ԲԱՐԻՆ ՈՒՆԻ ՄԻՇՏ ԹՇՆԱՄԻ՛ ՄԸ
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ մեզի, թէ ամէն գերազանց յատկութիւն, ֆիզիքական, իմացական կամ հոգեկան, զոր օրինակ՝ գեղեցկութիւն, յաջողութիւն կամ կատարելութիւն, ունի իր թշնամին։
Արդարեւ ամբողջ կեանքը հաստատուած է՝ առաւելութիւններու եւ թերութիւններու վրայ, որոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն՝ հակադրելով իրարու արժէքը։ Ուստի լա՛ւ է խորհիլ՝ թէ աշխարհ հաստատուած է հակադրութիւններ կազմած հիանալի ներդաշնակութեան վրայ։ Ամէն արժէք ունի իր փոխադարձը՝ որոնք կը կազմեն ամբողջութիւն մը, լիութիւն մը, զօրութիւն մը։
Բարին ունի իր դէմը միշտ թշնամի մը՝ չա՛րը, գեղեցիկը ունի զինք հակադրող տգեղ մը, եւ վերջապէս ամէն ճշմարտութիւն ունի իր կեղծը, սո՛ւտը…։
Այս ուղղութեամբ՝ տգեղութիւնը զերծ կը մնայ չար աչքէ, իսկ գեղեցկութիւնը միշտ զոհուելու, հալածուելու ենթակայ է ախտաւոր ախորժակներու։
Կեանքը այսպէս կ՚ընթանայ։ Ան, որ ձախողած է, յաջողին կը նախանձի, նոյնպէս՝ ան, որ անկարող է, կարողին կը նախանձի, կ՚ատէ եւ նենգութեամբ ճարահատ կը հալածէ զայն, կը քարկոծէ, որպէսզի ան իր կարողութեան եւ յաջողութեան արգասիքը չվայելէ։
Ստախօսները չեն սիրեր ճշմարտախօսները, ինչպէս կեղծաւորները երբեք չեն սիրեր, նոյնիսկ կ՚ատեն անկեղծները։ Աղտոտ սիրտ ունեցողները երբեք հաշտ չեն պարկեշտ, վեհանձն եւ ազնուական հոգիներու հետ, անպայման բիծ մը կը ստեղծեն վարկաբեկելու՝ նախատելու համար զանոնք։ Այս մասին կ՚ուզենք ներկայացնել ուրիշ հետաքրքրական երեւոյթ մը՝ մարդիկ կ՚աղօթեն, բայց յայտնի չէ, թէ որո՞ւն աղօթքը անկեղծ է եւ որո՛ւնը կեղծաւորութեամբ լեցո՛ւն։ Աղօթքը կամ որեւէ պաշտամունք ոմանց համար «ապաստանի քաղաք» է՝ ծածկելու համար իրենց կուտակուած մեղքերը եւ դիզուած ամօթը։ Անոնք մեզի կը յիշեցնեն Աւետարանի «Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակը» (ՂՈՒԿԱՍ, ԺԸ 9-14)։ Ուստի Աւետարանը իրենց իսկ կեանքով մերժող եւ խայտառակող «սատանայատիպ» քրիստոնեաներ, կարծեցեալ հաւատացեալներ, կեղծ բարեպաշտներ կ՚ապականեն կեանքը՝ թէ՛ իրենց եւ թէ ուրիշներուն։
Ուստի զգուշանալ եւ հեռու կենալ պէտք է անուշ լեզուով «օձեր»է, որոնք միայն վնաս կը պատճառեն հոգեւոր կեանքին։ Քրիստոնէութեան թշնամիները անհաւատները, հեթանոսները չեն երբեք, այլ՝ կեղծաւոր եւ սուտ «քրիստոնեաներ»։ Անոնք, որ կ՚երեւին այնպէս՝ ինչպէս որ չե՛ն երբեք եւ կը ծածկեն իրենք զիրենք։
Մէկ խօսքով՝ Եկեղեցիին ուտիչները ներսէ՛ն են…։
Ընդհանրապէս կը հարցուի, թէ օրինաւո՞ր կարելի է նկատել չարին միջնորդութիւնը անկէ բարիք մը քաղելու համար։ Ուրիշ խօսքով՝ բարի նպատակի մը համար չարը կարելի՞ է գործածել։ Հոս սա պէ՛տք է յիշեցնել, թէ՝ «չարէն բարիք ստեղծել» արարքը, եւ մեր հարցը, թէ՝ «չարը կարելի՞ է գործածել բարիք քաղելու համար», բոլորովին տարբեր երեւոյթներ են։
Ուրեմն՝ սխա՛լ է մարդկային արարքներուն բարոյականութիւնը դատել՝ նկատի առնելով միա՛յն զիրենք ներշնչող դիտաւորութիւնը կամ պարագաները, զոր օրինակ, միջավայր, ընկերային ճնշում, ստիպում կամ գործելու հարկադրանք, որ անոր շրջանակը կը կազմեն։ Կան արարքներ՝ որոնք իրենք իրենցմէ եւ յինքեանս, անկախաբար պարագաներէն եւ դիտաւորութիւններէն, ծանրօրէն արգիլուած են իրենց առարկային կամ միջոցին պատճառով, այսպէս հայհոյութիւնը եւ սուտ երդումը, մարդասպանութիւնը եւ պոռնկութիւնը։ Արտօնուած չէ՛ չարիք մը ընել անկէ բարիք յառաջ բերելու համար։ Ուստի արդարացում պէտք չէ՛ նկատել այսպիսի պարագաներուն այն համոզումը, թէ՝ հարկը օրէնքը կը լուծէ…։
Արդարեւ «բարի» դիտաւորութիւն մը, զոր օրինակ՝ կարիքաւորներուն օգնել, ողորմիլ, ո՛չ բարի ո՛չ գէշ կը դարձնէ վերաբերմունք մը՝ որ յինքեան անբարեկարգ է, ինչպէս սուտը, չարախօսութիւնը, բամբասանքը։ Վախճանը չ՚արդարացներ միջոցները։ Այսպէս՝ արդարանալի չէ դատապարտութիւնը անմեղի մը իբրեւ օրինաւոր միջոց փրկելու ժողովուրդը։
Ընդհակառակը, աւելցուած յոռի դիտաւորութիւն մը՝ զոր օրինակ՝ սնապարծութիւնը յոռի կը դարձնէ արարք մը՝ որ ինքնին կրնայ բարի ըլլալ, ինչպէս ողորմութիւնը։ Ուստի պարագաները, ներառեալ անոնց հետեւանքները, երկրորդական տարրերն են բարոյական արարքի մը։ Անոնք կը սատարեն սաստկացնելու կամ նուազեցնելու բարոյական լաւութիւնը կամ գէշութիւնը մարդկային արարքներուն, օրինակ, գողութեան մը քանակութիւնը։ Անոնք կրնան նաեւ թեթեւցնել կամ աճեցնել պատասխանատուութիւնը գործողին, ինչպէս՝ մահուան վախով շարժիլ։
Ըստ ինքեան պարագաները չեն կրնար փոփոխել արարքներուն բարոյական որակը, չեն կրնար ո՛չ բարի, ո՛չ արդար դարձնել գործ մը կամ արարք մը՝ որ ինքնին գէ՛շ է։
Գէշ նպատակ մը կ՚ապականէ ամբողջ արարքը։
Առաքելական դարուն, մահուան սպառնալիքներով չէ՛ որ տկարացաւ Եկեղեցին, հապա՝ աւելի եւս զօրացա՛ւ, աւելի եւս կենսաւորուեցաւ, բարեշրջուեցաւ։ Բայց ան տկարացաւ եւ ինկաւ երբ ներսէն, իր իսկ մէջէն սկսաւ հոգեւոր ու բարոյական փտութիւնը։
Աւա՜ղ որ արտաքինը՝ կեղեւը չի յայտներ ի՛նչ որ կը գտնուի մարդուս հոգիին մէջ։ «Սուտ մարգարէներ» մարգարէի պատմուճանով հրապարակ կու գան, իբր թէ Եկեղեցին «փրկել»ու, կարգաւորելու կամ բարեշրջելու։ Անոնք ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը հասցնեն Եկեղեցիին եւ ճշմարիտ, անկեղծ քրիստոնեաներուն։
Արդարեւ մարդ իր ցանածը չի կրնար հնձել, եթէ անոր թշնամիներուն դէմ պաշտպանութեան միջոցներ ձեռք չառնէր։ Բնական է՝ մարդ ի՛նչ որ ցանէ, այն կը հնձէ. չցանուած տեղը կը բուսնին վնասակար բոյսեր, սէզ ու տատասկ։ Մարդկային կեանքին մէջ հակասական երեւոյթ մը կը պարզուի. կարծես ի՛նչ որ չար է եւ վնասակար, աւելի կենսունակութիւն ունի եւ աւելի յարձակողական է քան ի՛նչ որ բարի է եւ ճշմարիտ։
Ճշմարիտը եւ ճշմարտանմանը պէտք է զատել եւ զգուշանալ ճշմարտանմանէն՝ որ կեղծ է եւ սո՛ւտ։
Եկեղեցին ալ պէտք ունի զատելու իր մէջ ճշմարիտը եւ ճշմարտանմանը՝ անկեղծը եւ կեղծը։
Ի՜նչ ցաւ, ո՜րքան դժբախտութիւն, վա՜յ Եկեղեցիին, որ զինք թաղողները իր «փրկիչներ»ը կը կարծէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 25, 2015, Իսթանպուլ