ԴՐԱԽՏ ԵՒ ԴԺՈԽՔ

Կը պատմուի, թէ գիւղի մը մէջ չարագործ երիտասարդ մը բոլոր գիւղացիներուն սարսափ կ՚ազդէ՝ գինեմոլ եւ չար նկարագրի տէր մէկն է ան։

Գիւղին քահանան միշտ կը լսէ այդ անառակ երիտասարդին նկատմամբ գիւղացիներուն գանգատները եւ կը պարսաւէ, կը մեղադրէ զայն անոր բացակայութեան։

Վատահամբաւ երիտասարդը, լսելով գիւղի քահանային իր մասին ըսածները, օր մը կը յանդգնի երթալ քահանային՝ անկէ «հաշիւ պահանջել»ու մտադրութեամբ։ Ուստի, բարկութեամբ կը թակէ դուռը։ Քահանան կը բանայ դուռը, եւ նոյնպէս կը փոխադարձէ եւ ծանր խօսքերով կը յանդիմանէ եւ կ՚անարգէ զայն։

Ցասումով լեցուն անառակ երիտասարդը, այս վարմունքին վրայ՝ ձեռքը կը վերցնէ քահանային վրայ՝ հարուածելու համար զայն։ Եւ ճիշդ այդ պահուն, քահանան կը սաստէ երիտասարդը եւ կը գոչէ. «Կեցի՛ր»։

Քահանան յաճախ կ՚ըսէր, թէ այդ չարագործ երիտասարդը իր չարիքներուն պատճառով դժոխքի պիտի արժանանայ, բայց անոնք որ բարի են՝ դրախտի արժանի պիտի ըլլան։ Եւ այս խօսքերը հասած էին երիտասարդին ականջին, մանաւանդ զայրացուցած էին զայն։ Այսպէս, կ՚ուզէր հարցնել քահանային երիտասարդը, թէ ի՞նչ է դժոխքը եւ դրախտը։

Երբ քահանան «կեցի՛ր» ըսաւ եւ սաստեց երիտասարդը, շարունակեց ըսելով. «Դո՛ւն, դժոխքը եւ դրախտը կը հարցնէիր, թէ ի՛նչ են անոնք։ Ահաւասիկ, երբ դուն ձեռք վերցուցիր ինծի, ա՛յդ պահն է, այդ հոգեվիճակն է դժոխքը…»։ Քահանան այսուհետեւ կը սկսի սիրով եւ գուրգուրանքով վարուիլ երիտասարդին հետ։ Երիտասարդին բարկութիւնը հետզհետէ կը նուազի եւ վերջապէս կը զղջայ եւ ներողութիւն կը խնդրէ քահանայէն եւ բոլոր գիւղացիներէն։ Խիղճը հանդարտ, ուրախ կ՚ընթանայ դէպի դուռ։ Դուռը կը բանայ, եւ անգամ մը եւս դառնալով դէպի քահանային, մեղմ ձայնով կը հարցնէ. «Բայց ի՞նչ է դրախտը»։

Քահանան ժպտերես կը պատասխանէ. «Ահաւասի՛կ, քու սա պահուս, քու այս հոգեվիճակդ է դրախտը, ուրախութեամբ վայելէ դրախտի կեանքը գիւղացի եղբայրներուդ հետ…»։

Ուստի, թէ ի՛նչ կը սորվեցնէ այս պատմուածքը մեզի։ Սա բացայայտ է, որ «դրախտ»ի ըմբռնումին հիմը սէ՛րն է, ուրախ ըլլալ, իր նմաններուն հետ սիրով վարուիլ, համակրական զգացողութիւն, վերջապէս՝ հոն ուր կայ «բարի»ն, հոն է դրախտը։

Իսկ դժոխքը՝ հոն է ուր կայ «չար»ը, անհասկացողութիւնը, թշնամանքը, ոխակալութիւնը, վրէժխնդրութիւնը, նախանձը եւ ամէն չարիք։

Այս առթիւ, «Չար»ը եւ չարիքները՝ որոնց մասին Սուրբ Գիրքը եւ Եկեղեցւոյ աւանդութիւնները կը խօսին, մինչ Աստուծոյ կողմէ ամէն ինչ բարի ստեղծուած է, ոմանք «չար հոգիներ» դարձան, երբ իրենց ազատ եւ անյետադարձ որոշումով՝ մերժեցին զԱստուած եւ անոր Թագաւորութիւնը եւ այսպէս «դժոխք»ին սկիզբ տուին։ Եւ անոնք կը փորձեն մարդը իրենց ըմբոստութեան ընկերակից եւ ուղեկից դարձնել, բայց Աստուած «Չար»ին դէմ միշտ ապահով յաղթանակը կը հաստատէ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։

Դրախտը մարդուն առաջին եւ բնական բնակավայրն է։ Քանի որ Աստուած մարդը ստեղծեց բարութեան մէջ՝ «բարի» նպատակի մը համար։ Եւ շատ բնական է, որ մարդ ձգտի միշտ բարիին, մինչեւ իսկ ան երբեմն փորձութեան մատնուի եւ չարին հետեւի։

Եւ այս իմաստով, մարդ կրնայ ապրիլ թէ՛ դրախտը եւ թէ՛ դժոխքը միաժամանակ, բայց կարեւորը այն է, որ ան ի վերջոյ ընտրէ բարին եւ հետեւի բարիին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 26 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2023