ 37) եւ աղքատները. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 40-45) ինչպէս զԻնք։

Պօղոս առաքեալ անզուգական պատկերը կու տայ սիրոյն երբ կ՚ըսէ. «Սէրը երկայնամիտ է, Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ՚ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ՚ըլլայ ճշմարտութեան։ Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ։ Սէրը անվախճան է, մինչդեռ այս կեանքին հետ մարգարէական պատգամները վերջ պիտի գտնեն, հրեշտակներու լեզուներով խօսիլը պիտի դադրի, գիտութիւնն ալ վերջ պիտի գտնէ։ Այժմ մեր գիտցածը անկատար է եւ մեր մարգարէութիւնն ալ՝ մասնակի։ Բայց երբ կատարեալը գայ, այս անկատարութիւնը վերջ պիտի գտնէ» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4-10)։ Եւ ուրեմն սէրը միշտ ներող է ծառայասէր. կը սիրէ առանց փոխադարձ սէր եւ ծառայութիւն սպասելու… եւ Առաքեալը դարձեալ կ՚ըսէ. «Առանց սիրոյ ես ոչինչ եմ»։

Արդարեւ ամէն ինչ որ առանձնաշնորհում է. ծառայութիւն, նոյնիսկ առաքինութիւն. «առանց սիրոյ անօգուտ են, Առաքեալին համար. (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 1-3)։ Ուստի սէրը գերադաս է միւս բոլոր առաքինութիւններէն. ան առաջի՛նն է աստուածաբանական առաքինութիւններուն, ինչ որ կը նշանակէ՝ «հաւասարներու միջեւ առաջին»ը՝ «primus inter pares», այսինքն նախամեծարը։

Եւ Առաքեալը կը շարունակէ. «Այժմ երեքը կը մնան. հաւատքը, յոյսը եւ սէրը, սակայն սէրը ամենամե՜ծն է» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 13)։ Ուրեմն բոլոր առաքինութիւններուն գործադրումը կ՚ոգեւորուի եւ կը ներշնչուի սէրէն։ Ան «զօդն է կատարելութեան» (ԿՈՂ. Գ 14), ան «կերպարն է առաքինութիւններուն, զանոնք իրարու կը կապէ եւ իրարու միջեւ կը համադասէ։ Ան ծագումն եւ վախճանն է անոնց «քրիստոնեայ գործելաձեւ»ին։ Սէրը կ՚ապահովէ եւ կը մաքրէ սիրելու մարդկային զօրութիւնը։ Ան կը բարձրացնէ զայն աստուածային սիրոյն գերբնական կատարելութեան։ Բարոյական կեանքին գործադրութիւնը՝ ոգեւորուած սիրով, հաւատացեալին կու տայ Աստուծոյ որդիներուն գերբնական ազատութիւնը։ Հաւատացեալը չի կանգնիր Աստուծոյ առջեւ իբրեւ «ստրուկ» մը, ծառայական վախին մէջ, ոչ ալ իբրեւ իր օրականը փնտռող վարձկանը, այլ իբրեւ «Որդի՛» մը՝ որ կը պատասխանէ Անոր սիրոյն՝ որ «Նախ Ի՛նք սիրեց մեզ» (ՅՈՎՀ. Դ 19)։

Սուրբ Բարսեղ Մեծ կ՚ըսէ. «Կա՛մ չարին թիկունք կը դարձնենք պատիժին վախով, այն ատեն ստրուկի տրամադրութեան մէջ կ՚ըլլանք։ Կա՛մ կը տարուինք վարձատրութեան խայծէն եւ այն ատեն նման ենք վարձկաններուն։ Եւ կա՛մ վերջապէս նոյն ինքն բարիին եւ հրամայողին սիրոյն համար կը հնազանդինք, եւ այն ատեն մենք որդիներուն տրամադրութեան մէջ կը գտնուինք»։

Սէրը իբրեւ «պտուղ» կ՚արտադրէ ուրախութիւնը, խաղաղութիւնը, հաւատարմութիւնը, արդարութիւնը եւ ողորմածութիւնը։ Ան կը պահանջէ բարեգործութիւնը եւ եղբայրական խրատը, ան բարեացակամ է, քաղցրաբարոյ, առիթ կու տայ փոխադարձութեան, կը մնայ միշտ անշահախնդիր եւ առատաձեռն. ան բարեկամութիւն, մտերմութիւն եւ հաղորդութիւն է։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս սիրոյ մասին սապէս կ՚ըսէ. «Լրումը մեր բոլոր գործերուն, սիրոյ գուրգուրանքն է։ Հոն է վախճա՛նը։ Մենք կը վազենք զայն ընդունելու համար, մենք կը վազենք դէպի հոն, անգամ մը որ հասնինք, անոր մէջ պիտի հանգչինք»։ Արդարեւ, եղբայրասիրութիւնը հոգի՛ն է սրբութեան, որուն կոչուած են բոլոր մարդիկ։ Այս իմաստով, կամաւոր ատելութիւնը ներհակ է սիրոյ։ Ատելութիւնը մե՛ղք մըն է, երբ ան ազատօրէն մէկու մը չարիքը կը ցանկայ։ «Բայց Ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, աղօթեցէ՛ք ձեզ հալածողներուն համար, որպէսզի որդիներ ըլլաք ձեր Հօրը՝ որ երկինքն է» (ՄԱՏԹ. Ե 44-45)։

Մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը՝ «խաղաղութիւն» կը պահանջեն։ Խաղաղութիւնը կարելի չէ՛ ձեռք ձգել առանց եղբայրասիրութեան յարատեւ գործադրութեան։ Երկրաւոր խաղաղութիւնը պատկերն է եւ արգասիքը Քրիստոսի խաղաղութեան՝ որ կը բխի Իր անհուն սէրէն։ Սէրը «ձեւ»ն է բոլոր առաքինութիւններուն։ Անոր ազդեցութեան տակ, ողջախոհութիւնը կը յայտնուի որպէս ուղեցոյց մը ինքնանուիրումի։

Աստուած, «Որ Էն» Ինքզինք կը յայտնէ իբրեւ Ան՝ որ «հարուստ է շնորհքով եւ հաւատարմութեամբ» (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։ Այս երկու եզրը կ՚արտայայտէ խտացուած ձեւով «աստուածային անուն»ին ճոխութիւնը։ Ինք Ճշմարտութիւն է, որովհետեւ «Աստուած լո՛յս է, Անոր մէջ չկայ երբեք խաւար» (Ա ՅՈՎՀ. Ա 5), Ինք «Սէ՛ր» է, ինչպէս որ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ուսուցանէ զայն. (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։ Այո՛, սիրելի՜ներ. Աստուած Սէ՛ր է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 18, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2019